Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայ Ժողովրդական-Աշուղական Երգերու Բարձրորակ Համերգ` Կատարողութեամբ Վարդան Բադալեանի, Արփիի Եւ Ալիա Սեդրաքեանի

April 5, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԿԱՐՕ ԱՂԱԶԱՐԵԱՆ 

«Ամէն մարդ չի՛ կանայ խըմի` իմ ջուրը ուրիշ ջըրէն է,
Ամէն մարդ չի՛ կանայ կարդայ` իմ գիրը ուրիշ գըրէն է.
Բունիաթս աւազ չիմանաս` քարափ է, քարուկըրէն է,
Սելաւի պէս` առանց ցամքիլ, դուն շուտով խարաբ մի՛ անի»

ՍԱՅԱԹ ՆՈՎԱ

Հայ երաժշտութեան գանձարանը պակասաւոր պիտի ըլլար առանց աշուղական երգերու ու Սայաթ Նովային: Մարդկային ապրումներու, յուզումներու, ուրախութեան, սիրոյ, տենչանքի իսկական դրսեւորող ու հանճարեղ երգիչ Սայաթ Նովան առանցքային դեր ունի այս առումով: 18-րդ դարուն ապրած ու ստեղծագործած այս եզակի գուսանին երգերը թէ՛ իր կենդանութեան եւ թէ՛ իր մահէն ետք կը հնչեն նոյն թարմութեամբ հայ ածուին վաստակաւոր արուեստագէտներու շրթներէն` ունկնդիրները իրազեկ դարձնելով հայ երաժշտութեան գոհարներուն եւ վերակենդանացնելով մեր մէջ համազգային արժէքները:

Հետաքրքրական է երբեմն շատերու հարցադրումը, թէ ուրկէ՞ այսքան սէր ունիմ աշուղական-ժողովրդական երգերու հանդէպ: Իմ մէջս այս ժանրին հանդէպ սէրս արթնցուցին` մշակութասէր հայրս ու մայրս, վաստակաշատ դպրապետս` աշուղական երգերու մեկնաբան Գէորգ սրկ. Պէպէճեանը, հայոց լեզուի ուսուցիչներս եւ շրջապատս առհասարակ: Յարգանքի արժանի են այս բոլոր անձերը, որոնք իմ մէջս վառ պահեցին աշուղական երգեր ունկնդրելու մարմաջն ու սէրը: Ասիկա մէկ բաժինն է հայ երգի հանդէպ սիրոյ արտայայտութեան, ասոր երկրորդ բաժինը արուեստագէտներն են, որոնց մասնագիտական եւ բարձրորակ կատարումները կը յագեցնեն ծարաւը այս երգով հմայուած հոգիներուն:

Հոգեկան բերկրանքի եւ անսահման ուրախութեան պահեր ապրեցաւ լիբանանահայ արուեստասէր հասարակութիւնը` ի տես եզակի այն ելոյթին, զոր կազմակերպած էր Սեն Ժոզեֆ համալսարանի Հայկական ակումբը: Բարեսիրական համերգ մըն էր` ի նպաստ Նաթալի Պետիքեանի քաղցկեղի դէմ պայքարին, որ տեղի ունեցաւ կիրակի, 30 մարտ 2025-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ: Հայրենի վաստակաւոր արուեստագէտներ Վարդան Բադալեան, Արփի եւ Ալիա Սեդրաքեան ոչ միայն բարձրարուեստ կատարում ունեցան, այլ նաեւ վերապրեցուցին հայ աշուղական-ժողովրդական երգերը:

Յաւուր պատշաճի բացման խօսքէն եւ կարճ բացատրութենէ ետք` բարեսիրական համերգի նպատակին մասին, ընթացք առաւ ելոյթը: Հայրենի տաղանդաւոր եւ սիրուած երգչուհի Արփիին կատարողութեամբ հնչեցին` «Մախմուր աղջիկ», «Զեփիւռի նման», «Ջէյրանի պէս», «Սարի սիրուն եար»,  «Նորից գարուն եկաւ», «Ղափամա» երգերը, որոնք այնքա՛ն հմայիչ կերպով մատուցեց հանդիսատես-ունկնդիրին` պահ մը գերելով եւ զանոնք փոխադրելով հայ երգի զուլալ եւ կազդուրիչ աշխարհը: Այստեղ նշենք, թէ հակառակ անոր որ ասիկա Արփիին առաջին շփումն էր լիբանանահայ հանդիսատեսին հետ, այսուհանդերձ, շատ հարազատ էր եւ յոյժ գնահատելի:

Վարդան Բադալեանի արուեստին եւ արժէքին  լիբանանահայ երաժշտասէր հասարակութիւնը արդէն ծանօթ էր, անոր ձայնային կարողութեան եւ բարձր արուեստին` յատկապէս: «Բարի արագիլ», «Ղարաբաղ իմ», «Դու իմ մուսան ես», «Մարտիկի երգը», «Երազ իմ երկիր» երգերը այնքան հոգեհարազատ էին, որ մերթ ընդ մերթ սրահէն կը լսուէր ներկաներուն մրմնջացող ձայները:

Ալիա Սեդրաքեանը նոր յայտնաբերում էր լիբանանահայութեան: «Երեւան մայրաքաղաք», «Սիրոյ հասակ» եւ եւրոպական երգերը նորարար ոճով ներկայացումը գնահատելի ներկայութիւն էր բեմին վրայ:

Այս համերգին մասնաւորաբար պէտք է առանձնացնել Ռոպերթ Ամիրխանեանի «Կարմիր ծաղիկ մը» զուգերգը, զոր գեղեցկօրէն, քնքշութեամբ կատարեցին Վարդան Բադալեանն ու Արփին եւ ներկաներուն կողմէ արժանացան բարձր գնահատանքի:

Հուսկ, եզակի այս համերգը փակուեցաւ «Երեւան դարձած իմ Էրեբունի» երգով` Վարդան Բադալեանի, Արփիի եւ Ալիա Սեդրաքեանի կատարողութեամբ եւ ներկաներուն որոտընդոստ ծափահարութեամբ:

Այս համերգը յիշեցուց լիբանանահայերուս մշակութային երբեմնի փառքի օրերը, որոնք ապրեցանք ասկէ ոչ շատ ժամանակներէ հեռու: Այս ելոյթին արձագանգները, հայրենի վաստակաւոր երգիչներու կատարումները երկար պիտի մնան արուեստասէրներու յիշողութեան մէջ: Վարձքը կատար կազմակերպողներուն եւ շուտափոյթ ապաքինում Նաթալի Պետիքեանին:

Նոր ու որակաւոր ելոյթներու քաղցր սպասումով`

ԿԱՐՕ ԱՂԱԶԱՐԵԱՆ

Նախորդը

Համացանցը Միշտ Իրականութիւնը Կ՛ըսէ՞

Յաջորդը

Հայ Դպրոցը` Հայակերտումի Եւ Մարդակերտումի Հիմք

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Եկեղեցական Շինծու Ճգնաժամը

October 2, 2026
Ինչո՞վ Է Ազգային Պետականութեան Գաղափարը Խանգարում ՀՀ Իշխանութեանը
Անդրադարձ

Ինչո՞վ Է Ազգային Պետականութեան Գաղափարը Խանգարում ՀՀ Իշխանութեանը

October 2, 2026
Պատերազմէն Ետք Անտարբերութիւնն Ու Սուգը` Կողք Կողքի
Անդրադարձ

Տեսակէտ. Անկեղծութեան Ժամը Ջրբաժանի Առաջ Սփիւռքեան Ձայնը

October 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.