Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թաթոյեան, Բեգլարեան Եւ Քերքոնեան Հանդիպումներ Ունեցան Ֆրանսայի Ծերակոյտի Եւ Եւրոպական Խորհրդարանի Անդամներու Հետ

Հոկտեմբեր 21, 2024
| Գաղութէ Գաղութ
0
Share on FacebookShare on Twitter

8 հոկտեմբերին Հայաստանի Մարդու իրաւունքներու նախկին պաշտպան Արման Թաթոյեան, Արցախի Մարդու իրաւունքներու նախկին պաշտպան Արտակ Բեգլարեան եւ միջազգային հարցերու իրաւաբան Գառնիկ Քերքոնեան, Ֆրանսայի Հայ դատի յանձնախումբի ներկայացուցիչ Անահիտ Յակոբեանի ուղեկցութեամբ, Ֆրանսայի ծերակոյտի շէնքին մէջ տեսակցութիւն ունեցան Ֆրանսա-Հայաստան բարեկամական խումբի նախագահ Ժիլպեր-Լիւք Տըվինազի եւ ծերակուտական Վալերի Պուայէի հետ:

Հայկական պատուիրակութիւնը ֆրանսացի դիւանագէտներուն ներկայացուց Ազրպէյճանի յանցանքներու ապացոյցները Արցախի եւ Հայաստանի մէջ` յատկապէս քննարկելով հետեւեալ հարցերը եւրոպական խորհրդարանի երեսփոխաններուն հետ.

1.- Ազրպէյճանի մէջ ապօրինաբար բանտարկուած հայ գերիներու եւ պատանդներու ազատ արձակման եւ հայրենիք վերադարձի հրամայականը, շեշտելով, որ անոնք կ՛ենթարկուին խոշտանգումներու եւ կը գտնուին ամէնօրեայ սպառնալիքներու ենթակայ:

2.- Արցախի ժողովուրդին նկատմամբ Ազրպէյճանի ցեղասպանական քաղաքականութիւնը, ներառեալ` շրջափակումը, բռնի տեղահանումը եւ հայկական հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան ոչնչացման փաստերը:

3.- Արցախի բնիկ ժողովուրդի վերադարձի իրաւունքին վերաբերեալ գործիքակազմերու հարցերը` ՄԱԿ-ի Արդարադատութեան միջազգային ատեանի որոշումին համապատասխան:

4.- 2020-էն ի վեր Հայաստանի` Սիւնիքի, Գեղարքունիքի, Վայոց Ձորի մարզերու տարածքներու ազրպէյճանական բռնագրաւման փաստերը: Ապացոյցերով ներկայացուեցան ժողովուրդին նկատմամբ ազրպէյճանցիներուն ամէնօրեայ յանցանքները (ունեզրկումներ, եկամուտ վաստակելու անկարելիութիւն, խմելու ջուրէն զրկելու փաստեր, կենդանական եւ բուսական աշխարհի զանգուածային ոչնչացում եւ այլն):

5.- Պաքուի հովանաւորութեամբ` հայ ժողովուրդին դէմ ցեղապաշտութեան, մարդատեացութեան եւ թշնամանքի շարունակուող քաղաքականութիւն:

6.- Վերոնշեալ եւ մնացեալ բոլոր յանցանքներուն համար Ազրպէյճանի իշխանութիւնները պատասխանատուութեան ենթարկելու արդիւնաւէտ միջոցներ կիրարկելու անհրաժեշտութիւնը, որ պիտի նպաստէ նաեւ կանխելու Պաքուի հետագայ յանցանքները:

Աւարտին հայկական պատուիրակութիւնը երախտագիտութիւն յայտնեց ֆրանսացի երեսփոխաններուն եւ ծերակուտականներուն` իրենց յարատեւ աջակցութեան համար:

9 հոկտեմբերին Թաթոյեան, Բեգլարեան եւ Քերքոնեան հանդիպում ունեցան Եւրոպական խորհրդարանի երեսփոխաններու հետ:

Օրէնսդիրներուն հետ եւս քննարկուեցան Արցախի եւ Հայաստանի ժողովուրդներուն նկատմամբ Ազրպէյճանի յանցագործութիւններուն համար այդ երկրին դէմ պատիժներ կիրարկելու, արցախահայերուն` իրենց հայրենիքը վերադառնալուն եւ Պաքուի մէջ ապօրինաբար բանտարկուած հայ գերիներու հայրենադարձման վերաբերող հարցեր:

Հայկական պատուիրակութիւնը տեսակցութիւն մը ունեցաւ նաեւ Օ-տը-Ֆրանսի Շրջանային խորհուրդի նախագահ Էքզաւիէ Պերթրանի հետ:

 

Նախորդը

Ամերիկահայ Գործարար Գարօ Արմէնը Քաղցկեղի Դէմ Նոր Դեղամիջոց Ստեղծելու Համար Արժանացած Է WITSA-ի Մրցանակին

Յաջորդը

Երկար Ամիսներէ Չեմ Գրում

RelatedPosts

Գաղութէ Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Օգոստոս 21, 2025
Գաղութէ – Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ – Գաղութ

Օգոստոս 7, 2025
Գաղութէ Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Յուլիս 31, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?