Պէյրութի մէջ 2023-ին լոյս տեսաւ Զաւէն Մսըրլեանի «Ապրող էջեր անցեալէն» գիրքը. խմբագիր` Արմէն Իւրնէշլեան: Հատորը բաղկացած է 136 էջերէ:
Նախաբանին մէջ Արմէն Իւրնէշլեան կ՛ըսէ, որ Հայ աւետարանական քոլեճի տնօրէն եւ վաստակաւոր պատմաբան դոկտ. Զաւէն Մսըրլեան 60 եւ աւելի տարիներէ ի վեր լիբանանահայ ազգային, կրթական եւ ակադեմական մարզերուն մէջ իր պատուոյ տեղը ունի, շնորհիւ այդ ասպարէզներուն մէջ իր ցուցաբերած բծախնդրութեան, ջանասիրութեան եւ սկզբունքայնութեան, որոնք իր նկարագրի կայուն գիծերն են:
Զաւէն Մսըրլեան իր յուշագրութիւնը կը սկսի մանկութենէն, դպրոցական եւ ուսանողական տարիներէն եւ կը հասնի երկարամեայ տնօրէնութեան տարիները:
Զաւէն Մսըրլեան` Մկրտիչ եւ Սաթենիկ Մսըրլեաններու միջնեկ զաւակը, ծնած է 1938-ին, Պէյրութ: Յաճախած է Վիեննական Մխիթարեան վարժարանի մանկապարտէզը, Թրիփոլիի Ազգային Նուպարեան վարժարանը, Պէյրութի Սուրբ Նշան բարձրագոյն նախակրթարանը եւ Հայ աւետարանական քոլեճը, զոր աւարտած է 1955-ին: Այնուհետեւ Պէյրութի ամերիկեան համալսարանին մէջ մասնագիտացած է եւրոպական եւ միջինարեւելեան պատմութեան:
Համալսարանական ուսումը աւարտելէն ետք Հայ աւետարանական քոլեճին մէջ նուիրուած է ուսուցչութեան: 1968-ին եղած է քոլեճին տնօրէնը:
Խորհրդային Հայաստանի կրթութեան նախարարութեան կազմակերպած ուսուցիչներու վերապատրաստութեան ծրագիրով 1970-ին այցելած է մայր հայրենիք:
Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի բռնկումէն ետք, 1975-ին, Հայ աւետարանական քոլեճի շրջանը կռուախնձոր դարձաւ զինեալ խմբաւորումներու միջեւ: Տնօրէնութիւն, ուսուցչական կազմ եւ աշակերտութիւն դժուարին պայմաններ դիմագրաւեցին: Արձանագրուեցան հակահայ արիւնալի դէպքեր:
Մսըրլեան կ՛ըսէ, որ պատերազմի ատեն ինք բազմաթիւ վտանգներու ենթարկուած է, սակայն ազատած է Աստուծոյ պաշտպանութեան շնորհիւ:
Դոկտ. Զաւէն Մսըրլեան քանիցս Ամերիկա այցելած է: Այդ այցելութիւններուն առիթով եւ նաեւ անկէ անկախ դպրոցին մեծագումար նուիրատուութիւններ եղած են:
Հայ դատին ի նպաստ աշխատանքներու ծիրին մէջ, Մսըրլեան, իր հրատարակած գիրքերէն եւ պատրաստած յօդուածներէն բացի, հայկական եւ ոչ հայկական կազմակերպութիւններու հրաւէրով բանախօսութիւններ տուած է հայկական հարցին, Արցախի հիմնախնդիրին եւ հայոց պատմութեան մասին:
Դոկտ. Զաւէն Մսըրլեան ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Քըրթ Վալտհայմին նամակ ուղարկած է` լուսարձակի տակ առնելով կարեւորութիւնը Հայոց ցեղասպանութեան նշումին: Նամակը նկատի առնուած է, եւ 1973-ին ՄԱԿ-ի 30-րդ պարբերութեան մէջ նշուած է Հայոց ցեղասպանութիւնը:
Մսըրլեան Հայ աւետարանական քոլեճի տնօրէնութիւնը վարած է մինչեւ 2017: Ան 763 շրջանաւարտի վկայական յանձնած է: Այդ շրջանաւարտները հետագային եղած են ուսուցիչ, տնօրէն, պետական դէմք, պատմաբան, երաժիշտ, խմբավար, նկարիչ, խմբագիր, բարերար, ազգային-հասարակական գործիչ, գործարար եւ գիտնական:
Գիրքի վերջաբանին մէջ դոկտ. Զաւէն Մսըրլեան կ՛ըսէ, որ կը հաւատայ հայկական եւ քրիստոնէական դաստիարակութեան` հայկական ոգիի եւ ազնիւ նկարագրի կերտումով, ազգային եւ հոգեւոր ժառանգի փոխանցումով ու բարձրորակ եւ արդիական ուսումով: