ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ
Ռուսական կիսապաշտօնական քաղաքական մարտավարական հիմնարկին` «Վալտայ» միջազգային քննարկումի ակումբին, 7 մարտ 2025-ի յօդուածին խորագիրն է վերոնշեալը: Հեղինակը` դոկտ. Վալի Քալեժի, Թեհրանի մէջ, Կեդրոնական Ասիոյ եւ Կովկասի ուսումնասիրութիւններու փորձագէտ է: Ստորեւ ամբողջութեամբ կը թարգմանեմ Հայաստանի ու հայութեան համար ահազանգ պարունակող այս յօդուածը (1).
Նախ` «Վալտայ»-ի նախաբանը. «Ազրպէյճանի Հանրապետութիւնը իր սերտ դաշնակից Թուրքիոյ հետ միասին կը փորձէ նոր յարաբերութիւններ սահմանել Սուրիոյ նոր ղեկավարներուն հետ: Այս զարգացման կարեւոր եւ երկարաժամկէտ հետեւանքը կ՛ըլլայ Հարաւային Կովկասի մէջ Սուրիոյ, Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի հանրապետութիւններուն միջեւ աւելի սերտ համադրուած քաղաքական ուղղութեան դրսեւորումին»:
Դամասկոսի հրապարակը` Ասատի կառավարութեան անկումին օրը:
Ա.- «Սուրիոյ եւ Ազրպէյճանի Հանրապետութեան միջեւ յարաբերութիւններու աստիճանական զարգացումը:
Սուրիոյ Արաբական Հանրապետութիւնը 16 յունուար 1992-ին ճանչցաւ ազրպէյճանական պետութեան անկախութիւնը, եւ երկու երկիրներուն միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատուեցան 28 մարտ 1992-ին: Հակառակ ղարաբաղեան առաջին պատերազմին ժամանակ (1988-1994) Սուրիոյ եւ Հայաստանի միջեւ սերտ կապերուն, Պաքուն եւ Դամասկոսը փորձեցին զարգացնել յարաբերութիւնները` առանց «երրորդ գործօնի» ազդեցութեան: Թէեւ Պաքուի եւ Դամասկոսի միջեւ յարաբերութիւններու զարգացումը չընթացաւ Երեւանի եւ Դամասկոսի յարաբերութիւններուն չափով, սակայն Ազրպէյճանի Հանրապետութիւնը մայիս 2008-ին դեսպանութիւն բացաւ Դամասկոսի մէջ:
«9 յուլիս 2009-ին Սուրիոյ Արաբական Հանրապետութեան նախագահ Պաշշար Ասատ Ազրպէյճան իր առաջին պաշտօնական այցը կատարեց: Կողմերը համաձայնեցան 1-1,5 միլիառ խորանարդ մեթր ազրպէյճանական կազ մատակարարել Սուրիա: Այցին ընթացքին տեղի ունեցաւ Ազրպէյճան-Սուրիա գործարարներու համաժողով: 23 նոյեմբեր 2010-ին կողմերը համաձայնեցան բնական կազի 20-ամեայ գնումի գործնական մանրամասնութիւններուն շուրջ: Դեկտեմբեր 2011-ին Ազրպէյճան սկսաւ բնական կազ արտածել Սուրիա` Թուրքիոյ եւ Վրաստանի վրայով:
Բ.- «Սուրիոյ քաղաքացիական պատերազմէն ետք` դէպի յարաբերութիւններու կրճատում:
«Սակայն 15 մարտ 2011-ին սուրիական քաղաքացիական պատերազմը սկսելէն ետք, Ազրպէյճանի եւ Սուրիոյ յարաբերութիւնները աստիճանաբար բարդացան: Պաքուն յայտարարեց, որ ժամանակակից միջազգային համակարգին մէջ իբրեւ փոքր պետութիւն` Ազրպէյճանը կը փորձէ անմիջականօրէն չներքաշուիլ սուրիական հակամարտութեան մէջ: Սակայն Ազրպէյճանի վրայ իր ազդեցութիւնը ունեցաւ տարբեր առումներով:
«Նախ` կրօնական տեսակէտէն, ի տարբերութիւն քրիստոնեայ Հայաստանին, Ազրպէյճանի Հանրապետութիւնը իսլամական երկիր է: Հետեւաբար Սուրիոյ մէջ քաղաքացիական պատերազմը եւ տարբեր ահաբեկչական խմբաւորումներու, ինչպիսիք են՝ ՏԱՀԵՇ-ը եւ Ալ-Նուսրա ճակատը, իրենց արմատական կրօնական գաղափարներով յայտնուիլը, կրնային ազդել Ազրպէյճանի հասարակութեան վրայ` հակառակ Սուրիայէն անոր աշխարհագրական հեռաւորութեան, ինչպէս նաեւ` Սուրիոյ եւ Ազրպէյճանի կրօնական տարբեր կառուցուածքին եւ կազմին վրայ:
«Տարբեր գնահատականներ կային, թէ քանի՛ Ազրպէյճանի քաղաքացիներ միացած են «խալիֆայութեան», թիւը շուրջ 400-1000 զինեալ է: Սուրիական քաղաքացիական պատերազմին մասնակցող ազրպէյճանցի մարտիկներուն թիւը էական չէր: Սակայն սալաֆական (ծայրայեղ իսլամ *) գաղափարները կրնային սպառնալ երկրին քաղաքական աշխարհիկ կառուցուածքին:
«Երկրորդ` քաղաքական տեսանկիւնէն, «Արաբական գարուն»-ի յեղափոխութիւններուն սկիզբէն, Պաքուն կը գտնուէր քաղաքական անորոշ վիճակի մը մէջ: Օրինակ` Եգիպտոսի նախկին նախագահ Հուսնի Մուպարաքի արձանը վերցուեցաւ Պաքուի արուարձաններէն եւ փոխարինուեցաւ աւելի չէզոք արձանով մը: Սակայն հակառակ Թուրքիոյ հետ սերտ եւ ռազմավարական յարաբերութիւններուն, Պաքուն չէր կրնար բացայայտօրէն աջակցիլ սուրիական ընդդիմութեան եւ Դամասկոսի կառավարութեան փոփոխութեան: Միւս կողմէ` Պաքուն չէր ուզեր նաեւ աջակցիլ Հայաստանի, Ռուսիոյ եւ Իրանի մօտիկ դաշնակից Պաշշար Ասատի կառավարութեան: Այս երկուութիւնը պատճառ դարձաւ, որ Ազրպէյճանի Հանրապետութիւնը սուրիական ճգնաժամին նկատմամբ զգուշաւոր մօտեցում որդեգրէ:
«Թէեւ Ազրպէյճանը հոկտեմբեր 2011-ին ստիպուած էր պաշտպանել Արաբական լիկայի որոշումը` դադրեցնելու Սուրիան իբրեւ ՄԱԿ-ի խորհուրդի ոչ մնայուն անդամ, ան շատ աւելի զգուշ գտնուեցաւ: Արդարեւ, ազրպէյճանական կառավարութիւնը, որ նախապէս լռած էր Սուրիոյ տագնապին մասին, դաժանօրէն բռնի` այդ փակուղին նկատեց իբրեւ դրական զարգացում: Ղեկավարութիւնը կը հաւատար, որ դաժան եւ քաոսային աղանդաւորական բռնութիւնը, որ յաջորդեց Ասատի դէմ ապստամբութեան, վարկաբեկեց նոյնինքն Պաքուի կառավարութեան փոփոխութեա՛ն ալ որեւէ մղում: Ճակատագիր մը, որմէ երկիրը կ՛ուզէ խուսափիլ: Սուրիական քաղաքացիական պատերազմին պատճառով Սուրիոյ մէջ Ազրպէյճանի դեսպանութիւնը Պէյրութ տեղափոխուեցաւ:
«Բացի այդ, մէկ կողմէ Պաքուն Սուրիան մեղադրած է Հայաստանի հետ համագործակցելուն համար` Ղարաբաղի մէջ սուրիահայեր բնակեցնելու, իսկ միւս կողմէ` Ազրպէյճանը աջակցած է 2 յունուար 2018-ի սուրիական Աֆրինի մէջ քրտական ՓՔՔ-ի եւ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ Թուրքիոյ գործողութեան: Պաքուի եւ Դամասկոսի միջեւ տարաձայնութիւնները նոր փուլ մտան ղարաբաղեան երկրորդ պատերազմի ժամանակ (27 սեպտեմբերէն – 10 նոյեմբեր, 2020): Մինչ Հայաստանն ու Սուրիան կը մեղադրէին Թուրքիան եւ Ազրպէյճանը սուրիացի սալաֆական զինեալներ Ղարաբաղ ուղարկելու մէջ, Պաքուն եւ Անգարան կը մեղադրէին Սուրիան եւ Հայաստանը` Հայաստանի ազատագրութեան հայկական գաղտնի բանակին (ASALA), Ժողովրդական պաշտպանութեան ջոկատներուն (YPG) եւ Քիւրտիստանի աշխատաւորական կուսակցութեան (PKK) տարածաշրջանին մէջ օժանդակելուն համար: Այս զարգացումներուն հետեւանքը Դամասկոսի եւ Պաքուի յարաբերութիւններուն մակարդակի կտրուկ անկումն էր:
Գ.- «Պաշշար Ասատի կառավարութեան փլուզումէն ետք ի՞նչ փոփոխութիւններ կը նախատեսուին:
«Սակայն կը թուի, թէ 8 դեկտեմբեր 2024-ի Պաշշար Ասատի կառավարութեան յանկարծակի անկումէն ետք այս պայմանները աստիճանաբար կը փոխուին, եւ արտաքին քաղաքական բազմաթիւ մօտեցումներ կը վերանայուին: Շատ կարեւոր է 30 դեկտեմբեր 2024-ին Ուքրանիոյ արտաքին գործոց նախարար Անտրէյ Սիպիհայի գլխաւորութեամբ բարձրաստիճան պատուիրակութեան Դամասկոս այցը, որ հանդիպեցաւ Սուրիոյ առաջնորդ եւ «Հայաթ Թահրիր ալ-Շամ»-ի (HTS) ղեկավար Ապու Մոհամետ ալ-Ժոլանիի (Ահմետ Հուսէյն ալ-Շարահ) հետ:
«Իրօք, Ազրպէյճանի արտաքին գործոց փոխնախարար Եալչին Ռաֆիեւը 29 դեկտեմբեր 2024-ին Սուրիա կատարած վերջին այցի ժամանակ հանդիպեցաւ Սուրիոյ նոր արտաքին գործոց նախարար Ասատ ալ-Շայպանիի հետ: Այնուհետեւ Ազրպէյճանը 13 տարուան ընդմիջումէն ետք, 18 փետրուար 2025-ին վերաբացաւ Դամասկոսի մէջ իր դեսպանատունը: Արդարեւ, ան ընդգծեց, որ Ազրպէյճանը, Թուրքիոյ կողքին, զօրավիգ կը կանգնի Սուրիոյ այս վճռորոշ ժամանակաշրջանին, որ նպատակ ունի ապահովելու երկրին կայունութիւնը եւ իր ժողովուրդին բարօրութիւնը: Ռաֆիեւը նաեւ վստահեցուցած է, որ Սուրիոյ վերականգնումին համար Ազրպէյճան անհրաժեշտ ամբողջ աջակցութիւնը կը տրամադրէ:
«Այս յայտարարութիւնները կը վկայեն, որ Ազրպէյճանի Հանրապետութիւնը մտադիր է իր աւանդական դաշնակից Թուրքիոյ կողքին, աւելի կարեւոր դեր խաղալ Ասատէն ետք Սուրիոյ մէջ: Կը թուի, որ Թուրքիոյ հետ սերտ յարաբերութիւնները Սուրիոյ նոր ղեկավարներուն հետ, ինչպէս նաեւ Ասատէն ետք Սուրիոյ մէջ Հայաստանի բացակայութիւնն ու տկարացումը լաւ հնարաւորութիւն կ՛ընձեռեն Պաքուին: Բացի այդ, Ազրպէյճանը կրնայ Թուրքիոյ հետ մասնակցիլ Սուրիոյ վերաշինութեան գործին, որ այնտեղի ազրպէյճանական պետական եւ յատուկ ընկերութիւններու տնտեսական եւ առեւտրային ազդեցութիւնը, Ասատի հեռանալէն ետք, կը մեծցնէ:
«Այլ ուշագրաւ կէտ է Սուրիոյ ընդդիմութեան կողմէ Պաշշար Ասատի իշխանութեան անկումին եւ Ազրպէյճանի կողմէ Լեռնային Ղարաբաղի վերագրաւումին նմանութիւնը*: Այս առնչութեամբ, Եալչին Ռաֆիեւը Սուրիոյ նոր արտաքին գործոց նախարար Ասատ ալ-Շայպանիի հետ հանդիպման ժամանակ ընդգծած է, որ «Ազրպէյճանի փորձը` վերականգնելու ազատագրուած տարածքները, կարելի է կիրարկել Սուրիոյ մէջ վերականգնումի ջանքերուն` ակնարկելով Ղարաբաղին, որ ազատագրուած է 2020-2023-ին շուրջ 30 տարի գրաւումէն»**: Իրօք, Շայպանին ընդգծեր է, որ` «Ազրպէյճանի կողմէ իր գրաւեալ տարածքներու ազատագրումը վճռորոշ է համաշխարհային խաղաղութեան եւ կայունութեան հաստատման համար եւ իր շնորհաւորանքը յղած է ազերի ժողովուրդին»:
*Ո՛չ մէկ դոյզն նմանութիւն կարելի է տեսնել: **Ազերին իր գրաւած տարածքներուն մէջ գիւղեր, եկեղեցիներ եւ մշակութային յուշարձաններ քանդած է ու կը քանդէ տակաւին եւ գերեզմաններ կը պղծէ: Ի՛նչ վերականգնումի մասին է խօսքը:
