Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ. Անդրանիկ Գորիսի Մէջ Եւ Բանակցութիւններ Անգլիացիներուն Հետ` Ռազմական Գործողութիւններու Դադրեցման Համար

Հոկտեմբեր 9, 2024
| Պատմական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Անդրանիկ Գորիսի մէջ

Անդրանիկ Զանգեզուրէն ճամբայ ելած էր Շուշի մտնելու, Արցախի հայութիւնը թաթարներու սանձարձակութիւններէն պաշտպանելու եւ հայկական հինաւուրց երկրամասը Հայաստանի միացնելու առաջադրանքով:

Դէպի Շուշի յաղթական արշաւանքի ճամբուն վրայ Անդրանիկի մօտ ժամանած Պաքուի անգլիացի զինուորական կառավարիչ զօրավար Թոմսընի ուղարկած «հաշտարար» պատուիրակութիւնը հասած էր իր նպատակին: Հայկական զօրքը պիտի դադրեցնէր հրացանաձգութիւնը եւ պիտի վերադառնար Գորիս:

Անդրանիկ դաշնակիցներու հրամանատարութեան առաջարկեց զօրքը ձմրան ընթացքին տեղաւորելու համար իրեն թոյլ տրուի խաղաղ կերպով Շուշի կամ Նախիջեւան մտնելու, որովհետեւ Զաբուղի շրջանին եւ Գորիսի մէջ յարմար շէնքեր չկային: «Հաշտարար» պատուիրակները խոստացան այդ առաջարկը զօրավար Թոմսընին ներկայացնել եւ տասը օրուան ընթացքին հարցը լուծել:

Զօրավար Թոմսընի ներկայացուցիչները 3 դեկտեմբեր 1918-ին Շուշի մեկնեցան: Անդրանիկ անոնց տուաւ Ազգային պատուիրակութեան նախագահ Պօղոս Նուպար փաշային հասցէագրուած հեռագիրի մը բովանդակութիւնը եւ խնդրեց հաղորդել Փարիզ: Անդրանիկ Պօղոս Նուպար փաշայէն աջակցութիւն կ՛ակնկալէր ցեղասպանութենէն փրկուած գաղթականները սովէն փրկելու համար:

Սպաներուն հետ Շուշի մեկնեցան նաեւ Զանգեզուրի Ազգային խորհուրդի ներկայացուցիչներ Արշակ Շիրինեան եւ Նիկոլայ Յովսէփեան: Անոնք յետոյ Շուշիէն Պաքու պիտի մեկնէին` դաշնակիցներու հրամանատարութեան հետ պարզելու Զանգեզուրի հետ առնչուող շարք մը խնդիրներ:

Անդրանիկ դեկտեմբեր 4-ին զօրքը Զաբուղի ձորի դիրքերուն վրայ ձգելով վերադարձաւ Տեղ գիւղը եւ հոն գիշերեց:

Հագարի գետի երկայնքին մնացած էին միայն փոքրաթիւ ջոկատներ` հսկելու համար նոր սահմանը:

Գորիսի այս տան մէջ բնակած է զօրավար Անդրանիկ

Անդրանիկի զօրքը Գորիս մտաւ դեկտեմբեր 5-ին: Քաղաքին բնակիչները ցնծութեամբ դիմաւորեցին քաջարի հայորդիները: Յաջորդ օր Մանուչարեան փողոցին վրայ զօրքը տողանցեց: Պարոնեաններու տան պատշգամէն Անդրանիկ ստուգեց զօրքին մարտունակութիւնը:

Յաջորդող երկու-երեք օրերուն տեղացի զինուորները մեծ մասամբ ցրուեցան եւ մարդիկ վերադարձան իրենց աշխատանքին: Հարուածող զօրամասի ստորաբաժանումները Գորիսի եւ շրջակայ գիւղերուն մէջ տեղաբաշխուեցան:

Սպիտակաշէն

Առիթը օգտագործելով` թաթար հրոսակները փութով յարձակեցան Արցախի եւ Զանգեզուրի միջեւ գտնուող հայկական Հարար, Սպիտակաշէն եւ Պետրոսաշէն գիւղերուն վրայ եւ գրաւեցին զանոնք: Այսպիսով Արցախ աւելի մեկուսացաւ Զանգեզուրէն:

* * *

Անգլիացիներու Ազրպէյճան մուտքը խանդավառութեամբ ընդունուած էր հայերուն կողմէ: Կը կարծուէր, որ օսմանցիներուն դէմ դաշնակիցներուն տարած յաղթանակով կ՛ապահովուէր հայութեան գոյութիւնը կոտորածներու վտանգէն: Նաեւ` դրական հեռանկարներ կը բացուէին հայկական հարցի լուծման համար:

Արցախի հայութեան կողմէ նոյնպէս անգլիացիներու մուտքը Պաքու խոր բաւականութեամբ ընդունուեցաւ: Յոյսեր կային, որ անգլիացիներուն գալով կը չէզոքանայ թրքական վտանգը, Արցախ կը փրկուի մեկուսացումէ, կը բացուին եւ անվտանգ կը դառնան ճանապարհները, բարի դրացիական յարաբերութիւնները կը վերականգնին դրացի թաթարներուն հետ, երկրին մէջ կայուն խաղաղութիւն կը հաստատուի, ժողովուրդին պարէնային ծանր վիճակը կը թեթեւնայ եւ, վերջապէս, Արցախի Հայաստանի վերամիաւորուելու հարցը դրականօրէն կը լուծուի:

Սակայն քիչեր կային, որոնք տակաւին չէին մոռցած պատմութեան եւ մօտիկ անցեալի դասերը եւ քաղաքական իրադարձութիւններուն մէջ տեղի ունեցած առերեւոյթ նպաստաւոր փոփոխութիւնը աւելի զգաստ կը գնահատէին:

Անգլիացիներն էին, որոնք անցեալին պաշտպան կանգնած էին Օսմանեան կայսրութեան ամբողջականութեան եւ թրքական լուծի տակ հեծող փոքր ժողովուրդներու ազգային ազատագրական պայքարին թշնամի էին: Անգլիացիներն էին, որոնք տակաւին քանի մը ամիս առաջ դաւով ու խաբէութեամբ տապալած էին Ստեփան Շահումեանի կառավարութիւնը եւ այդպիսով նպաստած Պաքուի անկման ու քաղաքի հայերու կոտորածին: Իսկ Անդրանիկի դէպի Շուշի արշաւը կասեցնելու համար Պաքուի անգլիական հրամանատարութեան հեռագիր չէ՞ր ապացուցեր արդեօք, որ անգլիացիք Պաքու մուտք գործելու առաջին իսկ օրէն ստանձնած են Ազրպէյճանի կառավարութեան նուաճողական յաւակնութիւններու հովանաւորութիւնը ընդդէմ Արցախի բազմատանջ հայութեան, այդպիսով դառնալով օսմանցիներու քաղաքականութեան շարունակողները Ազրպէյճանի մէջ:

Արցախի գործիչներէն աւելի զգօն տարրերը, գիտակցելով այս բոլորէն, չէին կրնար լաւ բան սպասել անգլիացիներու մուտքէն: Անոնք Արցախի ժողովրդական կառավարութեան նախագահ Եղիշէ Իշխանեանի առաջարկեցին անյապաղ հանդէս գալ ժողովուրդին ուղղուած հաղորդագրութեամբ մը, թէ` Արցախի կառավարութիւնը վերստին կ՛անցնի իշխանութեան գլուխ եւ կը վերսկսի իր ժամանակաւորապէս ընդհատուած աշխատանքը, թէ` ձեռնարկուած է փութով հրաւիրելու ժողովրդական համագումար նոր կառավարութիւն կազմելու համար:

Ժողովրդական կառավարութեան անմիջապէս իշխանութեան գլուխ անցնելու կենսական անհրաժեշտութիւնը հանգամանօրէն քննարկուեցաւ եւ հիմնաւորուեցաւ Շուշիի «Ապառաժ» թերթի 1918 դեկտեմբերի շարք մը համարներու մէջ:

Առաջին գործնական քայլը, կրկին իշխանութեան գլուխ անցած Արցախի կառավարութեան, այն պիտի ըլլար, որ արագ միջոցներ ձեռք առնէր զինուած ուժերով բռնելու Ասկերանը` արգիլելու համար ազրպէյճանական եւ թշնամի այլ ուժերու մուտքը Արցախ:

* * *

Քանի մը օր ետք կրկին Անդրանիկի մօտ եկան Թոմսընի ուղարկած պատուիրակները:

Այս անգամ Թոմսըն Անդրանիկէն կը պահանջէր յորդորել Ղարաբաղի հայերը «դադրեցնելու ռազմական գործողութիւնները իսլամներու դէմ», թէեւ այդպիսի գործողութիւններ առհասարակ տեղի չէին ունենար հայերու կողմէ, մանաւանդ օսմանցիներու քաշուելէն ետք:

Պարզ էր, որ Ազրպէյճանի ղեկավարները ստայօդ լուրեր կը տարածէին հայերու մասին, թէ` Ղարաբաղի մէջ անիշխանութիւն է եւ հայերը իբրեւ թէ բուռն կռիւներ կը մղեն ազրպէյճանցիներու դէմ: Իսկ Թոմսըն չէր բարեհաճած նախապէս ստուգելու իրողութիւնը եւ հաւատք ընծայած էր ազրպէյճանցիներու սուտ հաւաստիացումներուն:

Ազրպէյճանցիներու դաւերը հայերուն դէմ կը կատարուէին մէկ նպատակով` հետագային արդարացնելու համար արդէն նախապատրաստուող յարձակումները հայկական բնակավայրերուն վրայ:

* * *

Անդրանիկ Գորիսէն հրաման յղեց «Վարանդայի, Դիզակի, Խաչենի եւ Ջիվանշիրի ռազմական գլխաւոր հրամանատարներուն, բոլոր կոմիսարներուն եւ հայ բնակչութեան», ուր կ՛ըսուէր.

«Այս հրամանը ստանալուն պէս անյապաղ դադրեցնել ռազմական բոլոր գործողութիւնները թաթարներու եւ տաճիկներու դէմ: Դաշնակիցները մեզմէ կը պահանջեն անյապաղ դադրեցնել ռազմական բոլոր գործողութիւնները: Ինծի ներկայացած են անգլիացի եւ ֆրանսացի գնդապետներ եւ յայտարարած, որ արդէն որոշուած է Կովկասի մէջ թոյլ չտալ պատերազմ: Տաճկական զօրքերը պէտք է հեռանան: Պաքուն եւ Պաթումը անգլիացիներու ձեռքը կը գտնուին, եւ անոնք կը շարժին դէպի Թիֆլիս: Բոլոր հարցերը պէտք է վճռուին խաղաղութեան քոնկրէսին մէջ: Դաշնակիցներու ներկայացուցիչներու միջոցով ինծի յանձնուած նամակին մէջ անգլիական գլխաւոր հրամանատար Թոմսըն կը զգուշացնէ, որ այսուհետեւ թշնամական ամէն գործողութիւն կրնայ բացասաբար անդրադառնալ հայկական հարցի լուծման վրայ»:

Հրամանը տալէն ետք Անդրանիկ դիմեց «Զանգեզուրի գաւառի հայ եւ իսլամ բնակչութեան»: Ան դրացի երկու ժողովուրդներուն կոչ կ՛ուղղէր անառարկելիօրէն կատարել դաշնակիցներու հրամանատարութեան հրամանը եւ անյապաղ դադրեցնել ընդհարումները:

Անդրանիկ միաժամանակ ընդհարումները դադրեցնելու մասին նամակներով հրահանգներ ուղարկեց Ղափանի Ազգային խորհուրդին եւ Սիսիանի շրջանային կոմիսար Զաքար Տէր Ղազարեանին:

Ղափանի Ազգային խորհուրդին յղած նամակին մէջ Անդրանիկ կ՛անդրադառնար դէպի Արցախ իր յառաջխաղացքին եւ Թոմսընի նամակին: Անդրանիկ կը նշէր.

«Այդ նամակով զօրավարը կ՛ընէր նոյն այն հրահանգը, որ ըրած էր հեռագրով: Նոյն այդ նամակով զօրավարը կ՛աւելցնէր, որ եթէ երբեք շարունակուին ընդհարումները, ապագայ արիւնահեղութեանց համար ես անձամբ պատասխանատու պիտի նկատուիմ:

Գորիս

Այդ հիման վրայ ես դադրեցուցի որեւէ ռազմական գործողութիւն եւ խոստացայ ապագային եւս չընել: Ես վերադարձայ Գորիս, սպասելով զօրավարի նոր կարգադրութեան` իմ ընելիքի մասին:

Դրութիւնն այսպէս է ուրեմն. խոստացած ենք այլեւս ոչ մէկ ռազմական գործողութիւն չկատարել:

Հետեւաբար կը հրամայեմ իսկոյն եւ եթ դադրեցնել բոլոր թշնամական գործողութիւնները թուրքերու դէմ, որ հակառակ իմ նախազգացումին, եթէ երբեւէ շարունակուի թշնամական գործողութիւնը, ես իմ վրայէն կը վերցնեմ որեւէ պատասխանատուութիւն»:

* * *

Գորիսի մէջ, 22 դեկտեմբեր 1918-ին անգլիացի զօրավար Կիպըն, գնդապետ Սիրայթ, Ազրպէյճանի կառավարութեան պատուիրակ Ապտուլֆաթհ բէկ Հասանբէկով եւ Պաքուի հայոց Ազգային խորհուրդին կողմէ Գուրգէն Չիլինգարեան պաշտօնական տեսակցութիւն ունեցան Անդրանիկի հետ:

Կիպըն ներկայացուց առաքելութեան հիմնական երկու նպատակները: Առաջին` բանալ Շուշի-Գորիս-Ղափան եւ առհասարակ բոլոր ճանապարհները, ապահովել ճամբորդութեան եւ փոխադրութեան ազատութիւնը, երկրորդ` գտնել եւ գծել ազդեցութեան շրջանակ Անդրանիկի եւ Ազրպէյճանի միջեւ, որպէսզի իւրաքանչիւր շրջանի մէջ կատարուած անկարգութեան համար պատասխանատու ըլլայ համապատասխան տիրապետողը:

Իբրեւ գործնական եզրակացութիւն որոշուեցաւ, որ Հագարի-Զաբուղ գիծէն այս կողմ` Զանգեզուրի շրջանին համար պատասխանատու պիտի ըլլայ Անդրանիկը: Գլխաւոր դժուարութիւնը Հագարիէն այն կողմ պատահելիք դէպքերու պատասխանատուութիւնն էր: Անդրանիկ համաձայն չէր, որ Արցախի 300 հազար հայերը Ազրպէյճանի ենթարկուին: Անդրանիկ անդրդուելի մնաց, եւ Արցախի հարցը մնաց առկախ:

 

 

Նախորդը

Ակնարկ. 1701-ը` Շարքին 8-րդը

Յաջորդը

Հայրենի Կեանք

RelatedPosts

Հայկական Բանակին Յարձակողականը Եւ Նահանջը Կարմիր Բանակին Կորուստները Խոտանանի Մէջ.   Արցախի Հարցով Զեկուցում Հայաստանի Խորհրդարանին Մէջ
Պատմական

Հայկական Բանակին Յարձակողականը Եւ Նահանջը Կարմիր Բանակին Կորուստները Խոտանանի Մէջ. Արցախի Հարցով Զեկուցում Հայաստանի Խորհրդարանին Մէջ

Յունիս 25, 2025
Արցախի Մէջ Պայքարը Վերսկսելու Առաջադրանք Հայաստանի Կառավարութեան Կոչը Համայն Մարդկութեան  Լեգրանի Վերջնագիրը Եւ Հայոց Դիմադրութիւնը Ճնշելու Մարտական Հրաման
Պատմական

Արցախի Մէջ Պայքարը Վերսկսելու Առաջադրանք Հայաստանի Կառավարութեան Կոչը Համայն Մարդկութեան Լեգրանի Վերջնագիրը Եւ Հայոց Դիմադրութիւնը Ճնշելու Մարտական Հրաման

Յունիս 18, 2025
Կարմիր Բանակին Յարձակումները Սիւնիքի Վրայ.  Կապանի Ազատագրումը Եւ Արցախը Զանգեզուրին Միացնելու Աշխատանքներ
Պատմական

Կարմիր Բանակին Յարձակումները Սիւնիքի Վրայ. Կապանի Ազատագրումը Եւ Արցախը Զանգեզուրին Միացնելու Աշխատանքներ

Մայիս 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?