ՎԱՀԱՆ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ
1918 թուականին հայրենիքէն հեռու, Պոլսոյ մէջ ծնունդ առած ՀՄԸՄ-ի մեծ ընտանիքին մէկ անդամը` ՀՄԸՄ Լիբանանը, նախորդ տարի նշեց իր հիմնադրութեան 100-ամեակը միեւնոյն նշանաբանով, սկզբունքներով ու առաքելութեամբ, սակայն` վերանորոգ յանձնառութեամբ, վճռակամութեամբ եւ հաստատ քայլերով թեւակոխելով նոր դարաշրջան մը:
Նորանկախ Հայաստանի հետ ծնունդ առած Հայ մարմնակրթական ընդհանուր միութիւնը` ՀՄԸՄ-ը, իր ստեղծման առաջին օրէն իսկ ինքզինք գտաւ բազում մարտահրաւէրներու դէմ յանդիման, թերեւս ալ այդ բոլորը դիմագրաւելու համար ստեղծուեցաւ այս միութիւնը, որ անմիջապէս լծուեցաւ Ցեղասպանութիւն ապրած, սակայն հազիւ ճողոպրած հազարաւոր որբերու փրկութեան, դաստիարակութեան եւ հոգեմտաւոր կազմաւորման աշխատանքին:
ՀՄԸՄ-ը նոյն օրերուն նաեւ ձեռնարկեց հայրենի ժողովուրդի, պետականութեան եւ բանակին օժանդակութեան գործին, հաւատարիմ իր նշանաբանին` «Բարձրացի՛ր, բարձրացո՛ւր»-ին եւ սկաուտական խոստումին` ազգին ու Հայրենիքին ծառայելու պարտաւորութեան:
Արդարեւ, որբութեամբ ծնած, որբերէ բաղկացած, որբերու խնամքը իր ուսերուն վերցուցած այս կազմակերպութիւնը կրցաւ դիմակալել բոլոր դժուարութիւնները եւ դարձաւ ուժեղ բանակ` թուրքին տալով բարձրաղաղակ պատասխան մը: Կամաւորութեան եւ նուիրումի վրայ խարսխուած այս միութիւնը սփիւռքի մէջ հայութեան կազմաւորման հիմնական սիւներէն եղաւ, ժողովուրդին կողքին կանգնեցաւ, տէր եղաւ սերունդներու եւ ստանձնեց անոնց ֆիզիքական, մտային եւ հոգեկան կազմաւորումը: Այս բոլորը կարելի եղաւ իրականացնել շնորհիւ ազգ-կազմակերպութիւն անքակտելի կապին, գաղափարախօսական ամուր հիմունքներու կառչածութեան, ազատ, անկախ ու միացեալ հայրենիքին հանդէպ անսասան հաւատքին եւ մանաւանդ` ՀՄԸՄ-ական յաջորդական սերունդներու անձնազոհ նուիրումին եւ վճռական պայքարին:
Հրաշքի համազօր է այսքան երկար ժամանակ մարզական եւ սկաուտական միութիւն մը պահելը եւ թիւով ու որակով տեւաբար յառաջդիմելը: Իսկ այդ հրաշքը մենք կը պարտինք մեր սքանչելի ժողովուրդին, որուն համար ՀՄԸՄ-ը եղած է ու կը մնայ` սերունդներու փրկութեան լաստը, մարզական առողջ միջավայրը, սկաուտական ազնիւ սկզբունքներու դարբնոցը, մէկ խօսքով` մարդակերտումի եզակի կեդրոնը: Մեր ժողովուրդն է, որ մնայուն համակիրն ու քաջալերողն է մարզական խումբերուն, անփոխարինելի ներշնչումի աղբիւրն ու խրախուսողը սկաուտական շարքերուն, իր զաւակը այս միութեան յանձնողն ու վստահողը:
ՀՄԸՄ-ի մէջ մարզական նուաճումները մեծագոյն ուրախութիւններու կարգին կը նկատուին, սակայն բերկրանք ու հպարտութիւն կը պարգեւեն մեր մարզական ակադեմիաներուն մէջ համախմբուած եւ ապագայ խոստացող նոր սերունդի մեծաթիւ ներկայացուցիչները: Աննկարագրելի հպարտութիւն պարգեւող են խրոխտ կեցուածքով, վճռական քայլերով, բարձր ճակատներով տողանցող սկաուտները, որոնք մոկլիէն մինչեւ երիցագոյն անդամ` մէկական «դեսպան»-ներն են հայութեան ջահը միշտ բարձր ու վառ պահած ՀՄԸՄ-ին: Արդարեւ, այս միութիւնը իր գոյութիւնը հիմնականօրէն խարսխեց մարզական ազնիւ ոգիին վրայ, որուն մէջ համադրուած են մարդկային բոլոր առաքինութիւնները:
Մարզական ոգիին զուգընթաց, իբրեւ հայկական միութիւն, ՀՄԸՄ-ի հիմնադիրներուն գլխաւոր նպատակներէն մէկը եղաւ հայ մատղաշ հոգիներուն մէջ քանդակել հայու ոգին, որուն շնորհիւ այս միութիւնը կարողացաւ դիմագրաւել ամէն տեսակի դժուարութիւն եւ հայ պատանիին ու երիտասարդին մէջ նախ կերտեց Մարդը, Հայը եւ ապա` սկաուտն ու մարզիկը:
Այսօր նաեւ կը նշենք հպարտութիւնը 1918 թուականին կերտուած մայիսեան հրաշք անկախութեան: Մայիս 28-ը շունչ տուաւ հայութեան, ապրելու եւ յարատեւելու վճռական կամք ներշնչեց անոր: Նոր աւիւն ու խանդ ներարկեց անոր երակներուն: Առանց մայիս 28-ի` հայութիւնը շնչահեղձ պիտի ըլլար ու անհետ կորսուէր պատմութեան բեմէն` դառնալու համար տարահալած բազմութիւն:
Բայց այդպէս չեղաւ բարեբախտաբար: Մայիս 28-ը դրօշակ մը տուաւ հայութեան, իտէալ մը, անկախութեան տենչին իրականացումը, որմէ հայութիւնը չի կրնար հրաժարիլ այլեւս:
Ուստի, ՀՄԸՄ-ի սկաուտները այսօր, թանկագին Արարատին կողքին, իրենց տարազներուն վրայ կը կրեն Արցախի նշանակը` իբրեւ ինքնութիւն, հպարտութիւն եւ պահանջատիրութիւն խորհրդանիշ:
ՀՄԸՄ-ի հիմնադիրներէն ՇԱՒԱՐՇ ՔՐԻՍԵԱՆ խօսելով ՀՄԸՄ-ականի երդումին մասին` կ՛ըսէ.
«Մեր երդումը շատ կարճ ու պարզ պիտի ըլլայ. հրաւէրը ազգային է, որովհետեւ յառաջ գալիք բարիքը ազգային պիտի ըլլայ. այդ երդումը կը պարտադրէ. «Պատուոյ վրայ երդնուլ ազգին ու հայրենիքին որեւէ կերպով օգտակար ըլլալ»: Այս երդումը գիտակցօրէն կ՛ընեմ, այս երդումին տակ կը ստորագրեմ ու ձեզի կ՛ըսեմ` պիտի չուզէի՞ք ինծի պէս ընել»:
Անպայման պիտի ուզէինք: Այսօր մենք միասնաբար կրկին կ՛երդնունք ծառայել ազգին ու հայրենիքին, շարունակել մեր սրբազան պայքարը, մինչեւ որ ազատագրուի Արեւմտահայաստանը, մինչեւ որ վերատիրանանք մեր հզօր Արցախին, որովհետեւ մենք քաջ հաւատացողն ենք ու բարձրաձայն կը կրկնենք` Արարատը հայկական է, Արցախը համայն հայութեան է, Հայ դատի հետապնդումը նուիրական պարտականութիւնն է բոլորիս, մինչեւ որ եռագոյնը ծածանի Կարսի, Արտահանի ու Նախիջեւանի մէջ, իսկ Արցախի դրօշը` Ստեփանակերտի ու Շուշիի մէջ:
Փա՛ռք, պա՛տիւ եւ յարգա՛նք ՀՄԸՄ-ի մեծ ընտանիքին:
Կեցցէ՛ Լիբանանը:
Կեցցե՛ն մայր Հայաստանն ու Արցախը:
Կեցցէ՛ ՀՄԸՄ-ը:
————
* ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան խօսք` արտասանուած մայիսեան փառատօնին: