ՀՀ սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատարի գրասենեակը մշակած եւ շրջանառութեան մէջ դրած է Հայաստան-սփիւռք գործակցութեան զարգացման 2023-2033 տասնամեակի ռազմավարութիւնը:
«Արմենփրէս»-ին հետ յունուարի 29-ին հրապարակուած զրոյցի ընթացքին Զարեհ Սինանեան նշած է, որ ռազմավարութեան հիմքին մէջ պետականամէտ սփիւռք ձեւաւորելու տեսլականն է: Նպատակ դրուած է ունենալ պետականակեդրոն ռազմավարութիւն:
«Ակնկալում ենք սփիւռքի հետ աշխատել յարգանքի սկզբունքների հիման վրայ, որի հիմքում պետականաշինութեան, պետականակենտրոնութեան գաղափարախօսութիւնն աւելի խորացնելու հարցերն են: Դա այսօր շատ թոյլ է սփիւռքում: Հասկանալի պատճառներով սփիւռքը ձեւաւորուել է պետականութեան բացակայութեան պայմաններում: Եթէ Հայաստանում բնակուող մեր հայրենակիցները կամայ թէ ակամայ պետականաշէն են, ապա սփիւռքում դրա դրդող պատճառները բացակայ են եղել, բնականոն աշխատանք սփիւռքահայերի հետ չի տարուել: Այն աշխատանքը, որ ցանկանում ենք սփիւռքի ուղղութեամբ կատարել, դրա կենտրոնում բացառապէս պէտք է լինի պետութիւնը: Ոչ թէ այն պատճառով, որ մենք եսասէր ենք, կենտրոնացած ենք մեզ վրայ, այլ որովհետեւ պետութիւնը տեսնում ենք ոչ միայն Հայաստանի հայութեան, այլեւ հայ ժողովրդի, սփիւռքի յարատեւութեան գրաւական: Չի լինի ուժեղ պետութիւն, ուրեմն ոչինչ չի լինի: Եթէ սփիւռքը կարող էր Միջին Արեւելքում գոյութիւն ունենալ երկար տարիներ, ապա այն սփիւռքը, որը ձեւաւորուել է վերջին 50 տարիների ընթացքում, երկարատեւ չի կարող գոյութիւն ունենալ առանց խարսխի, իսկ այդ խարիսխը պետութիւնն է», ըսած է Զարեհ Սինանեան:
Ան յայտնած է, որ արդի ռազմավարութեան առնչութեամբ արդէն ահագին դիտողութիւններ, առաջարկներ, այլ կարծիքներ ստացած են կառավարութեան տարբեր օղակներէ: Անոնց հիման վրայ ռազմավարութիւնը կը լրամշակուի: Զարեհ Սինանեան նկատած է, որ պէտք չէ աճապարել, նոր իրողութիւնները, զարգացումները կը հարկադրեն խորքային մօտենալ այս ռազմավարութեան` դարձնելով զայն հեռանկարային:
Զարեհ Սինանեան հաւաստած է, որ ռազմավարութիւնը մշակելու ժամանակ աշխատանք կը տարուի նաեւ սփիւռքի հետ: Յանձնակատարի գրասենեակը այս ռազմավարութեան ձեւաւորման սկզբնակէտ կը համարէ Հայաստանի մէջ 2022-ին գումարուած «համաշխարհային հայկական առաջին գագաթնաժողովը» (չակերտումը խմբագրութեանս է): Անիկա օգտագործուած է որպէս հարթակ` որոշ թեզեր քննելու, անոնց շուրջ տրամադրութիւնները ստուգելու համար:
«Դրանից յետոյ շարունակաբար տարբեր խմբերի հետ աշխատել ենք հասկանալու համար, թէ ինչպէ՛ս են դա ընկալում: Շատ դժուար է աշխատել բոլորի հետ, որովհետեւ սփիւռքը բազմազան է, եւ մենք գործ չունենք 10 անձի կամ 10 կազմակերպութեան հետ: Կարող ես 20 կազմակերպութեան հետ աշխատել, բայց կը լինի 200-ը ու կ’ասի` մեզ հետ չէք աշխատել: Մենք փորձում ենք իրատեսօրէն ներգրաւել սփիւռքի մեծ քանակի ներկայացուցիչների», աւելցուցած է Սինանեան:
Յառաջիկայ սեպտեմբերի երկրորդ կիսուն կը ծրագրուի Հայաստանի մէջ հրաւիրել համաշխարհային հայկական երկրորդ գագաթնաժողովը: Մինչ այդ ռազմավարութիւնը հաստատուած կ’ըլլա՞յ, թէ՞ ոչ, միեւնոյնն է` անիկա գագաթնաժողովի հիմնական նիւթը պիտի ըլլայ:
«Մենք հիմա նախապատրաստւում ենք գագաթնաժողովի աշխատանքներին: Կարելի է ասել, որ դեռ անցած տարուայ նոյեմբերից ենք սկսել աշխատել այդ ուղղութեամբ: Այն նախատեսւում է անցկացնել սեպտեմբերի 2-րդ կէսին եւ զուգակցել Հայաստանի անկախութեան տօնին: Օրակարգը դեռ յստակեցւում է, սակայն ասեմ, որ անվտանգային հարցերը լինելու են անխուսափելի: Դա ամբողջ հայութեան համար մնում է ամենակարեւոր խնդիրը: Անդրադարձ կը կատարուի նաեւ տնտեսական, մշակութային հարցերին: Այս երեք ուղղութիւնների վրայ ենք հիմնականում կենտրոնանալու», աւելցուցած է յանձնակատարը:
Հայաստան-սփիւռք գործակցութեան զարգացման 2023-2033 տասնամեակի ռազմավարութիւնը յառաջիկայ ամիսներուն պիտի ներկայացուին ՀՀ կառավարութեան քննութեան:
Պետականամէ՞տ, թէ՞ իշխանամէտ. սփիւռքը միաւորող առանցքն ո՞րն է:
Կարդալով կողքի տեղեկատուութիւնը` մարդուս քթին մէջ քերուըտուք կը սկսի, փռշտալով գրգռիչ տարրերը դուրս վանելու բնական մղում կը յառաջացնէ:
Չենք կարծեր, որ այս մարդիկ եւ իրենց գլխադասները յիմար են կամ կոյր, չհասկցող, չըմբռնող: Անոնք շատ լաւ կը հասկնան իրենց արտաբերած իւրաքանչիւր խօսքին իմաստն ու արժէքը, հետեւաբար կը նախատեսեն արդիւնքը:
***
… Ամիսներ տեւած լռութենէ ետք, երբ Գահիրէի մէջ գրիչը վերստին ձեռք կ’առնեմ, ո՛չ հայհոյելու, ո՛չ փնովելու, ո՛չ ալ այպանելու սիրտ ունիմ: Ամէն ինչ արդէն աւելիով ըսուած է:
Զիս խօսելու մղողը տարբեր պատճառ ունի, աւելի ստոյգ` մտահոգութիւն, էութիւն լլկող յաճախանք:
Արցախի յանձնումէն, Հայաստանի Հանրապետութիւնը 29.800 քառ. քմ-ով զմռսելու եւ անկախութեան տենչէն ըստ էութեան զրկելէ ետք, վերջնականապէս խեղդելու համար Հայ դատը եւ հզօր պետականութեան ազգային իղձը` արտասահմանը աւելի ամբողջական կերպով ձեռք առնելու պահը հասած կը նկատուի:
Պետականամէտը եւ իշխանամէտը դիտմամբ իրարու խառնելով եւ շփոթ ստեղծելով, յանձնակատարը կամ իր գործատուն պարզապէս կը կրկնեն հին` խորհրդայիններու չար աւանդոյթը. բաժնէ՛, որ տիրես: Այս բառախաղին տակ ծածկուած չէ միայն սեփական իշխանութիւնը երկարաձգելու, սփիւռքի աջակցութիւնն ապահովելու, ընդդիմախօսներուն քաղաքական պարտութեան մատնելու (դաւադի՜ր) դիտաւորութիւնը: Աւելի հեռահար է թիրախը եւ անմիջական կապ ունի ինչպէս թուրք-ազրպէյճանական զոյգի ծանօթ ձգտումներուն, այնպէս ալ ռուս-ամերիկա-արեւմտեան ծրագիրներու ուրուագիծներուն հետ:
Սակայն ամէն ինչ սկիզբ մը ունի. փորձենք մեր մտածումը հասու դարձնել ընթերցողին:
Հայ հասարակութիւնները` երկրէն ներս թէ անկէ դուրս, արդէն պառակտուած վիճակ կը պարզեն: Սակայն անձնապէս համոզուած եմ, որ պառակտումի պատճառները կեղծ են եւ շինծու:
Փաշինեան եւ իր խմբակը «թաւիշով» եկան, ժողովրդական ընդվզումի ալիքի վրայ, որուն առանցքը «աւազակապետութեան տապալում»-ն էր, մասամբ` «Ղարաբաղեան քլանը», նաեւ` դիրքի եւ պաշտօնի չարաշահութիւնը: Փոքրաթիւ մարդիկ այս պատճառներուն վերագրեցին Նիկոլի երեւումը 2018-ին, ապա` պատերազմին պարտութիւնը, պարտութեան յաջորդած ընտրական յաղթանակը 2021-ին:
Մինչ այդ ալ կար խորքային պատճառը, որ դաշնակցականներու եւ ազգային մտածելակերպի տէրերու` այսօրուան դրութեամբ 33-ամեայ յարատեւ քննադատութեան առարկան էր:
Պետութեան ուղղութիւնը:
Եկող-գացող իշխանութիւնները այն պատրանքը ստեղծեցին, թէ անկախ քաղաքականութիւն կը վարեն: Պատերազմ էր` նախ յաղթեցինք: Յստակ էր նպատակը: Ազգային կամքը Արցախը հայկական պահելն էր անկախացման արեւածագին, եւ յաղթեցինք:
Հետեւեցաւ պետութեան զարգացման ընթացքը, որ ոչ մէկ կերպով համընկաւ ազգային կամքին հետ:
Ազգային կարողականութեան եւ պատրաստակամութեան յարաբերաբար` թերի եւ անհամապատասխան եղաւ պետութեան զարգացման տրամաբանութիւնը եւ կշռոյթը: Ընկերային կարգուսարքը դաւաճանեց անհաւասար կռուի մէջ նետուած հայկազուններու թռիչքին եւ զանոնք` նոյնիսկ նահատակները կրկի՛ն անգամ նահատակեց:
Մեր կուսակցական բառամթերքին մէջ այս ընթացքը կ’որակուի` ապաքաղաքականացում, քաղքենիացում, ապազգայնացում եւ այլասերում:
Նիկոլը կամ նմանը ահա այս միջավայրի հարազատ ծնունդն էր, որ եկաւ եւ մահացու հարուած հասցուց անկախութեան արշալոյսին ցցուած, ծառացած եւ անպարտ մնացած ազգային կամքին: Կամքը չջլատուեցաւ, ուղղակի մորթուեցաւ, ողջակիզուեցաւ:
Եւ ահա կը մօտենանք առաջին կանգառին, որ անուն ունի եւ կենսագրութիւն. Հայաստանի Հանրապետութիւն` ժառանգորդը խորհրդայինին, 29.800 քառ. քմ տարածքով, որուն ազատագրուած Արցախը միաւորելու խոյանքին զինուորուած էին Հայաստան թէ սփիւռք` 1987-88 թուականներէն եւեթ: Այս ներքին գուպարը, որուն բեւեռները մէկ կողմէ Տէր Պետրոսեան Լեւոն նախագահն ու միւսը` ազգային գաղափարախօսութիւնն էին, պիտի կոչենք ՀՀ +/- ԱՀ. այսինքն Հայաստանի Հանրապետութիւն` առաւել կամ նուազ Արցախի Հանրապետութիւն:
Կը խորհիմ, որ հոսկէ արդէն կրնամ անցնիլ բուն խնդիրին:
***
Ինչպէս ծանօթ է, 29.800 քառ. քմ տարածութեամբ Հայաստանը երկնած էին խորհրդայինները, կարմիրներու կայսերապաշտութիւնը, Ստալինը եւ այլն: 1920-ի սեպտեմբերին քեմալական արշաւանքը, Քրեմլինի բոլորանուէր աջակցութեամբ, տեղի ունեցաւ, Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ մայիսեան խռովութիւններէն ետք չդադրեցան հակապետական քարոզչութիւնն ու զայն ջլատելու գործողութիւնները, ընդհուպ` մինչեւ Հայաստանի խորհրդայնացում: Քիչ մը աւելի ուշ Սիւնիքը Ազրպէյճանի յանձնելու ջանքերը ի դերեւ հանեց Գարեգին Նժդեհի գլխաւորած դիմադրական շարժումը, իսկ Արցախին աւելի ուշ պարտադրուեցաւ Ազրպէյճանին մաս դառնալ, որուն երբեք չհաշտուեցաւ բնիկ հայ ազգաբնակչութիւնը:
Երբ յետադարձ ակնարկ կը նետենք, կը տեսնենք խորհրդային «տրամաբանութեան» ժառանգ ձգած անխախտ սահմանը. 29.800 քառ. քմ կղզիացած Հայաստան: Ամբողջ եօթանասուն տարի այս սահմանները պահպանուեցան. ապարդիւն մնացին Հայաստանին միաւորուելու Արցախի հայութեան պարբերական դիմումները` Քրեմլին: Հայանուն համայնավար ջոջեր ոչի՛նչ ըրին, իսկ ազերիները խլուրդի պէս բանեցան…
Չենք խօսիր Նախիջեւանի եւ խորհրդայնացած այլ հողերու մասին, որոնք ներքին կարգով բաշխուեցան աջ ու ահեակ:
Հիմա Նիկոլը հայրենիք ու պետութիւն հասկացողութիւնները իրարու կը խառնէ, պետութիւնը միակ հայրենիք կը դաւանի, անոր սահմանները նախանձախնդրաբար կը պահէ խորհրդայիններուն «աւանդ» ձգած սահմաններուն մէջ` 29.800 քառ. քմ: Եւ իր ըսածը համահունչ է թէ՛ Քրեմլինին եւ թէ՛ պէսպիսուն Արեւմուտքին` Պոլսէն մինչեւ Լոնտոն եւ Ուաշինկթըն:
Ամէն ոք իր դիտակէտը, տեսակէտը եւ շահը ունի` բացի պաշտօնական Երեւանէն, որ կ’ըսէ, թէ՛ անդառնալի ապախորհրդային` անկախ Հայաստան կը կառուցէ: (Այլ հարց, թէ ի՞նչ կը հասկնան անկախութիւն ըսելով):
Անհասկնալի է կղզիացումին եւ փոքրացումին այս կառչածութիւնը, եթէ նկատի ունենանք ազգային գաղափարախօսութեան հիմքերը, թէեւ շատ հասկնալի կը դառնայ ան, եթէ խորհինք խորհրդային կամ այլ միութեան մը մաս կազմելու հեռանկարով: Այլին մաս կրնան կազմել մեր շուրջի պետութիւնները` «բարեկամ» կամ «թշնամի»: Կը չակերտեմ, որովհետեւ այս հասկացողութիւնները յարաբերական են սեփական շահերուն եւ նպատակներուն… Մենք միայն գիտենք նիկոլական 29.800 քառ. քմ, որուն ցաւ ի սիրտ կողմ կը թուին ըլլալ նաեւ թունդ… ընդդիմախօսներ: Այս թիւը սկսած է ամրագրուիլ քիչ մը ամէն տեղ:
Ասիկա կատակ չէ: Այսօր կը կերտուի պատմութիւն եւ իրաւունք: Իրաւունքը տէր կը պահանջէ, կը յուսայինք, որ այդ տէրը ըլլար պետութիւնը, բայց յուսախաբ եղանք…
Իսկ հայոց իրաւունքը ծնունդով նախախորհրդային է. այդ իրաւունքին մահացու թշնամի եղան խորհրդայիններն ու ժառանգը ստացողները: Այսօրուան բաժանարար գիծը` հանրապետութեան եւ ազգային գաղափարախօսութեան միջեւ, ճի՛շդ հոս է: Իրաւունք: Երբ հանրապետութիւն կ’ըսենք, արդի իրողութիւններուն (եւ իշխանականներուն տարածած տրամաբանութեան) բերումով, անիկա կը նոյնանայ իշխանութիւններուն հետ, որոնք ըստ կամս, առանց աջ կամ ձախ նայելու, վայրկեանի շահերու թելադրանքով կ’ուրանան իրաւունքը:
Խորհրդային մտածողութեան ժառանգութիւն է` պետութիւնը նոյնացնել իշխանաւորին հետ: Ամբողջատիրական, այլամերժ գաղափար է սա: Նիկոլը, ինչպէս` Տէր Պետրոսեան Լեւոն նախագահը, անոնց հարազատ ժառանգորդներն են, իսկ պետութիւնը` իշխանութեան նման, իրենց ագարակը. անոնց միջեւ ինկած երկուքին` Քոչարեանի եւ Սարգսեանի հարազատութիւնը` խորհրդային այդ տրամաբանութեան` փոքր բայց էական տարբերութիւն մը ունէր. Արցախը, որ այսօր կրկին պէտք է ազատագրուի:
***
Այժմ: Երբ Փաշինեան կամ իր քաղաքական սայլին լծուածները կը խօսին սփիւռքը պետականամէտ դարձնելու մասին, մարդս չի կրնար չմտածել, որ ահա՛ խորհրդային մտածողութեան դրսեւորում մը եւս հրապարակ կու գայ` հակադրուելու ազգային գաղափարախօսութեան:
Իսկ ի՞նչ է ազգային գաղափարախօսութիւնը, եթէ ոչ` միացեալ, ազատ եւ անկախ Հայաստանը. հիմք, մեկնակէտ եւ նպատակակէտ: Հակադրութիւնը, հետեւողաբար ներկայ վարչակարգի բառամթերքին, պետութեան եւ պետութեան պատկերացումներուն միջեւ է: Երկուքն ալ` Հայաստանի հողին վրայ: Երկուքն ալ նոյն ժողովուրդին համար: Տարբերութիւնը` Հայաստանի տարածութեան եւ ժողովուրդի թիւին մէջ է:
Շատախօսութիւն էր 33 տարի առաջ հռչակուած հանրապետութեան` ժողովրդավարութիւն վերագրելը, ընկերային արդար հասարակարգ հետապնդելը, զտարիւն ազգային, ապաֆաշիստական ազգայի՛ն ըլլալը: Այսօր նոյն շատախօսութեան շարունակութիւնն է, որ կը փորձեն հրամցնել` հրապարակ նետելով… պետականամէտ սփիւռք հասկացողութիւնը: Իրենք ալ լաւ գիտեն, որ չեն յաջողիր: Բայց իրենց հետապնդածը սփիւռքը վերստին խառնելն է եւ սփիւռքի անունով խօսելու իրաւունք ձեռք բերելը… քանակ հաւաքելով եւ բուծանելով:
Անշուշտ չենք հարցներ իրենց, թէ ներկայ սփիւռքը ինչո՞վ պետականամէտ չէ, բայց իրենք` ծրագիրը մշակողները, պէտք է բացատրեն արար աշխարհին, որ արդեօք իրենք պետականամէ՞տ են, եղա՞ծ են, պիտի ըլլա՞ն, եւ ինչպէ՞ս չափենք այդ պետականամէտութիւնը: Ասոր պատասխանը յստակ ու մեկին պէտք է տան` հետեւելով աստուածային իմաստութեան` ծանի՛ր զքեզ…
Մինչ այդ սակայն, եկէք, մենք ալ մեզ արժեւորենք:
***
Սփիւռք: Սփիւռք ունեցած ենք միշտ: Փոքր կամ մեծ: 1915-էն առաջ Հայաստանը իր ողջ ծաւալով` Մեծ ու Փոքր Հայքերով, Կիլիկիայով կը պայքարէր հայօրէն շնչել կարենալու համար: 1915-էն ետք ափ մը հող մնաց մեզի, թէպէտեւ հոս-հոն կռուեցանք, յաղթեցինք ալ, բայց արդիւնքը մեծաւ մասամբ եղաւ հայրենազրկումը: Այսօրուան նման: Արցախը մեզի օրինակ: Վերջին ճակատումին կռուեցաւ, թէկուզ մէկուկէս օր, բայց` արի՛աբար, առիւծի՛ նման, սակայն ի վերջոյ գլխիկոր նահանջեց:
Մեր անցեալի պատմութիւնը շա՛տ աւելի լաւ պէտք էր սերտած ըլլային 1991-ին անկախութիւն հռչակած Հայաստանի հայերը: Հայը օճախին, հողին, իր հայրենիքին կառչած մարդ է, պատրաստ` այդ արժէքներուն համար անմռունչ զոհուելու: Արի է, անվախ, կրակի մէջ նետուող: Եւ ասիկա ապացուցած է նա՛եւ հայրենի հողէն հեռու ալ:
Վկայագրութիւնները անհամար են: Առնենք Լիբանանը` իր քաղաքացիական տասնհինգամեայ անդոհանքով: Ելքը մարտի դաշտին վրայ արիութեամբ որոշուեցաւ այնքանով, որ այդ պահուն ֆիզիքական ապահովութիւն կու տար: Իսկ յաղթանակը շատ աւելիին պէտք ունէր: ՀԱՅՐԵՆԻՔՆԵՐ ԾՈՒՆԿԻ ԿՈՒ ԳԱՆ ԱՌԱՋԻՆ ՀԵՐԹԻՆ ՆՊԱՏԱԿՆԵՐՈՒ ՇՈՒՐՋ ԱՆՈՐՈՇՈՒԹԵԱՄԲ, ԱՅԴ ՆՊԱՏԱԿՆԵՐՈՒՆ ՀԱՍՆԵԼՈՒ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԱԾՈՒԹԵԱՆ ԲԱՑԱԿԱՅՈՒԹԵԱՆ: Լիբանանի օրինակով առաջ երթալու համար ըսենք` հոն պառակտումը ահաւոր անջրպետներ ստեղծած է, ցեղային, կրօնադաւանական, քաղաքական-գաղափարական այլազանութիւն, որ ժամանակ մը իր կենսունակութեան աղբիւրն էր, բայց շուռ եկաւ զանոնք կրող ժողովուրդին դէմ: Անէացան զանոնք զօդող եւ միաւորող նպատակը եւ այդ նպատակին ծառայող ՀԱՄԱԿԱՐԳԸ: Այս վերջինին` համակարգի՛ն ուշադրութիւն դարձուցէք: Համակարգը կ’արժեւորէ բոլոր հնարաւորութիւնները` աշխարհագրական, ժողովրդագրական, կրթական, տնտեսական, գիտական, ընդերքի հարստութիւն թէ արդար աշխատանքի քրտինք եւ թանկագին զաւակներու արիւն: Առանց օրէնքի եւ բարոյականութեան վրայ բարձրացած համակարգի` ոչինչի կը վերածուի ամէն ինչ: Իսկ անոր ՈՂՆԱՍԻՒՆԸ գաղափարն է, նպատակը:
Արդ, վերադառնալով Հայաստան աշխարհ, հազարամեակ մը առաջ մեր թագաւորական վերջին տուները ինկան Մեծ Հայքի մէջ, երեք դար ալ ունեցանք Կիլիկեան թագաւորութիւն: Ինչո՞ւ ինկան` շատ աւելի խոր հարց է, որ պէտք է բազմակողմանի ուսումնասիրուի նա՛եւ այսօրուան տուեալներուն լոյսին տակ:
Իսկ մենք ներկայի մէջ պարտաւոր ենք մենք մեզի նախ ըսել` մենք ունէինք ծովէ ծով հայրենիք, թէկուզ` երկար ժամանակ պետականազուրկ, իսկ այսօր անոր մէկ մասով, կը խորհինք, որ պէտք է վերակերտենք զայն, վերատիրանանք մեր հայրենիքին եւ սեփական պետութիւնը հաստատենք անոր վրայ:
Սփիւռք: Ամբողջ աշխարհն ընդգրկող այս հասկացողութիւնը իր տարածուածութեամբ իսկ թուլութեան պատճառ է: Այո՛, անկասկած: Ո՜ւր կեդրոնացած բնակչութիւն ունեցող հայրենիքը կամ աճելավայրը, ո՜ւր անսահման տարածութեան վրայ փռուած մեծ ու փոքր կղզեակները: Այնուամենայնիւ, մեր կարծիքով, ամէն անպատեհ իրողութիւն ունի առաւելութիւն, որ եթէ ի՛ր տրամաբանութեան մէջ օգտագործուի, թուլութիւն-տկարութիւն չի մնար տակը, ու մէջտեղ կու գայ ուժ: Հեռու չերթանք. հանապազօրեայ համացանցը:
Ասկէ ալ` կազմակերպական ապակեդրոնութեան եւ գաղափարական կեդրոնացուածութեան առաւելութիւնը, որուն քաջ ծանօթ ենք, բայց ազգովին չենք օգտագործեր, զի երկուքն ալ խորապէս մշակուելու կարիք ունին, մին` տեղւոյն պայմաններուն համապատասխանեցնելու համար, երկրորդը` կեդրոնաձիգ եւ տարտղնում չհանդուրժող մօտեցումով` կամքով, կորովով ու աշխատանքով:
Մենք որպէս սփիւռք` անմասն չենք պատասխանատուութենէն: Պատասխանատու ենք ոչ միայն նպաստելու տրամաբանութեամբ, այլեւ` բոլորանուէր մասնակցելու բոլոր նախաձեռնութիւններուն, խորհելո՛վ եւ երկնելո՛վ:
Ասիկա մակարդակ մը կ’ենթադրէ, որմէ շատ հեռու ենք այսօր իմացականօրէն:
Եկէք` սապէս մտածենք. եթէ ըսենք ՀԱՐԿԸ ՕՐԷՆՔԸ ԿԸ ԼՈՒԾԷ, օրէնքը ո՞ր կողմը պիտի իյնայ: Այսօրուան դրուածքով, օրէնքը եթէ անտարբերութիւնը չէ, ապա կրաւորականութիւնն է, մատներու ծայրով գործ բռնելը: Եւ երբ հարկ ըլլայ ամբողջ էութեամբ գործին փարելու, անվարժի վիճակ կը մատնենք, զի օրէնքը անվարժ ըլլալն էր, իսկ կեանքի ու պայքարի թելադրանքը տարբեր բան կը յուշեն` պատրաստ ըլլալ ամէն հաւանականութեան, որ կը նշանակէ, թէ օրէնքը պէտք է տեղափոխուի եւ իր նախկին տրամաբանութենէն դուրս գայ, հարկադրանքին առանց սպասելու: Ասիկա բոլոր` խաղաղութեան թէ կռուի պարագաներուն:
Նուաճելու համար այս մակարդակը` գաղափարի համար եւ անոր ծառայող համակարգը կենսական է: Ա՛յն է, որ պիտի հրապուրէ, ներգրաւէ եւ գործի լծէ նորահասին կողքին աւագը, երէցը, երիցագոյնը, իւրաքանչիւրը` իր դիրքին ու փորձառութեան համապատասխան, եւ բանեցնէ զանոնք` մեծ թէ փոքր, նպատակներ իրականացնելու:
Արդիւնաբերող մեքենայի գաղափարն է ասիկա: Պետութիւնը մեքենայ մըն է, ուր իւրաքանչիւր քաղաքացի ամէն օր կը նպաստէ անոր զարգացման: Սփիւռքի մէջ այդ պետութիւնը չկայ, որ արդիւնաւորէ հայ մարդու հանապազօրեայ աշխատանքը: Ուրեմն պէտք է հնարել զայն, թէկուզ` ընդօրինակելով այլոց փորձը: Եւ չկա՞ն նախընթաց փորձեր: Շա՜տ: Կը բաւէ կամենալ, ժամանակ յատկացնել, ամէնէն կարեւորը` հաւատալ սեփական կարողութեան:
Մինչեւ երէկ հաւատացինք, որ հայրենիքը եւ պետութիւնը այդ դերը վերջապէս պիտի ստանձնեն: Հիմա կոտրած տաշտակի առջեւ նստած ենք եւ ի զուր կը փորձենք այս կացութենէն դուրս գալ: Մասնակի ելքեր չկան: Ես համոզուած եմ: Ամբողջ ճակատով պայքար կը մղուի մեզ դէմ. ամբողջ ճակատով հակայարձակման անցնելու կարիք կայ յաղթահարելու համար երեւելի եւ աներեւոյթ վտանգները, բայց նախ պէտք է յաջող կերպով պաշտպանուիլ, արձանագրել փաստը եւ ապա միայն շարունակել:
Այսօր արդէն հարկը կը պահանջէ դուրս գալ այս վիճակէն: Վաղը եթէ դատարկութիւններ գտնուին սփիւռքի տարածքին, չզարմանաք, եթէ օտարի, մինչեւ իսկ թշնամիի՛ն սպասարկու գործակալները գան եւ բազմին այդ դատարկութիւններուն մէջ ու թելադրեն այն, ինչ որ` այսօր հեռուն նստած, կը մերժենք, Արցախի յանձնումէն մինչեւ իրաւունքներէն զիջում, Հայ դատին վրայ նորոգուած եւ աւելի ծանր գերեզմանաքարի զետեղում: Այսօր հայրենաբաղձութիւնը բարոյական հասկացողութիւն է, երէկ լիարիւն ապրում էր, իսկ վաղը պէտք է դարձնենք առարկայական ու հասանելի՛ պահանջ, որուն համար կը պայքարինք ամէն օր ու ամէն ժամ, իւրաքանչիւրս` իր դիրքին վրայ:
Թերեւս երեւակայական-երազային թուի ըսածս, սակայն կը հաւատամ, որ հնարաւորութիւնն ունինք նոյնիսկ աւելին ընելու, միայն կամենանք կազմակերպուիլ եւ գաղափար-համակարգ զոյգով առաջ ընթանալ: Ի վերջոյ, ամէն գործնապաշտ եւ իրականացող գործ ճամբայ կ’ելլէ տեսիլքով մը, տեսլականով մը, երազո՛վ մը…
Սինանեանը սփիւռքի ատամները հաշուած է եւ կու գայ իր կեղծ ատամնաշարով բոլորովին սովի մատնելու հայոց ոգին: Ասոր դէմն այսօ՛ր պէտք է առնել` առանց խուճապի եւ անէծքի, վաղը ուշ կրնայ ըլլալ: Համայնավար-պոլշեւիկները 20-ականներուն յաջողեցան, հակասութիւններ աւելցուցին եղածներուն վրայ եւ երկար տասնամեակներ մեր ժամանակը եւ ջանքը վատնեցին անպտուղ պայքարներու մէջ: Այսօր` 21-րդ դարուն, ամօթ է, որ անոնց իսկական ժառանգորդները մեզ նոյն ծուղակը ձգեն եւ շեղեն այն ճամբէն, որմէ պէտք է յառաջանանք դէպի ազգային լիարժէք նպատակներու իրագործում:
Եզրակացնենք. ներկայիս Հայաստան եւ սփիւռք բեմադրուող պառակտումը կեղծ է, Ռուսիա թէ Արեւմուտք` ԱՄՆ եւ ընկերութիւն, կրնան զարգացման մոտելներ յուշել, սակայն ռազմավարական կամ այլ մեծ-մեծ բառերը աղ-պղպեղ, համեմունք են… համերը տեղը բերելու ծառայող: Իսկ ո՞րն է իսկականը` այն ալ սկիզբը նշեցինք, որ հիմա կրնայ մոռցուած ըլլալ, կրկնենք. 29.800 +/- Արցա՞խ, թէ՞ միացեալ Հայաստան, միացեալ հայութեամբ:
Անոնցմէ իւրաքանչիւրն իր սկիզբը եւ ապագայի առաջնորդող ուղին ունի: Հայաստան, յետանկախութեան, դժբախտաբար ամբողջականին տէր չկանգնեցաւ, այլ մասնակին ընտրեց, ու կեանքը զարգացաւ այդ ուղղութեամբ: Այսօր` պարտութենէն ետք, թերեւս մտածե՞ն, որ առանց ամբողջականի` ազատ, անկախ Հայաստանը պատրանք է, ինչպէս պատրանք է արդի իմացական-կազմակերպական որակով ամբողջականը երազելը:
Կրկնենք` կամք, աշխատանք ու կորով, երեք ձիրքեր են, որոնցմով մարդ ցամաքի, ծովու թէ օդի մէջ միշտ կը յաջողի: Երանելի մօրս խրատն էր, ամէն անգամ որ անելանելի դժուարութեան հանդիպէին զաւակները:
Գահիրէ, 2 փետրուար 2024