Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՄԸՄ-ը` Վստահելի, Հարազատ Ու Ապահով Բոյն, Հայեցի Դաստիարակութեան Դարբնոց Եւ Հայապահպանման Ամրոց*

Յունիս 11, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

 ԹԱԼԻՆ ՕՐՏՈՂԼԵԱՆ

Մայիսեան յաղթանակներու ամիսն է դարձեալ:

Մայիսը, որ կերտեց Հայաստանի առաջին անկախութիւնը, մայիսը, որ ականատեսը եղաւ հերոսական Շուշիի ազատագրման:

Դարձեալ` այն մայիսը, որ լիբանանահայութեան եւ ՀՄԸՄ-ականներուն տարեկան ժամադրավայրը կը դարձնէ Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի այս դաշտը, ուր քիչ ետք մեր բոլորին սրտերը պիտի խայտան տեսնելով` ՀՄԸՄ Լիբանանի սկաուտական կարգապահ շարքերուն եւ մարզիկներուն տողանցքը` նուիրուած 1918-ի փառահեղ յաղթանակին:

Այս առիթով, ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութիւնը կ՛ողջունէ` ՀՄԸՄ Լիբանանը եւ անոր Շրջանային վարչութիւնը,  խորհուրդն ու խմբապետութիւնը, յանձնախումբերը, որոնք, հակառակ երկրին մէջ տիրող անկայունութեան, պատերազմական վիճակին, ընկերային ու յատկապէս տնտեսական դժուարութիւններուն, աշխուժ թափով եւ ՀՄԸՄ-ականի աննահանջ ոգիով ու կամքով կը շարունակեն իրենց գործունէութիւնը` ԼԵՎԱՄ-ի եւ մարզական այլ մրցաշարքերով, սկաուտական ձեռնարկներով եւ բանակումներով, ինչպէս նաեւ` տարեկան աւանդութիւն դարձած մայիսեան փառատօնով:

Անսահման ուրախութեամբ եւ հոգեկան անխառն գոհունակութեամբ այս շարքերը վստահաբար կը դիտէ նաեւ երախտաւորներու այն սերունդը, որ 107 տարիներ առաջ յանդուգն գաղափարը յղացաւ հիմնելու Հայ մարմնակրթական ընդհանուր միութիւնը` ՀՄԸՄ-ը, որ աւելի քան հարիւրամեայ իր երթին ընթացքին ուռճացաւ ու բազմացաւ, դարձաւ համատարած ու համահայկական միութիւն մը, որ այսօր իր շուրջ կը համախմբէ աւելի քան քսանհինգ հազար անդամներ եւ նոյնքան ու թերեւս աւելի համակիրներ:

Ու պահ մը հարց կու տանք, թէ ինչո՞ւ այս սէրը եւ վստահութիւնը` ՀՄԸՄ-ի հանդէպ: Ի՞նչն է, որ զինք կը տարբերէ ուրիշներէ եւ եզակի ու իւրայատուկ կը դարձնէ: Ի՞նչ է այն գաղտնիքը, որ 107-ամեայ այս հսկան կը պահէ միշտ երիտասարդ: ՀՄԸՄ կը մնայ երիտասարդ, որովհետեւ իւրաքանչիւր նոր մանուկի մը կամ պատանիի մը մուտքը իր շարքերէն ներս` նոր աւիւն ու կենսունակութիւն կը բերէ իրեն հետ, նոր արիւն կը ներարկէ անոր երակներուն:

Տասնամեակներու ընթացքին ՀՄԸՄ վստահութիւն ներշնչելով` դարձած է հարազատ ու ապահով բոյնը հայ մանուկին ու պատանիին: ՀՄԸՄ-ի ակումբներն ու կեդրոնները պարզապէս հաճելի ժամանցի վայրեր չեն, անոնք, ծնողքին ու հայ վարժարանին կողքին, հայեցի դաստիարակութեան դարբնոցներ են եւ հայապահպանման ամրոցներ:

Դիւրին չէ նման դերակատարութիւն ստանձնելն ու զայն անխախտ պահելը, յատկապէս` 21-րդ դարու նոր աշխարհին մէջ եւ անոր ամէնօրեայ մարտահրաւէրներուն դիմաց: Արդարեւ, ՀՄԸՄ չի կրնար տեղքայլի մէջ մնալ, երբ ամբողջ աշխարհը կը վազէ սրընթաց, երբ արհեստագիտութիւնն ու անոր ընձեռած միջոցները` կը կլանեն բոլորիս առօրեան: ՀՄԸՄ պիտի գտնէ ձեւերն ու միջոցները` ըլլալու ա՛յս դարու կազմակերպութիւնը, քայլ պահելով փոփոխութիւններուն հետ, առանց սակայն զիջելու իր անխախտ սկզբունքներէն ու նպատակէն:

Ու այս բոլորին զուգահեռ, ՀՄԸՄ պիտի պահէ ազգային իր ինքնուրոյն դիմագիծը եւ ազգային հարցերով տոգորուած միութիւն ըլլալու յատկութիւնը. միութիւն մը, որ իր հիմնադրութեան օրէն սկսեալ գործօն դերակատարութիւն ունեցած է հայ ժողովուրդի պատմութեան բոլոր փուլերուն` ճերմակ թէ սեւ օրերուն: ՀՄԸՄ երբեք չխուսափեցաւ ազգային իր պարտականութենէն, Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան օրերուն ՀՄԸՄ հոն էր, գետնի վրայ` խնամելով որբացած եւ անհայրենիք մնացած մանուկներն ու պատանիները: Անկախութեան կորուստէն ետք ՀՄԸՄ ճիշդ է, որ հեռացաւ Հայաստանէն, սակայն եռագոյնը եւ Հայաստանը պահեց իրեն հետ` հոն, ուր նոր արմատներ նետեց ու դարձաւ այդ դրօշին պահապանն ու պաշտպանը: Ու երբ Հայաստան վերանկախացաւ, ՀՄԸՄ վերադարձաւ հայրենիք… Այսօր, Արցախի կորուստէն եւ անոր հայաթափումէն ետք, ՀՄԸՄ դարձեալ պատնէշի վրայ է. արցախեան պատերազմներուն ինկած հերոսներուն շարքին են նաեւ ՀՄԸՄ-ականներ, որոնք հայրենի հողի պաշտպանութեան համար տուին իրենց գերագոյնը, նուիրեցին իրենց կեանքը: Ու ՀՄԸՄ անգամ մը եւս ստանձնեց դրօշակի պահապանի իր դերը: ՀՄԸՄ-ական սկաուտն ու մարզիկը իրենք կուրծքին վրայ կը կրեն այդ պարտականութեան խորհրդանիշը` մինչեւ այն օրը, երբ հերոսական Արցախը կը վերադառնայ իր իրաւացի զաւակներուն:

Իբրեւ համահայկական կառոյց` ՀՄԸՄ կը շարունակէ տարածուիլ գաղութներու մէջ` բարձրացնելով իր շրջաններուն եւ մասնաճիւղերուն թիւը: Արդարեւ, տակաւին մէկ ամիս առաջ, Ֆրանսայի մէջ ՀՄԸՄ-ի մեծ ընտանիքին միացաւ ցարդ անոր կրտսերագոյն մասնաճիւղը` ՀՄԸՄ Նիսը:

Համահայկական աշխատանքի ծիրին մէջ Համա-ՀՄԸՄ-ական մեծ ձեռնարկները կը շարունակուին նոյն թափով: Յառաջիկայ ամսուան մէջ Հայաստանի մէջ կը սկսին Համա-ՀՄԸՄ-ական 12-րդ մարզախաղերը աւելի քան 700 մարզիկներու մասնակցութեամբ: Անոնց զուգահեռ, տեղի կ՛ունենան սկաուտական ցամաքամասային բանակումներ. ամերիկեան ցամաքամասի երկիրներն ու Աւստրալիոյ սկաուտները կը հանդիպին Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու ՀՄԸՄ-ի բանակավայրին մէջ` մասնակցութեամբ աւելի քան 700 սկաուտներու, իսկ Միջին Արեւելքի ցամաքամասային բանակումը նոյն թուականներուն կը հիւրընկալուի  Լիբանանի կողմէ` մօտաւորապէս 1000 սկաուտներու մասնակցութեամբ: Վստահ ենք, որ այս ձեռնարկները յաւելեալ սերտ կապեր պիտի հաստատեն իրարմէ աշխարհագրականօրէն հեռու, բայց ՀՄԸՄ-ով միացած տարբեր երկիրներ հաստատուած ՀՄԸՄ-ականներու միջեւ:

Երթը պիտի շարունակուի` հակառակ բոլոր մարտահրաւէրներուն եւ դժուարութիւններուն, միութեան քայլերգին բառերով` «Յառա՛ջ անսասան, յառա՛ջ անդեդեւ»:

Կեցցէ՛ 28 մայիսի փառապանծ յաղթանակը,
Կեցցե՛ն աշխարհասփիւռ բոլոր ՀՄԸՄ-ականները,
Կեցցէ՛ ՀՄԸՄ-ը:

———

 * ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան խօսք` արտասանուած մայիսեան փառատօնին:

Նախորդը

Կ՛երդնունք Շարունակել Ծառայել Ազգին Ու Հայրենիքին, Շարունակել Մեր Սրբազան Պայքարը*

Յաջորդը

ՀՅԴ ԼԵՄ-ի Այս Հրատարակութեան Նպատակն Է Առիթ Տալ Լիբանանահայ Երիտասարդութեան Ու Աշակերտութեան` Ցեղասպանութեան Եւ Հայ Դատի Մասին Իրենց Մտքերը Արտայայտելու*

RelatedPosts

Բա՛ւ Է Խօսինք. Աշխատանքը Կը Սպասէ Բոլորիս
Անդրադարձ

Յանձնառու Պիտի Դառնա՞նք Վաղուան Ամբողջական Եւ Անկախ Հայաստանին…

Յունիս 13, 2025
Անդրադարձ

Մեր Արժանաւոր Արուեստագէտներէն. Ազգագրական-Աշուղական-Հայրենական-Ժողովրդական Երգերու Փայլուն Մեկնաբան՝ Ճոնի Կէօքճեան

Յունիս 12, 2025
Ժամանակակից Հեքիաթ` Մեծերու Համար
Անդրադարձ

Ի՛մս Է Ճեմարանը

Յունիս 11, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?