ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ
Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ յաճախ կը յայտարարէ, որ կ՛անտեսէ միջազգային բոլոր քննադատութիւնները` կապուած իր քաղաքացիներուն իրաւունքներու խախտումներուն, իր զինուորներուն կողմէ ռազմական յանցագործութիւններուն եւ արցախահայերու ցեղային զտումներուն: Ալիեւ կը փորձէ կոծկել այդ խախտումներն ու յանցագործութիւնները «խաւիարային դիւանագիտութեան» միջոցով` միլիառաւոր տոլարներու կաշառք տրամադրելով եւրոպացի զանազան պաշտօնեաներու:
Ամէն անգամ, որ Ազրպէյճան խնդիր ունենայ օտար երկրի, եւրոպական կառոյցներու կամ միջազգային դատարաններու հետ, ան ինքնագոհ դէմքով այնպիսի կեցուածք կ՛ընդունի, որ կարծես ոչինչ պատահած է: Յաճախ կ՛ըսէ. «Զիս չի հետաքրքրեր, թէ ո՞վ ի՛նչ կ՛ըսէ, ես պիտի ընեմ այն, ինչ կ՛ուզեմ»:
Կը փափաքէի մէջբերել թարմ օրինակ մը, երբ Ալիեւ, խիստ անհանգստացած ըլլալով հանդերձ, նման հարցերով, անտեսելու փոխարէն, անսովոր ջանքեր գործադրած է զանոնք լուծելու համար:
Այս օրինակը կապուած է Ֆրանսայի: Վերջին ամիսներուն Ալիեւ բաւական բացայայտ հանդէս եկաւ Ֆրանսայի նախագահ Էմմանուէլ Մաքրոնի հասցէին` Հայաստանին աջակցելուն համար կոշտ քննադատութեան ենթարկելով զայն: Ալիեւ մերժած է հանդիպում ունենալ նախագահ Մաքրոնի եւ Նիկոլ Փաշինեանի հետ` արցախեան հիմնախնդիրը քննարկելու նպատակով: Ալիեւ դժգոհած է նաեւ, որ Ֆրանսա շարք մը զրահափոխադրիչներ Հայաստանին վաճառած է: Միլիառաւոր տոլար ծախսելով` Իսրայէլի եւ Թուրքիոյի անօդաչու թռչող նորագոյն սարքերով եւ հրթիռներով Ազրպէյճանը զինելուն համար, Ալիեւ դեռ կը յանդգնի բողոքել, որ Հայաստան սահմանափակ քանակութեամբ զէնք ձեռք բերած է ինքնզինք պաշտպանելու համար:
Անցեալ տարուան աւարտին Ազրպէյճանի եւ Ֆրանսայի միջեւ առճակատումը աւելի խորացաւ, երբ Ազրպէյճան Պաքուէն արտաքսեց Ֆրանսայի դեսպանատան երկու պաշտօնեաներ, իսկ Ֆրանսա, իր կարգին, Փարիզէն արտաքսեց Ազրպէյճանի դեսպանատան երկու պաշտօնեաներ:
Intelligence Online կայքը ըսած է, որ ըստ իր գաղտնի աղբիւրներուն, Ազրպէյճանի հետախուզական ծառայութիւնները խնդրած են «Մոսատ»-էն` Իսրայէլի հետախուզական եւ յատուկ գործողութիւններու հիմնարկէն, միջամտել Ֆրանսայի հետ ունեցած ներկայ հակամարտութիւնները լուծելու համար:
Ըստ «Մոսատ»-ի գաղտնի աղբիւրներուն, Ազրպէյճանի արտաքին հետախուզական ծառայութիւնը (XKX), զոր կը ղեկավարէ հրամանատար Օրխան Սուլթանով, խնդրած է Իսրայէլի իր գործընկերոջմէ` միջամտել Ֆրանսայի արտաքին անվտանգութեան գլխաւոր տնօրէնութեան (DGSE)` Պաքուի եւ Փարիզի միջեւ լարուածութիւնը նուազեցնելու համար: Ազրպէյճան նշած է, որ չի փափաքիր խորացնել առկայ վէճը:
Սակայն ազրպէյճանական ջանքերը ձախողած են, քանի որ «Մոսատ» չի փոխանցեր ազրպէյճանցիներուն խնդրանքը Ֆրանսայի` ըստ Intelligence Online-ի աղբիւրներուն: Ասիկա նուրբ հարց է Իսրայէլի համար, որովհետեւ ան մէկ կողմէ կ՛ուզէ պահպանել իր լաւ յարաբերութիւնները Ազրպէյճանի հետ, իսկ միւս կողմէ` Իսրայէլի հետախուզական ծառայութիւնը չի փափաքիր նման միջնորդութեան փորձ ընել այն պահուն, երբ Կազայի եւ Մերձաւոր Արեւելքի բուռն այլ կէտերու հակամարտութեամբ զբաղած է:
Intelligence Online ըսած է, որ «Մոսատ» մեծ ազդեցութիւն ունի Պաքուի վրայ, քանի որ Իսրայէլ կ՛օգտագործէ ազրպէյճանական տարածքը Իրանի մէջ իր գործողութիւններուն համար: 2018-ին, «Մոսատ» երբ Թեհրանէն գողցաւ Իրանի միջուկային փաստաթուղթերը, Իսրայէլի գործակալները օգտագործեցին Ազրպէյճանի սահմանը Իրանէն փախչելու համար: Ի պատասխան` «Մոսատ» մեծապէս դիւրացուց Ազրպէյճանի կողմէ Իսրայէլէն զէնքի ձեռքբերումը, եւ այս օգնեց իսրայէլական զէնքի երկրորդ մեծագոյն գնորդ Պաքուի, որ 2020 եւ 2023 թուականներուն յաղթանակներ արձանագրէ Արցախի մէջ: Սեպտեմբեր 2023-ին, Արցախի վրայ յարձակելէն անմիջապէս առաջ, Ազրպէյճանի անվտանգութեան ծառայութիւնները իրենց ծրագիրներուն մասին տեղեկացուցին «Մոսատ»-ի եւ Իսրայէլի ռազմական հետախուզութեան տնօրէնութեան 8200-րդ ստորաբաժանման (Աման) փորձագէտներուն եւ խորհուրդի համար դիմեցին անոնց:
Ըստ Intelligence Online-ի, «Մոսատ» վերջին տարիներու համագործակցութիւնը Ֆրանսայի արտաքին անվտանգութեան վարչութեան հետ բարձրացուցած է գործողութեան աւելի բարձր մակարդակի, մասնաւորապէս` Իրանի հարցով: Ֆրանսական գործակալութիւնը նոյնպէս զօրաշարժի ենթարկուած է Կազայի մէջ տիրող իրավիճակին գծով:
Ֆրանսական հետախուզական գործակալութեան նոր տնօրէն Նիքոլաս Լերներ տեսակցած է «Մոսատ»-ի տնօրէն Տէյվիտ Պարնէայի հետ, երբ վերջինս յունուարի վերջին շաբթուան ընթացքին ժամանած էր Փարիզ: Իսրայէլ-պաղեստինեան հարցի շուրջ դռնփակ հանդիպման ներկայ եղած են Եգիպտոսի հետախուզական վարչութեան (Մուխապարաթ էլ-ամմա) գլխաւոր ղեկավար Ապպաս Քամել, Իսրայէլի ներքին ապահովութեան գործակալութեան` «Շին Պեթ»ի ղեկավար Ռոնեն Պար, ԿՀՎ (CIA)-ի ղեկավար Ուիլիըմ Պարնզ եւ Քաթարի պաշտօնեաները:
Intelligence Online յայտնած է, որ ԿՀՎ տեղեկացուցած է Պաքուին, որ դժգոհ է ֆրանսական հետախուզութեան հետ Ազրպէյճանի հակամարտութենէն, մինչդեռ Ֆրանսա կը փորձէ խոչընդոտել Մոսկուան Կովկասի մէջ, եւ թէ` Ազրպէյճանի հարթակին կարիքը ունի:
Բացայայտելով Ալիեւի խաբէութիւնը` Ազրպէյճանի հանդէպ միջազգային ճնշումները անտեսելու մասին, միջազգային հանրութեան խորհուրդս է` շարունակել ճնշում գործադրել Ալիեւի վրայ, որպէսզի դադրեցնէ իր անընդունելի կեցուածքը: Հակառակ պարագային, ան պիտի շարունակէ իր բազմաթիւ խախտումներն ու յանցագործութիւնները` մեծ վնաս հասցնելով ինչպէս ազրպէյճանցիներուն, այդպէս ալ հայերուն:
Յաջորդ շաբաթ կը բացայայտեմ եւս մէկը Ալիեւի ջանքերէն` Ազրպէյճանի վրայ միջազգային ճնշումներուն հակազդելու վերաբերեալ, հակառակ իր այն հերքումներուն, որ ինք բնաւ ուշադրութիւն չի դարձներ անոնց վրայ:
Արեւելահայերէնի թարգմանեց`
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ
Արեւմտահայերէնի վերածեց`
ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