Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Միջին Արեւելքի Մէջ Աշխարհաքաղաքական Մարտահրաւէրներ Եւ Ապագայի Նախատեսութիւններ

April 8, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎԵՐԱ ԵԱԳՈՒՊԵԱՆ

Միջին Արեւելքը մուտք կը գործէ աշխարհաքաղաքական մեծ փոփոխութիւններու ժամանակաշրջան մը, որ պայմանաւորուած է` համաշխարհային շարժումներով, շրջանային փոփոխութիւններով եւ ընկերային-քաղաքական մարտահրաւէրներով, որոնք կրնան ազդեցութիւն ունենալ անոր ապագային վրայ:

Շրջանային Դաշինքներու վերադասաւորում

Այս փոփոխութիւններուն կեդրոնին կը գտնուին շրջանային դաշինքներու վերակազմաւորումները: Երկիրները սկսած են վերագնահատել իրենց յարաբերութիւնները թէ՛ դրացի երկիրներու, եւ թէ՛ համաշխարհային ուժերու հետ: Օրինակ, Աբրահամեան համաձայնագիրները համագործակցութեան նոր ուղիներ բացած են Իսրայէլի եւ արաբական որոշ պետութիւններու միջեւ` յառաջացնելով տնտեսական հնարաւորութիւններ եւ զսպելով աւանդական թշնամութիւնները: Բայց եւ այնպէս, այս կարգաւորումները նոր լարուածութիւն կը յառաջացնեն Իրանի հետ, մինչեւ իսկ կը բարդացնեն գոյութիւն ունեցող յարաբերութիւնները, յատկապէս` իսրայէլեան-պաղեստինեան հակամարտութեան մասով:

Նմանապէս, վերջերս նկատուած դիւանագիտական ջանքերը` Սէուտական Արաբիոյ եւ Իրանի միջեւ, որոնք միջնորդուած էին Չինաստանի կողմէ, կը վկայեն հնարաւոր լարուածութեան մեղմացում: Սակայն այս յարաբերութիւններու յառաջընթացը բախում կ՛ունենայ Սուրիոյ, Եմէնի եւ Լիբանանի մէջ խորացած հակամարտութիւններուն հետ, որոնք տակաւին լուրջ սպառնալիք կը ներկայացնեն շրջանային կայունութեան:

Արտաքին ուժերու ազդեցութիւնը եւ մեծ պետութիւններու մրցակցութիւնը

Համաշխարհային ուժերու ազդեցութիւնը մեծ է Միջին Արեւելքի ապագայի կառոյցի ձեւաւորման մէջ: Միացեալ Նահանգները, որ պատմականօրէն գերիշխող դերակատար մը եղած է, ներկայիս կը վերագծէ իր դերակատարութիւնը: Կեդրոնանալով աւելի քիչ ուղիղ ռազմական միջամտութիւններու վրայ` ան կը փորձէ զսպել Իրանի կորիզային ձգտումները եւ աջակցիլ տնտեսական նախաձեռնութիւններուն:

Միւս կողմէ` Չինաստանի աճող ազդեցութիւնը տարածաշրջանին մէջ, յատկապէս` իր «Մէկ գօտի, մէկ ճամբայ» (Belt and Road Initiative) նախաձեռնութեան միջոցով, դարձուցած է զայն գլխաւոր գործընկեր` մարտահրաւէր նետելով արեւմտեան գերիշխանութեան: Նոյն ժամանակ Ռուսիա կը պահէ իր ռազմավարական ներկայութիւնը յատկապէս Սուրիոյ մէջ` օգտագործելով զինուորական եւ տնտեսական կապերը` իր դիրքը ամրապնդելու համար:

Տնտեսական մարտահրաւէրներ

Տնտեսական մարտահրաւէրները առաւել կը ծանրացնեն Միջին Արեւելքի ապագայի անորոշութիւնը: Համաշխարհային անցումը դէպի վերականգնուող ուժ` լուրջ վտանգներ կը յառաջացնէ քարիւղի վրայ հիմնուած տնտեսութիւններուն, ինչպէս` Սէուտական Արաբիան կամ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները: Այս երկիրները  յանձնառու պիտի ըլլան բազմազան միջոցներու, ինչպէս, օրինակ, զբօսաշրջութեան,  արհեստագիտութիւններու եւ կայուն ուժային հնարաւորութիւններու վրայ հիմնելու իրենց տնտեսութիւնը: Սակայն այս անցումը բարդ եւ բազմաճիւղ աշխատանքի կը կարօտի: Կլիմայական փոփոխութիւններուն զուգահեռ, ջուրի սակաւութիւնը եւս կը սրէ ներքին ու արտաքին սադրանքները` միաժամանակ հարուածելով նման երկիրներու տնտեսական ապագան:

Այս մարտահրաւէրները ընկերային եւ քաղաքական նոր ճնշումներու առիթ կը բանան, որոնք շրջանային երիտասարդութեան կողմէ կ՛ուղղորդուին: Լայնատարած երիտասարդական շարժումները, որոնք կը ձգտին ժողովրդավարութեան, ընկերային արդարութեան եւ տնտեսական բարելաւման, խառնաշփոթ կը յառաջացնեն պատմականօրէն արմատացած կառավարութիւններու դէմ: Սակայն, համայնքային քաղաքականութիւնը, օրինակ` Լիբանանի եւ Իրաքի մէջ, տակաւին խորապէս կառչած կը մնայ իր տեղական համակարգերուն` թոյլ չտալով խորքային բարեփոխումներու տարածման:

Անվտանգութեան խնդիրներ

Միեւնոյն ժամանակ տարածաշրջանային անվտանգութեան խնդիրը կը մնայ գլխաւոր մտահոգութիւն: Պաղեստինեան հարցը տակաւին լարուածութեան աղբիւր է, որուն լուծումը շարունակաբար կը յետաձգուի: Իրանի եւ Սէուտական Արաբիոյ միջեւ գոյութիւն ունեցող երկպառակութիւնը եւ միջնորդային պատերազմի (proxy wars) երկարաձգումը նոր հորիզոններու փոխարէն` թշնամանքի դաշտ կը բանայ Եմէնի, Սուրիոյ եւ Լիբանանի վրայ:

Միջին Արեւելքի ապագան կախեալ է այն քայլերէն, որոնք տարածաշրջանի գլխաւոր դերակատարները եւ արտաքին ուժերը պիտի դնեն այս անորոշ ժամանակներու դէմ յանդիման: Աշխարհաքաղաքական հաւասարակշռութեան փոփոխութիւնները, տնտեսութեան  եւ քաղաքական բարեփոխումները անհրաժեշտ են խաղաղութիւն եւ յառաջդիմութիւն ապահովելու համար: Իսկ եթէ այս մարտահրաւէրները անտեսուին կամ ճիշդ ձեւով չլուծուին, տարածաշրջանը աւելի ծանր եւ աննախատեսելի ճգնաժամերու եւ անկայունութեան առջեւ պիտի կանգնի:

 

 

 

Նախորդը

«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող. Միաւորուել Ընդհանուր Նպատակի Շուրջ

Յաջորդը

Լիբանանի Պատերազմի 50-Ամեակ. Յուշերու Կապոց Պատերազմ Ապրած, Բայց Խաղաղութիւն Չտեսած Սերունդի Մը Մասին Ա.

RelatedPosts

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի.  Կրինլանտ` Անտերսընեան Հեքիա՞թ, Թէ՞ Ողբերգութիւն
Անդրադարձ

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Կրինլանտ` Անտերսընեան Հեքիա՞թ, Թէ՞ Ողբերգութիւն

January 31, 2026
Տօն Սուրբ Սարգիս Զօրավարի
Անդրադարձ

Տօն Սուրբ Սարգիս Զօրավարի

January 31, 2026
1920 Թուականի Գաղտնի Փաստաթուղթը Կը Բացայայտէ Թուրքիոյ Ծրագիրները, Ինչպէս Այսօր, Այնպէս Ալ Այն Ժամանակ` Վերացնել Հայաստանը
Անդրադարձ

1920 Թուականի Գաղտնի Փաստաթուղթը Կը Բացայայտէ Թուրքիոյ Ծրագիրները, Ինչպէս Այսօր, Այնպէս Ալ Այն Ժամանակ` Վերացնել Հայաստանը

January 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.