«Մինչ Պաշշար Ասատի ղեկավարութեամբ, Անգարայի հետ լարուածութիւնը գագաթնակէտին էր, Սուրիան կը փորձէր հակազդել Թուրքիոյ մօտեցումին, որ կ՛աջակցէր սուրիական ընդդիմութեան` հայերու կոտորածով (ցեղասպանութեամբ*): Օրինակ` Սուրիոյ այն ժամանակուան փոխվարչապետ եւ արտաքին գործոց նախարար Ուալիտ Մուալլեմ Հայաստանի նախկին արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանին հետ մամլոյ ասուլիսին, 27 մայիս 2015-ին, Դամասկոսի մէջ ըսաւ. «Եթէ միջազգային հանրութիւնը անհրաժեշտ պատիժ սահմանէր 20-րդ դարասկզբին Հայոց ցեղասպանութիւնը գործադրած դահիճներուն նկատմամբ, ապա անոնց սերունդները այսօր Թուրքիոյ մէջ չէին համարձակեր վայրագութիւններ գործել Սուրիոյ մէջ իրենց խաղաքարերուն միջոցով»: Ուստի զարմանալի չէր, որ Սուրիան երկրորդ արաբական երկիրն էր Լիբանանէն ետք, որ ճանչցաւ հայերու ջարդերը` իբրեւ ցեղասպանութիւն, 13 փետրուար 2020-ին:
«Վերջին կարեւոր իրադարձութիւնը` 14 փետրուար 2025-ին, Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը շնորհաւորեց Ահմատ ալ Շարաաը (Ապու Մոհամետ ալ Ժոլանին)` անցումային շրջանի Սուրիոյ Արաբական Հանրապետութեան նախագահի պաշտօնը ստանձնելուն առիթով: Ուղերձին մէջ ըսած է. «Այսօր մեծ հնարաւորութիւններ կան Ազրպէյճանի եւ Սուրիոյ միջեւ յարաբերութիւնները որակապէս նոր մակարդակի բարձրացնելու եւ մեր համագործակցութիւնը նոր բովանդակութեամբ հարստացնելու համար: Այս առումով, ես առիթէն կ՛օգտուիմ` հրաւիրելու ձեզ Ազրպէյճան այցելել»: Կարծես թէ կարելի է ակնկալել, որ Սուրիոյ նոր ղեկավարը մօտ ապագային կ՛այցելէ Պաքու` Սէուտական Արաբիա եւ Թուրքիա կատարած պաշտօնական այցելութիւններէն ետք:
«Հետեւաբար Սուրիոյ նոր ղեկավարներուն այժմու դիրքորոշումները լիովին կը հակասեն Պաշշար Ասատի ղեկավարութեան տակ գտնուող դիրքորոշումին` հայերու եւ Հայաստանի զօրակցութեան եւ աջակցելուն վերաբերեալ: Այս կը նշանակէ, որ Պաշշար Ասատի տապալումէն ետք զգալի փոփոխութիւն կատարուած է Սուրիոյ մօտեցումներուն մէջ` թէ՛ Ազրպէյճանի եւ թէ՛ ալ Հայաստանի նկատմամբ: Այս զարգացումին կարեւոր եւ երկարաժամկէտ հետեւանքը կ՛ըլլայ Հարաւային Կովկասի մէջ Սուրիոյ, Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի Հանրապետութեան միջեւ աւելի մեծ գործակցութիւնը:
Այս յօդուածէն կը պակսի Իսրայէլի գործօնը, որ հաւանաբար Թուրքիայէն աւելի՛ սերտ ռազմավարական դաշնակիցն է Ազրպէյճանին: Այնպէս որ, Հարաւային Կովկասի մէջ Թուրքիոյ, Ազրպէյճանի եւ Սուրիոյ կողքին, պէտք է աւելցնել նաեւ Իսրայէլի գործօնը եւ այս չորսին ետին կանգնող Միացեալ Նահանգները: Այս ռազմավարական դաշինքին դէմ կը յայտնուին, միա՛յն Իրանը եւ Ռուսիան: Շատ յստակ է, որ Հայաստանը իր բնական ռազմավարական դաշնակիցներուն` Իրանի եւ Ռուսիոյ հետ ամբողջական կերպով պէտք է գործակցի:
14 մարտ 2025
———–
* Լուսաբանութիւնները իմ կողմէս
- https://valdaiclub.com/a/highlights/what-changes-are-coming-after-the-fall-of-assad/?utm_source=newsletter&utm_campaign=471&utm_medium=email