Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արամ Ա. Կաթողիկոս Փրաւիտընսի Մէջ

October 5, 2024
| Գաղութէ Գաղութ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ուրբաթ, 4 Հոկտեմբեր 2024-ին, Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը իր շքախումբով Նիւ Եորքէն ժամանեց Ռոտ Այլընտ նահանգի Փրաւիտընս քաղաքը, ուր դիմաւորուեցաւ քահանայ հօր ու ազգային մարմիններու ներկայացուցիչներուն կողմէ: Նոյն օրը երեկոյեան, Նորին Սրբութիւնը ոստիկանական ջոկատներու առաջնորդութեամբ ուղղուեցաւ Սրբոց Վարդանանց եկեղեցի, ուր ծխայինները մեծ բազմութեամբ կը սպասէին իրենց հոգեւոր հօր այցը:

Հրաշափառի արարողութենէն ետք, Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արք. Դանիէլեան ողջունեց Վեհափառ Հայրապետին օրհնաբեր այցելութիւնը եւ ընդգծեց, որ վստահաբար հոգեւոր վերանորոգութեան նոր էջ մը պիտի բանայ Նորին Սրբութեան այցելութիւնը այս եկեղեցւոյ կեանքէն ներս:

Հայրապետը իր խօսքին սկիզբը բարձր գնահատեց առաջնորդ սրբազանին նուիրեալ ծառայութիւնը: Ան ողջունեց քահանայ հայրը, երեսփոխանական ժողովին, ազգային վարչութեան, եկեղեցւոյ յարակից մարմիններու, ինչպէս նաեւ քոյր եկեղեցիներու ներկայութիւնը: Ապա, Վեհափառ Հայրապետը յայտնեց, որ ներկայ հովուապետական այցելութեան հոգեւոր խորհրդածութեանց իբրեւ նիւթ ընտրած է «Հայր մեր»ի մեկնաբանութիւնը: Ան ըսաւ, որ իւրաքանչիւր ծուխ այցելութեան ընթացքին «Հայր մեր»ին առնչուած նիւթի մը մեկնաբանութիւնը պիտի կատարէ: Նկատի ունենալով, որ հովուապետական այցելութեան առաջին հանգրուանն է՝ Վեհափառ Հայրապետը խօսեցաւ աղօթքին իմաստին մասին, հայերէն ու անգլերէն լեզուներով:

Նորին Սրբութեան պատգամին յաջորդեց աջահամբոյր, որուն ընթացքին Հայրապետը առիթ ունեցաւ մօտէն ծանօթանալու եկեղեցւոյ անդամներուն:

Յառաջիկայ երկու օրերուն, Նորին Ս. Օծութիւնը հանդիպումներ պիտի ունենայ եկեղեցւոյ պատասխանատու մարմիններուն հետ:

https://www.facebook.com/CiliciaTv/posts/pfbid028toqPHu14w1wTgdFqoAYq6BALEYr25Zze3Pv5wTYS2JcoEaStXGmKqR41KMFEuyYl

Նախորդը

Ակնարկ. Ֆրանսական Եւ Իրանեան Ուղերձներ Լիբանանի Մէջ

Յաջորդը

Աղեղնաբառ Թիւ 174-ի Լուծում

RelatedPosts

Անուշաւան Արքեպիսկոպոսի Այցելութիւնը Լիբանանի նոր ընդհանուր հիւպատոսին
Գաղութէ Գաղութ

Անուշաւան Արքեպիսկոպոսի Այցելութիւնը Լիբանանի նոր ընդհանուր հիւպատոսին

October 16, 2026
Գաղութէ Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

October 15, 2026
Զարեհ Խրախունիի Հետքերով՝ Մխիթարեան Վարժարան
Գաղութէ Գաղութ

Զարեհ Խրախունիի Հետքերով՝ Մխիթարեան Վարժարան

October 13, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.