Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Պուրճ Համուտի Մէջ Սորվեցայ Մարդասիրութիւնն Ու Ազգասիրութիւնը, Իսկ Մեր Առաքելութեան Նպատակը Բոլորին Ծառայելն Է» «Ազդակ»-ին Կ՛ըսէ Տոքթոր Վաչէ Վասիլեան

Յունիս 13, 2025
| Հարցազրոյց
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հարցազրոյցը վարեց` ՍԷՐԼԻ ՆԵՄՇԷՀԻՐԼԵԱՆ

Այս տարի եւս Ֆրեզնոյի բժշկական առաքելութիւնը` նախագահութեամբ Ֆրեզնոյի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան պատուոյ հիւպատոս  Պերճ Աբգարեանին, մայիսին իր ծառայութիւնները մատուցեց Լիբանանի մէջ:

4-րդ անգամ ըլլալով Լիբանանի մէջ տարուած աշխատանքներուն, ընդհանրապէս առաքելութեան կատարած օժանդակութիւններուն, Հայաստանի ու Արցախի մէջ անոր նախաձեռնութիւններուն մասին յաւելեալ տեղեկութիւններ ունենալու նպատակով «Ազդակ» հետեւեալ հարցազրոյցը կատարեց առաքելութեան մաս կազմող բժիշկ Վաչէ Վասիլեանին հետ:

«Ա.».-  Ձեր առաքելութեան 14-րդն է այս  տարի, որ կը կատարէք: Ասիկա կ՛ենթադրէ յատուկ կապուածութիւն լիբանանահայութեան: Դուք ալ մաս կազմած էք այս համայնքին, եւ կը խորհինք, որ ատիկա դերակատար է առաքելութիւնը յաջորդաբար Լիբանանի մէջ կատարելու առումով: Ինչո՞ւ ընտրուած է լիբանանահայութիւնը` իբրեւ աշխատանքի վայր ձեզի համար:

ՎԱՉԷ ՎԱՍԻԼԵԱՆ.- Ասիկա մեր 14-րդ առաքելութիւնն է Ֆրեզնոյի բժշկական առաքելութեան անուան տակ, որուն ղեկավարն է Ֆրեզնոյի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան պատուոյ հիւպատոս եւ առաքելութեան խորհուրդի նախագահ Պերճ Աբգարեան: Այս առաքելութիւնը 4-րդ անգամն ըլլալով կ՛իրականանայ Լիբանանի մէջ, ուր սկսանք գործել, երբ Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումը պատահեցաւ: Այն ատեն, մինչ Պերճ Աբգարեանին հետ կը խորհրդակցէինք, ըսաւ, որ Պէյրութ պէտք է երթանք, որովհետեւ հոն վիճակը վատ է`  տնտեսական տագնապ, պայթում եւ այլն: Ես ալ պատասխանեցի, որ մենք արդէն իսկ Հայաստանի մէջ կ՛իրականացնենք այս առաքելութիւնը, նաեւ` Արցախի մէջ, նախքան անոր յանձնումը, Լիբանանի մէջ ինչպէ՞ս պիտի կարենանք իրագործել: Պերճ Աբգարեանը պատասխանեց. «Աստուած կ՛օգնէ, քանի որ մենք բարի գործ կ՛ընենք, Աստուած դուռը կը բանայ»: Կապուեցանք Լիբանանի հաստատութիւններուն, ոչ ոք մեզմէ խնդրեց օգնութիւն: Կապ հաստատեցինք ԼՕԽ-ի «Ա. Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնին ու Հայկական երեսփոխանական գրասենեակին հետ եւ որոշեցինք Լիբանան գալ: Մեր առաջին առաքելութիւնը 2021-ին էր, շատ կարճ ժամանակով եւ փոքր խումբով, որովհետեւ բաւական երկար ատենէ Լիբանան չէին եկած, չէին ուզեր մեծ թիւով օտարներ ներգրաւել` նկատի ունենալով վիճակին անորոշութիւնը:  Ծառայելու եւ օգնելու ոգիով եկանք Լիբանան, հակառակ անոր որ մեր առաքելութիւնը 5 օրուան համար էր, բայց եւ այնպէս, կրցանք նաեւ երթալ Այնճար, ուր ծառայութիւն մատուցելը նաեւ կարեւոր է մեզի համար: Լիբանան եկանք` քաջ գիտնալով, թէ ի՛նչ տեղի կ՛ունենար հոս, լիբանանահայ մեր քոյրերն ու եղբայրները ոչ միայն դեղի կամ բժշկական խնամքի կարիք ունէին, այլ մարդոց, որոնք բաժնեկից պիտի դառնան իրենց ցաւերուն ու մտահոգութիւններուն, իրապէս իրենց կողքին պիտի կանգնին այդ դժուար օրերուն, եթէ այդպէս չմտածէինք, կրնանք գումար հաւաքել, ղրկել, սակայն մեր նպատակը այլ էր` ըլլալ լիբանանահայութեան հետ: Մենք մեծապէս կը գնահատենք Հայկական երեսփոխանական գրասենեակը, Արամ Ա. վեհափառը, կաթողիկոսարանը, ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» կեդրոնը` իր անձնակազմով եւ տնօրէնութեամբ,  բոլորն ալ շատ լաւ գործակցեցան մեզի հետ, շատ  լաւ ընդունեցին մեզ, դիւրացուցին մեր աշխատանքը, այդ բոլորին լոյսին տակ ալ, նախքան Լիբանանէն հեռանալը, մենք արդէն որոշեցինք մեր երկրորդ Լիբանան կատարելիք առաքելութեան թուականը: Լիբանան յաջորդ այցելութեան քիչ մը աւելի մեծ թիւով` 12 հոգիով եկանք, առաջին անգամ 4-5 հոգի էինք: Այսօր այս առաքելութեան մաս կը կազմեն մօտաւորապէս 20 անձեր:

