Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Միացեալ Նահանգներու Դատաւորը Մերժած Է Ազրպէյճանցի Փաստաբանին 500 Միլիոն Տոլարի Դատը` Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբին Եւ 29 Ուրիշներու Դէմ

Ապրիլ 29, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ

Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը (ANCA) նախորդ շաբաթ յայտարարեց, որ 14 ապրիլ 2025-ին Միացեալ Նահանգներու դաշնակցային/շրջանային դատարանը մերժած է 500 միլիոն տոլարի դատը, զոր ներկայացուցած է Լակունա Պիչի մէջ բնակող ազրպէյճանցի փաստաբան Այնուր Պաղիրզատէն` ընդդէմ Հայ դատի յանձնախումբին եւ 29 ուրիշներու:

Պաղիրզատէն իր 198 էջերէ բաղկացած դատական դիմումին մէջ «անհիմն մեղադրանքներ ներկայացուցած է», յայտարարեց Հայ դատի յանձնախումբը: «Դատարանը մերժած է հայցուորին (Պաղիրզատէի) երրորդ փոփոխուած բողոքը` մերժելով այդ դատը, չընդունելով մնացեալ միջնորդութիւնները` իբրեւ վիճելի, իսկ գործը  փակուած յայտարարելով»: Աւելի ուշ ան «Էքս»-ի վրայ գրեց, որ մտադիր է բողոքարկել որոշումը:

Հայ դատի յանձնախումբը նշեց, որ ամիսներ շարունակ Պաղիրզատէն զբաղած էր «ընկերային ցանցերուն վրայ հրահրող գրառումներու երկար շարանով»` Հայաստանը բնութագրելով իբրեւ «քաղցկեղային ուռուցք», որ` «պէտք է ջնջուի Հարաւային Կովկասէն»: «Էքս»-ի բազմաթիւ գրառումներու մէջ ան ինքնիրեն անուանած է «Միացեալ Նահանգներ ներգաղթի եւ գործարարութեան փաստաբան … Եթէ ճշմարտութիւնը ձեզ կը վախցնէ, ես կը սարսափեցնեմ ձեզ…»: Ան նաեւ գրած է. «Դուն կը պայքարիս ահաբեկչական կազմակերպութեան դէմ, եւ ի յայտ կու գայ, որ անիկա ունի` իր դատաւորները, ոստիկանները, պետական պաշտօնեաները եւ նոյնիսկ` քոնկրեսականները»: Ան աւելցուցած է. «Պատկերացուր քու ուժդ, որ կը մղէ մարդիկ երթալու եւ կաշառելու դատաւորները` քեզ վնասելու համար…»: Ան նոյնիսկ ծաղրած է Հայոց ցեղասպանութիւնը` յայտարարելով, որ հայերը «կոկորդիլոսի արցունքներ թափած են 1915 թուականի իրադարձութիւններուն գծով»:

Ի լրումն իր բորբոքած հռետորաբանութեան` Պաղիրզատէն կատարած է «Էքս»-ի բազմաթիւ գրառումներ, որոնք մտահոգութիւն կը յառաջացնեն անոր արհեստավարժութեան եւ մտային վիճակին վերաբերեալ: Օրինակ, ան քննադատած է ոստիկան մը, որ տուգանած է զինք երթեւեկի կանոնները խախտելուն համար. «Ես հիմա նոր նամակ ստացայ ոստիկանութենէն, որ զիս «տուգանած են» ապօրինի կանգառի համար. ամբաստանեալ դառնալու թեկնածու մը եւս»: Ան նաեւ գրած է. «Եթէ ոստիկանութիւնը կը հետեւի քու քայլերուդ եւ այդ տեղեկատուութիւնը կը փոխանցէ ահաբեկիչներուն, ասիկա կը կոչուի պետականօրէն հովանաւորուող ահաբեկչութիւն»: Ուղղակի յարձակում գործելով դաշնակցային դատաւոր Ռոպերթ Հիւիի վրայ, որ մերժեց անոր դատը, Պաղիրզատէն զայն մեղադրած է «փտածութեան» մէջ եւ սպառնացած` դատի տալ զայն…

Հետաքրքրական է, որ երբ Պաղիրզատէն 21 յունիս 2024-ին ներկայացուց իր դատական դիմումը, ան չվճարեց քաղաքացիական հայցադիմումի համար պահանջուող 350 տոլար գումարը` յայտարարելով «in forma pauperis», այսինքն` չափազանց աղքատ է վճարելու համար: Դատաւորը մերժեց անոր միջնորդութիւնը: 2 յուլիս 2024-ին ան նոր դատ ներկայացուց, այդ եւս մերժուեցաւ: Դատարանը նշեց, որ անոր 50.952 տոլարի տարեկան եկամուտը 325 տոկոսով կը գերազանցէ աղքատութեան դաշնակցային շեմը: Դատաւորը նախնական 350 տոլարէն բացի` սահմանեց 55 տոլար վարչական վճարում:

Պաղիրզատէն դատ բացած է հետեւեալ 30 անձերուն եւ կազմակերպութիւններուն դէմ. «Alphabet» ընկերութիւն, Արամ Համբարեան, Արմէն Սահակեան, Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբ, Ամերիկայի Հայ դատի Արեւմտեան շրջանի յանձնախումբ, Փաստաբաններու որոնման ցանց, Քոքօ Սիւ, Էսթրելլայ Սանչես, Google ընկերութիւն, Ճէյք Պալոյեան, Ճերեմի Սթոփըլմըն, Legal Match, Մարթինտէյլ Նոլօ, Լոս Անճելըսի շրջանային իրաւաբաններու միութիւն, Օրէյնճ շրջանի իրաւաբաններու միութիւն, Սեթ Չաւես, Թերեզա Վուքի, Թրուտի Լեւինտոֆսխի, Yelp ընկերութիւն, YouTube, Սունտար Պիչա, «Զարթօնք» լրատուամիջոց, Զաւէն Քիւրօղլեան, Վան Մկրտչեան, Անի Չաղլասեան, Legalshield, Parker-Stanbury, Greystar California, Kia America ընկերութիւններ եւ ՀՅԴ Արեւելեան Միացեալ Նահանգներ:

27 փետրուար 2025-ին դաշնակցային դատարանը «մերժեց Պաղիրզատէի երկրորդ փոփոխուած բողոքը (78 էջնոց)` ամբաստանեալներու մերժման միջնորդութեան համաձայն»: Դատարանը վճռեց, որ անոր դատի դիմումները չեն համապատասխաներ դաշնակցային պահանջներու իրաւական չափորոշիչներուն եւ հայցուորին թոյլ տուաւ «փոփոխել մէկէն հինգ պահանջները` այս հրահանգին մէջ նկարագրուած թերութիւնները վերացնելու համար»: Դատարանը յայտնեց, որ անոր դիմումը «համարժէքօրէն չի ներկայացներ որեւէ դաշնակցային հայց, որ կրնայ ճանչցուիլ անոր կողմէ հայցուողներէն ոեւէ մէկուն դէմ, որուն դէմ ան դատ բացած է»: Դատաւորը շարունակեց. «Ցարդ հայցուորի պնդումները հետեւողականօրէն չեն համապատասխանած կիրարկելի կանոններուն, բայց դատարանը, այնուամենայնիւ, ընդունած է զանոնք, նոյնիսկ` առանց հայցուորին կողմէ անհամապատասխանութիւնը ներելու խնդրանքի:  Հետագային գործող կանոններուն կամ կանոնակարգերուն չհետեւիլը կրնայ պատճառ դառնալ դատական դիմումի մերժումին»:

10 ապրիլ 2025-ին Պաղիրզատէն ներկայացուց իր երրորդ փոփոխուած բողոքը, որ կը բաղկանայ 198 էջերէ: Իր վերջին դիմումին մէջ ան իբրեւ նոր ամբաստանեալ աւելցուցած էր «Արեւելեան Միացեալ Նահանգներու ՀՅԴ-ն` 100 անգամ յիշատակելով զայն», թէեւ դատաւորը անոր ըսած էր, որ չի կրնար նոր ամբաստանեալներ աւելցնել: Ան յայտարարած է, որ Դաշնակցութիւնը «դարեր շարունակ դաւադրութիւններ կազմակերպած է Ազրպէյճանի երկու շրջաններու բռնակցման ուղղութեամբ»: Անհիմն յայտարարութիւն` նկատի ունենալով, որ ո՛չ Դաշնակցութիւնը, ո՛չ Ազրպէյճանը «դարեր շարունակ» գոյութիւն ունեցած են: Դատարանը յայտարարեց, որ Պաղիրզատէն չի կատարեր իր հրահանգները: «Անոր պահանջներէն ոչ մէկը կ՛ընդունուի»:

Դատարանը նաեւ Պաղիրզատէն մեղադրեց` «Աւելի քան 30 ամբաստանեալներու դէմ դատ բանալուն մէջ, իր բողոքը քանի մը անգամ փոփոխելու եւ որեւէ ամբաստանեալի դէմ մերժուելու ենթակայ չեղող ոչ մէկ փաստարկ ներկայացնելուն համար: Հայցուորը կը մեղադրուի ամբաստանեալները համատարած յանցաւոր վարքագիծի մէջ, եւ անոր փաստարկները յաճախ կը ստանան ամբաստանեալներուն նկատմամբ ատելութեան, թշնամանքի, կասկածամտութեան կամ հեգնանքի երանգ` ամբաստանեալներուն անդրադառնալու ատեն»: Անոր բողոքը «կը կրկնէ եւ կը փորձէ արդարացնել իր նախկին յայտարարութիւնները այն մասին, որ այլ ցեղային խումբի մը հայրենիքը «քաղցկեղային ուռուցք» է, եւ որ` «մենք պէտք է կարելի եղածին չափ արագ վերացնենք (այդ ցեղային խումբի) նախագիծը»: Ան իր բողոքին մէջ «քմահաճօրէն կը պնդէ, որ բոլոր ամբաստանեալները, որոնցմէ շատեր իրարու հետ կապ չունին, եւ որոնցմէ քանի մը հատը հանրային ընկերութիւններ են, միասին դաւադրութիւն կը կազմակերպեն իրեն վնասելու նպատակով»:

Դատաւորը այնուհետեւ յայտարարեց, որ Պաղիրզատէի երրորդ բողոքը «աւելի քան 2,5 անգամ աւելի երկար է, եւ կարծես թէ կը պարունակէ նմանատիպ երեւակայական մեղադրանքներ` աւելի ընդլայնելով ենթադրեալ դաւադրութիւնը»: Ինչպէս իր երկրորդ բողոքը, երրորդին մէջ եւս «ան կը շարունակէ իր կեանքի իրադարձութիւնները վերագրել ամբաստանեալներու չարամիտ դաւադրութեան` նման ենթադրեալ վերագրումներու համար առանց որեւէ փաստացի հիմքի, օրինակ` օր մը իր բնակարանին մէջ ճանճեր գտնելը, պանդոկի սենեակին մէջ բողոճ յայտնաբերելը կամ իր շէնքի կառատան մէջ ուրիշին տեղը շարած ինքնաշարժը տեղափոխելը: Անոր երրորդ բողոքը «այժմ աւելի հեռուն կ՛երթայ` մեղադրելով ամբաստանեալները (ի շարս այլ բաներու) միջազգային ահաբեկչութեան, ինչպէս նաեւ Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսը ներգրաւելու մէջ` զինք հետապնդելու համար: Հայցուորը նաեւ աւելցուցած է բազմաթիւ «կողմ չհանդիսացող յանցակիցներ», որոնց կարգին` Քալիֆորնիոյ եօթը նահանգային կամ դաշնակցային դատաւորներ: Կ՛ենթադրուի, որ այն անձերը, որոնք նեղացուցած են հայցուորը, այդպիսով իսկ անոր դէմ յանցաւոր դաւադրութեան մաս կը կազմեն: Այլ խօսքով, ամբաստանեալները, ըստ երեւոյթին, պարտաւոր են պատասխանել ընդլայնուող միջնորդութիւններուն, որոնք ալ ա՛ւելի կը շեղին իրականութենէն: Այս գործօնը կը դասուի մերժման օգտին»:

Դաշնակցային դատաւոր Ռոբերտ Հիւին այլ ելք չունէր` բացի մերժելէ Պաղիրզատէի դատի դիմումը` յայտարարելով. «Այս հանգամանքներուն մէջ դատը մերժելէ զատ որեւէ այլ գործողութիւն կը հակասէր արդարադատութեան շահերուն»:

http://www.TheCaliforniaCourier.com

Նախորդը

Բազմաձայն Նահանջ

Յաջորդը

Խմբագրական «Հորիզոն»-ի. Հայ Ժողովուրդի Պահանջատիրութեան Երթը Անվկանդ Շարունակելու Առաքելութիւնը Համազգային Յանձնառութիւն Է

RelatedPosts

Պատմութեան Դասերին Կառչելու Հրամայականը…
Անդրադարձ

80-Ամեայ ՄԱԿ-ի Թրամփեան Կանգառը…

Հոկտեմբեր 3, 2025
«Իրական Հայաստան»` Առանց Արարատի, Ղարաբաղի, Ցեղասպանութեան Եւ… Ինքնիշխանութեան
Անդրադարձ

«Իրական Հայաստան»` Առանց Արարատի, Ղարաբաղի, Ցեղասպանութեան Եւ… Ինքնիշխանութեան

Հոկտեմբեր 3, 2025
Տոմս.  Զաւալլը՜ Սարքոզի…
Անդրադարձ

Տոմս. Զաւալլը՜ Սարքոզի…

Հոկտեմբեր 3, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?