Վ. ԱՒԱԳԵԱՆ
Կեանքով ու խանդով լեցուն ՀՄԸՄ-ականին համար մահ կա՞յ… թէ ոչ մահը պարզապէս այլ տեղ ապրելու ձեւ մըն է: Այլ տեղը մարդոց յիշատակներն են, յուշերը, հոգիներն ու մտքերը: Այլ տեղը նաեւ պատմութեան գիրքերն են, արխիւներն ու տեղեկագիրները, ուրկէ կարելի չէ ջնջել մէկու մը ներկայութիւնը, գործն ու վաստակը:
Քանի՜ քանի՛ ՀՄԸՄ-ականներ հրաժեշտ տուած են այս կեանքին, սակայն կ’ապրին երկրորդ կեանքով` իրենց սիրելիներու յիշողութեան եւ ապրումներուն մէջ, իրենց միութեան անցեալի էջերուն եւ պատմութիւններուն մէջ:
ՀՄԸՄ-ականներու այդ փաղանգին վերջերս միացաւ խոնարհ ու հաւատաւոր եղբայր մը` Հրանդ Պետրոսեանը, որ անակնկալօրէն կեանքին հրաժեշտ տուաւ 28 փետրուար 2025-ին` միութենական կէս դարու վաստակ մը ձգելով իր ետին: Ան հեռացաւ լուռ ու անաղմուկ, այնպէս` ինչպէս ապրած էր բովանդակ կեանքին ընթացքին:
Հրանդ Պետրոսեան ծնած էր 1941-ին, Գրիգոր եւ Վիքթորիա Պետրոսեաններու ընտանեկան բազմանդամ յարկին տակ, Գամիշլի: Պատանեկութիւնը անցուցած է ծննդավայրին մէջ, ուր ստացած է նախակրթութիւնը: 1960-ական տարիներու Սուրիոյ ծանօթ դէպքերուն բերումով, չորս եղբայրներուն եւ քրոջը հետ հաստատուած է Լիբանան: Փոքր տարիքէն ան եղած է միութենական, սկաուտ եւ մարզիկ: Երէց եղբայրը` հանրածանօթ կրթական մշակ եւ ազգային-հասարակական գործիչ Կարօ Պետրոսեան, 1973-1974 եղած է ՀՄԸՄ-ի Մերձաւոր Արեւելքի Շրջանային վարչութեան անդամ:
Հրանդ Պետրոսեանի միութենական գործունէութիւնը առաւելաբար կապուած է ՀՄԸՄ-ի Ժըտէյտէի մասնաճիւղին, որ հիմնուած է 1974-ին: Ան մաս կազմած է միութեան երկրորդ վարչութեան (1975-1976), իսկ այնուհետեւ քսանհինգ տարի` վարչական գրեթէ բոլոր կազմերուն, իբրեւ պասքեթպոլի պատասխանատու, հաշուապահ, ատենադպիր, փոխատենապետ եւ գանձապահ: Մասնաճիւղին 40-ամեակին առիթով, 30 նոյեմբեր 2014-ին, վարչութեան առաջարկով եւ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան որոշումով ան պարգեւատրուած է ՀՄԸՄ-ի «Ծառայութեան» շքանշանով:
Հակառակ իր յառաջացեալ տարիքին` Հրանդ Պետրոսեան քաջառողջ էր եւ յաճախ կը ճամբորդէր Քանատա` իր հարազատներուն մօտ: Տակաւին նոր վերադարձած էր վերջին ճամբորդութենէն եւ կը պատրաստուէր մայիսին դարձեալ ճամբորդել, երբ դարանակալ մահը խլեց զայն սիրելիներէն:
Հրանդ Պետրոսեան ընտանիք չէր կազմած, սակայն ՀՄԸՄ-ական քոյրերով ու եղբայրներով ստեղծած էր ընտանեկան հարազատներու մեծ շրջանակ: Յարգուած եւ փնտռուած էր բոլորէն: Իր խոնարհ, պարտաճանաչ ու համեստ նկարագիրով օրինակելի միութենական էր` սերտօրէն կապուած հայ գիրին, գիրքին ու մշակոյթին: Լաւ ընթերցող էր եւ մնայուն ներկայութիւն` լիբանանահայ ազգային-միութենական բոլոր ձեռնարկներուն: Որեւէ հանդիսութիւն չէր փախցներ: Կը քաջալերէր բոլորը:
Վերջին տարիներուն Հրանդ Պետրոսեան մեծ աշխատանք տարաւ Աղեքսանդրիոյ ՀՄԸՄ-«Կամք»-ի նախկին անդամ` թորոնթոյաբնակ Գրիգոր Մալէզեանի պատմական երկու հազար լուսանկարներու թանկարժէք հաւաքածոն միութեան թանգարանին ապահովելու համար: Բանակցեցաւ, համոզեց, գնաց-եկաւ եւ ի վերջոյ անձամբ, անձնական մեծ ճամպրուկով մը, հսկայական այդ արխիւը 2023-ին Քանատայէն Լիբանան բերաւ եւ ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան յանձնեց` նուիրական պարտականութիւն մը կատարած ըլլալու գոհունակութեամբ:
Պատուական մարդ էր Հրանդ Պետրոսեան: Հանդարտաբարոյ, հեզ ու յարգալիր: Հակառակ միութենական իր բեղուն վաստակին` ան երբեք չձգտեցաւ տիտղոսներու եւ պաշտօններու, դրուատիքի ու փառաբանանքի, ընդհակառա՛կն, տեւաբար գնահատեց նորերն ու խոստմնալիցները` անոնց մէջ տեսնելով միութեան յուսալից ապագան:
Ծափ ու գնահատանք չփնտռեց Հրանդ Պետրոսեան: Գործեց ինքնագոհութեամբ եւ բարոյական բաւարարութեամբ, այն խոր համոզումով ու հաւատքով, որ ժամանակաւոր խանդավառութիւնները խաբուսիկ են, կարեւորն ու մնայունը միութենական սկզբունքներու եւ արժէքներու հաւատարմութիւնն է, ՀՄԸՄ-ի հարազատ դիմագիծին անաղարտ պահպանումը եւ սերունդէ սերունդ փոխանցումը:
Պիտի փնտռենք Հրանդ Պետրոսեանը եւ նմանները, որովհետեւ անհետացող սերունդի մը լաւագոյն ներկայացուցիչներն էին անոնք:
Պիտի փնտռենք եւ իւրաքանչիւր կորուստի հետ պիտի կրկնենք նոյն հարցումը. ՀՄԸՄ-ականին համար մահ կա՞յ…