Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական ՀՄԸՄ-ի «Մարզիկ» Պաշտօնաթերթի (Թիւ 436). Մարդ Գնահատելու Լրջութիւնը

Ապրիլ 29, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կար ժամանակ, երբ ազգովին չափազանց ժլատ էինք մեր գնահատանքին մէջ: Կը դժուարանայինք շնորհակալութեան խօսք մը իսկ ըսել արժանաւորներու` անոնց ողջութեան կամ յետմահու: Լաւ դամբանական մը առաւելագոյն դափնեպսակը կը հանդիսանար երախտաւորներուն:

Մարդիկ կը գործէին առանց ակնկալութեան: Մինչեւ մահ իրենց միութեան, համայնքին ու ժողովուրդին հաւատարմօրէն ծառայողները իրենց առաւելագոյն բաւարարութիւնը կը գտնէին հոգեկան գոհացումի մէջ միայն: Իրենց հաւատքի խորացումին մէջ: Իրենց աշխատանքի արդիւնաւորման մէջ:

Հիմա ժամանակները, բարքերն ու սովորութիւնները փոխուած են: Ծափն ու գնահատանքը փնտռուած բաներ են, շքանշանն ու պարգեւատրումը ընթացիկ երեւոյթներ են:

Եւ քանի ընթացքը յստակ է, եւ ժամանակին անիւը կարելի չէ ետ շրջել, կ՛արժէ յիշեցնել, որ եթէ պարգեւատրումներ պիտի կատարուին, ուշադիր պէտք է ըլլալ, որ պարգեւատրեալներուն ընտրութիւնը պարագայական ու հապճեպ ձեւով չըլլայ, ո՛չ ալ կողմնակի հաշիւներու, շահերու կամ կանխակալ տրամադրութիւններու արդիւնք ըլլայ:

Արդարեւ, մեր օրերուն շատեր կ՛անդրադառնան ինչ-ինչ հաշիւներով կատարուած պարգեւատրումներու, բայց քիչեր միայն բարձրաձայն կը խօսին այս սխալին սրբագրութեան մասին` համոզուած ըլլալով, որ սխալի կրկնութեան պարագային տուժողը կ՛ըլլայ ոչ թէ պարգեւատրող մարմինը, այլ` այդ մարմինը ներկայացնող ամբողջ միութիւնը կամ կազմակերպութիւնը:

Կը պատահի նաեւ, որ մարմիններ յաճախ անտեղի աճապարանքի մը մատնուած ըլլալու տպաւորութիւնը կը ձգեն, երբ ինքնասիրութեան եւ փառասիրութեան տրամադրութիւններէ տարուած` իրարու ետեւէ մարդ կը պարգեւատրեն, հազիւ քանի մը տարուան ծառայութիւն ունեցողներ շքանշանի կ՛արժանացնեն: Մինչ ուրիշներ` խնամի-ծանօթ-բարեկամ, պարգեւատրելու խաղը կը խաղան…

Պէտք է ընդունիլ, որ պարգեւատրողները նախ իրե՛նք պէտք է լրջախոհ, արդար եւ անշահախնդիր մարդիկ ըլլան, որպէսզի հանրութեան ցոյց տան, որ պարգեւատրեալի մը փառք ու պատիւ ընծայելը լոկ հաճելի վայրկեաններ անցընելու հարց չէ, շնորհակալական խօսքեր կամ երախտագիտական զգացումներ ըսելու նպատակով չէ, եւ ոչ ալ զանոնք սիրաշահելու համար է:

Պարգեւատրումները առիթներ են հանրութեան ներկայացնելու վաստակաշատ, տիպար եւ օրինակելի մարդու մը ծառայութեան աշխարհը, սերունդը եւ ժամանակաշրջանը: Առիթ են նաեւ անոր միջոցով որոշ աշխուժացում եւ կորով ներշնչելու շրջապատին` իրարմով հարստանալու եւ մարդկային ու հոգեկան կապերը ամրացնելու:

Ի վերջոյ, իւրաքանչիւր պարգեւատրեալի ետին կայ, պէ՛տք է ըլլայ պատկերը խոնարհ հերոսի մը, անծանօթ զինուորի մը: Մարդիկ միայն պատերազմի դաշտին վրայ չեն զոհուիր, յաճախ ամբողջ կեանք մը կը զոհեն վսեմ նպատակի մը իրականացման համար:

Այս պատճառով ալ անարժան կերպով պարգեւատրուողները, բարիք բերելու տեղ, վնաս կը պատճառեն զիրենք պարգեւատրողներուն: Մինչ արժանաւոր պարգեւատրեալ մը կրնայ շարժում ստեղծել իր շուրջ, հետեւորդներ ունենալ, երիտասարդութեան բարի օրինակ ծառայել եւ, ինչո՞ւ չէ, իրեն նմանելու ցանկութիւնը յառաջացնել շատերու մօտ:

Իսկ թէ ի՞նչ չափանիշներ ամբողջացնող մարդ մը արժանի է պարգեւատրումի:

Գլխաւոր չափանիշը անոր կատարած գործին տարողութիւնն ու տեւողութիւնն է: Միութենականի մը պարագային, միութեան ճամբով համայնքին, ազգին ու հայրենիքին ունեցած երկար տարիներու ներդրումն է: Երբ մարդ իր ամբողջ կեանքին ընթացքին կարեւոր նպաստ ունեցած է միութեան, ազգին, հայրենիքին, համայնքի կեանքին եւ կամ նորահաս սերունդներու դաստիարակութեան գործին, կ՛արժէ նկատի ունենալ զայն: Թեկնածուին գործը պէտք է գնահատել արդարօրէն եւ չտարուիլ ընթացիկ կեանքի մէջ ինքն իր մասին բարձրացուցած աղմուկէն:

Պարգեւատրումը գնահատանքի միակ միջոցը չէ այս պարագային: Պարգեւատրումը կը կատարուի կեանքի մէջ միայն մէկ անգամ, մինչդեռ գնահատանքը, մեծարեալի վաստակին հանդէպ յարգանքն ու պատիւը կ՛ընծայուին, պէ՛տք է ընծայուին պարգեւատրման պահէն մինչեւ… մահ` տեւաբար յատուկ վերաբերումի արժանացնելով ենթական միութենական ներքին թէ արտաքին ձեռնարկներու ընթացքին, պաշտօնական հանդիսութիւններու եւ յոբելենական տօնակատարութիւններու ժամանակ:

Պէտք է գնահատել պարգեւատրեալին մարդկային արժանիքները, որոնցմէ կարելի է յիշել` զոհաբերութեան ոգին, մտաւորական եւ նիւթական պարկեշտութիւնը, համեստութիւնը, նուիրումը, խոնարհութիւնը, գաղափարապաշտութիւնը, յարատեւ աշխատանքը, անշահախնդրութիւնը, արդարասիրութիւնը, եւ այսպէս շարքը կարելի է երկարել: Պէտք է հաստատել նաեւ, որ անձը չէ գործած իր անձնական շահերէն թելադրուելով կամ գովեստներու արժանացման հեռանկարէն մղուելով:

Միջազգային կազմակերպութիւններ յաճախ յարմար թեկնածու մը չունենալու պարագային, զանց կ՛ընեն այդ տարուան իրենց պարգեւատրումը: Ինչո՞ւ մենք ալ նոյնը չընենք եւ չափ ու կշիռ չտանք մեզի եւ մեր պատկանած միութիւններուն կամ մարմիններուն:

Արժանավայել կերպով գնահատելու համար մեր մեծերը ունենա՛նք այդ գիտակցութիւնը, որպէսզի օրին մէկն ալ մեզմէ ետք հասնող սերունդները մեր մասին չըսեն, թէ ափսո՜ս, անցնող սերունդն ալ չունեցաւ մարդ գնահատելու իրմէ սպասուած լրջութիւնը:

Նախորդը

Աշխարհի Բոլոր Ծագերուն Հայը Կոչուած Է Վերագտնելու Իր Ներքին Հաւատքը Ու Վիշտը Պահանջատիրութեան Վերածել*

Յաջորդը

«Սերի Ա.». Նափոլի Վերագրաւեց Պարագլուխի Դիրքը

RelatedPosts

Շուշիով Կրնա՛նք Վերապրիլ  (9 Մայիս)
Անդրադարձ

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Խրոխտ Շուշիի Ազատագրման Յիշատակին

Մայիս 17, 2025
Մուսա Լերան Պատմական Յուշարձանը Դարձեալ Ծնունդ Կ՛առնէ Ֆրեզնոյի Մէջ
Անդրադարձ

Մուսա Լերան Պատմական Յուշարձանը Դարձեալ Ծնունդ Կ՛առնէ Ֆրեզնոյի Մէջ

Մայիս 17, 2025
Ազրպէյճան Մտադիր Է Գրաւել Հայաստանը Եւ Ստեղծել «Արեւմտեան Ազրպէյճան»
Անդրադարձ

Հայերը Կը Կարծեն, Թէ Միայն Իրենք Անմիաբան Են, Սակայն Իրականութիւնը Այդպէս Չէ

Մայիս 17, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?