Ն. ԱՒԱԳԵԱՆ
Ապրիլ ամիսը հայկական տօնացոյցին վրայ իրեն յատուկ տեղը ունի:
Ամէն տարի ապրիլին Հայոց ցեղասպանութեան ոգեկոչման առիթով հայեր բողոքի ցոյցերով, քայլարշաւներով, յիշատակի հանդիսութիւններով իրենց ցասումը կ՛արտայայտեն 24 ապրիլ 1915-ին Թուրքիոյ կողմէ հայ ժողովուրդին հանդէպ գործադրուած ցեղասպանութեան եւ 1,5 միլիոն նահատակներուն ու բռնագրաւեալ հողերուն համար արդարութիւն ու վնասուց հատուցում կը պահանջեն ցեղասպանէն:
Այս տարի եւս լիբանանահայ գաղութէն ներս կազմակերպուեցան նմանօրինակ նախաձեռնութիւններ, որոնց շարքին ակներեւ եւ յիշատակութեան արժանի էր Հայոց ցեղասպանութեան 110-ամեակին առիթով Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան կազմակերպած «Նեմեսիս» գեղարուեստական ներկայացումը, որ տեղի ունեցաւ երեքշաբթի, 22 ապրիլ 2025-ին:
«Ազգային արժանապատուութեան ասպետներուն յիշատակին» թեման կրող գեղարուեստական եզակի ներկայացումը իր դրական անդրադարձը ունեցաւ հանդիսատեսներուն վրայ:
Յստակ էր, որ այդ ներկայացումը արդիւնքն էր ամիսներու պատրաստութեան ու հետեւողական ճիգերու: Արդարեւ, մեր օրերուն նման ձեռնարկի մը ծրագրումն ու իրագործումը արդիւնքն է նաեւ կազմակերպիչ կողմին այն համոզումին, որ ազգերու գոյութեան երաշխիքներէն մէկը մշակոյթի ճամբով սերունդէ սերունդ պատմութեան փոխանցումն է:
22 ապրիլի երեկոյեան «Քազինօ Տիւ Լիպան»-ի սրահին մէջ շատ շատեր ականատես եղան այդ իրողութեան, որովհետեւ Համազգայինի գեղարուեստի խումբերը իրենց գեղեցիկ կատարումներով բեմականացուցին Հայոց ցեղասպանութիւնն ու «Նեմեսիս»-ի վրիժառու բազուկներու յաղթանակը:
Հայկական պարեղանակներով թէ երգերով գեղարուեստի խումբերը յաջողեցան հանդիսատեսին փոխանցել Հայոց պատմութեան ահաւոր եւ պանծալի էջերը:
Բեմին վրայ ներկայացուած իւրաքանչիւր պատկեր, արուեստի ներկայացում ըլլալէ աւելի ունէր դաստիարակիչ եւ ոգեշնչող բնոյթ: Փաստօրէն, հմտօրէն մատուցուած իւրաքանչիւր պատկեր` պատմական Հայաստանի եւ պոլսահայութեան կենցաղին ներկայացում, ապա Հայոց ցեղասպանութեան արհաւիրքը ապրած եւ անկէ յարութիւն առած հայորդիներու դժբախտ վիճակ, արդարութեան հաստատման ի խնդիր պայքարած հայ վրիժառու բազուկներու արձանագրած յաղթանակներ, կը կրէր իւրայատուկ խորք ու պատգամ, թէ կարելի է գեղարուեստական ներկայացումով յիշատակել ու ոգեկոչել Հայոց ցեղասպանութիւնը:
«Նեմեսիս» գեղարուեստական ներկայացումը հանդիսատեսին յիշողութեան մէջ կարողացաւ արթնցնել Հայոց ցեղասպանութեան պատմութիւնը եւ արիւնարբու թուրքին վայրագութիւնները, մատղաշ սերունդին ներկայացնել ցեղասպանութիւնը եւ անոր ներշնչել պայքարելու ու գոյատեւելու ոգին:
«Նեմեսիս» գեղարուեստական ներկայացումին ընթացքին հանդիսատեսն ու յայտագիրին մասնակիցները ապրեցան անկրկնելի հոգեվիճակներ: «Նեմեսիս»-ը վերակենդանացուց հայուն հաւատքը, ցոյց տուաւ տոկալու եւ պայքարելու անոր կամքը, որուն շնորհիւ հայը յաղթեց մահուան: «Նեմեսիս»-ը բեմականացուց` մեր պատմական արժէքները, Օսմանեան կայսրութեան գործադրած ահաւոր ոճիրը, Կոմիտաս վարդապետի տագնապալի հոգեվիճակները, ջարդի տեսարանները, 1,5 միլիոն նահատակներուն յիշատակը վառ պահելու մեր վճռակամութիւնը եւ հայուն ունեցած կորուստներուն արդար հատուցումը:
Համազգայինը ներկայացուց նաեւ ՀՅ Դաշնակցութեան արդարահատոյցներուն սխրանքները, Սողոմոն Թեհլիրեանի արդար վրէժի ոգին եւ թուրք ոճրագործներուն մահապատիժը:
Վերջապէս, «Նեմեսիս»-ը եզակի արուեստով ներկայացուց Հայոց ցեղասպանութեան պատմութիւնը, որ վերաթարմացաւ մեծահասակ հանդիսատեսներուն միտքերուն մէջ, իսկ նորահաս սերունդին ջամբեց պատմութիւն եւ պահանջատիրական ոգի:
Ազգային արժանապատուութեան ասպետներուն յիշատակին նուիրուած բեմականացումով վերանորոգեցինք մեր ուխտը եւ պայքարելու կամքը:
Վա՛րձքը կատար բոլորին:


