110 տարիներ ետք հաւաքուած ենք այսօր` յիշելու մեր մէկուկէս միլիոն սուրբ նահատակները, մեր ազգային-հոգեւոր արժէքներու, սրբավայրերու, վանքերու ու եկեղեցիներու, մեր գիւղերու ու քաղաքներու աւերումը, մեր պատմական հայրենիքի մեծագոյն մասին կորուստը:
Յիշողութիւնը մեր պարտքն է մեր պատմութեան համար, բայց նաեւ մեր պաշտպանութիւնն է մեր ապագային հանդէպ` ոչ միայն յիշելու, այլ նաեւ հաստատելու եղելութիւնը:
Հաստատելու, որ երբե՛ք չենք մոռնար:
Չենք մոռնար անապատի ճիչերը, չենք մոռնար որբանոցներու դատարկ օրօրոցները, չենք մոռնար կիսատ մնացած աղօթքներն ու երազները:
Բայց մենք մեր վէրքերով սահմանափակուած ժողովուրդ չենք:
Մենք կեանքը այնքան սիրեցինք, որ Ցեղասպանութեան ենթարկուելէ ետք իսկ նոր հորիզոններ ստեղծեցինք:
Մենք յաւերժ շնչող մշակոյթ ենք, որ դարձեալ երգեց, պարեց ու կառուցեց` տուն, դպրոց, ակումբ, եկեղեցի` իր հայրենի օճախի մոխիրներէն:
Մենք ժողովուրդ ենք, որ վերածնունդ առաւ հերոսներու անբիծ պատիւէն` պարզելով ազատագրական պայքարի դրօշը, որովհետեւ հայ ըլլալ` միայն ազգութիւն չէ, այլ հոգեվիճակ մըն է, որ անխոցելի կը պահէ մեր ոգեկան ու բարոյական ուժը:
Եւ ո՛չ, մենք առհասարակ վրէժ չենք փնտռեր:
Մենք արդարութիւն կը պահանջենք, որովհետեւ ներելու իրաւունք չունինք, ուրանալու իրաւունք չունինք, խոնարհելու կամ մոռնալու իրաւունք չունինք:
Մեր պայքարը ատելութենէ չի ծնիր, այլ` արժանապատուութենէ:
Մեր մայրերը մեզի սորվեցուցին պահել մեր լեզուն:
Մեր հայրերը իրենց կեանքը զոհեցին, որպէսզի մենք ապրինք եւ գոյատեւենք մինչեւ մեր Դատին արդար լուծումը:
Սերունդներ «Մահ կամ ազատութեան» բոցը վառ պահեցին, ու այսօր նաեւ միասին պիտի շարունակենք այդ բոցը պահել մեր սրտերուն մէջ` Հայաստանէն ներս, թէ սփիւռքի մէջ:
1915-ի աներեւակայելի Ցեղասպանութիւնը չխորտակեց հայուն աննկուն կամքը, եւ 3 տարի ետք գերմարդկային ճիգերով մենք կերտեցինք մեր հայրենիքին քաղաքական անկախութիւնը, իսկ 76 տարիներ ետք` Արցախի Հանրապետութեան անկախութիւնը:
Սակայն այսօր, առաջին Ցեղասպանութենէն 110 տարի ետք, մեր ժողովուրդը նոր վիշտ մը կ՛ապրի, միջազգային ատեաններու մէջ ուժը փոխարինած է իրաւունքը եւ օրէնքը, իսկ մահացու լռութիւնը պատճառ դարձած է նոր ցեղասպանութեան, հայրենազրկման ու ցեղային զտումի` մեզ դարձնելով վկաները մարդկութեան բարոյական անկումին:
Արցախը դատարկեցին, պատմական կառոյցներն ու բնակարանները քանդեցին ու ռազմաքաղաքական ղեկավարները գերեվարեցին…
Արցախը սովորական տարածք մը չէ մեզի համար, ան մեր արեամբ պահուած ժառանգութիւնն է, մեր վերապրած հոգին է: Թէեւ Արցախը այսօր հայաթափուած է, բայց արցախեան հակամարտութեան քաղաքական լուծման էջը փակուած չէ:
Մենք կը դատապարտենք Ազրպէյճանի միջազգային պարտաւորութիւններու կոպիտ, համակարգուած եւ յանցագործ խախտումները:
Մենք կը պահանջենք`
- Արցախեան հակամարտութեան քաղաքական կարգաւորման հարցը միջազգային օրակարգ վերադարձնել,
- Արդիւնաւէտ դիւանագիտական ճնշում գործադրել` կեղծ դատավարութիւնները դադրեցնելու եւ պատանդները ազատ արձակելու,
- Արցախի մէջ տեղի ունեցած համակարգուած ցեղային զտումը միջազգային հանրութեան դիմաց որպէս Ցեղասպանութիւն դատապարտել եւ արդար հատուցումը պահանջել,
- Ապահովել Արցախի տեղահանուած բնիկ ժողովուրդին անվտանգ վերադարձը ՀԱՅՐԵՆԻՔ եւ ճանչնալ ինքնորոշման անոր իրաւունքը:
Մինչ Թուրքիա կը փորձէ աշխարհին ներկայանալ որպէս համերաշխութեան ու Հայաստանին հետ յարաբերութիւնները բնականոնացնելու ջատագով, անոր իշխանութիւնները չեն հրաժարիր բռնապետութենէ ու ծաւալապաշտական փանթուրանական քաղաքականութենէ, անոնք կը շարունակեն Հայաստանը շրջափակել, կը մերժեն պատասխանատուութիւն կրել Արցախի բնիկ ժողովուրդի բռնի տեղահանութեան ու ցեղասպանական արարքին մէջ իրենց դերակատարութեան եւ անշուշտ կը շարունակեն հերքել պատմական ճշմարտութիւնները:
Իսկ Ալիեւի վարչակարգին տարիներով մշակուած քարոզչամեքենան, որ հանգիստ ու համբերութեամբ շինեց իր սուտը, կը փորձէ մեր պատմութիւնը խեղաթիւրել, մեր սրբութիւնները վերագրել ուրիշին, մեր գոյութիւնը ջնջել:
Տակաւին քանի մը օր առաջ յայտարարեցին, թէ Արցախի բոլոր եկեղեցիները կառուցուած են ոչ հայերու կողմէ` կասկածի տակ դնելով նոյնիսկ մեր քրիստոնէական ինքնութիւնը, խեղաթիւրեցին աստուածաշնչական իրականութիւնները` պնդելով, որ Նոյեան տապանը երբեք Արարատ լերան վրայ չէ հանգչած, եւ այո՛, համարձակեցան գոռալ, թէ Երեւանը… «Ազրպէյճան է»:
Այս միայն պատմութեան ջնջում չէ, սիրելի՛ ներկաներ, այս ժողովուրդի մը հոգեւոր ցեղասպանութիւնն է:
Ու մեզմէ տակաւին կ՛ակնկալուի, որ մենք հաւատա՞նք արդար խաղաղութեան… Հետեւաբար այսօր, աւելի քան երբեք, անհրաժեշտ է Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման հարցը վերադարձնել Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին քաղաքականութեան օրակարգ:
Հայոց ցեղասպանութիւնը, որուն յստակ ծրագիրը սկիզբ առաւ 1915-ին եւ շարունակուեցաւ այլ ժողովուրդներով, այսօր կը վերարտադրուի այլ ձեւերով, այլ լեզուներով, բայց` նոյն լռութեամբ:
Այսօր մեր աչքերուն առջեւ Կազայի մէջ ընթացող ահաւոր կոտորածը ցեղասպանական յանցագործութիւն մըն է: Հազարաւոր անմեղ զոհեր, փոքրիկ մանուկներ, մայրեր, բժիշկներ եւ ուսուցիչներ սպաննուած են առանց խտրութեան, հիւանդանոցներ ու դպրոցներ անողոք ռմբակոծումներու ենթարկուած են, մարդկային արժանապատուութիւնը ոտնահարուած է համակարգուած կերպով` ահաբեկելու եւ ոչնչութեան մատնելու ամբողջ ժողովուրդ մը:
Մեր պատմութենէն սորված ենք, որ լռութիւնը ոճրագործին գործակիցն է: Ահա թէ ինչո՛ւ, իբրեւ ցեղասպանութենէ վերապրած ազգ, մեր բարոյական պարտքն է բարձրաձայնել ու պահանջել արդարութիւն ոչ միայն անցեալին նկատմամբ, այլ նաեւ` ներկայ ողբերգութիւններու դէմ:
Հետեւաբար մեր պայքարը միայն հայութեան պայքարը չէ:
Պայքարն է ողջ մարդկութեան, որպէսզի անպաշտպան ժողովուրդներ չվերածուին ռազմական տարրալուծարաններու` փորձարկելու համար նոր տեսակի Միջին Արեւելք կամ նոր տեսակի անպատժելիութիւն:
Մինչեւ ե՞րբ աշխարհը պիտի մնայ թմբիրի մէջ:
Մինչեւ քանիի՞ պէտք է բարձրանայ «բաւարար զոհեր»-ու թիւը, որպէսզի ուշադրութեան արժանի դառնան:
Ո՛վ աշխարհի ղեկավարներ,
Մենք չենք խնդրեր գութ, չենք աղաչեր ողորմութիւն, մենք կը պահանջենք ճշմարտութիւն: Դուք ցեղասպանութիւնը կը ճանչնաք միայն այն ատեն, երբ աւարտի եւ կը դադրիք ճանչնալ, երբ յանցագործը դաշնակից դառնայ:
Բայց մենք կանք:
110 տարի ետք կանգնած ենք այստեղ` որպէս վկաներ, ոչ որպէս զոհեր: Դուք կրնաք ժամանակաւորապէս կեղծել պատմութիւնը կամ աչք խփել պատմութիւնը կեղծողներուն, բայց չէք կրնար խեղդել ճշմարտութեան ձայնը:
Չէք կրնար մեզի պարտադրել մոռնալ մեր նահատակները, մեր հողերը, որովհետեւ մենք վերապրեցանք ո՛չ որպէս հաշուարկ, այլ` պահանջատիրութիւն: Ցեղասպանութիւններ շարունակուեցան, եւ դուք կրկին լռեցիք, բայց մենք չենք լռեր:
Մեր Դատը կը վաճառուի ո՛չ քարիւղով, ո՛չ զէնքով, ո՛չ ալ դաշինքներով: Մենք պիտի չըլլանք կործանուած ժողովուրդ: Մենք պիտի ըլլանք արդարութեան յաւերժ ձայնը:
110 տարիներ ետք մենք հոս ենք` հաստատելու, որ ոճիրը իր նպատակին չհասաւ ու երբեք պիտի չհասնի:
Մէկուկէս միլիոն հայ ջարդուեցաւ, բայց մէկ անխորտակելի ժողովուրդ վերածնաւ:
Իսկ դուք, հայ երիտասարդներ,
Ձեր աչքերուն մէջ կը տեսնենք զարթօնքը:
Ձեր հոգին` նոր դրօշ մը կը հիւսէ:
Խօսեցէ՛ք հայերէն, պայքարեցէ՛ք, պահեցէ՛ք ձեր ինքնութիւնը:
Դո՛ւք էք Հայ դատի ապրող շունչը:
Դո՛ւք էք մեր արդարութեան լոյսը:
Դո՛ւք էք այն սերունդը, որ պիտի քանդէ լռութեան պատը:
Մի՛ յուսահատիք : Տակաւին սկիզբն ենք…
Այսօր, երբ պատմութիւնը կը փորձեն խեղաթիւրել, երբ ոմանք կը շտապեն «խաղաղութիւն» կնքել մոռացութեան գնով, մենք մեր մերժումի ու յիշողութեան ուժով կը բարձրանանք իբրեւ մէկ ազգ:
Մենք թոյլ պիտի չտանք որ Շուշին մոռցուի, մենք պիտի չհանդուրժենք, որ Արարատը վերագրուի ուրիշին:
Այս մութ օրերուն մեր հաւատքը աւելի յստակ է, քան երբեւէ: Եթէ ճշմարտութիւնը չբարձրաձայնենք մենք, ո՞վ պիտի բարձրաձայնէ: Եթէ այսօր չկանգնինք մենք, ե՞րբ պիտի կանգնինք:
Հայ ըլլալը յիշել է, հայ ըլլալը պայքարիլ է, հայ ըլլալը նաեւ մխիթարել է ուրիշին ցաւը:
Ա՛յդ է մեր ժառանգութիւնը` Եղեռնի խորքէն, արցախեան հերոսամարտէն, ու մեր գոյապայքարի ամէն մէկ շունչէն:
Ուրեմն, հայեր, Հայաստանի, Արցախի, Լիբանանի եւ աշխարհի չորս ծագերէն,
Եկէք, կանգնինք միասին` որպէս մէկ ազգ, մէկ ճակատագիր եւ մէկ ճշմարտութիւն:
Գիտակցինք, որ միասնականութիւնը աւելի ուժեղ զէնք մըն է, քան` թշնամիին զօրքերը:
Յիշենք, որ հայ ըլլալը, այո՛, պատիւ է, բայց նաեւ պարտաւորութիւն է:
Եւ ներկայիս, աւելի քան երբեք, այդ պարտաւորութիւնը կը ստիպէ մեզի չլռել:
Այսօր աշխարհի բոլոր ծագերուն հայը կոչուած է վերագտնելու իր ներքին հաւատքը ու վիշտը պահանջատիրութեան վերածել:
Մենք պիտի շարունակենք պայքարը նաեւ` մեր մշակութային ինքնութեան պահպանման, մեր պատմական իրաւունքներու վերականգնման եւ մեր ժողովուրդին արժանապատիւ ու ապահով գոյութեան համար:
Այս պահը ժամանակն է դադրելու պարտուած խօսքեր հնչեցնելէ: Այս պահը մեր հաւաքական վերակենդանացման պահն է: Մեր ուղին լի է խոչընդոտներով, բայց կը մնայ միայն մե՛ր ընտրութիւնը` շարունակե՞լ մեր գոյութեան պայքարը, թէ՞ նահանջել պարտուողականութեան ժխտական մթնոլորտին մէջ:
Յիշենք Լեւոն Շանթի պատգամը, որ ամէն հայու սրտին մէջ պէտք է հնչէ այսօր` թէ պարտութիւնները չեն կորսնցներ ազգ մը, բայց պարտուողական տրամադրութիւնը` ԱՅՈ՛:
Աշխարհաքաղաքական, ռազմաքաղաքական եւ ներազգային խորքային վերափոխումներու ներկայ փուլին Հայաստանը եւ ողջ հայութիւնը կանգնած են ճգնաժամի ու լրջագոյն մարտահրաւէրներու առջեւ, մենք կը մերժենք որեւէ յուսահատութիւն եւ յանձնուողական տրամադրութիւն, որովհետեւ կը հաւատանք, որ հայութիւնը իր մէջ ունի ուժականութիւնը` պարտութիւններէ յաղթանակ կերտելու եւ իր ազգային վարկը վերականգնելու:
Անվիճելի է հայկական ինքնութեան եւ հայրենի պետականութեան պահպանումը: Մեզի համար անկախ պետականութիւնը բացարձակ արժէք է: Սեփական հայրենիքի մէջ ազատ ապրելու եւ ստեղծագործելու հնարաւորութեան ստեղծումը` անխախտելի իրաւունք: Իսկ աշխարհասփիւռ հայութիւնը հայրենիքով տոգորուած մէկ ազգ ու մէկ դատ հետապնդող անքակտելի եւ անսակարկելի հաւաքականութիւն է:
Մենք պատրաստակամ ենք համագործակցելու բոլոր անոնց հետ, որոնք կը կիսեն այս մօտեցումները, եւ պատրաստ ենք պայքարելու յանուն արժանապատիւ եւ անվտանգ Հայաստանի ու Արցախի:
Արդ, անգամ մը եւս կոչ կ՛ուղղենք ազգային ուղղուածութիւն ունեցող բոլոր հայորդիներուն` միաժամանակ շարունակելու վերաթարմացնել սփիւռքեան կառոյցները, զանոնք դարձնելու առաւել նպատակասլաց եւ աշխուժ, վերացնելու սփիւռքահայութիւնը հայրենիքէն օտարացնելու ամէն փորձ եւ նպաստելու Հայաստան-սփիւռք կամուրջներու վերահաստատման, որովհետեւ քաջ կը գիտակցինք, որ յանձնառու սփիւռքը լաւագոյն գրաւականներէն է հզօր, ապահով եւ զարգացող հայրենիքի:
Հայաստանը ուժեղ է սփիւռքով, սփիւռքն ալ ուժեղ է Հայաստանով:
Երբ մենք միասին կանգնած ենք, արդարութեան ձայնը կը հնչէ աւելի բարձր, աւելի յստակ ու անպայման կը հասնի իր նպատակին:
* 23 ապրիլ 2025-ի հսկումին քաղաքական երեք կուսակցութիւններուն անունով արտասանուած խօսք: