Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գրասենեակի Մը Պատմութիւնը

April 5, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱԿՈԲ ԼԱՏՈՅԵԱՆ  

Չեմ գիտեր` ինչո՞ւ, բայց գիտեմ, որ յանկարծ երաժշտութիւն մը, առարկայ մը, անկիւն մը  եւ տեղ մը քեզ կը տանին հեռուները, եւ յիշատակներու դարակդ կը բացուի, եւ բնականաբար կը սկսիս վերյիշել բոլորը:

Այդպէս պատահեցաւ նախորդ կիրակի, երբ բարեկամիս հօր քառասունքին առիթով կը գտնուէի Ս. Աստուածածին եկեղեցի: Նախկին Ազգային Աբգարեան վարժարանի կառոյցը կը գտնուէր եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ: Հոգեհանգիստէն ետք թաղականութիւնը հրաւիրեց սուրճի, եւ ուղղուեցանք գրասենեակ մը:

Հազիւ ներս մտած` ամբողջ էութիւնս տակնուվրայ եղաւ, որովհետեւ թաղականութեան գրասենեակը նախկին Ազգային Աբգարեան վարժարանի տնօրէնին գրասենեակն էր:

Լուսանկարը բաւական խօսուն եւ բարացուցական է, իսկ անկարելի է, որ  տարիներով այս գրասենեակը մտած անձ մը չվերյիշէ այս բոլորը:

Գրադարանը, գիրքերը, աթոռները, սեղանը, մրցանակները, նկարները…

Երկու պատկերներ ուրուագծուեցան աչքիս դիմաց…

Առաջինը 1980-ական թուականներուն` իբրեւ Համազգայինի Հայագիտականի ուսանող, Երուանդ Փամպուքեանէն եւ Մանուշակ Պոյաճեանէն յանձնարարագիր նամակով մը գացի Ազգային Աբգարեան վարժարան: Քարտուղարուհին ըսաւ, որ պրն. Գրիգոր Նգրուրեանը ժողովի մէջ էր, պէտք էր սպասէի: Գրեթէ մէկ ժամ սպասելէ ետք, երբ կրկնեցի, որ հանդիպումի համար հոն եմ եւ ըսի, թէ Ե. Փամպուքեանին կողմէ եկած եմ, Գրիգոր Նգրուրեանը դուռը բացաւ` ձեռքը ծխախոտ, մտայ ներս, ուր ծուխն ու մուխը տիրական էին, եւ ուր նստած էին Երուանդ Տեմիրճեանը, Յովհաննէս Քէլէշեանը, Անդրանիկ Ուրֆալեանը եւ Գէորգ Գանտահարեանը:

Կիրակի օր այդ պատկերը աչքիս առջեւ եկաւ, եւ այսօր այս գրասենեակը պատերը վկան են անոնց տագնապներուն, վէճերուն, հարցերու մօտեցման եղանակին:

Անցանք եւ հասանք 2003 թուական, երբ Ուսումնական խորհուրդի ատենապետի պաշտօնին դիւանին հետ ներկայ գտնուեցայ տնօրէններու ժողովին` Գեղանի Էթիէմէզեանի տնօրէնութեան օրերուն: Ամբողջ օրակարգը ուսուցիչներու յետնեալ ամսականները ապահովելու մտահոգութիւնն էր: Բոլոր տնօրէններն ալ մտահոգ էին դպրոցներու նիւթական դժուար կացութեամբ, սակայն, ի պատիւ իրենց եւ ուսուցչական կազմին, այդ դժուարութիւնն ալ օրին կրցանք յաղթահարել:

Սակայն  Գեղանի Էթիէմէզեանի նոթագրութիւնները, հարցերուն իր տագնապով մօտեցումը, ամէն բան նուրբ ձեւով ներկայացնելու ոճը դարձեալ իմ յիշատակներուս ալիքը բարձրացուցին: Յիշատակը անթառամ մնայ միշտ` Ազգային Աբգարեան վարժարանի պատերէն ներս եւ անոնցմէ անդին:

Այսպէս յուզումնախառն պահեր ապրեցայ, սակայն միեւնոյն ժամանակ գօտեպնդուած զգացի, որ այդ սերունդներուն շունչով եւ օրինակով տակաւին կը տոկանք մինչեւ օրս: Ամէն մէկը իր լուման ներդրեց, եւ բոլորը միասին նոյն նպատակին ծառայեցին` անանձնական եւ մեծ զոհողութեամբ:

Բոլորին վարձքը կատա՛ր:

 

 

Նախորդը

Հայ Դպրոցը` Հայակերտումի Եւ Մարդակերտումի Հիմք

Յաջորդը

Հրանդ Պետրոսեան. Խոնարհ Ու Հաւատաւոր ՀՄԸՄ-ականը (Մահուան Քառասունքին Առիթով)

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Եկեղեցական Շինծու Ճգնաժամը

October 2, 2026
Ինչո՞վ Է Ազգային Պետականութեան Գաղափարը Խանգարում ՀՀ Իշխանութեանը
Անդրադարձ

Ինչո՞վ Է Ազգային Պետականութեան Գաղափարը Խանգարում ՀՀ Իշխանութեանը

October 2, 2026
Պատերազմէն Ետք Անտարբերութիւնն Ու Սուգը` Կողք Կողքի
Անդրադարձ

Տեսակէտ. Անկեղծութեան Ժամը Ջրբաժանի Առաջ Սփիւռքեան Ձայնը

October 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.