«Ա.».-  Ձեր աշխատանքները զուգահեռաբար նոյն կանոնաւորութեամբ կը կատարուին նաեւ հայրենիքի մէջ: Ընդհանուր բնութագրում մը կարելի՞ է տալ հայրենիքի մէջ բժշկական դրութեան մասին: Այնտեղ կան պետութիւն եւ բժշկական ծառայութիւններ, այստեղի նման չեն: Սկզբունքով պետութիւնը կը հոգայ իր քաղաքացիներուն բժշկական խնամքը:

Վ. Վ.- Երբ որ մենք հայրենիք երթայինք, անշուշտ` նաեւ Արցախ, մեր առաքելութիւնը կ՛ըլլար ամէնէն ծայրամասի գիւղերուն մէջ, ուրկէ հիւանդները իրենց ամէնէն մօտիկ բժշկական կեդրոնները երթալու համար փոխադրութեան հարցեր կ՛ունենային:  Մեր բժիշկները անձնապէս կ՛երթային անոնց տուները եւ կը բուժէին զանոնք, ծառայութիւն կը մատուցէին շրջաններու բժշկական կեդրոններուն մէջ, երկու ամիս առաջ յայտարարութիւններ կը դրուին, որպէսզի այդ ծայրամասի գիւղերու, օրինակ` Արմաւիրի, Գիւմրիի, Վանայ Ձորի բնակիչները օգտուին մեր ծառայութենէն: Երեւանի մէջ միայն ունինք խումբ մը բժիշկներու, որոնք աշխարհահռչակ վիրաբուժներ են, օրինակ` աշխարհահռչակ բժիշկ Փոլ Մրկրեան, որ մանուկներու վիրաբուժ է, կու գար իր խումբով եւ կ՛ընէր այնպիսի վիրահատութիւններ, որոնց համար անհրաժեշտ միջոցներ ու պայմաններ չկան Երեւանի մէջ, անոր հետ կան վիրաբուժ մասնագէտներ, որպէսզի նորածին երեխաներուն անհրաժեշտ վիրահատութիւնը կատարեն: Մենք Երեւանի մէջ հիւանդներու բուժման աշխատանք չենք տանիր, միայն այդ խումբն էր, որ Երեւանի  հիւանդանոցին մէջ կ՛աշխատէր: Տոքթ. Փոլ Մրկրեան, որ Հայաստան ուղեւորութեան ընթացքին ծանօթացած է Պերճ Աբգարեանին եւ անոր առաջարկով ներգրաւուած է առաքելութեան հայաստանեան աշխատանքներուն մէջ, Երեւան մեկնելէ առաջ արդէն իսկ հիւանդներու պարագաներն ու կացութիւնը կը սերտէր եւ կը գիտնար` ի՛նչ կը սպասէր իրեն, այս բոլորին լոյսին տակ կ՛երթար Հայաստան եւ այդ բարդ վիրահատութիւնները, որոնք կը տեւէին նուազագոյնը 3-4 ժամ, կը կատարէր: Իսկ մնացեալ բժիշկները կը ծառայէին ծայրամասի գիւղերուն մէջ, ուր մեր բժիշկները հիւանդը քննելէ ետք մէկ ամսուան դեղերը կ՛ապահովէին: Այս բոլորին կողքին, երբ առաջին տարին ծայրամասերու բժշկական կեդրոնները գացինք, նկատեցինք, որ բժշկական սարքաւորումներու պակաս կայ, այսինքն 50 տարուան սարքաւորումներ կային հոն: Անշուշտ կը սերտէինք կարիքներն ու կարելիութիւնները, կեդրոնները նոր սարքերով կ՛օժտէինք: Չորրորդ եւ հինգերորդ տարիներուն որոշեցինք մեր կեդրոնը ունենալ, այժմ Աշտարակի մէջ ունինք մեր հիւանդանոցը, որ ամբողջովին նոր շինեցինք` ամերիկեան չափանիշներով, մօտաւորապէս 300.000 տոլար ծախսով: Այս առիթով մեր երախտագիտութիւնը կը յայտնենք մեկենասներ երկու ամերիկահայերուն, որոնք մեզի ընկերակցեցան եւ իրենց աչքերով տեսան հիւանդանոցը եւ այս խօսքը ըսին. «Հիմա մենք կը տեսնենք, թէ մեր տուած գումարը ո՛ւր գնաց»: Անշուշտ անոնք պարգեւատրուեցան:

Մեր առաքելութեան թիւը արդէն հասաւ 14-ի, փա՛ռք Աստուծոյ, ամէն տարի հեզասահ կը շարունակուի մեր գործը, մենք ալ մեր սխալներէն կը սորվինք եւ կ՛ուղղենք թերիները, իսկ այս բոլորը գետնի վրայ իրականացնելը կը կարօտի ճշգրիտ ծրագրաւորումի եւ աշխատանքի, զորս կը կատարէ խումբին ղեկավարը` Պերճ Աբգարեանը, որ կապ կը հաստատէ բժիշկներուն, համայնքներու պատասխանատուներուն, համապատասխան միութիւններու եւ անձերու հետ, որպէսզի նախապատրաստական գետինը ունենանք գործելու, իսկ մեզի հաւատացողներուն, այդ միութիւններուն եւ անձերուն գործակցութիւնը կարեւոր է, որովհետեւ անոնք կը յուշեն, որ մեր կողքին են: Մեր առաքելութեան իրականացման համար անհրաժեշտ գումարները պատուոյ հիւպատոսը կը գոյացնէ բարերարներէն եւ երաշխաւորներէն, որպէսզի մենք կարենանք անհրաժեշտ դեղորայք ու սարքաւորումներ գնել եւ օգտակար ըլլալ մեր ժողովուրդին:

«Ա.».- Արցախի բռնի տեղահանուած ժողովուրդին վերաբերող ծրագիր ունի՞ք:

Վ. Վ.- Բժշկական առաքելութեան կողքին, մենք մարդասիրական առաքելութիւններ ալ կ՛իրականացնենք: 2022-ի սեպտեմբերին հասանք Արցախ, սակայն յաջորդ օրն իսկ սկսաւ բռնի տեղահանութիւնը: Մենք փոքր խումբով գացած էինք բժշկական առաքելութեան համար, շուտով խօսեցանք տոքթոր Աբգարեանին հետ, եւ ես իսկոյն լրագրողներուն հետ գացի սահման: Ականատես եղայ այդ տեղահանութեան, նկարեցինք: Տեսնելով այդ ժողովուրդին վատ վիճակը, անոնց ծով կարիքները` շուտով խորհրդակցեցանք հիւպատոսին  հետ, թէեւ պետութիւնը եւ մարդիկ կ՛օգնէին որոշ չափով, բայց իրապէս կարիքը մեծ էր: Շուտով որոշեցինք գործի անցնիլ, ապահովեցինք դեղորայք, կապ հաստատեցինք տեղահանուածներուն հետ` գիտնալու անոնց առաջնահերթ կարիքները: Մենք չէինք երեւակայեր, որ տեղահանուածները պիտի դրուին պասքեթպոլի դաշտի մը մէջ` նորածինէն մինչեւ ծերունի, աղջիկ  եւ տղայ միասին` մօտաւորապէս 800 անձ: Այդ բաց տարածքին մէջ անհրաժեշտ էին պատրաստի պատեր, որպէսզի սենեակներու նման բաժնեն այդ դաշտը, որովհետեւ այդտեղ կային մայրեր, որոնք իրենց մանուկները պիտի դիեցնէին, իսկ այդ պայմաններուն մէջ յարմար չէր այդ մէկը կատարել: Քանի մը ժամ ետք արդէն իսկ մենք ապահովեցինք այդ պատրաստի պատերը, որպէսզի բոլորը ունենան, այսպէս ըսուած, «առանձնութիւնը»: Ապա խնդրեցին մեզմէ առողջապահական, մաքրութեան, կենցաղային պարագաներ: Անձամբ գացինք եւ գտանք իրենց բոլոր պահանջները: Ըսուեցաւ, որ Գիւմրիի եւ Ախուրեանի մէջ շատ ցուրտ է, անհրաժեշտ էին վերմակներ եւ վերարկուներ, այդ բոլորը եւս ապահովեցինք: Այդ փուլին մեր բժշկական առաքելութիւնը դարձաւ մարդասիրական առաքելութիւն, որովհետեւ այդ վայրկեանին մեր ժողովուրդը մեր օգնութեան պէտք ունէր: Անշուշտ ուտելիքի եւ սնունդի մասին չեմ խօսիր, որովհետեւ այդ բոլորը արդէն իսկ ապահոված էինք: Այս է մեր առաքելութիւնը, ծառայել, երբ որ պէտք է: Երբ վերադարձանք Ֆրեզնօ, զգացինք, որ մեր առաքելութիւնը չէր աւարտած, տակաւին ընելիք ունէինք: Մեր կարողութեան սահմաններուն մէջ կապ հաստատեցինք բռնի տեղահանուած արցախցիներու հետ` գիւղապետին եւ լրագրողներուն միջոցով, որոնք միջնորդի դեր կատարեցին, որպէսզի մենք գիտնանք մեր հայրենակիցներուն կարիքները եւ աշխատինք հոգալ: Մեզի փոխանցուած բոլոր տուեալները սերտեցինք, գիւղական ծայրամասերը գացած եւ հոն ապրիլ ուզողներուն հետ կապ պահեցինք, գիտցանք, թէ նորոգելի ինչեր կան, ու կատարեցինք այդ բոլորը: Բնակարաններու նորոգութենէն ետք նկարները ղրկուեցան բարերարներուն, եւ ընտանիքները շնորհակալական կարճ խօսքեր ըսին: Բոլոր առաքելութիւններու աւարտէն ետք այս բոլոր աշխատանքները կը ցուցադրենք մեզի օգնողներուն` թէ՛ բարոյական, թէ՛ նիւթական առումով իբրեւ փաստ, որպէսզի տեսնեն, թէ ի՛նչ աշխատանք տարուեցաւ, եւ ի՛նչ է արդիւնքը:

«Ա.».-  Ձեր գործակցութիւնը հիմնականին մէջ ԼՕԽ-ին հետ է. այնտեղ կը կատարուին ստուգումները: Բայց նաեւ համայնքի տարբեր հաստատութիւններուն հետ կը գործակցիք: Խնդրեմ` այս մասին արտայայտուիք:

Վ. Վ.- Երբ առաջին անգամ Լիբանան եկանք, ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնին մէջ պիտի ծառայէինք: Երրորդ օրը ես հիւպատոսին առաջարկեցի, որ ուրիշ տեղեր ալ երթանք: Կապուելով բարեսիրական այլ հաստատութիւններու հետ, գացինք «Ահրամճեան» կեդրոն, «Նարեկ» կեդրոն, «Ճինիշեան», «Գարակէօզեան» հաստատութիւն: Այսպիսով, կրցանք ուրիշ հաստատութիւններու ալ օգտակար դառնալ, քանի որ մեր առաքելութիւնը սահմանափակ չէ, բոլոր հայերուն համար է, աւելի ճիշդ` մարդկութեան համար է: Ինչպէս գիտէք, Լիբանանի մէջ տարբեր համայնքներ կան եւ մեր բժիշկները անխտիր կը բուժեն բոլորը: Մեր նպատակը մարդկութեան ծառայել է, մանաւանդ որ եկած ենք հովանաւորութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառին, իսկ մեր եկեղեցին օգնելու հրաւէր կ՛ուղղէ միշտ, ուստի երբ մենք այդ կարողութիւնը ունինք, սիրենք, յարգենք, այդ է մեր նպատակը եւ այդպէս ալ պիտի մնայ:

Այս տարի երրորդ տարին է, որ մեր բժիշկները դպրեվանքի սաներուն առողջական վիճակը կը քննեն: Առաջին տարին հոգ տարինք սաներու ակռաներուն, նկատեցինք, որ լաւ կ՛ըլլայ յաւելեալ ուշադրութիւն դարձնել անոնց, այդպէս ալ ըրինք, մեր գործած կեդրոններուն եւ դպրեվանքի պատասխանատուներուն հետ գործակցաբար նախապատրաստական աշխատանք տարինք, իսկ երբ եկանք, կատարեցինք անհրաժեշտը: Կարեւոր էր, որ մեր ապագայի հոգեւորականները առողջ ըլլան եւ զգան, որ միշտ իրենց կողքին նեցուկ ու գուրգուրացող կայ:

Այս տարի տոքթոր Կարապետ Խաչիկեանն ու կինը` Նունէն, երկու օր Հաճնի դարմանատունը ծառայեցին: Բժիշկները քննեցին հիւանդները, եւ ինչ որ անհրաժեշտ էր, կատարեցին: Անոնք նոյնիսկ գացին անկողնային հիւանդներուն տուները:

«Ա.».-  Ձեր առաքելութեան առընթեր, «Գարլա Մարկոսեան» հիմնադրամը օժանդակած է եւ կը շարունակէ օժանդակել համայնքի եկեղեցական եւ ազգային հաստատութիւններուն: Կը թուի, որ այս մէկը եւս մաս կը կազմէ ձեր առաքելութեան:

Վ. Վ.- Երախտապարտ ենք «Գարլա Մարկոսեան» հիմնադրամին, որուն ներկայացուցիչն է տոքթ. Վարուժան Ալթըպարմաքեանը, մեզի շատ մօտիկ ընկեր եւ միեւնոյն ժամանակ գործընկեր, որ թէեւ ներկայիս չ՛աշխատիր, բայց երկար ժամանակ ծառայած է Ֆրեզնոյի մէջ: «Գարլա Մարկոսեան» հիմնադրամը նիւթական տրամադրեց Լիբանանի մէջ իրականացնելու տարբեր ծրագիրները` կաթողիկոսարանին, դպրոցներուն եւ «Պուլղուրճեան» կեդրոնին վերաբերող, բայց այս բոլորը խորքին մէջ կ՛իրագործուին ղեկավարութեամբ Ֆրեզնոյի բժշկական առաքելութեան եւ անոր ղեկավարին:

«Գարլա Մարկոսեան» հիմնադրամը նաեւ օգնեց «Թռչնոց բոյն»-ին:

«Ա.».- Յատկապէս այս չորրորդ փուլին ի՞նչ նկատեցիք, որ կ՛ուզէք յայտնել եւ կը յուսանք, որ աշխատանքը պիտի շարունակուի նոյն հերթականութեամբ: Ծրագիրները ի՞նչ են այս առումով:

Վ. Վ.- Ծրագիրները ամէն Լիբանան վերադարձին տարբեր են անշուշտ: Մենք արդէն իսկ օդանաւին մէջէն կը սկսինք ծրագրել մեր յաջորդ տարուան աշխատանքները: Առաջին անգամ ըլլալով` մեզի հետ «Պուլղուրճեան» կեդրոն եկաւ physical therapist,  որ նախորդ տարիներուն Ամերիկեան համալսարանի հիւանդանոցը կը գտնուէր: Տեսանք, որ շատ պահանջ կայ physical therapist-ի, յաջորդ տարի, խորհրդակցելով ԼՕԽ-ի տնօրէնութեան հետ, երկու բժիշկ պիտի նախատեսենք, որպէսզի ընթացքը աւելի արագ ըլլայ: Մենք կը տեսնենք, թէ ի՛նչ պահանջ կայ եւ ատոր համեմատ կը դասաւորենք: Ինչպէս գիտէք, շնորհիւ «Գարլա Մարկոսեան» հիմնադրամի` այս տարի ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» կեդրոնին մէջ բացումը կատարուեցաւ ատամնաբուժական նոր սենեակի:

Իբրեւ Լիբանան ծնած, Հայաստան ուսանած եւ ներկայիս Ֆրեզնօ ապրող անձ` Լիբանանը ինծի հարազատ է, իսկ Պուրճ Համուտը հոգեհարազատ է: Ես մանկութիւնս հոս անցուցի, տեսայ եւ ապրեցայ պատերազմի այդ վատ օրերը: Այդ վատ օրերուն տեսայ, թէ ինչպէս տղաքը ռումբերուն տակ կու գային, դուռ-դուռ կը զարնէին առանց խտրութեան, եթէ մէկը դեղորայքի կամ հացի պէտք ունէր, կ՛ապահովէին: Ես այդտեղէն սորվեցայ հասնիլ կարիքաւորին, այս բոլորը իմ մէջս խոր ազդեցութիւն ձգած են: Պուրճ Համուտի մէջ սորվեցայ մարդասիրութիւնը, ազգասիրութիւնը, թէեւ ծանր օրեր ապրեցանք պատերազմի շրջանին: Ինծի համար շատ հոգեհարազատ է նաեւ «Ազդակ» օրաթերթը: Այսօր ես անսահման երախտապարտ եմ թերթին, խմբագրութեան, անձնակազմին, որ առիթը տուիք ինծի, որպէսզի այս հարցազրոյցը ունենամ: Բարի երթ կը մաղթեմ մեր առաքելութեան, ուժ ու կարողութիւն կը մաղթեմ մեր ղեկավար Պերճ Աբգարեանին: Իսկ յառաջիկային վերաբերեալ կը վստահեցնեմ, որ անպայման նորութիւններ կը գտնենք մինչեւ մեր յաջորդ գալը, քանի որ մենք ամէն տարի կ՛ուզենք` աւելի լաւ ըլլալ, աւելին ընել, աստիճան մը աւելի բարձրանալ:

 

 

Նախորդը

Տօն Գալստեան Հոգւոյն Սրբոյ. 100 Դպիր-Դպրուհիներու, 15 Կիսասարկաւագներու Եւ 6 Սարկաւագներու Հաւաքական Ձեռնադրութիւն

Յաջորդը

Արդեօք Երբեւէ Պէ՞տք Է Խզել Կապերը Ծնողներու Հետ

RelatedPosts

Համազգայինը Կը Ներկայացնէ «Նեմեսիս» Գեղարուեստական Բեմականացումը` Հայոց Ցեղասպանութեան 110-Ամեակին Նուիրուած
Հարցազրոյց

Համազգայինը Կը Ներկայացնէ «Նեմեսիս» Գեղարուեստական Բեմականացումը` Հայոց Ցեղասպանութեան 110-Ամեակին Նուիրուած

Ապրիլ 18, 2025
Ձմեռ Պապի 15 Տարիների Այցելութիւնները
Հարցազրոյց

Ձմեռ Պապի 15 Տարիների Այցելութիւնները

Մարտ 18, 2025
Պայքարի Միջոցով Միայն Կը Մաքրուի Պարտութեան Խարանը. Արա Պուլուզեան
Հարցազրոյց

Պայքարի Միջոցով Միայն Կը Մաքրուի Պարտութեան Խարանը. Արա Պուլուզեան

Յունուար 14, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?