Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ
Աւստրալիա
ՀՅԴ Բիւրոյի, ՀՕՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան Եւ Հայ Օգնութեան Միութեան Ներկայացուցիչները Սիտնիի Մէջ
8 հոկտեմբերին ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչներ` Յակոբ Տէր Խաչատուրեան, Խաժակ Մկրտիչեան եւ Րաֆֆի Տօնապետեան, ՀՕՄ- ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Արուս Մելքոնեան , որոնք այս օրերուն կը գտնուին Աւստրալիա` ՀՅԴ Աւստրալիոյ կառոյցի հիմնադրութեան 60-ամեակի տօնակատարութիւններուն իրենց մասնակցութիւնը բերելու համար, շրջանի ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէի, ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչ Տիրան Վահրատեանի, շրջանի ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչ Նորա Սեւակեանի եւ Շրջանային վարչութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ կատարեցին այցելութիւններ Աւստրալիոյ հայ կաթողիկէ համայնքի առաջնորդարան, ուր հանդիպում ունեցան հայ կաթողիկէ համայնքի առաջնորդ Բարսեղ ծ. վրդ. Սուսանեանի եւ եկեղեցւոյ խորհուրդի անդամներուն հետ:
Հանդիպման ընթացքին առաջնորդը մանրամասնօրէն զեկուցեց համայնքէն ներս եկեղեցւոյ ունեցած դերակատարութեան եւ գործունէութեան մասին: Կողմերը փոխանակեցին նաեւ կարծիքներ սփիւռքահայութեան եւ հայրենի մեր ժողովուրդին դիմագրաւած հոգեւոր թէ ազգային մարտահրաւէրներուն մասին: Անոնք հաստատեցին, որ սփիւռքի մէջ ազգային ու հոգեւոր արժէքներու պահպանումը անհրաժեշտ է զօրաւոր սփիւռք ունենալու համար, ինչպէս նաեւ` հայապահպանման ի նպաստ տարուող աշխատանքներուն համար:
Նոյն օրը պատուիրակութիւնը այցելեց Սիտնիի Արեւմտեան շրջանի Հայ առաքելական Ս. Երրորդութիւն եկեղեցի, ուր եկեղեցւոյ հովիւ Միւռոն քհնյ. Աւետիսեան եւ եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքը միասին ջերմօրէն ընդունեցին պատուիրակութեան անդամները: Քահանայ հայրը ներկաներուն լայն բացատրութիւն տուաւ եկեղեցւոյ պատմութեան մասին, անդրադարձաւ անոր ունեցած կարեւոր ներդրումին` Սիտնիի Արեւմտեան շրջանի հայ հաւաքականութեան կեանքին մէջ, կարեւորելով նաեւ անոր ունեցած դերակատարութիւնը շրջանի հոգեւոր ու ազգային աշխուժ գործունէութեան ի նպաստ: Հիւրերը, իրենց կարգին, յաջողութիւն մաղթեցին եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքին եւ գնահատեցին հայկական աւանդոյթներն ու հոգեւոր արժէքները պահպանելու գծով տարուած աշխուժ գործունէութիւնը:
Երեկոյեան Սիտնիի Արեւմտեան շրջանի «Բանոյեան» կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ ընդունելութիւն` շրջանի ՀՅԴ «Քեռի» կոմիտէին եւ իր յարակից մարմիններուն կողմէ, ուր ներկայ էին ուղեկից միութիւններու վարչական կազմերն ու իրենց անդամները, ինչպէս նաեւ հիւր պատուիրակութեան անդամները:
Հաւաքի ընթացքին խօսք առին կոմիտէին, Համազգայինի, ՀՕՄ-ի եւ ՀՄԸՄ-ի վարչութիւններու ներկայացուցիչները եւ ընդհանուր պատկեր մը ներկայացուցին իրենց կազմակերպութեանց աշխատանքներուն մասին:
ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան բարձր գնահատեց Արեւմտեան Սիտնիի ուղեկից կազմակերպութիւններուն տարած աշխուժ գործունէութիւնը, նաեւ իր գնահատանքը արտայայտեց կեդրոնի բարերարներ Բանոյեան ընտանիքներու կատարած վեհանձն նուիրատուութեան համար, որուն որպէս արդիւնք` այսօր Արեւմտեան շրջանը ունի իր շքեղ կեդրոնը: Տէր Խաչատուրեան լուսարձակի տակ առաւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան խաղացած կարեւոր դերը սփիւռքահայութեան կեանքէն ներս` շեշտելով, որ ան աշխարհատարած հայկական քաղաքական միակ կազմակերպութիւնն է, որ իր ուղեկից միութիւններով կը գործէ եւ իր ամբողջական ծառայութիւնը կը բերէ քաղաքական, մարզական, մշակութային եւ բարեսիրական բնագաւառներու մէջ: Ան յորդորեց ներկաները, որ սփիւռքեան մեր բոլոր կառոյցները հաւատան, բայց մանաւանդ գործեն «Մէկ ազգ եւ մէկ դատ» գաղափարի հիմքերով եւ իրենց տեսլականը կերտեն սփիւռք եւ հայրենիք միասնականութեան ու մէկ ամբողջականութեան սկզբունքներով:
9 հոկտեմբերին պատուիրակութիւնը այցելեց Աւստրալիոյ Հայ դատի յանձնախումբին գրասենեակը, ուր հանդիպում ունեցաւ գործադիր տնօրէնին ու աշխատակազմին հետ: Գործադիր տնօրէն Մայքըլ Գոլոգոսեան ներկաներուն մանրամասն բացատրութիւն տուաւ յանձնախումբին տարած լայնածաւալ գործունէութեան ու իրականացուցած ծրագիրներուն մասին: Ներկաները բարձր գնահատեցին յանձնախումբին տարած աշխատանքը ու յաջողութիւն մաղթեցին անոր ազգանպաստ առաքելութեան: Պատուիրակութիւնը նաեւ այցելեց Ցեղասպանութիւնը եւ Արցախը ճանչցող NSW նահանգի խորհրդարան եւ յարգանքի տուրք մատուցեց Հայոց ցեղասպանութեան նահատակ սուրբերուն` անոնց յիշատակին նուիրուած յուշարձանին առաջ:
Երեկոյեան պատուիրակութիւնը այցելեց Սիտնիի Հայ աւետարանական եկեղեցի, ուր հանդիպում ունեցաւ եկեղեցւոյ հովիւ վեր. Յակոբ Սարգիսեանի, Հայ աւետարանչական ընկերակցութեան Աւստրալիոյ մասնաճիւղի նախագահ վեր. Գրիգոր Եումուշաճըքեանի եւ Սիտնիի Աւետարանական եկեղեցւոյ վարչութեան, երիտասարդական միաւորի եւ տիկնանց յանձնախումբի ներկայացուցիչներուն հետ: Հանդիպումի ընթացքին վերապատուելիներ ընդարձակ եւ մանրամասն բացատրութիւն տուին եկեղեցւոյ եւ ընկերակցութեան տարած աշխատանքներուն մասին` յատկապէս անդրադառնալով ՀՅԴ եւ անոր ուղեկից միութիւններու հետ համագործակցաբար տարուած աշխատանքներուն: Իր կարգին, ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչը բարձր գնահատեց Աւետարանական եկեղեցւոյ դերը համայնքէն ներս ու քաջալերեց նոյն թափով շարունակել միասնական աշխատանքները: ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետը ներկայացուց ՀՕՄ-ի ծրագիրները` օրինակներ ներկայացնելով զանազան շրջաններու մէջ ՀՕՄ-ի եւ Հայ աւետարանչական ընկերակցութեան համագործակցութեան մասին:
Պատուիրակութիւնը այցելեց նաեւ Ազգային առաջնորդարան, ուր հանդիպում ունեցաւ սրբազան հօր, Թեմական խորհուրդի ատենապետ Սարգիս Տէր Պետրոսեանի եւ Աւետիս քհնյ. Համբարձումեանի հետ: Հանդիպումին ներկայ էին նաեւ ՀՅԴ Աւստրալիոյ Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչներ Ներսէս Պալիօզեան եւ Կարպիս Սարեան:
Զեկուցուեցաւ 60-ամեակի նշումին առիթով ձեռնարկներու ծրագիրին մասին, քննարկման նիւթ դարձան ազգային հրատապ հարցերը, որոնք կլանած են հայրենի թէ սփիւռքի հայութիւնը: Զեկուցուեցաւ նաեւ, որ ՀՄԸՄ-ի եւ Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեանց ատենապետները չէին կարողացած Լիբանանէն ժամանել Սիտնի` Պէյրութի օդակայանին համարեայ անդամալուծման պատճառով: Քննարկուեցան Լիբանանի այժմու տագնապին պատճառով հայութեան առջեւ ծառացած դժուարութիւնները եւ անոնց դիմագրաւման համար տարուող աշխատանքները, ինչպէս նաեւ` երկու կաթողիկոսութեանց եւ ՀՅԴ-ի սիրալիր յարաբերութիւնները:
Հանդիպումի աւարտին ներկաները այցելեցին Ս. Յարութիւն եկեղեցին, որուն հովիւը ամփոփ ձեւով ներկայացուց եկեղեցուոյ պատմութիւնը:
11 հոկտեմբերին տեղի ունեցաւ հանրային լսարան Willoughby Uniting Church-ի հանդիսասրահին մէջ:
Օրուան հանդիսավար Հուրի Մայիսեան-Մկրտիչեան ողջունեց ներկաները եւ ներկայացուց ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանը եւ հրաւիրեց զայն տալու իր զեկուցումը: Տէր Խաչատուրեան սահիկներու ցուցադրութեամբ կատարեց տեսալսողական զեկուցում` բացատրութիւն տալով ՀՅԴ Բիւրոյի տարած կազմակերպչական, քաղաքական, յարաբերական աշխատանքներուն, ինչպէս նաեւ Հայ դատի եւ երիտասարդական գործունէութեանց մասին: ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Արուսեակ Մելքոնեան համապարփակ զեկուցում տուաւ ՀՕՄ-ի տարած բարեսիրական լայնածաւալ աշխատանքներուն մասին:
ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Յակոբ Խաչերեանի Լիբանանէն չկարողանալ դուրս գալուն պատճառով Կեդրոնական վարչութեան անդամ Տիրան Վահրատեան ամփոփ զեկուցում մը տուաւ աշխարհացրիւ ՀՄԸՄ-ի լայնածաւալ գործունէութեան մասին:
Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Զաքար Քէշիշեան տեսերիզ մը ուղարկած էր Լիբանանէն, որովհետեւ ան չէր կարողացած Սիտնի ժամանել Պէյրութի օդակայանի անդամալոյծ վիճակի մէջ ըլլալուն պատճառով: Զեկոյցը լուսարձակի տակ առաւ Համազգայինի մշակութային հսկայ գործունէութիւնը:
Միացեալ Նահանգներ
Սթամպուլեան Բարերար Ընտանիքը Մէկ Միլիոն Տոլար, Իսկ Ալպեր Եւ Թերրի Պէզճեանները 500 Հազար Տոլար Կը Նուիրեն Համազգայինի Արեւմտեան Կեդրոնին
13 հոկտեմբերին Հոլիվուտի «Տաղլեան» մշակութային համալիրի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Համազգայինի Արեւմտեան Ամերիկայի շրջանի կալա-ընթրիքը, որուն ընթացքին կատարուեցաւ իւրայատուկ նուիրահաւաք եւ Համազգայինի սեփական կեդրոնին ի նպաստ հանգանակուեցաւ 2 միլիոն 100 հազար տոլար:
Կեդրոնի մեծագոյն նուիրատուներն են Արիս եւ Անճելա Սթամպուլեան ամոլը` 1 միլիոն ամերիկեան տոլար նուիրատուութեամբ, Ալպեր եւ Թէրրի Պէզճեան ամոլը` 500 հազար տոլար նուիրատութեամբ, ի յիշատակ իրենց մօր Ալիս Պէզճեանի:
Նոր կեդրոնը պիտի կոչուի «Համազգայինի Սթամպուլեան մշակութային կեդրոն», իսկ հանդիսարահը եւ ցուցասրահը պիտի կոչուին Ալիս Պէզճեանի յիշատակին:
Ֆրանսա
Ռեմոն Գէորգեան Պարգեւատրուեցաւ Իր` «Ցեղասպանութիւն Մը Լրումին Հասցնել» Գործին Համար
1 հոկտեմբերին L’Œuvre d’Orient Փարիզի մէջ շնորհեց իր 13-րդ գրական մրցանակը, որ կը պատուէ այնպիսի ստեղծագործութիւններ, որոնք կ?արծարծեն Արեւելքի քրիստոնեաներու հարցերը եւ հակառակ ամէն ինչի` յոյս կը ցոլացնեն: Այս մրցանակին նպատակն է հանրութիւնը աւելի տեղեակ դարձնել Արեւելքի քրիստոնեաներու իրավիճակին` միաժամանակ ընդգծելով յոյսը, որ վառ կը մնայ անոնց մէջ` հակառակ անոնց առջեւ ծառացող ծանր մարտահրաւէրներուն:
Այս տարուան մրցանակը շնորհուեցաւ պատմաբան եւ ցեղասպանութիւններու մասնագէտ Ռեմոն Գէորգեանին, անոր` «Ցեղասպանութիւն մը լրումին հասցնել» աշխատութեան համար, զոր լոյս ընծայած է «Օտիլ Ժաքոպ» հրատարակչատունը: Մրցանակը յանձնեցին Փարիզի արքեպիսկոպոս Լոռան Ուլրիխ եւ Ֆրանսական կաճառի մնայուն քարտուղար եւ դատակազմի նախագահ Ամին Մաալուֆ:
Գէորգեան կը բացայայտէ 1915 թուականէն ետք հայոց եւ յոյներու դէմ հալածանքներու շարունակութիւնը` լոյսին բերելով երիտթուրք ազգայնականներու եւ Մուսթաֆա Քեմալ Աթաթիւրքի կողմնակիցներու կազմակերպած համակարգուած բնաջնջման քաղաքականութիւնը: Այս պատմական հետազօտութեան մէջ, որ հիմնուած է մանրակրկիտ, յաճախ ալ կսկծալի փաստաթուղթերու վրայ, հեղինակը կասկածի տակ կը դնէ Թուրքիոյ Հանրապետութեան հիմքերը եւ անոնց հետեւանքները ժամանակակից Թուրքիոյ վրայ:
Այս աշխատութիւնը, որ ամբողջ կեանքի մը ընթացքին կատարուած ուսումնասիրութիւններու արդիւնք է, շրջադարձային կէտ է Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններու պատմագրութեան մէջ:
Կիպրոս
Սպանիոյ Թագաւորութեան Ազգային Տօնին Առիթով Ընդունելութիւն
14 հոկտեմբերին թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Կոմիտաս արք. Օհանեան, ընկերակցութեամբ Երեսփոխանական ժողովի ատենապետ Վահան Այնեճեանի, ներկայ գտնուեցաւ Նիկոսիոյ մէջ Սպանիոյ դեսպանատան կազմակերպած ընդունելութեան, Սպանիոյ Թագաւորութեան Ազգային Տօնին առիթով եւ առիթը ունեցաւ զրուցելու Սպանիոյ դեսպան Կապրիէլ Ֆերրան Քարրիոնի, ներքին գործոց նախարար Կոնստանտինոս Իոաննուի, Կիպրոսի մէջ Երուսաղեմի յոյն-ուղղափառ պատրիարքարանի մետրոպոլիտ Տիմոթէոսի, Պրազիլի պատուոյ հիւպատոս Կարօ Քէհէեանի, ինչպէս նաեւ թուրք կիպրացիներու մուֆթի Ահմետ Ունսալի հետ:
Ախալքալաք
Թարգմանչաց Տօնի Նշում
13 հոկտեմբերին Ախալքալաքի Երիտասարդական կրթամշակութային կեդրոնին մէջ նշուեցաւ Թարգմանչաց տօնը:
Ախալքալաքի ԵԿ-ի տնօրէն Կարինէ Թադեւոսեան իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ Թարգմանչաց տօնի խորհուրդին: Օրուան հանդիսավարներ Ախալքալաքի ԵԿ-ի Հայոց պատմութեան ուսուցչուհի Սուզաննա Այվազեան եւ Գիւմրիի «Ընտանիք» կեդրոնի վարիչ Էլիզա Ֆրանկիւլեան ներկայացուցին պատմական ակնարկ մը` գիրերու ստեղծման անհրաժեշտութեան, մաշտոցեան գիրերու ստեղծումէն ետք թարգմանչական արուեստի կարեւորութեան մասին:
Այնուհետեւ գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր, որմէ ետք խօսք առաւ Սամցխէ-Ջաւախքի եւ Ծալկայի ընդհանուր առաջնորդական փոխանորդ Նշան վրդ, Հմայակեան: Ան կարեւորեց նման ձեռնարկներու կազմակերպումը` հայ երեխային ազգային ոգիով դաստիարակելու համար:
Գիւմրիի «Ընտանիք» կեդրոնի տնօրէն Արթուր Մինասեան կարեւորեց Ջաւախք-Գիւմրի կեդրոններու համագործակցութիւնը: