Հովուական պաշտօնավարութեանս շրջանին ունեցած եմ ծխականներ, որոնք ենթակայ եղած են բժշկական սխալ ախտաճանաչումներու: Մասնագէտ բժիշկներ առաւելագոյնը վեց ամսուան կեանք տուած են անոնց: Այդ մարդոցմէ ոմանք ապրեցան երկար տարիներ եւ իրենց աչքերը փակեցին խոր ծերութեան մէջ:
Բժշկական սխալ ախտաճանաչումներ իրենց թէ՛ վնասակար եւ թէ՛ օգտակար ազդեցութիւնները ունեցած են, այսպէս կարծուած, մահամերձ հիւանդներու կեանքին վրայ: Վնասակար ազդեցութիւնը այն եղած է, որ բժիշկին ախտաճանաչումը վախ եւ սարսափ պատճառած է հիւանդներուն եւ ժխտական իմաստով ազդած է անոնց, ինչպէս նաեւ` իրենց հարազատներու, ազգականներու եւ բարեկամներու կեանքին: Օգտակար եւ բարերար ազդեցութիւնը այն եղած է, որ անոնք իրենց մնացեալ սահմանափակ օրերը նկատի ունենալով` աշխատած են նոր հայեացքով նայիլ իրենց կեանքին ու կենցաղին` նոր որոշումներ տալով, իրենց կեանքը Աստուծոյ եւ մարդոց ծառայութեան նուիրելով:
Ժամանակի տնտեսութեան նկատմամբ հետեւեալ նշմարները կ՛ուզենք ներկայացնել.
Առաջին. ժամանակը աստուածային պարգեւ մըն է, զոր պէտք է երախտագիտութեամբ ընդունինք եւ վայելենք: Աստուած մեզի տուած է տեսանելի եւ անտեսանելի, շօշափելի եւ ոչ շօշափելի պարգեւներ: Կեանքը անտեսանելի, բայց ապրուած ամէնօրեայ պարգեւ մըն է: Մեր ժամանակը պարգեւ մըն է, որ առիթ կ՛ընծայէ մեզի` ապրելու, մեծնալու, սիրելու, յարաբերութիւններ մշակելու եւ մեր կեանքը արժեւորելու: Ի զուր չէ, որ սաղմոսերգուն կը գրէ. «Ահա՛ւասիկ այն օրը, որ Տէրը ստեղծեց. խայտանք եւ ուրախանանք անոր մէջ» (Սաղմ. 118.24): Յիրաւի, ժամանակը Աստուծոյ առատաձեռն նուէրն է բոլոր մարդոց անխտիր: Ամէն ապրող էակ 60 երկվայրկեան ունի ամէն վայրկեանի մէջ, 60 վայրկեան` ամէն ժամուան մէջ եւ 24 ժամ` ամէն օրուան մէջ: Ոչ ոք զրկուած է ժամանակի առանձնաշնորհումէն: Ժամանակը աստուածատուր պարգեւ մըն է, ինչպէս` Աստուծոյ մեզի տուած ուրիշ պարգեւներն ու շնորհները, որոնց համար կոչուած ենք տնտես ըլլալու: Ուրեմն իմաստութեամբ տնտեսելու ենք մեր ժամանակը: Ամէն օր, սաղմոսերգուին նման, աղօթելու ենք. «Այնպէս սորվեցուր մեզի մեր օրերը համրել, որ սրտի իմաստութիւն ստանանք» (Սաղմ. 90. 12):
Երկրորդ. ժամանակը իմաստութեամբ գործածելու ենք, որովհետեւ ան սահմանափակ է: Ժամանակի կարճատեւ ըլլալը մեզ զգաստ եւ իմաստուն դարձնելու է, որ ընդունայն չվատնենք զայն: Յակոբոս առաքեալ կը յիշեցնէ մեզի. «Կեանքը ի՞նչ է, եթէ ոչ` շոգի մը, որ քիչ մը ատեն կ՛երեւնայ ու ետքը կ՛ոչնչանայ» (Յակ. 4. 15):
Աստուածաշունչ մատեանը կեանքը կը նմանեցնէ բողբոջող ծաղիկի մը կամ դաշտի մէջ բուսնող խոտի մը, որ պահ մը կը մեծնայ, բայց շուտով կը խամրի եւ կը մեռնի: Դժբախտաբար շատերու կեանքը կը նմանի մեծցող, խամրող եւ փճացող խոտերու: Այդ տեսակ կեանք մը միայն վատնուած կեանք մըն է: Այդ պատճառով է, որ Պօղոս առաքեալ կը պատուիրէ. «Ուստի նայեցէք, թէ ինչպէ՛ս զգուշութեամբ պիտի քալէք, ոչ թէ անմիտներու պէս, հապա` իմաստուններու պէս. ժամանակը ծախու առէք, վասն զի օրերս չար են» ( Եփես. 5.16 ):
Այս կեանքի մէջ շատեր չեն սորված իրենց ժամանակը տնտեսել: Ոմանք զայն կը գործածեն` ուրիշները շահագործելով, նուաստացնելով, բամբասանքով ու չարախօսութեամբ: Ուրիշներ պարապ բաներով կը վատնեն իրենց սուղ ժամանակը: Եւ դեռ ուրիշներ` անփոյթ յետաձգումներով, այսօրուան գործը վաղուան ձգելով եւ ապագայի մասին ծրագիրներ մշակելով` առանց նկատի ունենալու անստոյգ ապագան: Յակոբոս առաքեալ կը զգուշացնէ քրիստոնեաները գրելով. «Դուք վաղը չէք գիտեր» (Յակ. 4.14):
Այս աշխարհի մէջ կան կարգ մը բաներ, զորս կրնանք պահել, կան նաեւ կարգ մը ուրիշ բաներ, զորս անհնար է պահել: Օրինակ, դրամը կրնանք պահել, շահարկել եւ գործածել: Բայց ժամանակը չենք կրնար պահել, ոչ ալ կրնանք զայն փոխարինել: Աստուծոյ կամքը այն է, որ մեզի տրուած ժամանակը պէտք է ըստ արժանւոյն գործածենք` զինք պաշտելով, իր ստեղծած արարածները սիրելով եւ անոնց ծառայելով, եւ մանաւանդ` Աստուծոյ մօտեցնելով բոլոր անոնք, որոնք չեն ճանչցած իր փրկարար սէրը:
Երրորդ. ժամանակը սկզբնաւորութիւնն է յաւիտենականութեան: Յիսուս յայտարարեց. «Այս է յաւիտենական կեանքը, որ ճանչնան Քեզ` միմիայն ճշմարիտ Աստուածդ, ու Յիսուս Քրիստոս, զոր Դուն ղրկեցիր» (Յովհ. 17. 3): Յաւիտենական կեանքը կը սկսի Քրիստոսի հետ մեր սկսած նոր յարաբերութեամբ, որովհետեւ ինք եկաւ կեանք եւ աւելի կեանք բերելով, այսինքն յաւիտենական կեանք` անոնց, որոնք կ՛ընդունին զինք` որպէս իրենց Տէրն ու Փրկիչը:
Երբ անձ մը Սուրբ Հոգիին կոչին հնազանդի եւ որոշէ Քրիստոսի աշակերտել, Աստուծոյ կամքը կատարած կ՛ըլլայ: Իր կեանքի այդ շրջադարձը օրհնեալ ժամանակ մըն է իրեն համար: Այդ տեսակ անձ մը արդէն յաւիտենական կեանքի մէջ մտած է, եւ թէ՛ ապրի, թէ՛ մեռնի, Աստուծոյ զաւակն է. իր Տիրոջ հետ անվերջ եւ անվախճան կեանք մը պիտի ունենայ: Այս տեսակ անձ մը իր ժամանակին տնտեսն է, իր ժամանակը իմաստութեամբ կը գործածէ իր եւ իր նմաններու բարօրութեան համար:
Երբեք մոռնալու չենք, որ ժամանակը Աստուծոյ պարգեւն է մեզի, որուն համար համարատու ենք Իրեն: Դժբախտաբար մեզմէ ոմանք անպատասխանատու եւ անհաւատարիմ տնտեսներ եղած են իրենց ժամանակին: Կարգ մը մարդիկ իրենց ժամանակը վատնած են անկարեւոր եւ աննպատակ բաներով: Ուրիշներ ունայն տեղ ժամավաճառ եղած են` անպէտ եւ քանդիչ բամբասանքներով, բարոյազուրկ եւ նուաստացուցիչ արարքներով, անփութութեամբ եւ ծուլութեամբ: Եւ դեռ, ուրիշներ իրենց ժամադրութիւնները չյարգելով` ուրիշներու ժամանակը գողցած են:
Վերջին դատաստանի օրը Արդար Դատաւորը պիտի հարցնէ. «Ինչպէ՞ս տնտեսեցիր ժամանակդ. պատրա՞ստ ես ժամանակիդ տնտեսութեան հաշիւը տալու»:



