Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լոյս Տեսաւ ՀՅԴ-ի Պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի 2025-ի Երրորդ Թիւը

April 8, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հրապարակուած է ՀՅԴ պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի այս տարուան երրորդ թիւը, որուն մէջ գերիշխող թեման Հայաստանի քաղաքական-հասարակական մթնոլորտն է` հայութեան բոլոր շերտերը յուզող առաջնային հիմնահարցերը: Այս շունչը կը կրէ թիւի առաջնորդող յօդուածը, որ անդրադարձ է Հայաստանի իշխանութեան արտաքին ու ներքին ձախողութիւններուն, որոնք այսօր ոչ միայն երկիրը կանգնեցուցած են փակուղիին դիմաց, այլ նաեւ ինքնին այդ փակուղիի ճարտարապետներ են: Ակնյայտ է, որ այս կացութեան խորացումը ճակատագրական կորուստներու կ՛առաջնորդէ երկիրը եւ, ըստ ներկայացուող եզրակացութեան, հրամայական պահանջ է երկրին մէջ ազգային համախմբուածութեան կայացումն ու միասնական պայքարը պետութեան կործանարար գահավիժումը կասեցնելու համար:

Հրապարակագիր Մանուէլ Մկրտչեան կը փորձէ գտնել այն դրդապատճառները, որոնք թոյլ չեն տար ժողովուրդի կեդրոնացումը եւ հաւաքական պայքարը իր իրաւունքներու ու արժանապատուութեան վերականգնման համար:

Պատմաբան Անի Մելքոնեան` յիշելով մարտ ամսուան հետ շաղկապուող հայ ժողովուրդի պատմական ողբերգութեան մասին, կը փորձէ զուգահեռներ գծել տխրահռչակ հայ Յեղկոմի կառավարման շրջանին խորհրդաթրքական հակահայ գործարքի եւ այսօրուայ ՔՊ-ական իշխանութեան անընդունելի զիջումներուն միջեւ` թուրք-ազրպէյճանական դաշինքին:

«Դրօշակ»-ը հրապարակած է մոսկուաբնակ վերլուծաբան Սարգիս Սարգսեանի «44-օրեայ պատերազմի արիւնոտ դասերը» ուշագրաւ յօդուածաշարի 4-րդ մասը, որուն մէջ ռուս քաղաքականագէտներն ու վերլուծաբաններ կը ներկայացնեն իրենց եզրակացութիւնները 44-օրեայ պատերազմին եւ անոր հետեւանքներուն վերաբերեալ: Մասնաւորապէս հետաքրքրական են անոնց անաչառ գնահատականները տուեալ իրադարձութիւններուն մէջ պաշտօնական Ռուսիոյ որդեգրած դիրքորոշումներուն վերաբերեալ: Այս մեկնաբանութիւնները կրնար օգտակար ըլլալ` աւելի լաւ հասկնալու հայ հանրութեան կողմէ տարբեր գնահատականներու արժանացած այդ քաղաքականութիւնը, ինչպէս նաեւ` Ռուսիոյ որդեգրած դիրքորոշումներուն դրդապատճառները:

Ուշագրաւ է նաեւ ծանօթանալ անցեալ դարու 18-20 ականներուն Ազրպէյճանի, Թուրքիոյ եւ Վրաստանի միջեւ տեղի ունեցած ռազմաքաղաքական գործակցութեան եւ երեքի այս գործակցութեան անդրադարձին` ընդդէմ Հայաստանի հետ յարաբերութիւններուն: Մեր օրերուն համար ուսանելի դասեր պարունակող այս մանրամասն լուսաբանութիւնը «Դրօշակ»-ի ընթերցողին ներկայացուցած է պատմաբան Վանիկ Վիրաբեանը:

Վերջին տարիներուն խօսակցութիւններ շրջան կ՛ընեն Հայաստանի հիւլէական ելեկտրոկայանի փակման եւ զայն ամերկեան մոտիւլային փոքր հիւլէական շարժիչով փոխարինելու մասին: Ի՞նչ կը ներկայացնեն այս շարժիչներով եւ իրենց բնութագրիչներով ինչպէ՞ս են անոնք մեզի ծանօթ հիւլական կայաններու համեմատութեամբ: Այս մասին իր հետաքրքրական ուսումնասիրութիւնը «Դրօշակ»-ին տրամադրած է Ամերկեան ուսումնասիրութիւններու հայկական կեդրոնը:

«Դրօշակ»-ի մարտի թիւը կարելի է կարդալ` այցելելով https://www.arfd.am/wp-content/uploads/2025/03/%D4%B4%D6%80%D6%85%D5%B7%D5%A1%D5%AF-%D5%A9%D5%AB%D5%BE-3-2025-%D5%A9.pdf

Նախորդը

Մեր Առաջնահերթութիւնները. Անվտանգութեան Ամրապնդումը Գոյութենական Գերխնդիր Է

Յաջորդը

«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող. Միաւորուել Ընդհանուր Նպատակի Շուրջ

RelatedPosts

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը
Անդրադարձ

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը

October 26, 2026
Ուրուագիծ Դիմանկարի Համար Պարոյր Աղպաշեան /Պէյրութ, 1945/ Ծննդեան 80-Ամեակի Առթիւ
Անդրադարձ

Դէպի Ո՞ւր Ընթանալու Ճամբուն Վրայ. Լիբանանը` Իր Արտաքին Թէ Ներքին Օրինակարգերով

October 24, 2026
Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն
Անդրադարձ

Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն

October 23, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.