Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ
Յունաստան
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Այցելեց Յունաստանի Արքեպիսկոպոսին
31 յունուարին Յունաստանի թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան, ընկերակցութեամբ Յունաստանի թեմին առաջնորդական փոխանորդ եւ Քոմոթինիի հովիւ Յովհաննէս ծ. վրդ. Սաղտըճեանի, Աթէնքի արքեպիսկոպոսարանի գրասենեակին մէջ այցելեց Աթէնքի եւ համայն Յունաստանի արքեպիսկոպոս Երոնիմոսին:
Սրբազան հայրը ընդունելութեան համար շնորհակալութեան խօսքէն ետք յայտնեց, որ սոյն այցելութեան նպատակն է շնորհակալութիւն յայտնել արքեպիսկոպոսին` Քոմոթինի հայ համայնքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ հայկական խաչքարի կանգնեցման հանդիսաւոր առիթին իր օրհնութիւնը տալուն, ինչպէս նաեւ իր ուղղած հայրական պատգամին համար, աւելցնելով, որ ան միշտ հայրական, սիրալիր եւ յարգալիր մօտեցում կը ցուցաբերէ Յունաստանի հայ եկեղեցւոյ եւ համայնքին նկատմամբ: Սրբազանը ըսաւ, որ առաջնորդական փոխանորդին ներկայութիւնը եւս յատուկ կերպով Քոմոթինիի եւ Թաղական խորհուրդին ու համայնքին անունով խորին շնորհակալութեան համար է, որուն իբրեւ արտայայտութիւն` սրբազան հայրը արքեպիսկոպոսին նուիրեց Յովհաննէս ծ. վրդ. Սաղտըճեանին բերած հայկական փայտեայ խաչքարի գեղեցիկ օրինակ մը:
Արքեպիսկոպոսը իր կարգին իր շնորհակալութիւնը եւ ուրախութիւնը յայտնեց այցելութեան եւ արտայայտութիւններուն համար` հաստատելով, որ խաչքարի հանդիսութիւնը իր իւրայատուկ իմաստը ունէր նաեւ իրենց համար: Ան գնահատեց Յովհաննէս ծ. վրդ. Սաղտըճեանին նախաձեռնութիւնը` յոյն եւ հայ ժողովուրդներու բազմադարեան պատմութեան նուիրուած խաչքարի կանգնեցումը, որ յատկանշուեցաւ, հայկականին կողքին, նաեւ յունական մշակոյթի յատուկ զարդանախշով: Ապա հայր սուրբը տեղեկութիւններ տուաւ Թրակիոյ շրջանի հայութեան մասին, իսկ առաջնորդ սրբազանը` Յունաստանի հայութեան պատմութեան մասին, եւ նկատի ունենալով արքեպիսկոպոսին Յունաստանի արդի պատմութեան վերաբերեալ ներկայ երկասիրութիւնը` պատրաստակամութիւն յայտնեց արքեպիսկոպոսին հայթայթելու Յունաստանի հայութեան հետ առնչուած յունարէն հրատարակութիւնները:
Այցելութեան աւարտին արքեպիսկոպոսը առաջնորդ սրբազանին եւ հայր սուրբին նուիրեց իր հրատարակած մեծահատոր եւ շքեղ հրատարակութիւններէն:
Դրամահաւաք–Ֆոնեթոն` Ի Նպաստ Արցախահայութեան
4 փետրուարին իրագործուեցաւ Հայ կապոյտ խաչի ֆոնեթոնը արցախահայութեան օգնութեան համար: Յունաստանի ՀԿ Խաչը հետեւելով Հայ օգնութեան միութեան համահայկական ծրագիրին` ձեռնարկեց յատուկ դրամահաւաքի, մասնակցելով միութեան կարեւոր ծրագիրին, օժանդակելու համար Հայաստանի գիւղերուն մէջ հաստատուած արցախցի ընտանիքներուն:
Երեք ամիս առաջ սկսած դրամահաւաքը հասաւ իր պսակումին` աւելի քան 40 կամաւորներու մասնակցութեամբ, որոնք ICAP ընկերութեան կողմէ տրամադրուած հեռախօսային յատուկ սարքերու օգնութեամբ կապի մէջ մտան մեծ թիւով հայրենակիցներու հետ եւ ապահովեցին անոնց կարեւոր օժանդակութիւնը: Նշենք, որ ՀԿ Խաչի նախաձեռնութեան օժանդակեցին յունահայ միութիւնները, նաեւ խրախուսելի էր երիտասարդ տարրին ներկայութիւնը, որ պատրաստակամութիւն ցոյց տուաւ սոյն ծրագիրի իրագործման համար:
Առաւօտեան ժամերէն սկսեալ կամաւորները հեռաձայնեցին հայրենակիցներուն, որոնք ընդառաջեցին եղած կոչին եւ սիրայօժար բերին իրենց կարեւոր ներդրումը համահայկական ծրագիրին:
Նշենք, որ համահայկական սոյն ծրագիրին շնորհիւ` մինչեւ այսօր ՀՕՄ-ը կարողացած է օգնութեան ձեռք երկարել աւելի քան 7000 արցախահայ ընտանիքի, որոնք կայք հաստատած են Հայաստանի գիւղերուն մէջ:
Միացեալ Նահանգներ
ՀՕՄ-ի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանի 40-Ամեակի Նշում
4 փետրուարին ՀՄԸՄ Կլենտէյլի «Արարատ» մասնաճիւղի սրահին մէջ նշուեցաւ Հայ օգնութեան միութեան Արեւմտեան Ամերիկայի շրջանի 40 տարիներու անխոնջ գործունէութեան տարեդարձը:
ՀՕՄ-ի Շրջանային վարչութիւնը բարձր գնահատելով միութենական ծառայութեան 40 եւ աւելի տարիներ կազմակերպութեան անդամակցած ՀՕՄ-ուհիները` իւրաքանչիւրին շնորհեց գնահատագիր մը եւ զարդ մը` ՀՕՄ-ի խորհրդանիշով: Այնուհետեւ թեմի առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեան տուաւ իր օրհնութիւնը եւ կատարեց բարեմաղթանքներ, շնորհաւորեց ՀՕՄ-ուհիները, բարերարները եւ համակիրները 40ամեակին առիթով` յոյժ կարեւոր համարելով անոնց ազգանուէր գործունէութիւնը: ՀՕՄ-ի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Վիքի Մարաշլեան երախտագիտութեան խօսք ուղղեց ՀՕՄ-ի շրջանի հազարաւոր անդամներուն` իրենց ազգանուէր ծառայութեան եւ բազմամեայ անխոնջ գործունէութեան համար:
ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Արուսեակ Մելքոնեան կարեւոր նկատեց ՀՕՄ-ի համաշխարհային դերակատարութիւնը ազգապահպանման եւ հայրենանպաստ ծրագիրներուն մէջ` կոչ ուղղելով հաւատարիմ մնալու սուրբ առաքելութեան եւ շարունակելու իրագործելու ՀՕՄ-ի հետապնդած նպատակները` հաստատուն կամքով ու վճռականութեամբ եւ հաւատալու մեր հայրենիքի ապագայ հզօրացման ու Արցախի յաղթանակին:
Հանդիսութեան ընթացքին գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր:
Թեհրան
Յեղափոխութեան Յաղթանակի Տարեդարձին Առիթով` Միաստուածեան Կրօններու Նահատակներու Շիրիմներու Օծման Եւ Խնկարկման Արարողութիւն
8 փետրուարին, Վարդանանց տօնի խորհրդանշական օրուան զուգահեռ, Նոր Բուրաստան գերեզմանատան մէջ տեղի ունեցաւ 8-ամեայ պատերազմի միաստուածեան կրօններու նահատակներու շիրիմներու օծման եւ խնկարկման արարողութիւնը:
Կրօնական արարողութենէն ետք Գրիգորիս քհնյ. Ներսիսեան կարդաց Թեհրանի հայոց թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք. Սարգիսեանին պատգամը, որուն մէջ սրբազանը նշած էր, որ պարտադրուած պատերազմին Իրանի ժողովուրդը իր ամուր հաւատքով մէկ բռունցքի պէս կանգնեցաւ թշնամիներուն դէմ եւ պաշտպանեց իր հայրենիքն ու յեղափոխութիւնը, աւելցնելով, որ աւելի քան հազար տարի Իրանի հողին վրայ ապրած հայ ազգը եւս մեծ ներդրում ունեցաւ հայրենիքի եւ յեղափոխութեան պաշտպանութեան գործին մէջ:
Ապա ելոյթ ունեցաւ Թեհրանի Նահատակներու հիմնարկի գլխաւոր տնօրէն Ապպաս Ալի Ռեզայի, որ անդրադառնալով միաստուածեան կրօններու նահատակներու անուրանալի դերակատարութեան Իսլամական յեղափոխութեան յաղթանակի եւ 8-ամեայ պաշտպանութեան ժամանակաշրջանին` նշեց, որ անոնք աւելի քան 184 նահատակ եւ 606 հաշմանդամ տուած են երկրին, որոնց վրայ պէտք է աւելցնել նաեւ շուրջ 44 ռազմագերիները, որոնք նոյնպէս միաստուածեան կրօններու համայնքներէն են:
Թեհրանի նահանգապետ Ալիռեզա Ֆախարի իր կարգին անդրադարձաւ Իրանի ժողովուրդի բազմազանութեան ու խաղաղ համակեցութեան` նշելով, որ այդ մէկը առաւել եւս դրսեւորում ստացաւ, երբ բոլորը վտանգի պահուն ուս-ուսի դուրս եկան պաշտպանելու հայրենիքի սրբազան հողն ու յեղափոխութեան արժէքները:
Իսլամական խորհրդարանին մէջ Թեհրանի եւ հիւսիսային իրանահայութեան պատգամաւոր Արա Շահվերդեան շեշտեց, որ անմահացած այս հերոսները իրենց կեանքը զոհաբերեցին յանուն մեր ազատութեան պահպանման եւ պաշտպանութեան, աւելցնելով, որ միասնութիւնն է հասարակութիւնը դէպի առաջընթաց ուղեկցողը, իսկ Իրանի մէջ միասնութիւնը միայն կարգախօս չէ, այլ` հազարամեակներու ապրելակերպ:
Աւարտին յուշանուէրներ յանձնուեցան նահատակներու ընտանիքներուն, որոնց կարգին գնահատուեցան նաեւ նահատակներ Ռազմիկ Խաչատրեանի եւ Ալֆրետ Գաբրիի ընտանիքները:
Նոր Ջուղա
Իւետ Թաջարեանի Հեղինակած Գիրքին Շնորհահանդէսը
27 յունուարին Նոր Ջուղայի Ս. Ամենափրկիչ վանքի Խաչատուր Կեսարացիի անուան թանգարանին մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի Մեսրոպ Մաշտոցի անուան մատենադարանի արեւելագիտութեան բաժինի աւագ գիտաշխատող Իւետ Թաջարեանին հեղինակած «Լուսանկարներու ընտրանի Մաշտոցի անուան մատենադարանի հաւաքածոներէն» գիրքի Ա. հատորին շնորհահանդէսը:
Ս. Ամենափրկիչ վանքի «Ս. Ներսէս Շնորհալի» գրադարանի պատասխանատու Վերգինէ Միրզախանեան իր բացման խօսքին մէջ բացատրեց, որ պատուիրակութիւնը պարսկական եւ հայկական կեդրոններ կատարած իր այցելութիւններու կողքին, հանդիպում ունեցած է նաեւ առաջնորդարանի շարք մը պատասխանատուներուն հետ, եւ երկկողմ համաձայնութիւններ եղած են մասնագէտներու վերապատրաստման, գիտական յօդուածներու հրատարակման եւ այլ հարցերու շուրջ:
Մատենադարանի տնօրէն Արա Խզմալեան պատրաստակամութիւն յայտնեց երկկողմ համագործակցութեան` գիտահետազօտական եւ գրական ժառանգութեան պահպանման ծիրին մէջ: Ան բարձր գնահատելով հեղինակին կատարած գիտաշխատութիւնը` գիրքէն օրինակ մը նուիրեց վանքի գրադարանին:
Այնուհետեւ երկլեզու` հայերէն եւ անգլերէն, իր աշխատութեան մասին բացատրութեամբ հանդէս եկաւ պատկերագիրքի հեղինակ Իւետ Թաջարեան:
Գիրքին մէջ ներկայացուած է համաշխարհային լուսանկարչութեան ասպարէզին մէջ հայ լուսանկարիչներու ներդրումը` շեշտելով անոնց ունեցած դերը, նպատակ ունենալով արժեւորել հսկայական ժառանգութիւնը եւ շեշտել Մատենադարանին մէջ պահուող իւրաքանչիւր լուսանկարի կարեւորութիւնը:
Յայտնենք, որ սոյն աշխատութիւնը մասնագիտական օժանդակ նիւթ կրնայ դառնալ ոչ միայն պատմաբաններուն, հնագէտներուն, աստուածաբաններուն, արուեստաբաններուն, ազգագրագէտներուն, հայագէտներուն, մարդաբաններուն, հայկական գաղթօճախները եւ Հայոց ցեղասպանութիւնը ուսումնասիրողներուն համար, այլեւ` հայ լուսանկարիչներու գործունէութիւնը հետազօտող մասնագէտներու համար:
Զուիցերիա
Դոկտ. Հրայր Ճէպէճեանի Դասախօսութիւնը
