ՀՐԱՅՐ ՊԱԼԵԱՆ ԵՒ ՐԱՖՖԻ ԱՐՏԱԼՃԵԱՆ
Աբրահամեան համաձայնագիրները, որոնք ձեռնարկուեցան 2020-ին, Թրամփի վարչակազմին օրով (առաջին պաշտօնավարութեան ընթացքին), յատկանշեցին Միջին Արեւելքի դիւանագիտութեան մէջ մեծ փոփոխութիւն մը: Կոչուած հրէութեան, քրիստոնէութեան եւ իսլամութեան հասարակաց նահապետին անունով` համաձայնագիրներու նպատակը Իսրայէլի եւ արաբական պետութիւններու միջեւ, ներառեալ` Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ, Պահրէյն, Մարոք եւ Սուտան, յարաբերութիւններու բնականոնացումը կարելի դարձնելն էր` առանց պաղեստինեան հակամարտութիւնը էականօրէն լուծելու, իրականութեան մէջ` պաղեստինցիներու ինքնորոշման ձգտումներուն հաշուոյն: Անոնք յանգեցուցին` դիւանագիտական բացուածութեան, առեւտրական համաձայնագիրներու, զբօսաշրջութեան հոսքերու եւ պաշտպանական համագործակցութեան` ստորագրող կողմերուն միջեւ: Իրենց հիմքին մէջ համաձայնագիրները կ՛առաջարկէին տնտեսական, քաղաքական եւ ռազմավարական խթաններ այն պետութիւններուն համար, որոնք պատրաստ էին համագործակցելու Իսրայէլի հետ` Միացեալ Նահանգներու աջակցութեամբ սահմանուած շրջանակի (framework) մը մէջ:
Նախապէս կեդրոնացած ըլլալով արաբ-իսրայէլեան յարաբերութիւններուն վրայ` վերջին զարգացումները կարծես ընդլայնած են համաձայնագիրներու դաշտը դէպի նոր տարածաշրջաններ, ներառեալ` Հարաւային Կովկաս եւ Կեդրոնական Ասիա, ինչպէս նաեւ` Սուրիա եւ Լիբանան:
Միացեալ Նահանգներու յատուկ պատուիրակ Սթիւ Ուիթքոֆ վերջերս յայտնեց, որ Հայաստան եւ Ազրպէյճան «կրնան պատրաստակամ ըլլալ Աբրահամեան համաձայնագիրներուն միանալու», որ կը նշանակէ հնարաւոր ընդլայնում` արաբական աշխարհէն անդին:
Այժմ, երբ Տանըլտ Թրամփ իր երկրորդ ժամկէտով վերադարձած է Սպիտակ տուն, համաձայնագիրները հաւանաբար կը վերադառնան կեդրոնական բեմ` Միացեալ Նահանգներու նորոգուած աջակցութեամբ, որ կրնայ արագացնել նոր երկիրներու եւ տարածաշրջաններու ներառումը:
Վերջերս Միացեալ Նահանգներու եւ Պարսից ծոցի յայտնի ռաբբիներ աշխուժօրէն պաշտպանեցին Ազրպէյճանի ներառումը Աբրահամեան համաձայնագիրներուն մէջ: Ազրպէյճան աշխարհի մէջ շիա մեծամասնութեամբ հազուագիւտ երկիրներէն մէկն է: 2020-ի սկզբնական ստորագրողները` Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ, Մարոք, Սուտան եւ Քոսովօ, բոլորն ալ սիւննի մեծամասնութեամբ պետութիւններ են: Եթէ Ազրպէյճան միանայ, անիկա կը դառնայ երկրորդ շիա մեծամասնութեամբ երկիրը (Պահրէյնէն ետք), որ նախաձեռնութեան մէջ կրօնական բազմազանութեան շերտ մը կ՛աւելցնէ` նոյն ատեն խորացնելով Իսրայէլի կապերը աւելի լայն մահմետական աշխարհի մը հետ:
Հայաստանի պարագային, ընդհակառակը, եթէ անիկա միանայ համաձայնութիւններուն, կը դառնայ միակ քրիստոնեայ մեծամասնութեամբ ազգ-պետութիւնը, որ կը միանայ այս շրջանակին` ներկայացնելով յստակ քաղաքակրթական չափ մը այն բանին, որ մինչ այժմ հիմնականին մէջ մահմետական-հրէական դիւանագիտական նախաձեռնութիւն մըն է:
Այս ենթահողին վրայ պէտք է հարցնել` ի՞նչ դեր կրնայ խաղալ Հայաստան Աբրահամեան Համաձայնագիրներու ապագայ տարբերակի մը մէջ:
Հայաստանի մասնակցութիւնը կ՛ունենայ խորհրդանշական նշանակութիւն: Իբրեւ առաջին ազգը, որ 301 թուականին որդեգրեց քրիստոնէութիւնը, Հայաստան կը ներկայացնէ երրորդ աբրահամեան աւանդոյթը այն շրջանակին մէջ, որ ներկայիս կեդրոնացած է միայն հրէականութեան եւ իսլամութեան վրայ: Անիկա տարածաշրջանին մէջ քրիստոնեայ մեծամասնութեամբ շատ քիչ երկիրներէն մէկն է, որ խորունկ պատմական եւ մշակութային կապեր ունի Սուրբ Երկրին հետ, ներառեալ` դարերու հնութիւն ունեցող Երուսաղէմի հայկական թաղամասը: Աւելի՛ն, հայերը դարերով ապրած են մահմետական մեծամասնութեամբ հանրութիւններու մէջ` զարգացնելով մշակութային հմտութիւն եւ համագոյակցութեան փորձառութիւն, որ կրնայ ծառայել տարածաշրջանային երկխօսութեան ոգիին:
Այս իմաստով Հայաստանի ներառումը կրնայ հարստացնել համաձայնագիրները` ընդլայնելով անոնց շրջանակը` ներմուծելով քրիստոնէական ձայն մը Արեւելքէն, որ ո՛չ արեւմտեան է, ո՛չ ալ կայսերական, այլ արմատացած է իր սեփական տարածաշրջանային ժառանգութեան մէջ:
Սակայն խորհրդանշական ներկայութիւնը ռազմավարական դիրք մը փոխարինողը չէ: Աբրահամեան համաձայնագիրներուն վերաբերեալ որեւէ հայկական նախաձեռնութիւն պիտի ունենայ նշանակալի աշխարհաքաղաքական հետեւանքներ: Իրան բացայայտօրէն դէմ է համաձայնագիրներուն` իրաւացիօրէն զանոնք նկատելով իբրեւ արեւմտամէտ, իսրայէլամէտ եւ հակաիրանեան դաշինք մը, որուն նպատակը իր ազդեցութիւնը զսպելն է:
Իսկ Ռուսիա աւելի չափաւոր մօտեցումով մը զանոնք կը դիտէ իբրեւ աւելի լայն Միացեալ Նահանգներու ռազմավարական ներթափանցումի մէկ մասը, բայց Իսրայէլի հետ կը պահպանէ ապահովութեան եւ դիւանագիտական նշանակալիօրէն յատուկ յարաբերութիւն մը: Ասիկա կը բարդացնէ Հայաստանի հաւասարակշռութեան պահպանումը. համաձայնագիրներէն հեռացումը կրնայ գոհացնել Թեհրանը եւ Մոսկուան, բայց նոյն ատեն կրնայ նաեւ Ուաշինկթընի հետ յարաբերութիւնները լարել:
Թեհրան վերջին տարիներուն խորացուցած է իր ռազմական եւ քաղաքական կապերը Երեւանի հետ, մինչ Մոսկուա, թէեւ հետզհետէ անվստահելի կը դառնայ, կը մնայ ապահովութեան եւ տնտեսական առանցքային դերակատար մը: Հայաստան պէտք է զգուշութեամբ քալէ` նաւարկելով վերադասաւորման վտանգները, նոյն ժամանակ խուսափելով վաղեմի գործընկերներու կողմէ թշնամութեան ընկալումներէն:
Աբրահամեան համաձայնագիրներու հակապաղեստինեան երեսը նոյնպէս անհանգստացնող է: Համաձայնագիրներուն միանալ այն ատեն, երբ Իսրայէլ մեղադրուած է Կազայի մէջ ցեղասպանութիւն իրականացնելու մէջ, սովը իբրեւ պատերազմի զէնք օգտագործելով, ճիշդ այնպէս, ինչպէս Ազրպէյճան ըրաւ 2023-ին հայերու դէմ Արցախի մէջ, բարոյապէս գարշելի պիտի ըլլար Հայաստանի համար եւ մարդկութեան դէմ յանցագործութիւն է: Ներկայ ստորագրողներէն Պահրէյն իր դեսպանը Իսրայէլէն ետ կանչած է այս նոյն պատճառով:
