Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՅԴ Բիւրոյի Ներկայացուցիչն ու Հայաստանի, Արցախի եւ Միջին Արեւելքի ՀՅԴ Մարմիններու Ներկայացուցիչները Այցելեցին Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդին

Ապրիլ 14, 2023
| Գաղութէ Գաղութ, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Սուրիան ցնցած երկրաշարժէն ետք, սուրիահայ համայնքին դիմագրաւած դժուարութիւններուն, գոյատեւման ու վերականգնումի կարիքներուն եւ ցարդ տարուող աշխատանքներուն իրազեկ դառնալու համար, ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանն ու իրեն ընկերակցող պատուիրակութիւնը Ուրբաթ, 14 Ապրիլ 2023-ի առաւօտեան այցելեցին Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տէր Մակար Սրբ. Եպս. Աշգարեանին։

Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ,  Բիւրոյի Հայ Դատի եւ  քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան, ՀՅԴ Հայաստանի եւ Միջին Արեւելքի կառոյցներու ներկայացուցիչներ։

Սրբազան հայրը թեմին ու ժողովականութեան բարի գալուստ մաղթեց ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչին եւ պատուիրակութեան, գնահատեց Հայաստանի, Արցախի ու հայութեան շահերուն ծառայող կուսակցութեան ուղին եւ իր մտահոգութիւնը յայտնեց Արցախի շրջափակման  ու Հայաստանի սահնաններուն ուղղութեամբ Ատրպէյճանի ոտնձգութիւննեդուն գծով։

Տէր Մակար դիտել տուաւ, որ Սուրիան եւ սուրիահայութիւնը վերջին 12 տարիներուն տագնապալի օրեր ապրեցան, նախ պատերազմի արհաւիրքներուն եւ քաղաքական, ապահովական եւ տնտեսական տագնապներուն դէմ դնելով, ապա երկրաշարժի բնական աղէտի յաղթահարման աշխատանքին լծուելով։

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը մաղթեց, որ    Քրիստոսի Յարութեան զօրութիւնը գօտեպնդէ մեր ժողովուրդը ի Հայաստան, ի Արցախ եւ ի Սփիւռս աշխարհի ու խաղաղ, ապահով եւ բարգաւաճ օրերու առաջնորդէ բոլորս։

ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչը նախ շնորհաւորեց սրբազան հայրը Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ ընտրուելուն առիթով, գնահատելով թեմի ազգային մարմիններուն եւ կազմակերպութեան ուղեկից միութիւններուն հետ աշխոյժ գործակցութեամբ տարուող աշխատանքները։

Յակոբ Տէր Խաչատուրեան շեշտեց, որ սուրիահայ համայնքն ու Բերիոյ Թեմը տոկուն են ու տարիներու տագնապները յաղթահարեցին ու պիտի շարունակեն յաղթահարել։

«Մենք հաւատալով թեմի առաքելութեան այսօր ներկայ ենք այստեղ՝ ծանօթանալու համայնքի գոյատեւման կարիքներուն եւ համադրելով մեր ջանքերը միասնաբար նեցուկ կանգնելու տարուող աշխատանքներուն»։

Յակոբ Տէր Խաչատուրեան յայտնեց, որ ՀՅԴ Բիւրօն իր աշխարհասփիւռ կառոյցները զօրաշարժի ենթարկեց եւ ՀՕՄ-ի ճամբով հանգանակութիւններ կազմակերպեց տարբեր շրջաններու մէջ՝ ի նպաստ սուրիահայութեան։

Ապա ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչը լուսաբանութիւն խնդրեց երկրաշարժի աղէտէն ետք տարուող վերականգնումի եւ ժողովուրդին օգնութեան համար տարուող աշխատանքներուն շուրջ։

Սրբազան հայրը ներկայացուց տարուող աշխատանքներն ու բարեսիրական տարբեր կողմերու հետ գործակցութեան արդիւնքները։

Այնուհետեւ պատուիրակութիւնը այցելեց Սրբոց Քառասնից Մանկանց Մայր եկեղեցի, ծանօթացաւ աւելի քան 500 տարուան պատմութիւն ունեցող եկեղեցւոյ պատերազմի ընթացքին կրած վնասներուն եւ վերանորոգումէն ետք  պարզած վիճակին, ինչպէս նաեւ երկրաշարժի հետեւանքով եկեղեցւոյ զանգակատան կրած մասնակի վնասին ու նորոգութեան։

Հանդիպումին ներկայ էին նաեւ Բերիոյ Հայոց Թեմի Յարաբերական Մարմինի ներկայացուցիչ Վրէժ Եագուպեան, Ազգ. Վարչութեան ատենապետ Սումպուլ Սումպուլեան եւ թեմի Նւաստից Յանձնախումբի պատասխանատու Յարութ Հայրապետեան։

https://www.facebook.com/kantsasar/posts/pfbid027sXnJzpbR1SzGPK5N1QtRJ3aEssYqgACE23SkJrSKq6Pm58h2gNuM9oPVZuujVWbl

Նախորդը

ՀՅԴ Բիւրոյի Ներկայացուցիչը Եւ Իրեն Ընկերակցող Պատուիրակութիւնը Այցելեցին Սուրիոյ Խորհրդարանի Նախագահին

Յաջորդը

Յայտարարութիւններ ( 14 Ապրիլ 2023)

RelatedPosts

Ակնարկ.  Լիբանանը` Երրորդ Օրակարգ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Լիբանանը` Երրորդ Օրակարգ

Հոկտեմբեր 30, 2025
Բողոքի Ցոյց` Ի Պաշտպանութիւն Հայաստանի  Քաղաքական Բանտարկեալներուն  Եւ Պաքուի Մէջ Պահուող Հայ Գերիներուն
Գլխաւոր լուրեր

Բողոքի Ցոյց` Ի Պաշտպանութիւն Հայաստանի Քաղաքական Բանտարկեալներուն Եւ Պաքուի Մէջ Պահուող Հայ Գերիներուն

Հոկտեմբեր 30, 2025
Ուաշինկթըն. «Հըզպալլայի Հետ Ուղղակի Հաղորդակցութիւն Չունինք, Սակայն Շրջանին Մէջ Ունինք Գործընկերներ, Որոնք Կուսակցութեան Հետ Կը Խօսին»
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներ Մինչեւ Տարեվերջ Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Հետ Առաջին Աշխատանքային Խումբերը Պիտի Ստեղծեն

Հոկտեմբեր 30, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?