Յիշատակները փխրուն են,
պէտք է ամուր կառչիլ անոնց:
Վազգէն Շուշանեան
Ինքնատիպ ու յանդուգն գրիչի տէր, հայ գրականութեան մէջ իր եզակի դրոշմն ու վաստակը թողած, հասարակական գործիչ, անկրկնելի հրապարակագիր ու իր հրաշագեղ գաղափարական աշխարհով սերունդներ դաստիարակած, հիացուցած մտաւորականին` Վազգէն Շուշեանեանի վերոնշեալ գողտրիկ տողը, խորքին մէջ աշխարհ մըն է ինքնին, որ կը բացուի իւրաքանչիւրիս դիմաց` այն առումով, որ մարդկային կեանքին առնչուող յիշատակները, ըլլան անոնք անձի, հաւաքականի թէ ազգի սեփականութիւնը եղող, անգնահատելի արժէքներ են, որոնք պէտք է պահուին եւ գուրգուրանքի արժանանան պատեհ առիթներու թէ ամբողջ ժամանակի ընթացքին:
Ինչո՞ւ. որովհետեւ յարափոփոխ, զարագացող ու դաժան կեանքին մէկ ալ պարտադրանքն է եղած նաեւ`մոռացութեան տալ ամէն ինչ, որ կը պատկանի մօտիկ թէ հեռաւոր անցեալին:
Ճիշդ է, «փխրուն» են յիշատակները եւ դատապարտուած` մարդկային տխուր վերաբերումին, ինչպէս բնութիւնը, որուն պատճառած հովը կը ցրուէ ծառերու տերեւներն ու կը տարածէ ծաղիկի փերթերը դէպի հեռաւոր հորիզոն կամ թէ բարձաբերձ լեռներու գագաթին, նոյնպէս ալ մարդ արարածին դիմաց կանգնած մարտահրաւէր մըն է պահել ու պահպանել յիշատակները, այլապէս փոխանցելու յետնորդ սերունդներու` իբրեւ ինքնաճանաչութեան եւ տոկունութեան աղբիւր:
Հարց կրնայ տրուիլ, թէ պատերազմի տարիներէ մնացած ինչպիսի՞ յուշեր են, որ մեզ կը խանդավառեն խօսելու եւ գրելու անոնց մասին, միթէ ոճիրի եւ արհաւիրքի ժամանակները տխրութեամբ եւ մտատանջութեամբ յագեցած չե՞ն ըլլար:
Վերջերս նման մտորումներու գիրկին յանձնուեցանք, երբ նկատեցինք, որ այս տարուան թուանշանը սապէս գրաւչութիւն մը ալ ունի իր ետին. մեզ` հաւաքաբար, կը յիշեցնէ, որ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի բռնկումին յիսնամեակն է ըստ ամենայնի, որ մեր յիշողութեան մէջ ամուր բազմած է ու հոգեբանական խոցեր թողած սերունդի մը ներաշխարհին մէջ:
Եղբայրասպան, վատոգի, աննպատակ, կեղծ, օտարին սպասարկող ու անոր հաշուոյն ինքզինք քանդող պատերազմի մասին է խօսքը, որ տեւեց տասնհինգ տարի` պատճառ դառնալով քաղաքներու թէ գիւղերու քանդումին, պետական կառոյցներու կործանումին, սեփական ինչքերու աւերումին, մարդկային զոհերու եւ վիրաւորներու արձանագրումին:
Աւելի՛ն. սարսափելի սպանդին առընթեր, պատերազմը նաեւ սերմանեց համայնքային-յարանուանական փոխադարձ ատելութիւն, անհանդուրժողութիւն, իրերամերժ քաղաքական կեցուածքներու եւ մօտեցումներու խորացում եւ մասամբ նորին: Իսկ ամենացաւալին, ողբերգականն ու անդարմանելին մնաց այն, որ երկունքէ ու սոսկալի տագնապներէ ետք, ցարդ Լիբանանի մէջ ապրող ժողովուրդը իր բաղկացուցիչ տարրերով չկրցաւ թօթափել եղբայրասպանի հանդերձանքը ու մտահան ընել ատելավառի խենեշ ապրելակերպը:
Անցան տասնամեակները, սակայն մնացին բարոյահոգեբանական հարցերը:
Արդ, երբ կ՛անդրադառնանք սերունդի մը, առաջին հերթին լոյսին կու գան անոր ծննդավայրը, մանկութիւնը, պատանեկութիւնն ու երիտասարդ տարիքի ոստոստումները, որոնք, թէեւ այս սերունդին համար տխրութեամբ եւ դառն տարիներու շղարշով պարուրուած էին, այդուամենայնիւ, իրենց մէջ կը պարփակէին ուրախութեան կայլակներ եւ հպարտութեան ապրումներ:
Փաստօրէն, այս սերունդը իր պատանեկան տարիքին (8-10 տարեկան) դէմ յանդիման գտնուեցաւ ահաւոր ցնցումի մը, լսեց փամփուշտի առաջին կրակոցը, ականատես եղաւ սպանդի, որով ընթացք պիտի առնէր եղբայրասպանութիւնը:
13 ապրիլ 1975:
Պահ մը զանց առնելով այս ու նախորդ տարիներու լիբանանեան կեանքի տնտեսական, քաղաքական, ընկերային ու ժողովրդագրական պատկերն ու վիճակը, պարտք է յիշեցնել, որ պաղեստինցի փոխադրող հանրակառքի մը վրայ արձակուած դաւաճան փամփուշտները ազդանշան տուին քաղաքացիական պատերազմին:
1 ապրիլ 2025