Յօդուածներ

Ուրֆայէն Արցախ. Ապրիլ 24ին՝ Ապահովութեան Նոր Հայեացք

Ուրֆայէն Արցախ. Ապրիլ 24ին՝ Ապահովութեան Նոր Հայեացք

ՐԱՖՖԻ ԱՐՏԱԼՃԵԱՆ Ամէն տարուան պէս՝ Ապրիլ 2025ն ալ բազմաթիւ յիշատակի արարողութիւններ տեսաւ: Թէեւ ,այս նշումները կարեւոր դեր ունին հայկական հաւաքական յիշողութեան մէջ, սակայն. չեմ զգար, որ շատ մը քարոզներ եւ յօդուածներ կ՛արտացոլեն որեւէ նոր մտածողութիւն՝ բացի «պայքարը շարունակենք» կարգախօսէն: Կը զգացուի, որ այս մօտեցումը անբաւարար է՝ նկատի ունենալով 2020ին եւ 2023ին հայերու կրած աղէտալի պարտութիւնները: Մեր անցեալը պատուելուն հետ միասին...

Լիբանանի Երեսփոխանական  Ընտրութիւններէն 161 Օրեր Առաջ.  Համախմբուելու, Նեղ Անհատական Հաշիւները  Անտեսելու Եւ Ազգային Միասնական  Ճակատ Ունենալու Այժմէականութիւնը

Սլաք. Համազգայինի «Նեմեսիս» Գեղարուեստական Իւրայատուկ Ներկայացման Առիթով. Բա՛ւ Է Մենք Զմեզ Ատենք, Այլ Նախասիրութիւններէն Անդին` Լա՛ւը Գնահատենք

ՐԱՖՖԻ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան կազմակերպած «Նեմեսիս» գեղարուեստական ներկայացումին մասին անցնող օրերուն բաւական խօսուեցաւ եւ գրուեցաւ: Վստահաբար յառաջիկայ օրերուն եւս ներկայացումին մասին շատ պիտի խօսին, մինչ կազմակերպիչները նաեւ պէտք է սերտեն աշակերտական-երիտասարդական յաւելեալ ներկայացում մը կատարելու կարելիութիւնները: Հայոց ցեղասպանութեան 110-ամեակին նուիրուած այս ներկայացումը տափակ, ընթացիկ, սովորական եւ «յոգնեցնող» ձեռնարկ մը չէր: Դժբախտաբար ապրիլեան ձեռնարկները ընդհանրապէս վերածուած են «աւանդական» աշխատանքներու,...

Վիգէն Զաքարեանի Անմահ Յիշատակին  (Նահատակութեան 33-Ամեակին Առիթով)

Վիգէն Զաքարեանի Անմահ Յիշատակին (Նահատակութեան 33-Ամեակին Առիթով)

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Արցախեան ազատամարտին իր կեանքը նուիրաբերած անմահ հերոս է Վիգէն Զաքարեան: Ան ծնած էր 15 մարտ 1969-ին, Պէյրութ եւ զաւակն էր Պուրճ Համուտի Նոր Ատանա թաղէն համեստ ընտանիքի մը: Վիգէն իր կրթութիւնը ստացաւ Համազգայինի Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան ճեմարանին մէջ: Երիտասարդութեան սեմին ան միացաւ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան Լիբանանի երիտասարդական միութեան «Դրօշակ» մասնաճիւղին: Միութենական եւ կազմակերպական աշխատանքներու կողքին Վիգէն եռանդուն...

«Արաբական Գարուն»-ը` Իբրեւ Նոր Մարտահրաւէր Եւ Նոր Հնարաւորութիւն Չինաստանի Մերձաւորարեւելեան Քաղաքականութեան Համար

«Արաբական Գարուն»-ը` Իբրեւ Նոր Մարտահրաւէր Եւ Նոր Հնարաւորութիւն Չինաստանի Մերձաւորարեւելեան Քաղաքականութեան Համար

ԱՂԱՒՆԻ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԵԱՆ Չինաստանի արձագանգն «Արաբական գարուն»-ի մեկնարկին «Թունուզեան գարուն»-ի սկզբում Փեքինը, ի տարբերութիւն Արեւմուտքի, հիմնականում ձեռնպահ էր մնում որեւէ մեկնաբանութիւնից եւ գնահատականից: Աւելի՛ն. յուզումների սկզբնական շրջանում խնդրին առանձնայատուկ ուշադրութիւն չդարձուեց` մասամբ երկրի զարգացումների վերաբերեալ յստակ պատկերացումների բացակայութեան պատճառով: Թունուզից Պեն Ալիի հեռանալուց յետոյ պաշտօնական Փեքինը յայտարարեց, որ` «Թունուզը Չինաստանի բարեկամն է: Չինաստանը մտահոգուած է թունուզեան, որ երկրում կայունութիւնը հնարաւորինս կարճ...

Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Հայոց Ցեղասպանութեան 110-Ամեակի Ոգեկոչումներ Սուրիա Հովանաւորութեամբ Դամասկոսի հայ կաթողիկէ առաջնորդ Գէորգ եպս.Ասատուրեանի, կազմակերպութեամբ «Աւետիս Ահարոնեան» կեդրոնի միութիւններուն, Դամասկոսի մէջ տեղի ունեցան Հայոց ցեղասպանութեան ոգեկոչման նուիրուած ձեռնարկներ: Արդարեւ, 24 ապրիլին Թագուհի Տիեզերաց եկեղեցւոյ մէջ, մասնակցութեամբ Դամասկոսի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանին, մատուցուեցաւ պատարագ, որմէ ետք եկեղեցւոյ բակին մէջ զետեղուած նահատակաց յուշարձանին դիմաց տեղի ունեցաւ մոմավառութիւն, ապա բակին մէջ թափօրի շրջումով`...

Արցախը Մեր Տեսակն Է (Անկախութեան Տօնի 28-ամեակ)

Իմ Սիւնակը – Ձեր Աշխարհը. «Փոշիացած» Ու Քաղաքական Հանգանակէ Պարպուած Յուշարձանին Լո՜ւռ Ցասումը (Մայիսի 6)

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ Այդ երբէն, պիտի հարցադրէր համեստ ընթերցասէրը, որ քարակերտ կոթող մը կը տառապի ու կը պոռթկայ եղեր, պարզապէս որովհետեւ տակաւ կորսնցնելով իր նուիրական արժէքը, հնչեղութիւնն ու հմայքը, դարձած է սոսկ այս կամ այն նիւթէ շինուած զանգուած մը, որ զրկուած է ժողովուրդին բարոյական ու հոգեբանական խնամքէն, հոգատարութենէն եւ աջակցութենէն: Երկիր Լիբանան, Պէյրութի Նահատակաց հրապարակ: Իր խայտաբղէտ համայքային պատկերով ու քաղաքական...

Դարաւոր Պայքարով Եւ Նահատակներու Արեամբ Կերտուեցաւ Լիբանանեան Անկախ Հայրենիքը

Դարաւոր Պայքարով Եւ Նահատակներու Արեամբ Կերտուեցաւ Լիբանանեան Անկախ Հայրենիքը

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Լիբանան ազատութեան եւ համայնքներու համակեցութեան հայրենիք է: Լիբանանցի ժողովուրդը բազմիցս ճաշակած է օտար նուաճումներ, տիրապետութիւններ, աւերածութիւններ ու զրկանքներ տեսած է, բայց միշտ պահած է իր ազատատենչ ոգին: Լիբանանի բնակչութիւնը համայնքներու խճանկար մը եղած է: Յոյն ուղղափառ եւ կաթոլիկ համայնքները հելլենիստական մշակոյթի յետնորդներ են: Մարոնիները ասորի եկեղեցիէն ճիւղաւորուած Սուրբ Մարունի հետեւորդներ են եւ Հոմսի շրջանէն Լեռնալիբանան հաստատուած են: Սիւննիները...

Անցեալը Ուրացող Ժողովուրդը Կը Կորսնցնէ Ապագան….

Անցեալը Ուրացող Ժողովուրդը Կը Կորսնցնէ Ապագան….

ԱՀԱՐՈՆ ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ Կար ժամանակ, երբ լիբանանցիները համաժողովրդային ձեռնարկներով, ցասումի եւ յանձնառութեան վերանորոգ ուխտով կ՛ոգեկոչէին Նահատակաց օրը: 6 մայիս Նահատակաց օր, Նահատակներու հրապարակ` ամբողջական եւ միացեալ խորհուրդով երրորդութիւն մը: Լիբանանեան դրօշներով զարդարուած Նահատակաց հրապարակը, ծաղկեպսակներով դարպասուած Նահատակներու յուշարձանը ազգային արժանապատուութեան ներշնչանքի աղբիւր կը ներկայանային երիտասարդ սերունդներուն: 6 մայիս 1916... Պատմութեան տխրայուշ այս թուականը կը խորհրդանշէ օսմանեան բռնակալութեան դէմ ազատագրութեան ճանապարհին վրայ...

Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Հայոց Ցեղասպանութեան 110-Ամեակին Նուիրուած Ձեռնարկներ Սուրիա * Հալէպի մէջ 24 ապրիլին Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ շրջափակի Հայոց ցեղասպանութեան նահատակներու յուշակոթողին դիմաց տեղի ունեցաւ ծաղկեմատոյցի արարողութիւն, որմէ ետք եկեղեցւոյ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հայ երիտասարդաց միութեան կազմակերպած  «Արիւնդ կեանք է ուրիշին» խորագիրով արեան տուչութեան արշաւ` գործակցութեամբ Հալէպի արեան տուչութեան պետական կեդրոնին: Սրահին մէջ արաբերէն բացման խօսքով հանդէս եկաւ Ժան Տաուլէ:...

Նախագահ Թրամփը Արժանի Չէ Արտասանելու Ցեղասպանութիւն Բառը

Նախագահ Թրամփը Արժանի Չէ Արտասանելու Ցեղասպանութիւն Բառը

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ Նախագահ Տանըլտ Թրամփի 24 ապրիլ 2025-ի ուղերձը, որուն մէջ ան խուսափեցաւ Հայոց ցեղասպանութիւնը յիշատակելէ` իբրեւ ցեղասպանութիւն, ամօթալի ետդարձ է Միացեալ Նահանգներու տասնամեակներու ճանաչումներէն: Թրքական եւ ազրպէյճանական շրջանակները արագօրէն օգտուեցան Թրամփի յայտարարութենէն: Թրքական «Թուրքիէ թուտէյ» (Turkiye Today) թերթը 24 ապրիլին հրապարակեց յօդուած մը` «Թրամփ ապրիլ 24-ին խուսափեցաւ «Հայոց ցեղասպանութիւն» եզրէն` իբրեւ բարեկամական շարժոյթ Թուրքիոյ նկատմամբ» խորագիրով: Ազրպէյճանական «Ազերնիուզ» լրատուամիջոցը,...

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի.  Վասն Նահատակաց

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Վասն Նահատակաց

«Ցեղասպանութիւնը կը սկսի մէկ մարդու սպանութեամբ, ոչ թէ անոր ըրածին, այլ` անոր համար, թէ ո՛վ է ան»: ՔՈՖԻ ԱՆԱՆ (ՄԱԿ-ի նախկին գլխաւոր քարտուղար, 1938-2018) Դժուար է Ցեղասպանութենէն 110 տարի ետք այս տողերը գրել, պարզապէս այն պատճառով, որ կան հայանուն բրուտոսներ, որոնք կը գտնուին ղեկավար դիրքերու վրայ եւ սկսած են հարցականի տակ առնել ծանր ու ահաւոր եղեռնագործութիւնը, լռելեայն կը թելադրեն, որ...

«Արաբական Գարուն»-ը` Իբրեւ Նոր Մարտահրաւէր Եւ Նոր Հնարաւորութիւն Չինաստանի Մերձաւորարեւելեան Քաղաքականութեան Համար

«Արաբական Գարուն»-ը` Իբրեւ Նոր Մարտահրաւէր Եւ Նոր Հնարաւորութիւն Չինաստանի Մերձաւորարեւելեան Քաղաքականութեան Համար

ԱՂԱՒՆԻ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԵԱՆ ԽՍՀՄ-ի փլուզման պատճառով երկբեւեռ աշխարհակարգի վերացումը մի շարք տարածաշրջաններում յանգեցրեց աշխարհաքաղաքական նոր իրողութիւնների` մրցակցային հնարաւորութիւն ստեղծելով այն երկրների համար, որոնք նոր աշխարհակարգում ազդեցութեան եւ գերակայութեան յաւակնութիւններ ունեն: Այդ երկրների շարքում առաջատարի անվիճարկելի դիրք ունեցող Չինաստանի համար յատկապէս վերջին տասնամեակներում ռազմավարական կարեւորութիւն են ստացել Մերձաւոր Արեւելքի (ՄԱ) եւ Հիւսիսային Ափրիկէի (ՀԱ) երկրների հետ յարաբերութիւնները, որոնք հիմնուած էին չմիջամտութեան քաղաքականութեան...

Ոտնակոխ Տունը

Բեմականացուած Գրական Քառեակ

ՀՐԱՉ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆ Համազգայինի Սօս Սարգսեանի անուան թատերախումբը 14 եւ 15 մարտ 2025-ին «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ, նախաձեռնութեամբ Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» մասնագիտացած թատերական մասնաճիւղին, երկու ելոյթներով ներկայացուց ոչ թէ թատրերգութիւն մը, այլ` Պարոյր Սեւակի «Մարդը ափի մէջ» բանաստեղծական շարքի բեմականացումը: Ասիկա Նարինէ Գրիգորեանի չորրորդ նման բեմադրութիւնն էր: Նախորդ երեքն էին` «Եւ նորից գարուն...» (նորավէպեր), Հ. Մաթեւոսեանի «Գոմէշը» (վիպակ), եւ «Յաղթանակի...

Անուշաւան Արքեպիսկոպոսի այցը՝ Ֆիլատելֆիոյ Հայ Քոյրերու վարժարան

Անուշաւան Արքեպիսկոպոսի այցը՝ Ֆիլատելֆիոյ Հայ Քոյրերու վարժարան

Հինգշաբթի, 1 Մայիսին, Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, այցելեց Հայ Քոյրերու Վարժարանը Ֆիլատելֆիոյ մէջ։ Աշակերտները պատրաստած էին գեղարուեստական գողտրիկ յայտագիր մը ի պատիւ Սրբազան Հօր։ Աւարտին, Սրբազան Հայրը դպրոցին նուիրեց Հայոց Ցեղասպանութեան նահատակներուն սրբադասման նուիրուած գեղանկարը։

Համազգայինի «Նեմեսիս» Գեղարուեստական Ողջունելի Ներկայացման Առիթով.  «Անպայմա՛ն Պիտի Հասնինք»

Համազգայինի «Նեմեսիս» Գեղարուեստական Ողջունելի Ներկայացման Առիթով. «Անպայմա՛ն Պիտի Հասնինք»

ՆՈՐԱ ԲԱՐՍԵՂԵԱՆ 22 ապրիլ 2025, «Քազինօ Տիւ Լիպան»-ի հանդիսասրահ: Մինչ մեծաթիւ լիբանանահայութեան հայեացքները ամենայն ուշադրութեամբ ուղղուած են բեմին, ուր Համազգայինի Գեղարուեստի դպրոցներու կրթական տնօրէն Կամիլա Երկանեան տակաւին նոր աւարտած էր իր բանաստեղծաշունչ, իւրաքանչիւր հայու կեանքն ու ճակատագիրը նկարագրող եւ ելոյթին մթնոլորտին ներկաները լաւագոյնս նախապատրաստած ազդեցիկ խօսքը, ձեռնարկին մեկնարկը կը տրուի սրահին ետեւի բաժինէն, ուրկէ ձեռք ձեռքի դէպի բեմ կ՛ուղղուին պապիկն...

Հաւատալով, Որ Դաշնակցութիւնը Լաւագոյնս  Կը Ներկայացնէ Հայ Համայնքը` Լիբանանահայերը  Քուէարկեցին ՀՅԴ-ի Թեկնածուներուն

Դաշնակցութեան Զօրութիւնը Իրեն Զօրակցող Հաւաքականութեան Մէջ Է

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Լիբանանի մէջ վերստին նախընտրական մթնոլորտ կը տիրէ եւ լիբանանցիք կրկին կը պատրաստուին քաղաքապետական ու թաղապետական ընտրութիւններուն: Լիբանանի հայութիւնը իր կարգին, ինչպէս միշտ, կը ձգտի ապահովել լիբանանահայութեան համար արդար եւ ճշգրիտ ներկայացուցչութիւն: Ինչպէս նախորդող ընտրութիւններուն, ընտրական ամբողջ ցանց մը կը գործէ արհեստավարժ կառոյցով, կամաւոր բանակի հիմունքով: Մարտահրաւէրները այսօր ալ նոյնն են, եւ Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը կը փորձէ ըստ կարելւոյն...

