Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը Մեծարեց Իրեն Զօրակցողները

Հոկտեմբեր 25, 2024
| Գաղութէ Գաղութ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կիրակի, 20 հոկտեմբերի երեկոյեան առաւել քան 700 պաշտօնատարներ, հիւրեր եւ համայնքային կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ ներկայ եղան «Պեւըրլի Հիլթըն» պանդոկին մէջ տեղի ունեցած Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբին տարեկան ձեռնարկին, որ առիթ հանդիսացաւ լուսարձակի տակ առնելու Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբին վերջին մէկ տարուան գործունէութիւնը եւ իրագործումները, ինչպէս նաեւ` մեծարելու այն անհատները եւ հաստատութիւնները, որոնք կարեւոր ներդրում ունեցած են Հայ դատի ջատագովման աշխատանքները անխափան շարունակելու գործին մէջ: Նաեւ լուսարձակի տակ առնուեցաւ Արցախի հայութեան իրաւունքները պաշտպանելու կենսական կարեւորութիւնը:

«Այս երեկոն միասնականութեան, դիմադրողականութեան եւ հայութեան արդար իրաւունքները պաշտպանելու մեր բոլորին ջանքերուն նուիրուած է», յայտնեց Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի ատենապետ Օշին Յարութիւնեան:

Ֆիոնա Մա
Պրետ Շըրմըն

Ներկայ պաշտօնատարներուն շարքին էին` Քալիֆորնիոյ գանձապետ Ֆիոնա Մա, քոնկրեսականներ` Պրետ Շըրմըն, Տինա Թայթըս եւ Աննա Էշու, Քալիֆորնիոյ նահանգային ծերակոյտի անդամներ Պենճըմըն Էլըն եւ Էնթընի Փորթանթինօ, Լոս Անճելըսի Քաղաքապետական խորհուրդի պատուոյ նախագահ Փոլ Գրիգորեան եւ խորհուրդի անդամ Ճան Լի: Ներկայ էր նաեւ Արեւմտեան Ամերիկայի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան:

Ձեռնարկին ընթացքին Հայ դատի «Կեանքի մը իրագործումներ» մրցանակը շնորհուեցաւ հայազգի քոնկրեսական Աննա Էշուին իբրեւ երախտագիտութեան արտայայտութիւն` Հայկական հարցին անոր մատուցած երկար տարիներու ծառայութիւններուն: Էշու վերջերս յայտարարեց, որ Ներկայացուցիչներու տան մէջ մօտաւորապէս երեք տասնամեակներ ծառայելէ ետք որոշած է հանգստեան կոչուիլ: Յիշեցնենք, որ սեպտեմբեր 2022-ին Էշու մաս կազմած էր քոնկրեսական այն բարձրաստիճան պատուիրակութեան, որ Ազրպէյճանի նորագոյն յարձակումներուն ենթարկուած Արցախին եւ Հայաստանին նեցուկ կանգնելու նպատակով Երեւան այցելած էր:

Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի վարչութեան անդամներ
Լարա Երէցեան եւ Արմէն Սարգիսեան՝ Աննա Էշուի հետ

Քոնկրեսական Էշու շնորհակալութիւն յայտնեց այս պատիւին համար եւ անդրադարձաւ վերջին 32 տարիներուն Հայ դատին հետ համագործակցաբար Հայաստանի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ յարաբերութիւնները սերտացնելու աշխատանքին:

Լենա Յովհաննէսեան
Տինա Թայթըս

«Տարուան օրէնսդիրը» մրցանակը յանձնուեցաւ քոնկրեսական Տինա Թայթըսին` Հայկական հարցին նեցուկ կանգնելու իր երկար տարիներու աննկուն կեցուածքին համար: Առաւել քան 13 տարիներու ընթացքին Նեւատան ներկայացնող քոնկրեսականը տարբեր առիթներով զօրակցած է հայութեան, Հայաստանին եւ Արցախին, ինչպէս նաեւ նպաստած է Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը ապահովելու ջանքերուն:

Ան եւս երախտագիտութիւն յայտնեց այս մրցանակին համար եւ խոստացաւ Հայ դատին հետ գործակցելով` նպաստել հայութեան եւ պատասխանատուութեան ենթարկել Պաքուն:

Ատրին Նազարեան եւ Սեմ Սիմոնեան

Այնուհետեւ, «Համաշխարհային կրթական գերազանցութեան» մրցանակը շնորհուեցաւ ճարտարագէտ, նորարար, ձեռնարկատէր եւ բարերար Սեմ Սիմոնեանին, որ նաեւ ԹՈՒՄՕ ստեղծարար ճարտարագիտութիւններու կեդրոնին համահիմնադիրն է եւ ՀԲԸՄ-ի նախագահը: ԹՈՒՄՕ-ի Հայաստանի եւ աշխարհի տարածքին գործող կեդրոններուն մէջ տասնեակ հազարաւոր պատանիներ եւ երիտասարդներ ձրի դասընթացքներու կը հետեւին արդի արհեստագիտութեան զանազան մարզերու մէջ:

Սիմոնեան իր եւ ԹՈՒՄՕ-ի յաջողութեան մէջ ներդրում ունեցողներուն անունով շնորհակալութիւն յայտնեց այս պատիւին համար եւ շեշտեց կրթութեան կարեւորութիւնը:

The Armenian Report-էն Աննա Խաչիկեան
Zartonk Media-էն Զաւէն Քուրօղլեան
Zartonk Media-էն Վան Տէր Մկրտիչեան

Վերջապէս, Սթիւ Արթինեանի անուան «Տեսլականով գործիչ» մրցանակները յանձնուեցան համացանցային ընկերային ցանցերու միջոցով հայանպաստ լրատուութիւն կատարող եւ հայութեան մասին ճշգրիտ տեղեկատուութիւն կատարող երեք լրատուամիջոցներու` 301-ին, The Armenian Report-ին Եւ Zartonk Media-ին:

Արաքսիա Կարապետեան

Հարաւային Քալիֆորնիոյ «Ֆաքս 11» կայանի «Կուտ Տէյ Էլ.Էյ.» յայտագիրին հռչակաւոր հաղորդավար եւ «Էմի» մրցանակին արժանացած լրագրող Արաքսիա Կարապետեան յանձնեց մրցանակները:

Արմէն Յովհաննէսեան

Երեկոյին ամէնազգայնացուց պահն էր «Մարդկային իրաւանց ախոյեան» մրցանակին ներկայացումը ներկայիս Պաքուի մէջ բանտարկուած Արցախի Հանրապետութեան նախկին պետական նախարար եւ բարերար Ռուբէն Վարդանեանին, որուն հետ ապօրինի կերպով բանտարկուած կը մնան Արցախի շարք մը այլ ղեկավարներ: Հայաստանի մէջ ժողովրդավարական կարգերը ամրապնդելու եւ Արցախի ժողովուրդին իրաւունքները պաշտպանելու համար տարած իր գործունէութեան համար մեծարուող Վարդանեանին զաւակը` Դաւիթը, պատգամ մը յղած էր ձեռնարկին մասնակիցներուն` շնորհակալութիւն յայտնելով ցուցաբերուած զօրակցութեան համար:

Էտուըրտ Պարսումեան

Աւարտին Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը շնորհակալութիւն յայտնեց համայնքին եւ զօրակիցներուն` իր գործունէութեան նեցուկ կանգնելնուն համար:

Նախորդը

Ի Խնդիր Հայ Լեզուին Պահպանման (Մշակոյթի Ամսուան Առիթով)

Յաջորդը

Աշխարհը Դատարկ Է Առանց Արձաններու

RelatedPosts

Վեհափառ Հայրապետը Ժամանեց Մոնթրէալի Սուրբ Յակոբ Մայր Եկեղեցի
Գաղութէ Գաղութ

Վեհափառ Հայրապետը Ժամանեց Մոնթրէալի Սուրբ Յակոբ Մայր Եկեղեցի

Հոկտեմբեր 17, 2025
Արամ Ա. Կաթողիկոս Ժամանեց Մոնթրէալ
Գաղութէ Գաղութ

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ժամանեց Մոնթրէալ

Հոկտեմբեր 17, 2025
Ակնէս Վահրամեան «Դպրոցասէր»-ի Յարկին Տակ
Գաղութէ Գաղութ

Ակնէս Վահրամեան «Դպրոցասէր»-ի Յարկին Տակ

Հոկտեմբեր 16, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?