Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քաղաքապետական Ընտրութիւններուն Մասնակցութիւնը Քաղաքացիական Պարտաւորութիւն Է

April 30, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ

Քանի մը օրէն ընթացք կ՛առնեն Լիբանանի քաղաքապետական եւ թաղապետական ընտրութիւնները: Այս ընտրութիւնները պէտք է տեղի ունենային տարի մը առաջ, սակայն երկրին դիմագրաւած անապահով վիճակը ստիպեց խորհրդարանին զայն յետաձգելու: Ոմանք կը կարծէին, որ յաջորդական յետաձգումներ պիտի ըլլան, ստիպելով կառավարութեան նշանակումներով լրացնելու այլազան պատճառներով լուծուած ինքնակառավարման մարմինները: Յունուարին նախագահի ընտրութիւնը եւ նոր կառավարութեան կազմութիւնը կարելի դարձուցին օրինականութեան վերադարձը եւ ժողովրդային կամքի գործադրութիւնը:

Լիբանանեան պետութիւնը ստեղծուած է բազմաթիւ համայնքներու միջեւ համաձայնութեամբ եւ համախոհութեամբ: Կան մեծ ու փոքր համայնքներ, սակայն անոնցմէ ոչ մէկը ունի ժողովրդային մեծամասնութիւն. այդ պատճառով ալ պետական սպասարկութիւններուն մէջ պաշտօնները բաժնուած են գլխաւոր համայնքներու միջեւ, սկզբունք ընդունելով քրիստոնեայ եւ իսլամ հաւաքականութիւններու միջեւ թուային հաւասարութիւնը: Խորհրդարանին, կառավարութեան, դատական իշխանութեան, ապահովական ուժերուն մէջ կարելի է, երբեմն դժուարութեամբ, այդ հաւասարակշռութիւնը պահպանել: Քաղաքապետութիւններու ու թաղապետներու պարագային հնարաւոր չէ, քանի որ զուտ քրիստոնեայ բնակչութիւն ունեցող գիւղի մը մէջ կարելի չէ խառն գիւղապետութիւն յառաջացնել, նմանապէս զուտ իսլամական բնակչութեամբ վայրերուն մէջ քրիստոնեաներու մասնակցութիւնը ապահովել: Այս պատճառով, քաղաքապետական եւ թաղապետական ընտրութեան օրէնքը չէ նախատեսած համայնքային որեւէ բաժանում:

Նման բաժանում սակայն անհրաժեշտ է խառն բնակչութիւն ունեցող քաղաքներու եւ աւաններու մէջ: Այդ բաժանումը ցարդ կը կատարուէր քաղաքական ուժերու բարեացակամ համաձայնութեամբ: Միջհամայնքային տարակարծութիւններու սրումը պատճառ դարձաւ, վերջին ընտրութիւններուն, համախոհական այս սկզբունքին խախտումին ու կարգ մը խառն բնակչութեամբ վայրերու մէջ ընտրուեցան միատարր խորհուրդներ:

Ամէնէն աւելի խնդրայարոյց է մայրաքաղաք Պէյրութի պարագան: Նախորդող տարիներուն, միշտ ալ կարելի եղած է քսանչորս անդամներ ունեցող քաղաքապետական խորհուրդին մէջ պահպանել քրիստոնեայ-իսլամ հաւասարակշռութիւնը: Պէյրութի բնակչութեան մեծամասնութիւնը իսլամ է, եւ իսլամները հնարաւորութիւն ունին միայն իսլամներէ բաղկացած քաղաքապետական խորհուրդ ընտրելու: Կան խմբաւորումներ, որոնք կ՛ուզեն օգտուիլ այս կարելիութենէն: Պէյրութ մայրաքաղաք է ու հայելին` համայնքային համախոհութեան: Խորհրդարանի 24 Ապրիլի նիստին այս հարցին արծարծումը վէճերու պատճառ դարձաւ: Օրինական լուծման մը հասնելու համար ուշ է, սակայն կրնայ գործել, պէտք է գործէ, լիբանանեան համախոհական աւանդութիւնը, որպէսզի ապահովուի բոլորին, նաե՛ւ հայերուն, մասնակցութիւնը մայրաքաղաք Պէյրութի կառավարման գործերուն:

Հայ համայնքը քանի մը վայրերու մէջ տիրապետող դիրք ունի. Այնճարը զուտ հայկական է, Պուրճ Համուտը` երկու երրորդով հայկական: Լեռնալիբանանի Պէյրութի մերձակայ վայրերուն մէջ ունինք քաղաքապետական խորհուրդներու անդամներ եւ թաղապետներ: Անհրաժեշտ է, որ այս դիրքերը պահպանուին, որպէսզի Լիբանանի հայերը գործնապէս մասնակից մնան երկրի քաղաքական, տնտեսական, ընկերային եւ մշակութային կեանքին: Յանձնառու կեցուածքով է, որ կրնանք ապահովել, իբրեւ քաղաքացիական հասարակութիւն, մեր ինքնատիպ մասնակցութիւնը Լիբանանի ընկերային հիւսուածքին: Պէյրութի մէջ թէ այլուր, տեղական ինքնակառավարական մարմիններուն մէջ մեր ներկայութիւնը թէ՛ իրաւունք է եւ թէ՛ պարտաւորութիւն: Մեր մասնակցութեամբ միաժամանակ կը նպաստենք լիբանանեան իւրայատուկ ժողովրդավարութեան ամրապնդման, Սահմանադրութեամբ ճշդուած համայնքներու իւրայատկութիւններու յարգումին:

Լիբանան թեւակոխած է իր անկախ գոյութեան կարեւոր դարձակէտը: Պետական կառոյցներու վերակազմակերպումը, օրէնքի գերակայութեան գործադրութիւնը, արդարութեան վերահաստատումը, տնտեսութեան աշխուժացումը եւ ընկերային արդարութեան կայացումը կը պահանջեն քաղաքացիական գիտակցութիւն: Ընտրե՛նք ճիշդն ու արդարը, մասնակցի՛նք խոստացուած վերանորոգումին ու մնա՛նք պահանջատէր մեր իրաւունքներուն:

 

 

Նախորդը

Խմբագրական «Ալիք»-ի. Որպէսզի Չմնանք Ուրացման Ու Դաւաճանութեան Խարանի Տակ

Յաջորդը

Թենիս. Ալքարաս Նահանջեց 1 Դիրք

RelatedPosts

Մուսա Լերան Անմար Կրակը`  Անցեալէն Դէպի Մերօրեայ Ապրումներ
Անդրադարձ

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Սեպտեմբեր 21-ը՝ Յիշատակի, Խոնարհումի Եւ Ազգային Ուխտի Օր

September 24, 2026
Մուսա Լերան Հերոսներուն Յիշատակը Կը Պարտաւորեցնէ Պահպանել Մեր Ինքնութիւնն Ու Այնճարի Հայեցի Դիմագիծը, Զօրացնել Հայաստանը Եւ Պահպանել Լիբանանի Հայկական Ներկայութիւնը*
Անդրադարձ

Մուսա Լերան Հերոսներուն Յիշատակը Կը Պարտաւորեցնէ Պահպանել Մեր Ինքնութիւնն Ու Այնճարի Հայեցի Դիմագիծը, Զօրացնել Հայաստանը Եւ Պահպանել Լիբանանի Հայկական Ներկայութիւնը*

September 24, 2026
Ուսանողութիւնը Եւ Մենք
Անդրադարձ

Կայունութիւնը Երաշխիք Է Հեղինակութեան

September 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.