Գաղութէ Գաղութ

Արամ Ա. Կաթողիկոս Այցելեց Ուայթընզվիլ

Արամ Ա. Կաթողիկոս Այցելեց Ուայթընզվիլ

Ընկերակցութեամբ իր շքախումբին, որուն մաս կը կազմեն Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան Հայոց Թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արք. Դանիէլեան, Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Հայոց Թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Գեղամ Արք. Խաչերեան եւ Արեւելեան թեմի ազգային վարչութեան ատենապետ գնդապետ Արամ Սարաֆեան, Կաթողիկոսարանի տեղեկատուական բաժանմունքի վարիչ Հոգշ. Տ. Յովակիմ Վրդ. Բանճարճեան եւ Միջին Արեւելքի միջ-եկեղեցական եւ քրիստոնեայ-իսլամ յարաբերութեանց վարիչ Հոգշ. Տ. Սարգիս Վրդ. Աբրահամեան,...

ՍԵՄ-ի Գամիշլիի «Նիկոլ Դուման» Մասնաճիւղի Գրասենեակ-Գրադարանի Բացում

ՍԵՄ-ի Գամիշլիի «Նիկոլ Դուման» Մասնաճիւղի Գրասենեակ-Գրադարանի Բացում

ՎԱՆԱ ԿԻՐԱԿՈՍԵԱՆ «Դաշնակցութեան ակումբը օտարութեան մէջ կանգնած հայութեան տունն է, որուն քարերը կարծես շաղախուած ըլլան հայրենի հողին սրբազան կաւով, մեռելներու աճիւնով եւ հերոսներու արիւնով: Զայն չեն կրնար քանդել կեանքի սովորական փոթորիկներն ու թշնամիի հարուածները»։ Մուշեղ Իշխանի այս խօսքերը շատ տպաւորիչ կը թուէին ՍԵՄ-ականներուն համար, երբ Շաբաթ, 28 Սեպտեմբեր 2024-ի երեկոյեան տեղի ունեցաւ բացումը ՍԵՄ-ի «Նիկոլ Դուման» մասնաճիւղի վերանորոգուած գրասենեակին։ Բացումը...

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ժամանեց Մասաչուսեց Նահանգի Ուսթըր Քաղաքը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ժամանեց Մասաչուսեց Նահանգի Ուսթըր Քաղաքը

Երեքշաբթի, 9 Հոկտեմբեր 2024-ի յետմիջօրէին, Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, իր շքախումբով, ժամանեց Ուսթըր, ուր դիմաւորուեցաւ հոգաբարձութեան եւ կազմակերպիչ յանձնախումբին կողմէ, գլխաւորութեամբ Սուրբ Երրորդութիւն եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Գերապատիւ Տէր Արտակ Ծայրագոյն Վարդապետ Արապեանի: Վեհափառ Հայրապետը Սուրբ Երրորդութիւն եկեղեցի մուտք գործեց «Հրաշափառ»ի երգեցողութեամբ, ուր հաւաքուած էին քաղաքի կաթոլիկ եկեղեցւոյ արքեպիսկոպոսը եւ զանազան համայնքներու հոգեւոր հայրեր ու հաւատացեալներ: Արարողութենէն ետք, Հիւսիսյին Ամերիկայի Արեւելեան...

Գաղութէ -Գաղութ

Քուէթահայ Բարերար Կիրակոս Գույումճեանի «Ներսէս Շնորհալի» Ուսումնական Մրցանակի Տուչութիւն

Հանդիսապետութեամբ եւ ձեռամբ Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Մակար արք. Աշգարեանի, կազմակերպութեամբ Բերիոյ հայոց թեմի Ազգային վարչութեան եւ Ուսումնական խորհուրդին, շաբաթ, 5 հոկտեմբեր 2024-ին քուէթահայ բարերար Կիրակոս Գույումճեանի կողմէ հաստատուած «Ներսէս Շնորհալի» ուսումնական մրցանակի տուչութիւնը կատարուեցաւ Սրբոց Քառասնից Մանկանց Մայր եկեղեցւոյ «Նիկոլ Աղբալեան» սրահին մէջ: Մրցանակաբաշխութեան յայտագիրը սկիզբ առաւ Տէրունական Աղօթքով: Բացման խօսք արտասանեց Մարինա Պօղիկեան` յայտնելով, որ 2017-2018 տարեշրջանէն սկսեալ...

Արամ Ա. Կաթողիկոսին Հանդիպեցաւ  Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի Ռազմական  Հարցերու Յանձնախումբի Ատենապետը

Արամ Ա. Կաթողիկոսին Հանդիպեցաւ Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի Ռազմական Հարցերու Յանձնախումբի Ատենապետը

Երկուշաբթի, 7 հոկտեմբեր 2024-ին, Փրաւիտընսի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը ընդունեց այցելութիւնը Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի ռազմական հարցերու յանձնախումբի ատենապետ ծերակուտական Ժաք Ռիտին: Հանդիպման ներկայ էին երեք երեսփոխաններ: Հանդիպման ընթացքին Արամ Ա. կաթողիկոս անդրադարձաւ Միացեալ Նահանգներու մէջ մեր համայնքներուն եւ ամերիկեան հասարակութեան մէջ անոնց ունեցած դերակատարութեան, ինչպէս նաեւ խօսեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան առաքելութեան ու Լիբանանի ներկայ...

Գաղութէ -Գաղութ

Գաղութէ -Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Սուրիա Հոգեհանգստեան Արարողութիւն` Համազգայինի Հին Եւ Նոր Ննջեցեալներուն Յիշատակին Հովանաւորութեամբ եւ հանդիսապետութեամբ Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Մակար արք. Աշգարեանի, նախաձեռնութեամբ Համազգայինի Սուրիոյ Շրջանային վարչութեան, հայկական մշակոյթի ամսուան մէջ, 6 հոկտեմբերին Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն` Համազգայինի հին եւ նոր ննջեցեալներուն յիշատակին, յարգելու միութեան շարքերէն ներս անսակարկ ծառայութիւն ունեցած ննջեցեալները եւ աղօթք բարձրացնելու առ Աստուած` անոնց...

Արամ Ա. Կաթողիկոս Սփրինկֆիլտի Մէջ

Արամ Ա. Կաթողիկոս Սփրինկֆիլտի Մէջ

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը եւ իր շքախումբը, Փրաւիտընսէն ուղղուեցան ՍփրինկՖիլտ, ուր Ինտիըն Օրչըրտ շրջանին մէջ կը գործէ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին: Նորին Սրբութեան շքախումբին մաս կը կազմեն Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան Հայոց Թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արք.  Դանիէլեան, Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Հայոց Թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Գեղամ Արք. Խաչերեան եւ Արեւելեան թեմի ազգային վարչութեան ատենապետ գնդապետ Արամ Սարաֆեան: Վեհափառ Հայրապետը...

Գեմպրիճի Մէջ Յոբելենական Հանդիսութեամբ Նշուեցաւ «Հորիզոն» Շաբաթաթերթի 45-Ամեակը

Գեմպրիճի Մէջ Յոբելենական Հանդիսութեամբ Նշուեցաւ «Հորիզոն» Շաբաթաթերթի 45-Ամեակը

Գեմպրիճի մէջ «Հորիզոն» շաբաթաթերթի 45-ամեակին նուիրուած յոբելենական հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ Շաբաթ, 5 Հոկտեմբեր 2024-ի երեկոյեան ժամը 7։00-ին, Հայ կեդրոնի «Փոստաճեան» սրահէն ներս։ Հանդիսավար ընկհ․ Ցոլեր Մկրտիչեան, բարի գալուստի խօսքէն ետք նշեց, որ «Հորիզոն» շաբաթաթերթի լրագրական աշխատանքը, ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէի որոշումով, սկիզբ առած է 45 տարիներ առաջ, ծաւալելու բոլոր շրջաններու գանատահայութեան պատմութիւնը, կազմակերպութեան շարքերու եւ իր հովանիին տակ գործող բոլոր ազդակներու...

«Վատիկանի Հետ Կիլիկոյ Կաթողիկոսութեան Սերտ Յարաբերութիւնը Վերանորոգ Թափով Կը Շարունակուի» Արամ Ա. Կաթողիկոս

«Վատիկանի Հետ Կիլիկոյ Կաթողիկոսութեան Սերտ Յարաբերութիւնը Վերանորոգ Թափով Կը Շարունակուի» Արամ Ա. Կաթողիկոս

Կիրակի, 6 Հոկտեմբեր 2024-ի երեկոյեան, Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, իր իջեւանած պանդոկին մէջ, ընդունեց կաթոլիկ եղեցեւոյ եպիսկոպոս Ռիչըրտ Հանինկի այցելութիւնը: Հանդիպման ընթացքին ներկայ էին Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան Հայոց Թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արք. Դանիէլեան եւ Փրաւիտընսի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Գաբրիէլ Քհնյ. Նազարեան: Վեհափառ Հայրապետը ողջունեց եպիսկոպոսին սերտ յարաբերութիւնը հայ համայնքին հետ եւ անոր մասնակցութիւնը մեր...

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց դատական ելոյթներով մեծ համբաւ վայելող դատաւոր Ֆրանք Քափրիօ

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց դատական ելոյթներով մեծ համբաւ վայելող դատաւոր Ֆրանք Քափրիօ

Շաբաթ, 4 Հոկտեմբեր 2024-ին, Փրաւիտընսի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ, Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց դատական ելոյթներով մեծ համբաւ վայելող դատաւոր Ֆրանք Քափրիոն: Դատաւորը իր ընթացիկ դատական աշխատանքներուն առընթեր, անցնող տարիներու ընթացքին դատական յատուկ պարագաներ, ընկերային ցանցերու ճամբով, սեփականութիւնը դարձուցած է հանրութեան եւ ունեցած է մեծ թիւով հետեւորդներ: Դատերու նկատմամբ անոր ունեցած արդար մօտեցումներուն առընթեր, դատաւոր Քափրիօ նաեւ ցուցաբերած է հասկացողութիւն...

Արամ Ա. Կաթողիկոսին Հանդիպումները Համայնքային Կառոյցներու Ներկայացուցիչներուն Հետ

Արամ Ա. Կաթողիկոսին Հանդիպումները Համայնքային Կառոյցներու Ներկայացուցիչներուն Հետ

Շաբաթ ամբողջ օրը, Փրաւիտընսի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ, Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը յաջորդաբար հանդիպումներ ունեցաւ եկեղեցւոյ առնչուած մարմիններուն հետ՝ ազգային վարչութիւն, հոգաբարձութիւն, տիկնանց միութիւն, շաբաթօրեայ վարժարանի ուսուցչական կազմ, ինչպէս նաեւ համայնքի քոյր կազմակերպութիւններուն հետ՝ Հ.Յ.Դ., Համազգային, Օգնութեան Խաչ եւ երիտասարդական: Հանդիպուներու ընթացքին Վեհափառ Հայրապետը շեշտեց Սփիւռքի վերակազմակերպման ծիրէն ներս գաղութին վերակենսաւորման հրամայականը: Անհրաժեշտ է դուրս գալ աւանդական մտածողութենէ ու գործելակերպէ:...

Արեւելեան Միացեալ Նահանգներու Հայ Օգնութեան Միութիւնը Կը Հովանաւորէ Սուրիոյ Օգնութեան Խաչի «Լոյս Մը» Ծրագիրը

Արեւելեան Միացեալ Նահանգներու Հայ Օգնութեան Միութիւնը Կը Հովանաւորէ Սուրիոյ Օգնութեան Խաչի «Լոյս Մը» Ծրագիրը

ՀՕՄ-ի Արեւելեան Ամերիկայի Միաւորի ներդրումով, Սուրիոյ Օգնութեան Խաչի Շրջանային Վարչութիւնը նախաձեռնեց «Լոյս Մը» ծրագիրը եւ «Քարէն Եփփէ».ճեմարանի 9-րդ եւ 12-րդ կարգի աշակերտութեան բաշխեց արեգակնային համակարգով գործող լուսատու սարքեր։ Արդարեւ, Հինգշաբթի Սեպտեմբեր 26-ին, կատարուեցաւ յիշեալ լուսաւորման սարքի բաշխումը ձեռամբ Բերիոյ Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեանի, ներկայութեամբ Հոգշ. Տ. Արմէն Աբղ. Գալաճեանի, ՀՕՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ, Միջին Արեւելքի...

Արամ Ա. Կաթողիկոս Փրաւիտընսի Մէջ

Արամ Ա. Կաթողիկոս Փրաւիտընսի Մէջ

Ուրբաթ, 4 Հոկտեմբեր 2024-ին, Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը իր շքախումբով Նիւ Եորքէն ժամանեց Ռոտ Այլընտ նահանգի Փրաւիտընս քաղաքը, ուր դիմաւորուեցաւ քահանայ հօր ու ազգային մարմիններու ներկայացուցիչներուն կողմէ: Նոյն օրը երեկոյեան, Նորին Սրբութիւնը ոստիկանական ջոկատներու առաջնորդութեամբ ուղղուեցաւ Սրբոց Վարդանանց եկեղեցի, ուր ծխայինները մեծ բազմութեամբ կը սպասէին իրենց հոգեւոր հօր այցը: Հրաշափառի արարողութենէն ետք, Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ....

Հովուապետական Այցելութեամբ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ Ժամանեց ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Սրբազնագոյն Հայրապետը

Հովուապետական Այցելութեամբ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ Ժամանեց ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Սրբազնագոյն Հայրապետը

Չորեքշաբթի, 2 Հոկտեմբեր 2024-ին, Նորին Սուրբ Օծութիւն Տէր Տէր Արամ Առաջին Կաթողիկոս հովուապետական շնորհաբաշխ այցելութեամբ ժամանեց Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ (Արեւելեան հայոց թեմ)։ Նիւ Եորքի օդակայանին մէջ Վեհափառ Հայրապետը դիմաւորուեցաւ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան Հայոց Թեմի առաջնորդ Գերաշնորհ Տէր Անուշաւան Արքեպիսկոպոս Դանիէլեանի, Ազգային Իշխանութեան ատենապետ Արամ Սարաֆեանի եւ թեմի խումբ մը հոգեւոր հայրերուն կողմէ։ Յիշենք, որ անցեալ տարի (2023) Վեհափառ Հայրապետը այցելած...

Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Սուրիա Դամասկոսի Մէջ Մեծ Շուքով Յիշատակուեցաւ Խաչվերացի Տօնը Հովանաւորութեամբ եւ հանդիսապետութեամբ Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Մակար արք. Աշգարեանի, 20 սեպտեմբերին «Զաւարեան» համալիրի շրջափակէն ներս մեծ շուքով յիշատակուեցաւ Խաչվերացի տօնը: «Ահարոնեան» կեդրոնի վարչութեան եւ միութիւններուն  անունով Սոնա Անտրեան երախտագիտութիւն յայտնեց սրբազան հօր` անոր  հայրական հոգատարութեան համար, շեշտելով, որ անոր ներկայութիւնը առաւել եւս կը գօտեպնդէ զիրենք, նաեւ կորով եւ յոյս...

Գաղութէ – Գաղութ

Գաղութէ – Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Միացեալ Նահանգներ Քոնկրեսի Շէնքին Մէջ Պահանջուեցաւ Արցախի Հայութեան Վերադարձը Երաշխաւորել Եւ Պաքուն Պատասխանատուութեան Ենթարկել Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, որ նշելու համար անցեալ տարի կատարուած Արցախի դէմ Ազրպէյճանի վերջին յարձակումին տարելիցը, 19 սեպտեմբերի երեկոյեան Քոնկրեսի շէնքին մէջ տեղի ունեցաւ Արցախի ցեղասպանութեան եւ հայաթափման առաջնորդած Պաքուի իշխանութիւնները պատասխանատուութեան ենթարկելու նպատակով հաւաք մը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին` խումբ մը...

Գաղութէ – Գաղութ

Գաղութէ – Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Միացեալ Նահանգներ Թեմի Առաջնորդներու Հանդիպում 11 սեպտեմբերին Արեւելեան թեմի առաջնորդ Անուշաւան արք. Դանիէլեան, Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Գեղամ  արք. Խաչերեան եւ Քանատայի առաջնորդ Բաբգէն արք. Չարեան Նիւ Եորքի Ազգային առաջնորդարանին մէջ գումարեցին հերթական ժողով մը: Առաջին հերթին երկու սրբազան հայրերը շնորհաւորեցին Գեղամ արք. Խաչերեանը Արեւմտեան Ամերիկայի հայոց թեմի առաջնորդ ընտրուելուն առթիւ եւ բարի երթ մաղթեցին անոր առաքելութեան: Հանդիպումը առիթ...

Աղթամարի Մէջ Տարեկան Սուրբ Պատարագ

Աղթամարի Մէջ Տարեկան Սուրբ Պատարագ

Սեպտեմբեր 8-ին Վանայ լիճի Աղթամար կղզիի պատմական Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ տարեկան սուրբ պատարագը: Վերանորոգութենէ վերջ այժմ թանգարանի վերածուած այս եկեղեցին հայկական ճարտարապետական ժառանգութեան միջնադարեան գլուխգործոցներէն մին կը համարուի: Ուստի դէպի Վան տարեկան ուխտագնացութիւնները միշտ արտասովոր հոգեւոր հրճուանքի առիթ կը դառնան թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս: Թուրքիոյ հայոց պատրիարք  Սահակ արք. Մաշալեան շաբաթավերջին գլխաւորեց դէպի Վան տարեկան ուխտագնացութիւնը: Պատրիարք հայրը...

Գաղութէ – Գաղութ

Գաղութէ – Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Սուրիա Եպիսկոպոսական Անդրանիկ Պատարագ Տէրիքի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ Անուանակոչութեան Տօնին Առիթով Կիրակի, 8 սեպտեմբեր 2024-ի առաւօտուն, Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Մակար արք. Աշգարեան, Ս. Աստուածածինի ծննդեան եւ համանուն եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօներուն առիթով, եպիսկոպոսական անդրանիկ պատարագ մատուցեց Տէրիքի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ: Առաջնորդ սրբազան հայրը դպրաց դասի հանդիսաւոր թափօրով ուղղուեցաւ դէպի եկեղեցի, ուր դիմաւորուեցաւ ՀՄԸՄ-ի Գամիշլի մասնաճիւղի տարազաւոր սկաուտներուն...

Page 12 of 47 1 … 11 12 13 … 47

Արխիւներ