Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արցախցիներուն Հետ. Պիտի Շարունակենք…

Ապրիլ 4, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

Շաբաթ, 29 մարտին արցախցիք Երեւանի սրտին վրայ բարձրաղաղակ յայտարարեցին. «Պիտի չդադրեցնենք հայրենատիրութեան մեր պայքարը: «Պիտի չհրաժարինք Արցախ ՏՈՒՆԸ վերադառնալու իրաւունքէն: Պիտի չհրաժարինք Ազրպէյճանի ոճիրները բարձրաձայնելէ, Պաքուի մէջ ստապատիր մեղադրանքներով դատուող մեր եղբայրներուն ազատագրումէն: Պէտք չէ յետս կոչել Ազրպէյճանի դէմ միջազգային ատեաններուն ներկայացուած ամբաստանութիւններն ու մեղադրանքները, պիտի չհրաժարինք… պիտի չհրաժարինք… պիտի շարունակենք արդար պայքարը»:

Արցախցիներուն բողոքի ձայնը բարձրացաւ ճիշդ այն վայրէն, ուրկէ պայթած էր արցախեան շարժումը աւելի քան 37 տարի առաջ եւ ներգրաւած էր ողջ հայութիւնը` Հայաստանէն մինչեւ սփիւռքեան ափեր: Այդ օրերուն բարձր հնչող պահանջներէն մէկն ալ «ՄԻԱՑՈ՛ՒՄ» էր, այսինքն` լիարժէքօրէն միացում մայր հայրենիքին` Հայաստանի հետ: Հոն կար ուղիղ արձագանգ մը` 60-ականներու կէսերուն բարձրացած պահանջատիրութեան մը` «ՄԵՐ ՀՈՂԵ՛ՐԸ, ՄԵՐ ՀՈՂԵ՛ՐԸ»:

Յաջորդ տասնամեակներու պատմութեան հանգրուաններն ու փուլերը կերտուեցան արիւնով ու պայքարով, պսակուեցան յաղթանակներով, Հայաստան-սփիւռք ձեռքերու միացումով, մինչեւ… ՔՊ-ական թրքամիտներուն իշխանութեան «արեւածագը»:

Ինչպէս պայքարի` ռազմական ու քաղաքական-դիւանագիտական պայքարի ամբողջ երկայնքին, այսօ՛ր ալ` 29 մարտին, հայութիւնը կանգնած է արցախցիներու կողքին: Հրապարակին վրայ են հայաստանաբնակը, սփիւռքահայը, նաեւ` հայրենի հողերէն հեռու ապրող ողջ հայութիւնը: Մէկ խօսքով` բոլոր անոնք, որոնք հայ են, եւ հակառակ տարբեր յարանուանութիւններու եւ կուսակցութիւններու անդամ ըլլալնուն` իրենց բռունցքն ու ձայնը միացուցած են արցախցիներուն եւ անոնց հետ կը կրկնեն յիշեալ ու մնացեալ բոլոր պահանջները, կը բարձրաձայնեն ՀԱՄԱՅՆ ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ՊԱՏԿԱՆՈՂ Արցախին ու անոր զաւակներուն իրաւունքները: Միակ բացառութիւնը ՔՊ-ականներն ու անոնց ստապատիր քարոզչութեան կամաւոր պատանդներն են, որոնք… թուրք-ազերիական ուղեղներով «պատուաստուած» են, չեն ուզեր խոստովանիլ, որ Արցախի ի վնաս բոլոր յայտարարութիւններն ու քայլերը թելադրուած են ու ներշնչուած` Էրտողան-Ալիեւ «երկուորեակ»-ին կողմէ:

Պահանջները ուղղուած են ո՛չ միայն Հայաստանի վարձկան-գործակատար իշխանաւորներուն, այլ նաեւ` թշնամիին եւ անոր կողքին կանգնող միջազգային շրջանակներուն, որոնք երբեմն կը յանդգնի՛ն ամչկոտ արտայայտութիւններով ու խօսքի սահմանէն անդին չգացող կեցուածքներով արձագանգել մեր անվիճելի պահանջներուն:

29 մարտի հանրահաւաքն ու արդարութեան կանչերը նոր սկիզբ մը պէտք է ըլլան 1988-ի փետրուարին մեկնարկած պայքարի ճամբուն վրայ, եւ մենք արդէն գիտենք, որ յարատեւ պայքարը, մեր ունեցած անառարկելի խաղաքարտերը լաւ օգտագործելով` կրնանք վերստին մտնել յաղթանակներու, իրաւունքի տիրացման ճամբուն մէջ, ուրկէ ՔՊ-ական իշխանութիւնը հեռացաւ ու կը փորձէ ողջ հայութիւնը ենթարկել թուրք-ազերիական լուծին:

***

Երբ կ՛արձանագրենք այս տողերը, գիտենք, որ քանի մը ժամ ետք պիտի բացուին Գիւմրիի ընտրութիւններու կեդրոնները:

Ընտրապայքարին հետեւողները տեսան (խօսքը աչք եւ ուղեղ ունեցողներու մասին է), թէ իշխանական «դասակարգը» ինչպիսի՜ ոտնձգութիւններ սարքեց իբր թէ նահանջի մատնելու համար ընդդիմադիրները, որոնք հակառակ իրենց այս կամ այն տարակարծութեան` կը թուին ընդհանուր առմամբ ձայները միացուցած ըլլալ ՔՊ-ականները մերժելու մէջ:

Քանի մը ժամէն Գիւմրիի ընտրութիւններուն արդիւնքները յստակ պիտի ըլլան: Ո՛չ միայն գիւմրեցիք, այլ Հայաստանի բնակիչները, արցախցիք եւ սփիւռքի տարածքին ապրողներս ունինք մէկ անվիճելի սպասում. ՔՊ-ականներու շռնդալի պարտութիւնը:

Հոն` Գիւմրիի մէջ, խորհրդանշական բան մը կայ. ՔՊ-ի պարտութիւնը պիտի նշանակէ փաշինեանական վարչակարգի անկումին մեկնարկը, ճի՛շդ այնպէս, ինչպէս եօթը տարի առաջ Գիւմրիէն սկիզբ առաւ «քալողներու» շարժումը, լաւ խոստումներով հմայեց զանգուածները, սակայն յետոյ, մասնաւորաբար 44-օրեայ պատերազմէն ետք, անոր բազմախաւ դիմակը պատռուեցաւ շերտ առ շերտ, տեսանք, թէ անոնք ինչպէ՜ս դաւաճանեցին իրե՛նց իսկ տուած խոստումներուն:  Ո՛չ միան ետդարձ ըրին Արցախի իրաւունքներուն տիրութիւն ընելու, պաշտպանը ըլլալու կրկնակի յայտարարութիւններէն ու խոստումներէն, այլ բանիւ եւ գործով դարձան ազերիամիտներ, Արցախը ճանչցան իբրեւ Ազրպէյճանի մէկ մասը (նշաձողի պատմութիւնները երկար են, կը յիշէ՞ք),  մի՛շտ տեղի տալով թուրք-ազերիական պահանջներուն` հրաժարեցան Արարատէն, պատրաստ են հրաժարելու սահմանադրութենէն ու անոր ազգային իրաւունքներու պահպանման բովանդակութենէն, մեկնարկած են Հայաստանէն հողերու պատառ-պատառ յանձնումը (ու միայն իրենց պէս թուրք-ազերիական ուղեղներով պատուաստուածներն են, որ կը հաւատան, թէ այս նահանջները եղած են «նախկիններու օրով»):

***

ՔՊ-ական իշխանութիւնը միայն հողային իրաւունքներու մարզին մէջ չի վազեր նահանջէ նահանջ` երկիրը տանելով իրերայաջորդ կորուստներու: Նոյն «յաղթարշաւը»` նաեւ տնտեսութեան (գրեթէ բոլոր ենթաբաժիններուն մէջ), մշակոյթի-կրթութեան եւ քաղաքական-դիւանագիտական գետիններու վրայ: Միակ շօշափելի յառաջխաղացքը… թուրք-ազերիական պահանջներուն եւ նախապայմաններուն իրականացման ոլորտին մէջ է:

Ու պատահական չէ, որ Երեւանի մէջ օրընդմէջ բողոքի ցոյցեր տեղի կ՛ունենան իշխանաւորներու այս կամ այն ձախաւերութեան հետեւանքները կրող խմբաւորումներու կողմէ: Ցանկը երկար է եւ ծանօթ` բոլորին: Հոն ալ կայ իրավիճակէն գոհ եղողներու փոքր(ացող) փաղանգ մը, որ, ինչպէս նշեցինք, պատուաստուած է թրքական արտադրութեամբ ուղեղով: Այս փաղանգին մաս կը կազմեն նոյն կաղապարէն ելած սփիւռքահայեր…

Պահանջը, հրամայակա՛նը կը մնայ նոյնը. վերջ տալ բոլոքի «մասնավճարներուն», միացնել բոլոր ձեռքերը, հոգ չէ թէ կան այս կամ այն տիպի տարակարծութիւններ (բնական վիճակ` որեւէ առողջ ժողովուրդի համար): Թուաբանութեան մէջ կոտորակներով գումարում ընողը նախ եւ առաջ կը գտնէ հասարակ յայտարար մը եւ անկէ մեկնելով` իրարու վրայ կը գումարէ մասնիկները եւ կը հասնի լուծումի: Հայութեան կեանքին մէջ հայադրոշմ կոտորակները երէկ ու այսօր կանգնած են նոյն մարտահրաւէրին դիմաց: Եւ ինչպէս որ 29 մարտին բոլորով կանգնեցանք արցախցիներու պահանջներուն եւ արդար իրաւունքներուն կողքին, ա՛յս մեկնակէտով ալ պիտի շարունակենք ԲՈԼՈՐ ՉԱՐԻՔՆԵՐՈՒ ԱՐՄԱՏ-ԱՂԲԻՒՐ վարչախումբին հեռացման պայքարը, պիտի վերականգնենք իրաւունքի եւ յաղթանակի հունը:

29 մարտ 2025

Նախորդը

Ժանսեմի Ծննդեան 105-Ամեակ (ԼԸ.) Մարդ Ենք Ազգ Ըլլալէ Առաջ

Յաջորդը

«Սիրով Ստեղծուեցանք» Խորագիրով Կամքի Տէր Անձերու Միասնական Հաւաք

RelatedPosts

Իրան-Իսրայէլ 12-Օրեայ Հակամարտութիւնը Եւ Ազրպէյճանի Հնարաւոր Ներգրաւուածութիւնը
Անդրադարձ

Իրան-Իսրայէլ 12-Օրեայ Հակամարտութիւնը Եւ Ազրպէյճանի Հնարաւոր Ներգրաւուածութիւնը

Օգոստոս 19, 2025
Նոր Գիրքերու Հետ.  ՀՄԸՄ-ի Գործունէութիւնը Մայր Հայրենիքի`  Հայաստանի Հանրապետութեան Մէջ. 1918-1927  (Հեղինակ Յարութ Չէքիճեան)
Անդրադարձ

Նոր Գիրքերու Հետ. ՀՄԸՄ-ի Գործունէութիւնը Մայր Հայրենիքի` Հայաստանի Հանրապետութեան Մէջ. 1918-1927 (Հեղինակ Յարութ Չէքիճեան)

Օգոստոս 19, 2025
Համազգայինի Ուսանողական Հաւաք (Ֆորում) 2025` Նոր Փորձառութիւններ, Հարուստ Ծրագիր
Անդրադարձ

Համազգայինի Ուսանողական Հաւաք (Ֆորում) 2025` Նոր Փորձառութիւններ, Հարուստ Ծրագիր

Օգոստոս 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?