Հարցը այն է, թէ Հայաստան ինչպէ՛ս կրնայ Միացեալ Նահանգներու կողմէ համաձայնագիրներու միջոցով առաջարկուող տնտեսական եւ դիւանագիտական հնարաւորութիւններէն օգտուիլ` առանց կարծր ապահովութեան հատուածի մը մաս դառնալու եւ առանց հաւանութիւն տալու մարդկութեան դէմ յանցագործութեան: Այս տարբերակումը առաւել եւս կարեւոր է, որովհետեւ Աբրահամեան համաձայնագիրները կը զարգանան այն ուղղութեամբ, ինչը որոշ վերլուծաբաններ կը նկարագրեն իբրեւ «Աբրահամեան դաշինք»` զարգացող տարածաշրջանային ապահովութեան կառոյց մը, որ կ՛անցնի բնականոնացումէն անդին` ներառելով պաշտպանական համակարգում, հետախուզական տեղեկատուութեանց փոխանակում եւ ռազմավարական զսպում, մասնաւորապէս` Իրանի հանդէպ: Արդեօք կա՞յ յարաբերական կամ մասնակի անդամակցութեան կաղապար մը, որ թոյլ կու տայ մասնակցութեան առեւտուրի, արհեստագիտութեան եւ մշակութային համագործակցութեան մէջ` առանց բացայայտօրէն հակաիրանեան ապահովութեան շրջանակին միանալու: Յարաբերական անդամակցութեան կաղապարը կրնար ներառել Հայաստանի մասնակցութիւնը համաձայնագիրներու տնտեսական համագործակցութեան խորհուրդին եւ մշակութային նախաձեռնութիւններուն` նոյն ատեն պահպանելով դիտորդի կարգավիճակ ապահովութեան քննարկումներուն մէջ, այնպէս, ինչպէս որոշ երկիրներ կը մասնակցին տարածաշրջանային կազմակերպութիւններու, ինչպէս` ASEAN կամ ԵԱՀԿ` առանց լման քաղաքական ամբողջարկութեան:
Երկրի մը համար, որ շրջապատուած է հզօր դրացիներով եւ խոցելի է անոնց մրցակցութիւններուն մէջ գործիքականացուելու, Հայաստան պէտք է յստակօրէն ազդանշէ, որ ոչ մէկ յարձակում` Իրանի կամ որեւէ այլ դրացիի մը դէմ, հայկական տարածքէն կարելի չէ սկսիլ:
Բայց միայն Հայաստանը չէ, որ կը գտնուի այս երկընտրանքին առջեւ: Իրանի տարածաշրջանային միջնորդներու (proxies) թուլացումը եւ սէուտական-իրանեան մերձեցումը նուազեցուցած են Սէուտական Արաբիա-Իսրայէլ յարաբերութիւններու բնականոնացման հրատապութիւնը: Հայաստանի պէս, Սէուտական Արաբիա հաւանաբար պիտի չզոհաբերէ իր ապահովութիւնը` միանալով համաձայնութեան մը, որ կը դիտուի իբրեւ հակաիրանեան: Այս հասարակաց զգուշութիւնը կը բացայայտէ աւելի լայն մարտահրաւէր մը. պահպանել թափը` առանց ապակայունացնելու տարածաշրջանային հաւասարակշռութիւնները:
Բացի այդ, Սէուտական Արաբիա յայտնած է Աբրահամեան համաձայնագիրներուն միանալու իր մտադրութեան մասին, բայց ուշացուցած է իր հաւանութիւնը Կազայի պատերազմին պատճառով: Հայաստան կրնայ նոյնը ընել:
Աբրահամեան համաձայնագիրներու հարցին մէջ Հայաստանի համար ամէնէն նշանակալի դիւանագիտական մարտահրաւէրը կը կայանայ Իրանի հետ իր ռազմավարական յարաբերութեան մէջ: Իբրեւ ցամաքով շրջապատուած երկիր` Հայաստան մեծապէս կախեալ է առեւտուրի եւ ապահովութեան համար վստահելի ցամաքային ուղիներէն: Իր 44 քիլոմեթրնոց սահմանը Իրանի հետ ոչ միայն նեղ է, այլեւ` եզակիօրէն կենսական. անիկա Հայաստանի միակ ուղղակի ելքն է դէպի արտաքին աշխարհ, որ վերահսկողութեան կամ ազդեցութեան տակ չէ Թուրքիոյ կամ Ազրպէյճանի, որոնք արդէն կը շրջափակեն իր միւս երկու սահմանները: Ասիկա յստակօրէն ի յայտ եկաւ 2020-ի պատերազմին ընթացքին, երբ Վրաստան, որ անպայմանօրէն Թուրքիոյ հետ համահունչ չէր, ժամանակաւորապէս կասեցուց ռազմական բեռներու տարանցման թոյլտուութիւնները թէ՛ Հայաստանի եւ թէ՛ Ազրպէյճանի համար` յղում ընելով չէզոքութեան քաղաքականութեան:
Թէեւ Վրաստանի այս քայլը ներկայացուած էր իբրեւ անաչառ միջոց, սակայն այս քաղաքականութեան հետեւանքները ընդգծեցին Հայաստանի տարածաշրջանային կապակցուածութեան փխրունութիւնը: Այս պարունակին մէջ Հայաստան-Իրան սահմանը կը գործէ իբրեւ ռազմավարական յետընթաց` աջակցելով էական առեւտուրի, ուժանիւթի համագործակցութեան եւ երբեմն նաեւ ապահովութեան համակարգումին: Հայաստանի յարաբերութիւնը Իրանի հետ պէտք է նկատի առնուի նաեւ Թեհրանի` Ազրպէյճանի հետ խորացող կապերու լոյսին տակ: Ապրիլ 2025-ին Իրան եւ Ազրպէյճան ստորագրեցին համագործակցութեան 7 համաձայնագիրներ, որոնք կ՛ընդգրկեն` ռազմական համագործակցութիւն (ներառեալ` միացեալ զօրավարժութիւններ), առեւտուր եւ տեղեկատուական ու հաղորդակցական արհեստագիտութիւն: Այս զուգահեռը կ՛ընդգծէ տարածաշրջանային գործնապաշտութիւնը (փրակմաթիզմը) եւ կը բարդացնէ Հայաստանի իրանեան դասաւորուածութեան որեւէ պարզունակ ձեւաւորում` իբրեւ բացառիկ կամ ապակայունացնող: Անիկա նաեւ կ՛ամրապնդէ նրբանկատ դիւանագիտութեան անհրաժեշտութիւնը, երբ Հայաստան կը կշռէ Աբրահամեան համաձայնագիրներու հետ իր ներգրաւուածութիւնը:
Իրան Համաձայնագիրները կ՛ընկալէ` իբրեւ Միացեալ Նահանգներու գլխաւորած ջանք` իր ազդեցութիւնը զսպելու: Այս ընկալումը յանգեցուցած է իրական արձագանգներու. Թեհրան վերջերս Ռուսիոյ հետ ստորագրեց ռազմական համագործակցութեան մեծ համաձայնագիր մը, իրականացուց միացեալ ծովային զօրավարժութիւններ Օմանի ծոցին մէջ, եւ մրցակից Մուատա շրջանակը (Մահմետական արեւմտեան ասիական երկխօսութեան միութիւն) առաջարկեց, որ յատկապէս նախագծուած է բացառելու Իսրայէլը` միաժամանակ խթանելով տարածաշրջանային կայունութիւնը մահմետական երկիրներու միջեւ:
Աբրահամեան համաձայնագիրներուն հետ որեւէ հայկական ներգրաւուածութիւն պիտի պահանջէ պաշտօնական երաշխիքներ, որ հայկական տարածքը պիտի չօգտագործուի Իրանի դէմ, բացայայտ բացառութիւններ շարունակական ուժանիւթի գծով համագործակցութեան համար եւ հաւանաբար` յատուկ կարգավիճակ, որ կը տարբերակէ Հայաստանի մասնակցութիւնը ապահովութեան բաղադրիչներէն, որոնք ամէնէն աւելի կը մտահոգեն Թեհրանը: Ասիկա կրնայ ունենալ սահմանափակ կամ գործընկերոջ ներգրաւուածութեան ձեւ` մասնակցելով համաձայնագիրներու տնտեսական եւ մշակութային չափերուն, միաժամանակ դուրս մնալով ձեւաւորուող «Աբրահամեան դաշինքի հիմնական ապահովութեան» գործիքակազմերէն: Առանց այդպիսի դրոյթներու` Հայաստան վտանգի կը մատնուի` տարածաշրջանային մեկուսացման մէկ ձեւը միւսով փոխարինելով:
Աւելի լայն իմաստով, Աբրահամեան համաձայնագիրներու երկարաժամկէտ կենսունակութիւնը կրնայ կախեալ ըլլալ այն հանգամանքէն, թէ արդեօք անոնք կը զարգանա՞ն հաւասարեցման կոշտ առանցքէն դուրս: Եթէ նախաձեռնութիւնը շարունակէ գործել հիմնականին մէջ իբրեւ ապահովութեան հատուած մը` նպատակ ունենալով զսպել Իրանը, անիկա կը վտանգէ տարածաշրջանային բաժանումներու կարծրացումը եւ անկայունութեան հրահրումը: Որպէսզի համաձայնագիրները դէպի տարածաշրջանային համագործակցութեան կայուն շրջանակ մը հասուննան, անոնք կրնան գտնել ուղիներ` ճանչնալու եւ գոնէ մասնակիօրէն լուծելու համար ոչ անդամ երկիրներու, ինչպէս` Իրանի, ապահովութեան մտահոգութիւնները: Հայաստանի հաւասարակշռութեան արուեստը, այս լոյսին տակ, կրնայ առաջարկել ուսանելի պարագայ մը, թէ` ինչպիսի՛ն կրնայ ըլլալ ընտրողական, ոչ պառնալից ներգրաւուածութիւնը:
Ազրպէյճան կը բարդացնէ Հայաստանի հաշիւները: Իսրայէլ Պաքուի ամէնէն մտերիմ դաշնակիցներէն մէկն է` մատակարարելով նշանակալի պաշտպանական արհեստագիտութիւն եւ ստանալով իր նաւթի ներածումներուն շուրջ 40 տոկոսը Ազրպէյճանէն` Թուրքիոյ միջոցով: Կան նաեւ արժանահաւատ տեղեկութիւններ, որ Ազրպէյճանը իր հողին վրայ թոյլ կու տայ իսրայէլեան հետախուզական գործունէութիւն: 1990-ականներէն ի վեր «ուժանիւթ` զէնքերու դիմաց» ռազմավարական գործընկերութիւն մը կազմած է Իսրայէլ-Ազրպէյճան կապերու ողնաշարը, երբ 2016-2021 Ազրպէյճանի զէնքերու ներածումներուն գրեթէ 69 տոկոսը կու գար Իսրայէլէն: Ազրպէյճանի դիրքաւորումը կը խաղայ առանցքային աշխարհաքաղաքական դեր` իբրեւ «միակ երկիրը, որ Իրանի եւ Ռուսիոյ հետ սահմաններ կը կիսէ», դարձնելով զայն ռազմավարական արժէք մը Իսրայէլի եւ Միացեալ Նահանգներու համար: Ազրպէյճան նաեւ ինքզինք կը դիրքաւորէ իբրեւ դարպասը դէպի յետխորհրդային թրքական երկիրներ, ինչպէս` Ղազախստան:
Հայաստան չի կրնար մրցիլ այս ռազմավարական խորութեան հետ: Սակայն ան կրնայ եւ պէտք է ուղիներ գտնէ ապահովելու, որ իսրայէլեան մատակարարուած զէնքերը իր դէմ չօգտագործուին, ինչպէս պատահեցաւ 2016-ի, 2020-ի եւ 2023-ի պատերազմներուն ընթացքին:
Տարբերելով Ազրպէյճանի գործարքային դաշինքէն` Հայաստանի արժէքային առաջարկը կը կայանայ իր ժողովրդավարական ուղղութեան մէջ եւ հնարաւորութեան` ամրապնդելու Միացեալ Նահանգներու աւելի լայն ներգրաւուածութիւնը Կովկասի տարածաշրջանին հետ բազմակարծութեան հաստատութիւններու միջոցով: Այստեղ հետաքրքրական գաղափարներէն մէկը համաձայնագիրներուն մասնակցողներուն միջեւ «ոչ յարձակումի» հասկացողութիւնը կրնայ ապահովել, որ ռազմական արհեստագիտութիւնները չօգտագործուին չլուծուած տարածաշրջանային հակամարտութիւններու մէջ: Նշանակալի դիւանագիտական քայլ կրնայ ալ ըլլալ Իսրայէլի կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը, որովհետեւ Իսրայէլ-Թուրքիա յարաբերութիւնները այլեւս այն կաշկանդուածութիւնը չունին, ինչպէս` նախապէս, աշխարհաքաղաքական խոչընդոտները ճանաչման համար զգալիօրէն նուազած են: Իսրայէլի մէջ պատմաբաններ եւ վերլուծաբաններ, ինչպէս` Շմուէլ Լետերման, կոչ կ՛ընեն Իսրայէլին` ճանչնալու Հայոց ցեղասպանութիւնը:
Պատմական վէրքին զուգահեռ, փորձառութիւնները կրնան ծառայել իբրեւ բարոյական համախմբման եւ աւելի խորունկ մշակութային հասկացողութեան հիմք` համաձայնագիրներու շրջանակին մէջ: Այդպիսի ճանաչում մը պիտի ազդանշէ Իսրայէլի նուիրուածութիւնը պատմական ճշմարտութեան եւ արդարութեան` արժէքներ, զորս Հայաստան երկար ատենէ ի վեր կը պաշտպանէ` նոյն ժամանակ տարածք ստեղծելով աւելի սկզբունքային գործընկերութեան մը համար` զուտ պարզ ռազմավարական յարմարութենէ մը մղուած:
Աբրահամեան համաձայնագիրներու առաջին փուլին, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու եւ Պահրէյնի պէս երկիրներ, յաճախ` առանց նախկին յարաբերութիւններ ունենալու, Իսրայէլի հետ յարաբերութիւնները բնականոնացուցին եւ դիւանագիտական կապեր, ուղղակի թռիչքներ ու առեւտուրի ուղիներ հաստատեցին: Հայաստան, ընդհակառա՛կը, արդէն Իսրայէլի հետ ունի պաշտօնական դիւանագիտական կապեր: Իսրայէլ Հայաստանի անկախութիւնը ճանչցաւ 1991-ին, եւ դիւանագիտական յարաբերութիւնները հաստատուեցան 1992-ին: Հայաստան Իսրայէլի մէջ իր առաջին բնակիչ դեսպանը նշանակեց 2021-ին, եւ Իսրայէլ անոր հետեւեցաւ 2022-ին: Թէեւ յարաբերութիւնները կը մնան սահմանափակ, սակայն այս գոյութիւն ունեցող հիմքը կը տարբերակէ Հայաստանը համաձայնագիրներու նախկին մասնակցողներէն եւ կրնայ հնարաւոր դարձնել աւելի աստիճանական եւ գործնական կապերու ընդլայնումը:
Դիւանագիտութենէն անդին` Հայաստան կրնայ զարգացնել առեւտրական կապեր Իսրայէլի հետ, մասնաւորապէս` ադամանդագործութիւն, բարձր արհեստագիտական արտադրութիւն, զբօսաշրջութիւն եւ գիւղատնտեսական արհեստագիտութիւն: Երկու երկիրները կրնան նաեւ համագործակցիլ ջուրի կառավարման, կրթութեան եւ զբօսաշրջութեան մէջ: Հայաստանի աճող ճարտարարուեստի ճիւղը կրնայ հնարաւորութիւններ գտնել` գործակցելու տարածաշրջանային նորարարութեան կեդրոններու հետ, որոնք կը ծագին Աբրահամեան համաձայնագիրներու շրջանակին մէջ:
Աշխարհաքաղաքականօրէն կայ համախմբման լրացուցիչ շերտ մը: Հայաստան վերջին տարիներուն աւելի մտերիմ կապեր կը զարգացնէ Հնդկաստանի հետ, մասնաւորապէս` պաշտպանական զէնքերու ձեռքբերման եւ ռազմավարական համագործակցութեան մէջ: Իսրայէլի ուժեղ դաշինքը Հնդկաստանի հետ եւ Փաքիստանի խորացող ռազմական գործընկերութիւնը Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի հետ նկատի ունենալով` կարելի է լուռ համակարգման հնարաւորութիւններ գտնել հայկական եւ իսրայէլեան շահերու միջեւ, նոյնիսկ եթէ իրենց համապատասխան մեկնակէտները տարբեր են:
Դիւանագիտութիւնը կը մնայ նուրբ: Հայաստան պէտք է խուսափի հակապաղեստինեան դիտուելէ, նոյն ատեն նաեւ ազդանշելով բաց ըլլալու կառուցող յարաբերութիւններու Իսրայէլի հետ` իր ներգրաւուածութիւնը հիմնելով երկխօսութեան վրայ, եւ ոչ` ռազմավարական համախմբման:
Հրեաներուն պէս հայերը պատմականօրէն գործած են իբրեւ համաշխարհային առեւտուրի ժողովուրդ` կառուցելով կայսրութիւններու մէջ ցանցեր, յարմարելով բարդ շուկաներու եւ պահպանելով առեւտուր սփիւռքային վստահութեան եւ անդրտարածաշրջանային կապակցուածութեան միջոցով: Միջնադարեան հայոց Կիլիկեան թագաւորութիւնը բարգաւաճեցաւ իբրեւ Արեւելքը եւ Արեւմուտքը կապող առեւտրական պետութիւն, մինչ 17-րդ դարու հայ վաճառականները առանցքային դերեր խաղացին Պարսկաստանի, Հնդկաստանի եւ հարաւարեւելեան Ասիոյ միջեւ առեւտուրին մէջ` յաճախ գործելով անգլիական եւ հոլանտական Արեւելեան Հնդկաստանի ընկերակցութիւններու համակարգերուն մէջ:
Յետխորհրդային շրջանին հայերը շարունակեցին իրենց կշիռէն աւելի ուժ ցուցաբերել Եւրասիական տնտեսական միութեան եւ աւելի լայն նախկին խորհրդային շուկաներու հետ առեւտուրին մէջ:
Այս խոր արմատացած առեւտրական մշակոյթը եւ սփիւռքի խորունկ ցանցային հասանելիութիւնը Հայաստանը կը դիրքաւորեն` ծառայելու իբրեւ կապակցիչ կէտ Աբրահամեան համաձայնագիրներուն մէջ: Իր պատմական առեւտրական յարմարուողականութիւնը, ռազմավարական դիրքը եւ համաշխարհային հայկական ցանցերը կրնան օգնել Ծոցի, իսրայէլեան, հնդկական եւ եւրասիական շուկաները կապակցելու: Համապատասխան ենթակառոյցներով եւ համակարգիչ շրջանակներով Հայաստան կրնայ աջակցիլ արեւելք-արեւմուտք եւ հիւսիս-հարաւ առեւտրական միջանցքներուն` նոյն ատեն առաջարկելով առեւտրական կաղապար մը, որ ձեւաւորուած է ոչ թէ ծաւալով, այլ վստահութեան վրայ հիմնուած ցանցերով` արժէքներ, որոնք կը համապատասխանեն համաձայնագիրներու ոգիին:
Վերջին նկատառումը Հայաստանի հաւանական մուտքը Աբրահամեան համաձայնագիրներ անոր խաղաղութեան գործընթացին մէջ Ազրպէյճանի հետ կապակցելու ներկայ միտումն է: Այս երկու գիծերը պէտք է առանձնացուին: Ազրպէյճանի ներառումը համաձայնագիրներուն մէջ հաւանաբար անխուսափելի է եւ արդէն կը ստանայ հրապարակային աջակցութիւն` ազդեցիկ ռաբբինական գործիչներէ: Սակայն Հայաստան պէտք է սահմանէ իր մասնակցութիւնը իր անձնական պայմաններով` իր քաղաքակրթական ինքնութեան, տարածաշրջանային շահերու եւ ռազմավարական սահմանափակումներու վրայ հիմնուած:
Թուրքիոյ գործօնը նոյնպէս արժանի է ուշադրութեան: Մինչ Անգարա կը շարունակէ հրապարակաւ խօսիլ իր` պաղեստինեան դատին աջակցութեան մասին, Իսրայէլի նաւթի ներածումներուն գրեթէ 40 տոկոսը կ՛անցնի թրքական տարածքէն, եւ թուրք պաշտօնատարներ ներկայ էին Ազրպէյճանի մէջ տեղի ունեցած Սուրիոյ եւ Իսրայէլի ներկայացուցիչներուն միջեւ վերջին գաղտնի քննարկումներուն ընթացքին: Այս լուռ դիւանագիտութիւնը կ՛առաջարկէ, որ Թուրքիա կրնայ աւելի ճկուն ըլլալ դռներու ետին, քան` իր խօսքերը կ՛ակնարկեն, եւ որ` կրնայ գոյութիւն ունենալ տարածք մը` աւելի ստեղծագործական տարածաշրջանային համախմբումներու համար:
Հարցը այն չէ, թէ արդեօք Հայաստան վաղը կրնա՞յ Աբրահամեան համաձայնագիրներու լիիրաւ անդամ դառնալ: Հարցը այն է, թէ արդեօք սկզբունքային ներգրաւուածութեան ձեւ մը կարելի՞ է, մէկը, որ կը խուսափի խափանելէ Հայաստանի նուրբ յարաբերութիւնները Իրանի եւ Ռուսիոյ հետ եւ կը խուսափի ազդանշելէ Կազայի մէջ ընթացող մարդկութեան դէմ յանցագործութիւններու հաւանութիւն` նոյն ատեն առաջարկելով դիւանագիտական տարածք մը, տնտեսական հնարաւորութիւն մը եւ աւելի ուժեղ տարածաշրջանային ներկայութիւն մը:
Հայաստան չի կրնար մեկուսացած մնալ, ո՛չ ալ կրնայ գործիքականացուիլ մրցակից ուժերու կողմէ: Եթէ Հայաստան կարենայ մօտենալ յստակութեամբ եւ զգուշութեամբ, Աբրահամեան համաձայնագիրները կրնան Հայաստանին առաջարկել ոչ միայն նոր դաշինք մը, այլ նոր հարթակ մը` իր դերը վերադասաւորելու համար, աւելի քիչ իբրեւ աշխարհագրութեան կրաւորական առարկայ, այլ` իբրեւ տարածաշրջանային կայունութեան նպաստող:
Մինչ Աբրահամեան համաձայնագիրներու երկրորդ ալիքը յաճախ կը նկարագրուի իբրեւ կանուխ, բնականոնացումը Իսրայէլի եւ Սէուտական Արաբիոյ, Սուրիոյ կամ Լիբանանի պէս երկիրներու միջեւ հաւանաբար պիտի ըլլայ երկարաշունչ եւ քաղաքականօրէն նուրբ գործընթաց մը:
Հայաստան կը բախի իր անձնական սահմանափակումներուն: Բայց համաձայնագիրներու զարգացող շրջանակը հնարաւորութիւն մը կ՛առաջարկէ հայկական քաղաքական մտածողութեան համար` ներգրաւուիլ տարածաշրջանային կառուցուածքի կենդանի փորձարկումին մէջ: Անիկա կը գործէ իբրեւ մանրաշխարհ մը` աւելի լայն երկընտրանքներու, որոնց Հայաստան պիտի բախի, երբ համաշխարհային համախմբումները պիտի փոխուին, եւ տարածաշրջանային կարգերը պիտի վերակարգաւորուին:
Գործնական քայլ մը կրնայ ըլլալ հայկական դիւանագիտութեան համար` իր դիրքը համապատասխանեցնելը Սուրիոյ, Լիբանանի եւ ուրիշներու հետ` նոյն ատեն վերահաստատելով պաղեստինեան ինքնորոշման իր աջակցութիւնը: Հայաստանի խորունկ պատմական կապերը Լեւանթին (Արեւելքին) հետ իր դիւանագիտական ներկայութիւնը եւ երկարատեւ ընդհանրութիւնները երկու երկիրներուն մէջ ներգրաւուածութեան համար համակարգուած հիմք մը կ՛ապահովեն: Աբրահամեան համաձայնագիրներուն մօտենալով ոչ մեկուսացած, այլ` ուրիշներու հետ խօսակցութեան մէջ, Հայաստան կրնայ գտնել զգուշաւոր, ստեղծագործական եւ, վերջապէս, իր անձնական ճամբան: Նոյնպէս, հայկական սփիւռքի կազմակերպութիւններուն խորհուրդ կը տրուի համակարգելու այս խիստ զգայուն հարցին վերաբերեալ որեւէ քարոզչութիւն Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան հետ համակարգելու գծով:
Չհամակարգուած գործողութիւնները կրնան հակառակ արդիւնքը տալ:
Գրողներուն Մասին
Հրայր Պալեան 35 տարիներ աշխատած է հակամարտութիւններու լուծման ուղղութեամբ՝ Միջին Արեւելքի, Ափրիկէի, Պալքաններու, Արեւելեան Եւրոպայի, Կովկասի եւ Կեդրոնական Ասիոյ մէջ։ Ան ղեկավար դիրքեր ունեցած է ԱՄ-ի, ԵԱՀԿ-ի եւ հանրային կազմակերպութիւններու մէջ, ներառեալ՝ «Քարթըր» կեդրոնը (տնօրէն հակամարտութիւններու լուծման, 2008-2022)։
Րաֆֆի Արտալճեան՝ «Ֆլեչըր» դպրոցի շրջանաւարտ, արհեստագիտութեան մասնագէտ է եւ խորհրդատու՝ խորհուրդներու, հանրային հաստատութիւններու եւ հանրային կազմակերպութիւններու։ Ան կը մտածէ եւ կը գրէ սփիւռքը եւ Հայաստանը յուզող քաղաքական հարցերու մասին։