Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական «Հորիզոն»-ի. Հայ Ժողովուրդի Պահանջատիրութեան Երթը Անվկանդ Շարունակելու Առաքելութիւնը Համազգային Յանձնառութիւն Է

April 29, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Մեր փրկութեան միակ բանալին բոլորանուէր մեր մասնակցութիւնն է ազգային-քաղաքական մեր կեանքին, եւ Հայ դատի հետապնդման գծով, ազգային-ազատագրական մեր անհաւասար պայքարին, անհատական եւ հաւաքական մեր բոլոր միջոցներով»:

ՍԱՐԳԻՍ ԶԷՅԹԼԵԱՆ

Հայոց Մեծ եղեռնին նախորդող ամիսներուն ընթացքին կայացած երիտթուրքերու կառավարութեան նիստերէն մէկուն ընթացքին Իթթիհատի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ եւ հայ ժողովուրդը զանգուածային ջարդի ենթարկելու գլխաւոր գաղափարախօսներէն Նազըմ պէյը կը յայտարարէր. «Անհրաժեշտ է ամբողջութեամբ կոտորել հայ ազգը` մեր հողին վրայ ոչ մէկ ողջ մնացած հայու հետք ձգելով: Նոյնիսկ «հայ» բառը պէտք է ջնջուի մեր յիշողութենէն: Պատերազմը լաւագոյն առիթն է` իրագործելու այս ծրագիրը»…

Հայոց ցեղասպանութեան անմիջական հետեւանքը հանդիսացան` հայ ժողովուրդի ֆիզիքական բնաջնջումը, Արեւմտեան Հայաստանի հայաթափումը եւ պատմական իր բնօրրանի կորուստն ու բռնագրաւումը: Յաջորդող տասնամեակներուն թրքական պետութեան իրերայաջորդ կառավարութիւնները շարունակած են Ցեղասպանութեան յանցագործութեան յաջորդող հանգրուանը` պատմութեան նենգափոխումով, Ցեղասպանութեան արարքը ուրանալով եւ Արեւմտահայաստանի մշակութային ժառանգութիւնը քանդելով ու հողին հաւասարեցնելով:

Հայութեան համար պատմական անկիւնադարձային արար էր 2015 թուականին հրապարակուած «Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի համահայկական հռչակագիր»-ը, որ հայ անկախ պետականութեան եւ Ցեղասպանութեան հետեւանք սփիւռքի հայութեան պաշտօնական դիրքորոշումը ներկայացնող համահայկական հռչակագիր է:

Հռչակագրի 6-րդ յօդուածին մէջ յստակօրէն բնութագրուած են հայոց պահանջատիրութեան հիմքերը, ուր յստակօրէն կը շեշտուի. «Հռչակագիրը արտայայտում է Հայաստանի եւ հայ ժողովրդի միասնական կամքը` Հայոց ցեղասպանութեան փաստի համաշխարհային ճանաչման հասնելու եւ Ցեղասպանութեան հետեւանքների յաղթահարման հարցում, ինչի համար մշակում է իրաւական պահանջների թղթածրար` դիտելով այն անհատական, համայնքային եւ համազգային իրաւունքների եւ օրինական շահերի վերականգնման գործընթացի մեկնարկ»:

Հռչակագրի հրապարակման նախօրեակին Հայոց ցեղասպանութեան հատուցումներու ուսումնասիրման խումբ»-ը 2014 թուականի սեպտեմբերին 1915-1923 Հայոց ցեղասպանութեան հատուցման հարցի իրաւական, պատմական, քաղաքական եւ բարոյական կողմերուն առնչուող գիտական բարձր մակարդակով ու խորքային վերլուծութեամբ հատուցման թղթածրար մը պատրաստեց, որուն հիմնական բաղադրիչներն էին`  Հայոց ցեղասպանութեան պատճառած նիւթական կորուստներու համար հատուցումներու պահանջները եւ ցեղասպանութեան ենթարկուած ժողովուրդի իրաւայաջորդը հանդիսացող պետական միաւորման համար հողային հատուցումները:

Այստեղ ուշագրաւ է, որ Մեծ եղեռնէն երկու տարի ետք, ՀՅ Դաշնակցութեան հիմնադիրներէն Ռոստոմի կողմէ Սթոքհոլմի Ընկերվար միջազգայնականի համագումարին (1917) կը ներկայացուէր յուշագիր մը, որուն բովանդակութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով կ՛ուրուագծուէին յանցագործութեան հատուցման առնչուող պահանջները («Նիւթեր ՀՅ Դաշնակցութեան պատմութեան համար – ԺԲ. հատոր», էջ 272): Այսպէս, յուշագրին մէջ Ռոստոմի կողմէ արձանագրուած է. «Կը պահանջենք նաեւ, որ հատուցում պահանջուի թրքական կառավարութենէն` պատերազմի ընթացքին բնաջնջուած հայ ընտանիքներուն` այն բոլոր նիւթական վնասներուն համար, զորս կարելի չէ արդարացնել մինչեւ իսկ ռազմավարական նկատումներով. հատուցում` այն բոլոր հարստութեանց` դրամ, անասուն, ապրանք, կարասի, որ խլուած են հայերէն պատերազմի եւ տարագրութեանց ընթացքին` պետական գանձին, քաղաքային եւ զինուորական պաշտօնեաներուն, Իթթիհատ կոմիտէի անդամներուն, չեթայական վոհմակներուն, զինուորականներուն եւ մահմետական ամբոխին կողմէ»:

Ցեղաջնջման, ազգասպանութեան, տեղահանութեան եւ բռնագաղթի յանցագործութեանց ի դիմաց հատուցումը կ՛ենթադրէ ֆիզիքական եւ նիւթական կորուստներու հատուցում: Իսկ հատուցման հարցի հիմնախարիսխը կը հանդիսանայ հայութենէն բռնագրաւուած հողերու եւ տարածքներու հատուցումը, որովհետեւ, ի վերջոյ, հայութիւնը ո՛չ միայն ցեղասպանութեան ենթարկուած է, այլեւ բռնօրէն հայրենազրկուած է:

Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման եւ հատուցման հարցը այսօր շարունակուող գործընթաց է, որովհետեւ հայ ժողովուրդին հանդէպ իրագործուած ցեղասպանական քաղաքականութիւնը այսօր կը շարունակուի Թուրքիոյ ուրացման քաղաքականութեամբ եւ Ազրպէյճանի կողմէ արցախահայութեան բռնագաղթով ու Արցախի մշակութային ժառանգութեան ոչնչացումով: Միւս կողմէ` Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումը եւ դատապարտումը կը շարունակեն մնալ Հայաստանի պետութեան անվտանգութեան եւ հայութեան ազգային ռազմավարութեան կարեւորագոյն բաղադրիչներէն մէկը:

Մինչ հայ ազգի պահանջատիրական երթը թեւակոխած է նոր փուլ, եւ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման գործընթացը վերածուած է աշխարհաքաղաքական գործօնի, Հայոց ցեղասպանութեան պատմական իրողութիւնը քննարկման օրակարգի եւ բանավէճի վերածելու ու այդ մասին «խորհրդածելու» միտքը յառաջ մղող Հայաստանի Հանրապետութեան իշխող վարչախումբին եւ այս խումբի ղեկավարի վտանգաւոր մտադրութիւնները, Հայոց ցեղասպանութեան «առաջնահերթութիւն»-ը սակարկութեան սակարանին վրայ զետեղելու փորձութիւնները, «պատմական» Հայաստանը «իրական»-ին հակադրելու փորձաքննութիւնները իրողապէս միա՛յն կը հարուածեն մեր պահանջատիրութեան երթին եւ պատմական իրաւունքներու ու արդարութեան վերականգնման աշխատանքներուն: Երկարաժամկէտ հեռանկարով, գործող վարչախումբի այս ընթացքը կրնայ յանգիլ միա՛յն մէկ թշուառ վախճանի` «իրական» Հայաստանի կորուստին:

Նախորդը

Միացեալ Նահանգներու Դատաւորը Մերժած Է Ազրպէյճանցի Փաստաբանին 500 Միլիոն Տոլարի Դատը` Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբին Եւ 29 Ուրիշներու Դէմ

Յաջորդը

Աշխարհի Բոլոր Ծագերուն Հայը Կոչուած Է Վերագտնելու Իր Ներքին Հաւատքը Ու Վիշտը Պահանջատիրութեան Վերածել*

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.