Հրաւէրովը Ժընեւի Զուիցերահայ միութեան, հովանաւորութեամբ Զուիցերիոյ առաջնորդական տեղապահ Գուսան ծ. վարդապետին, 11 փետրուարին Ժընեւի հայկական կեդրոնին մէջ դասախօսութեամբ մը հանդէս եկաւ դոկտ. Հրայր Ճէպէճեան, որ ներկայացուց ներկայ սփիւռքը եւ հայրենիքը:
Դասախօսութեան աւարտին դոկտ. Ճէպէճեան Գուսան ծ. վարդապետին նուիրեց իր կողմէ մակագրուած «Հայկական ազգագրական պատկերներ` տեսիլք, կամք եւ յոյս» խորագիրը կրող իր վերջին հրատարակած գիրքը:
Սերգէյ Փարաջանովի 100-Ամեակի Նշում
1 փետրուարին Ժընեւի «Գրիւտլի» սրահին մէջ նշուեցաւ Սերգէյ Փարաջանովի 100-ամեայ յոբելեանը, եւ ցուցադրուեցաւ անոր «Նռան գոյնը» ժապաւէնը:
Հանդիսութեան բացման խօսքով եւ Փարաջանովի արուեստի գնահատման ելոյթներով հանդէս եկան` Հայաստանի Հանրապետութեան մնայուն ներկայացուցիչ Անդրանիկ Յովհաննիսեան, Ժընեւի մէջ «ԵՈՒՆԵՍՔՕ»-ի գրասենեակի տնօրէն Անա Լուիզա Մասսոտ Թոմփսոն, «Գրիւտլի» սրահի փոխտնօրէն Ալֆիօ տի Գուարդոն, Ժընեւի «Միւզիքա» ընկերակցութեան ներկայացուցիչ Անի Գասպարեան, որ նաեւ կազմակերպողն էր Փարաջանովին 100-ամեակին նուիրուած նախաձեռնութիւններուն, որոնց շրջագիծին մէջ կը նախատեսուի յաւելեալ երեք ժապաւէններու ցուցադրութիւն Ժընեւի մէջ:
Իտալիա
«Վերածնունդ – 101 Հայ Բանաստեղծութիւն 1890-1989 Թթ.» Իտալերէն Գիրքի Շնորհահանդէս
9 փետրուարին Իտալիոյ մէջ Հայաստանի դեսպանութեան, «L՛angolo di Amelie» մշակութային կեդրոնի եւ «Ֆիորիլիա» խմբագրատան համագործակցութեամբ Մոնտեռոտոնթօ քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ «Վերածնունդ – 101 հայ բանաստեղծութիւն 1890-1989թթ.» գիրքին շնորհահանդէսը: Հատորը կը ներառէ 19-20-րդ դարու հայ բանաստեղծներու, ինչպէս` Յովհաննէս Թումանեանի, Վահան Տէրեանի, Եղիշէ Չարենցի, Համօ Սահեանի, Յովհաննէս Շիրազի, Գէորգ Էմինի, Պարոյր Սեւակի, Մետաքսէի, Ռազմիկ Դաւոյեանի 101 ստեղծագործութիւն` իտալերէն թարգմանութեամբ, ինչպէս նաեւ` անոնց կեանքին մասին համառօտ ակնարկ: Ժողովածուն կազմած եւ թարգմանած է Մարիամ Երեմեան, իսկ հրատարակիչն է «Ֆիորիլիա» հրատարակչատունը:
Ձեռնարկին ելոյթներով հանդէս եկան` դեսպան Ծովինար Համբարձումեան, Մոնտոռոտոնթոյի քաղաքի մշակութային հարցերով խորհրդական Մարիաննա Վալենթի, թարգմանիչ Մարիամ Երեմեան, լրագրող Վերոնիկ Վիրճիլիօ, գիրքի հրատարակիչ Ֆրանքօ Էսփոզիթօ Սոյիկարթի:
Գերմանիա
Բանաստեղծ Արարատ Ղուկասեանի «Ժամանակի Հետքերով» Ժողովածունի Ներկայացում
Վերջերս Համպուրկի մէջ ներկայացուեցաւ բանաստեղծ Արարատ Ղուկասեանի «ժամանակի հետքերով» ժողովածուն:
Հայ համայնքի վարչութեան անդամ, կիրակնօր»այ հայկական դպրոցի ուսուցչուհի Նաիրա Մոսինեան ներկայացուց հեղինակին կենսագրական տուեալները, նաեւ` գիրքին բովանդակութիւնը, որուն յաջորդեց գեղարուեստական յայտագիր: Այնուհետեւ ելոյթ ունեցաւ Արարատ Ղուկասեան, որ շնորհակալական խօսք ուղղեց համայնքին եւ անոր նախագահ Արսէն Յարութիւնեանին` սոյն նախաձեռնութեան համար: Ան ներկայացուց գիրքին մէջ տեղ գտած բնաբանները եւ խօսեցաւ սպանահայ համայնքի եւ Սպանիոյ մէջ հայկական հետքի մասին:
Նշենք, որ «Ժամանակի հետքերով» բանաստեղծութիւններու ժողովածուի անդրանիկ շնորհահանդէսը տեղի ունեցած է Վալենսիոյ մէջ, իսկ յառաջիկային կը նախատեսուի նոր շնորհահանդէսներ Եւրոպայի տարբեր քաղաքներու մէջ: