Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Եւ Օր Մըն Ալ Մեզմէ Պահանջեցին Հայ Չկոչուիլ Այլեւս…

Փետրուար 22, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱԿՈԲ ԹԱՊԱԳԵԱՆ

«Ձեզ կը վստահեցնեմ, որ եթէ այս բոլոր պայմանները ընդունինք, խաղաղութիւն կ՛ըլլայ եւ զարգացում…», կ՛ըսէր Փաշինեան, երբ քառասունչորսօրեայ պատերազմին կը պարտուէինք, եւ ինք կը ստորագրէր համաձայնագիր մը, որուն կէտերը, ինչպէս յայտնի դարձաւ յաջորդ տարիներուն, ահաւոր ենթակայութեան պայմաններ կը ստեղծէին:

Բայց հակառակ բոլոր զիջումներուն` խաղաղութիւնը չեկաւ, երկիրը շատ հեռու է զարգացումէ: Ինչ որ տեսանք` Հայաստանի վրայ յարձակումն ու ներխուժումն է, Արցախի շրջափակումն է, պատմականօրէն հայկական այդ հողատարածքի հայաթափումն է եւ մշակութային պատմական կոթողներու բնաջնջումը:

Խաղաղութեան մասին կը շարունակենք խօսիլ պատի մը հետ, մինչ դէպի անդունդ կ՛ուղղուինք, եւ բառերը իրենց իմաստը կը կորսնցնեն` ի դէմ այլ հսկայական շահերու, որոնք կը ձգտին տիրանալ հայկական յաւելեալ տարածքներու:

Հայաստանի վարչապետը կ՛ըսէ. «Անցեալին ամէն ինչ սխալ ըրինք: Բոլոր այն արժէքները, որոնց վրայ կայացաւ Հայաստանի Հանրապետութիւնը, սխալ են, եւ այդ իսկ պատճառով դուրս մնացած ենք տարածաշրջանի զարգացման ծրագիրներէն: … Պէտք է շատ աւելի մրցունակ եւ իրատես ըլլանք»:

Հիմա առաջարկը սահմանադրութեան փոփոխութիւնն է:

Ետին ձգել ազգային իղձերը, նպատակներ, ինչպիսիք են` պետականակերտում, ազգային գերիշխանութիւն, պատմական անցեալ, իրաւունքներու պահանջատիրութիւն, աշխարհի մէջ յարգանք` որպէս քաղաքացի, անտեսել յիշողութեան, արդարութեան, ճշմարտութեան եւ արդարահատոյցի սկզբունքները:

Ամէն ինչ սրբել, եւ զերոյէն սկսիլ ամէն ինչ: Ա՛յս է Փաշինեանի առաջարկը: Կամ` սուլթան Էրտողանի եւ իր զրահակիր Ալիեւի պահանջը:

Իշխանութեան իր դիրքերէն Փաշինեան` պարտութեան խօսնակը, կ՛առաջարկէ մենք մեզի վերսկսիլ որպէս ազգ, մեր հայկական էութիւնը թափել տարածաշրջանային համարկման ջուրերուն մէջ, ուր գիշատիչներ կը սպասեն մեզի:

Փաշինեանի իշխանութիւնը չ՛առաջարկեր հայրենիքի եւ սփիւռքի միջեւ հանրային իսկական երկխօսութիւն մը` մասնակցութեամբ ներկայացուցչական հանգամանք ունեցող խօսակիցներու, երկխօսութիւն մը, ուր կարելի է վերակառուցել մեր հաւատքը մեր ներուժին հանդէպ, յղանալ լուծումներ, որոնք ծնունդը ըլլան հազարամեակներէ ի վեր ինքզինք վերստեղծող ազգի մը ստեղծագործ հանճարին:

Այս իշխանութեան միակ առաջարկները մեր դահիճներու թունաւոր պայմանաւորումներու ընդօրինակումն են, ընդ որում թատերական ներկայացումներու տեսքով` ի դէմս Ազգային ժողովի «քննարկումներուն», ուր երկրորդական դերակատարներ կը ճգնին ցոյց տալ այս ազգային պառակտումի գործընթացի համընդհանուր ընդունուածութիւնը:

Ազգային ապահովութիւնը, պետութիւնը, հանրապետութիւնը այսօր, աւելի քան երբեք, գոյութենական սպառնալիքի տակ կը գտնուին: Արցախը բռնագրաւուած ու հայաթափուած է, եւ կարծես չկայ այլընտրանք մեր առաջ, քան` մենք զմեզ մեղադրելու, որ ազատ Հայաստան երազած ենք, Արցախի ազատագրում եւ անկախութիւն, պայքարած ենք յանուն արդարութեան եւ ի յիշատակ Ցեղասպանութեան զոհ մեր նահատակներուն, չենք ընդունած, որ ցեղասպանները մնան անպատիժ եւ շարունակեն իրենց ոճիրը ոչ միայն հայ ժողովուրդի, այլ նաեւ այլ ժողովուրդներու նկատմամբ:

Մեզի կ՛ուզեն հաւատացնել, որ մեղաւոր ենք քաղաքական այն բոլոր յաջողութիւններուն համար, որոնց արդիւնքով աշխարհը հայը յարգելու սկսած է: Մեղաւոր ենք արդարութեան ի խնդիր մեր պայքարին համար, գլուխ բարձրացնելու դարերու ստրկութենէ յետոյ, եւ այդ բոլորին համար կ՛ուզեն, որ այսօր գին վճարենք մեզ լռութեան մատնելով, մեզ մղելով, որ լքենք ամէն ծրագիր, որ ազգային գերիշխանութեան կը ձգտի, որ` Արցախ բառը չգործածենք, չխօսինք Ցեղասպանութեան մասին, ոչ ալ` արդարահատոյցի, չխօսինք առհասարակ:

Այդ բոլորի նախընթացները կ՛ուզեն անյայտացնել եւ անհետացնել ամէն պահանջատիրութիւն:

Չխաբուինք: Էրտողանն ու Ալիեւը խաղաղութիւն չեն ուզեր: Հայաստանը տարիներ ու տարիներ Արցախի հարցի խաղաղ լուծումին մասին խօսեցաւ, բայց այդ մէկը տեղի չունեցաւ: Անոնց նպատակը հայ ժողովուրդի՛ անհետացումն է, կամ` անոր գոյութեան նուազագոյնի թոյլատրումը միայն:

Հայկական տարբեր իրականութիւններ կան, բայց առանձին, իրարմէ բաժան-բաժան չեն կրնար գոյատեւել: Այս գոյութենական բանավէճը պիտի որ Հայաստանն ու սփիւռքը դնեն սեղանի վրայ:

Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան Հարաւային Ամերիկայի կառոյցը այսօր կը մերժէ որեւէ քայլ, որ ազգային պառակտումը կը խորացնէ եւ հայկական ինքնութեան ու գոյութեան հիմնական արժէքներուն եւ սկզբունքներուն դէմ կը գործէ:

Ո՛Չ սահմանադրական փոփոխութեան:

 

 

Նախորդը

2024-ը` «Մարդուժի Տարի»

Յաջորդը

«Ազգասիրութիւնը, Հայրենասիրութիւնն Ու Եկեղեցասիրութիւնը Իրարմէ Անջատելը Փաստօրէն, Տգիտութիւն Է, Եւ, Աւելի՛ն, Ազգային Հերետիկոսութիւն» Արամ Ա. Կաթողիկոս

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Աւարտական Վտանգաւոր Ջղաձգումներ

Յուլիս 9, 2025
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի.  Ընդունելութիւն` Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններուն Ապահովուած Արդիւնքներուն Առիթով
Անդրադարձ

Մեր Համայնքի Քաղաքական Գործօնի Հանգամանքը Առաջին Հերթին Հիմնուած Է Մեր Հաւաքական Քուէի Ուժին Վրայ*

Յուլիս 9, 2025
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի.  Ընդունելութիւն` Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններուն Ապահովուած Արդիւնքներուն Առիթով
Անդրադարձ

Պաշտօնները Կու Գան ու Կ՛երթան, Մեր Ժողովուրդին Բարօրութիւնը, Բարգաւաճումը Եւ Հզօրացումը Էականն Են ու Մնայուն*

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?