Անմահացաւ

Անմահացաւ

ՄԱՐՈՒՇ ԵՐԱՄԵԱՆ Սփիւռքահայ գրագիտուհիներու սակաւաթիւ փաղանգին մէջ շատ փոքր է թիւը խմբագրուհիներուն, այնքան, որ չունինք պերճանքը անոնցմէ մէկն իսկ կորսնցնելու: Կեանքը սակայն յաճախ նկատի չ՛առներ այսքանը դժբախտաբար: «Վերժին Չէրչեան-Աբրահամեանը անմահացաւ «Փթիթ»-ով»: Կարդացի մէկ տողանի այս նամակը ուաթցափիս վրայ եւ սիրտս կծկուեցաւ: Ափսոսացի իր կեանքը, որ այսպէս բիրտ կերպով կ՛անջատուէր: Եւ ափսոսացի «Փթիթ»-ը: - Մենք զաւակ չունինք, «Փթիթ»-ը մեր զաւակն է:...

Յարութիւն Մարկարոսեանի Անմար Յիշատակին  (Մահուան Քառասունքին Առիթով)

Յարութիւն Մարկարոսեանի Անմար Յիշատակին (Մահուան Քառասունքին Առիթով)

ԹԱՄԱՐ ՍՆԱՊԵԱՆ-ՍՈՒՐՃԵԱՆ Ձախէն աջ` Եդուարդ Պօյաճեան, Սարգիս Պլղաշեան, Վարուժան Աղասարգիսեան, Պօղոս Սնապեան, Աղաւնի Վարժապետեան (Պ. Սնապեանի ապագայ կողակիցը), բարեկամ մը, Յարութիւն Մարկարոսեան, Գալուստ Պապեան եւ Վահրամ Պոյաճեան: Լեռնալիբանան, 1961 թ.: Հինգշաբթի, 20 մարտը տխուր շատ տխուր օր մը եղաւ ինծի  եւ ընտանիքիս բոլոր անդամներուն համար, երբ Յարութիւն Մարկարոսեանի մահուան գոյժը առինք: Հօրս ապրող մէկ մասնիկն էր ան` Յարութիւն Մարկարոսեանը, որ...

Տարեփակի Խոհեր  Ա. –   Պիտի Վերականգնենք Մեր Երթը` Պատմութեան Եւ Աշխարհագրութեան Մայրուղիներուն Վրայ

Մեր Պատանի Ու Երիտասարդ Ջահակիրները

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ «Անվախ ու վեհ ղեկդ վարէ անծանօթին դէմ-դէմի. Անզղջալի առաջ գնա...» Ա. ԻՍԱՀԱԿԵԱՆ Երեւանի մէջ 23 ապրիլի երեկոյեան տեղի ունեցած երիտասարդական ջահերթն ու ապրիլ 24-ին նմանապէս դէպի Ծիծեռնակաբերդ ժողովրդային թափօրը եղան Ցեղասպանութեան յիշատակման բարձրակէտ աքթերը: Անոնք միայնակ զանգեր չէին, այլ արձագանգ գտան աշխարհով մէկ, տարբեր հայօճախներու մէջ ցոյցերով, յուշահանդէսներով ու արդարատենչութեան այլազան արտայայտութիւններով: Մեր մամուլը այդ բոլորին լայն տեղ...

Մայիս 1-ը` Աշխատանքի Եւ Աշխատաւորներու Միջազգային Տօն

Մայիս 1-ը` Աշխատանքի Եւ Աշխատաւորներու Միջազգային Տօն

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Մայիս 1-ը աշխատանքի եւ աշխատաւորներու միջազգային տօն է: Առաջին անգամ Աւստրալիոյ Մելպուրն քաղաքին մէջ բանուորներ 21 ապրիլ 1856-ին ցոյց կազմակերպեցին` ութ ժամեայ աշխատանքային օրուան պահանջով: Աւստրալիոյ աշխատաւորներուն օրինակով, 1 մայիս 1886-ին Միացեալ Նահանգներու եւ Քանատայի անիշխանական կազմակերպութիւնները շարք մը ցոյցեր եւ հանրահաւաքներ կազմակերպեցին: Միացեալ Նահանգներու տարբեր քաղաքներու մէջ ցոյցերուն մասնակիցներուն թիւը անցաւ 300 հազարը: Այսպէս Նիւ Եորքի մէջ...

Page 109 of 1110 1 … 108 109 110 … 1,110

Արխիւներ