«Տաղարան» հնագոյն երաժշտութեան համոյթի երաժիշտ եւ շարք մը միջազգային մրցանակներու դափնեկիր, քանոնահարուհի Մարիաննա Գէորգեանը օրերս մենահամերգով հանդէս եկաւ Հնդկաստանի Թրիւանտրում քաղաքին մէջ` հնդիկ երաժիշտներու նուագակցութեամբ, ներկայացնելով Սայաթ Նովայի, Խաչատուր Աւետիսեանի, այլ երաժշտահաններու ստեղծագործութիւններն ու մշակումները: Համերգային երեկոն տեղի ունեցաւ Kerala Arts and Crafts Village-ի կազմակերպուած WOW (World of Women) կանանց տօնին նուիրուած շաբաթուան ծիրին մէջ:
Կը փափաքէի, որ «մէկ ժամէ աւելի տեւած համերգին միայն հայկական երաժշտութիւն հնչէր, սակայն, երբ այնտեղ էինք, մտածեցի, որ ճիշդ պիտի ըլլար` մէկ հնդկական գործ ներկայացնել, որ հնդիկ երաժիշտներուն նուագակցութեամբ կատարեց երգչուհի Ամռիթա Ռաճան: Կը նուագակցէին` թապլա նուագող Մահեշ Մանին, դաշնակահար Ռոհիտ Քրիշնան, Ճինշու Վարման, որ կը տիրապետէր եօթը նուագարանի` տարբեր ազգերու տարպուք, քահոն, ասալաթօ, ռէինստիք, չիմես, շաքերս, սփլեշ: Բոլորն ալ բարձրակարգ ու տաղանդաւոր երաժիշտներ էին: Ինծի հաճելի էր համագործակցիլ անոնց հետ: Չհասկնալով իրարու լեզուն` մենք խօսեցանք հոգիի եւ երաժշտութեան տիեզերական լեզուով», կը պատմէ քանոնահարուհին:
Ըստ Մարիաննային իր նպատակն էր երաժշտութիւնը հասցնել հանդիսատեսին եւ անմոռանալի ներուժ փոխանցել: «Կրցանք գերազանցել մենք մեզ», նշեց քանոնահարուհին եւ աւելցուց, որ մարդիկ շատ ջերմ ու հիւրընկալ էին, սիրած են զինք եւ իր արուեստը, Հայաստանը: Նոյնիսկ փորձած են հաղորդակցիլ հայերէնով: Համերգի աւարտին ձեռնարկին կազմակերպիչները Մարիաննա Գէորգեանին երախտագիտութեան նամակ, շնորհակալագիր եւ մրցանակ յանձնեցին: Քանոնը հետաքրքրած է ոչ միայն հնդիկները, այլեւ` անգլիացիները: «Պանդոկին մէջ իմ հարեւաններս անգլիացի զոյգեր էին: Երբ ծանօթացանք, անոնց շատ հետաքրքրեց քանոն նուագարանը, անոնք նոյնիսկ համերգին ներկայ ըլլալու ցանկութիւն յայտնեցին, մինչդեռ տոմսերը արդէն սպառած էին: Ըսի` կու գաք, եւ ինչպէս Հայաստանի մէջ ընդունուած է, կ՛ըսէք, որ Մարիաննա Գէորգեանի հիւրերն ենք եւ առաջին շարքը տեղեր ունիք: Այդպէս ալ ըրած էին: Շատ ուրախացայ, երբ համերգի ընթացքին նկատեցի զիրենք», յայտնեց քանոնահարուհին: