Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ
Միացեալ Նահանգներ
Վաչէ Բրուտեանի «Երկիրը Արտերկրէն» Գիրքին Շնորհահանդէսը
Նախաձեռնութեամբ ՀՅԴ Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Կեդրոնական կոմիտէին, 13 մարտին Լա Քրասենթայի «Մհեր եւ Սաթիկ Տէր Յովհաննէսեան» կեդրոնին մէջ, տեղւոյն «Զաւարեան» կոմիտէին հիւրընկալութեամբ տեղի ունեցաւ մտաւորական, հրապարակախօս Վաչէ Բրուտեանի «Երկիրը արտերկրէն» գիրքին գինեձօն-շնորհահանդէսը:
Օրուան հանդիսավար Յովիկ Սալիպան նկատել տուաւ, որ սոյն գիրքը հեղինակած անձը իր ապրելաոճով, անձնական օրինակով, իր նուիրումով, ազնուութեամբ ու համեստութեամբ եզակի անձ մըն է, աւելցնելով, որ իւրայատուկ է երեկոն այն առումով, որ Վաչէ Բրուտեանը քանի մը օրէն Հայաստան կը փոխադրուի այնտեղ վերջնականօրէն հաստատուելու միտումով:
Այնուհետեւ Նարինէ Համբարձումեան ներկայացուց Վաչէ Բրուտեանի կենսագրութիւնը, որմէ ետք շրջանի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ եւ ՀՅԴ Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Կեդրոնական կոմիտէի պաշտօնաթերթ «Օրակարգ»-ի խմբագիր Զարեհ Աճեմեան ներկայացուց «Երկիրը արտերկրէն» գիրքն ու հեղինակը: Ան յայտնեց, որ երկնային սիրոյ, սրբութեան զգացումը հայրենիքի հանդէպ եւ վերածնունդի զգացողութիւնը իր ամբողջ խորութեամբ ներկայ է Վաչէ Բրուտեանի գործերուն մէջ, աւելցնելով, որ հեղինակը յաճախ ինքզինք կը ներկայացնէ որպէս գեղարուեստական գրականութիւնէն հեռու անձ եւ սոսկ գաղափարական ու քաղաքական գրիչի մարդ, սակայն չի կրնար զսպել իր բանաստեղծական մտածողութիւնը, ամէն անգամ երբ դէմ յանդիման կը գտնուի Մասիսի, Արցախի, հայրենի բնութեան եւ ժողովուրդին ու մինչեւ անգամ կենդանիներուն հետ: Ան նկատել տուաւ, որ հեղինակը անզուգական սիրով ու երազանքով կը խօսի իր հայրենիքին մասին, սակայն իր որդիական սէրը այդ բոլորին հանդէպ զինք չի կուրցներ այնպէս, որ չտեսնէ իր երկրին, պետութեան կամ ժողովուրդին թերութիւնները, կամ իրատես ու անողոք քննադատը չդառնայ անոնց սխալներուն: Աճեմեան շեշտեց, որ Վաչէ Բրուտեան կը ներկայացնէ դաշնակցական այն գաղափարական սերունդը, որ բարձր ու անձեռնմխելի պահեց մեր ազգային արժէքները, ներառեալ` հայրենիքը, երկիրը, հայ ժողովուրդն ու իր պետականութիւնը, Հայոց եկեղեցին եւ, ինչո՞ւ չէ, նաեւ Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը, սակայն միաժամանակ, երբ բացթողումներ, տկարութիւններ կամ խոցելի կէտեր նկատեցին, արտայայտուեցան, բայց մնալով պարկեշտ եւ հաւատարիմ այդ կենարար սկզբունքներուն, եւ տարբեր օրինակներ մէջբերելով գիրքէն` ուրուագծեց հեղինակին տարբեր դրսեւորումները:
Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ գիրքին գինեձօնի արարողութիւնը` կատարողութեամբ ամէնէն երէց եւ երիտասարդ ներկաներու` Պարոյր Յակոբեանի եւ Վահէ Համբարձումեանի:
Ապա տեսերիզով ցուցադրուեցաւ Քանատայէն Գրիգոր Տունկեանի սրտի խօսքը` ուղղուած Վաչէ Բրուտեանին:
ՀՅԴ Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Տարօն Տէր Խաչատուրեան ներկայացուց Վաչէ Բրուտեան կուսակցական ընկերոջ յատկանիշները եւ հաշուարկելով անոր դերն ու թողած աւանդը շրջանէն ներս:
Ելոյթ ունեցաւ նաեւ Հայ երիտասարդաց դաշնակցութեան Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Կեդրոնական վարչութեան անդամ Թենի Ալավերտեան, որ երիտասարդութեան կողմէ գնահատանքի խօսք ուղղեց:
Աւարտին յուշանուէր յանձնուեցաւ Բրուտեանին, որ մակագրեց «Երկիրը Արտերկրէն» հատորի օրինակները:
Յունաստան
Փաստավաւերագրական Ժապաւէնի Ցուցադրութիւն
11 մարտին Շարժապատկերի Թեսաղոնիկէի 25-րդ միջազգային փառատօնը հիւրընկալեց «Նոր հայրենիքը» փաստավաւերագրական ժապաւէնի ցուցադրութիւնը, որ արժանացաւ ջերմ գնահատանքի: Ժապաւէնը յունարէնով «Արմենիքա» պարբերաթերթի բացառիկ ու կարեւոր նախաձեռնութիւն մըն է, որ նուիրուած է Փոքր Ասիոյ աղէտի 100-ամեակին: Վաւերագրական այս արտադրութիւնը պատմագիտական չափանիշներով Փոքր Ասիայէն Յունաստան ապաստանած գաղթականութեան մասին նկարագրականներու եւ վկայութիւններու արձանագրութիւն մըն է` պատրաստուած շարժանկարային արդի արհեստագիտական ըմբռնումներով: Ժապաւէնին պատմագիտական արժէքը գնահատուեցաւ Թեսաղոնիկէի փառատօնի մասնագէտներէն եւ ներկայ հանդիսատեսներէն` անոր մէջ տեսնելով յունահայ գաղութի ստեղծման պատմական ակունքներու ընդարձակ դաշտը: Վաւերագրական վկայութիւններու նկարահանումները ծրագրուեցան եւ սկսան իրագործուիլ վերջին տարիներուն, սակայն համավարակի տարածումը լուրջ խոչընդոտ ստեղծեց անոնց ամբողջացման համար: Նկարահանումներու գլխաւոր շարքը կատարուեցաւ Քոքինիոյ, Նէոս Քոզմոսի, Լաւրիոյի, Թեսաղոնիկէի, Քսանթիի, Քոմոթինիի, Ալեքսանտրուպոլսոյ, Տիտիմոթիքոյի, Իրաքլիոյի, Սիրոսի եւ Երեւանի մէջ: Մասնակի բաժիններով կը փորձուի վկայակոչել հայ լեզուի, պատմութեան ու մշակոյթի ուսուցման ջանքերը դասարանի մը մէջ, իսկ կամրջումը 1922-ի պատմական ողբերգական շրջանին եւ յունահայ գաղութի ստեղծման տարիներուն միջեւ յաջողուեցաւ «Անժէլ Գուրթեանի տետրակները» թատերախաղի նկարահանումով: Սոյն երկի մենակատարուհին` հայազգի տաղանդաւոր դերասանուհի Խրիսթինա Ալեքսանեան, սիրայօժար ընդունեց ներկայացման նկարահանումը Աթէնքի «Քարեզի» ծանօթ թատրոնի բեմին վրայ եւ իր կարեւոր նպաստը բերաւ վաւերագրական ժապաւէնի ամբողջական եւ համապարփակ պատրաստութեան մէջ:
Փաստագրական ստեղծագործութեան եւ վկայութիւններու առանցքը կը կազմեն հինգ գիտնականներու հարցազրոյցները` Թեսաղոնիկէի Արիստոտէլեան համալսարանի պատմութեան եւ ազգագրութեան ամպիոնի դասախօս Իոաննիս Խասիոթիսի, Թրակիոյ Տիմոքրիթիօ համալսարանի պատմութեան ու ազգագրութեան բաժինի դասախօս Քոնսթանտինոս Խածոփուլոսի, հնագէտ Էլեւթերիոս Զորզոսի, Հայաստանի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի գիտաշխատող Թեհմինէ Մարտոյեանի եւ Պերլինի մէջ գործող «Յուշամատեան» կառոյցի տնօրէն, պատմաբան Վահէ Թաշճեանի:
Անոնց կողքին, յունահայ համայնքի յարանուանութեանց պետերու, ինչպէս նաեւ քսան այլ անձերու հարցազրոյցները, մէկ կողմէն` պատմագիտական մանրամասնութիւններու ներկայացման, իսկ միւս կողմէն գաղթականներու երկրորդ սերունդին հասած վկայութիւններու հարուստ շտեմարան մը կը կազմեն, որ հանդիսատեսին կը ներկայացնէ գաղթական զանգուածներու Յունաստանի մէջ գտած ապաստանն ու նոր կեանքի մը մեկնարկը: Ժապաւէնը հարուստ է անցեալի պատմական եւ վաւերագրական նկարահանումներով, նկարներով եւ քարտէսներով: Կարելի է ըսել, որ փաստավաւերագրական այս արտադրութիւնը կարողացած է հանրութեան առջեւ բանալ յունահայ գաղութի պատմական անծանօթ, բայց միաժամանակ կարեւոր ծալքերը եւ անոնք արձանագրել Յունաստանի մէջ ապրող հայերու հաւաքական յիշողութեան մէջ:
Վաւերագրական ժապաւէնին երաժշտական յօրինումները կատարեց յունահայ տաղանդաւոր երաժիշտ Միհրան Չալըքեան, իսկ բեմադրիչն է Քոնստանթինոս Եորղոփուլոս, որ զանազան ստեղծագործութիւններով մասնակցած է Թեսաղոնիկէի ու Յունաստանի տարածքին իրագործուած փառատօներուն եւ գնահատանքի արժանացած է: Թեսաղոնիկէի մէջ ներկայացման բացումը կատարեց Շարժանկարի փառատօնի տնօրէն Օրեսթիս Անտրէատաքիս, որ յատուկ անդրադարձ կատարեց իր անձնական հետաքրքրութեան մասին նման ծրագիրներու հանդէպ, ինչպէս նաեւ վկայակոչեց իր հայազգի մեծ մօր յիշողութիւններն ու վկայութիւնները` աղէտի տարիներէն: Խօսք առին նաեւ դերասանուհի Խրիսթինա Ալեքսանեան եւ բեմադրիչ Քոնսթանտինոս Եորղոփուլոս:
Բողոքի Ցոյցեր`
Արցախի 100-Օրեայ Շրջափակման Դէմ
ՀՅԴ աշխարհասփիւռ կառոյցները կը շարունակեն իրենց ձայնը բարձրացնել աշխարհի տարբեր անկիւններուն մէջ` որպէս աջակցութիւն Արցախի եւ արցախահայութեան:
Փարիզ
21 մարտին Ֆրանսայի ՀՅԴ «Նոր սերունդ» կազմակերպութեան անդամները բողոքի ցոյց մը կազմակերպեցին Փարիզի մէջ Ազրպէյճանի դեսպանատան դիմաց` դատապարտելով Ազրպէյճանի քաղաքականութիւնը, որուն բռնապետական վարչակարգը շրջափակման մէջ պահած է 120 հազար հայեր:
Բողոքին մասնակիցները կ՛արտասանէին հետեւեալ լոզունգները.
«44-օրեայ պատերազմէն գրեթէ 3 տարի անց` ազրպէյճանական բռնապետութիւնը կը շարունակէ հալածել արցախահայութիւնը»:
«Ազրպէյճանը կը շարունակէ անողոք ռազմական սադրանքներով թիրախաւորել հայ խաղաղ բնակիչներն ու զինուորները»:
«Պատերազմը չ՛աւարտիր, այնքան ատեն որ այս յանցագործութիւնները կը մնան անպատիժ եւ կը խլանան աշխարհի լռութեան մէջ»:
«Մեր պայքարը կը շարունակուի»:
Յայտնենք, որ ցուցարարները արձակեցին եռագոյն ծխագլաններ եւ այրեցին Ազրպէյճանի դրօշակը:
Սթոքհոլմ
ՀՅԴ Շուէտի երիտասարդական միութիւնը Արցախի 100-օրեայ շրջափակման դէմ մայրաքաղաք Սթոքհոլմի մէջ բողոքի ցոյց մը կազմակերպեց:
«Այսօր 100-րդ օրն է, որ Արցախի 120 հազար հայեր արգելափակուած են Ազրպէյճանի կողմէ: Դադրեցուցէ՛ք Արցախի ցեղային զտումը: Բացէ՛ք Բերձորի միջանցքը», կը պահանջէին ցուցարարները:
Ախալքալաք
Ախալքալաքի Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ Ջաւախքի «Զօրի Զօրեան» երիտասարդական եւ պատանեկան միութիւնները կազմակերպեցին զօրակցական հաւաք` որպէս աջակցութիւն արցախահայութեան: Արցախի 120 հազար բնակիչ, որոնց շարքին` 30 հազար երեխայ` մայր Հայաստանի հետ կապող միակ ճանապարհի` Բերձորի միջանցքի փակ ըլլալու պատճառով, կանգնած են կենսական ու առողջապահական լուրջ խնդիրներու առջեւ:
Երթի մասնակիցները կը կրէին հայերէն եւ վրացերէն լեզուներով պաստառներ. «Արցա՛խ, մենք ձեր կողքին ենք», «Բացէ՛ք Արցախի կեանքի ճանապարհը» եւ այլն: Անոնք նախ կանգ առին Ախալքալաքի քաղաքապետարանի մօտ, ուր «Զօրի Զօրեան» երիտասարդական միութեան անդամները դիմում-նամակ յանձնեցին Վրաստանի խորհրդարանի հայազգի պատգամաւոր Սամուէլ Մանուկեանին եւ ապա ուղղուեցան դէպի Ախալքալաքի Ս. Խաչ եկեղեցի:
Հաւաքին մասնակիցները եկեղեցւոյ բակին մէջ դիմաւորուեցան Ախալքալաքի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ հովիւ Թադէոս քհնյ. Մկրտիչեանին կողմէ, որ եկեղեցւոյ մէջ Տէրունական աղօթքէն ետք օրհնութեան խօսք արտասանեց շրջափակման մէջ գտնուող արցախահայութեան:
Զօրակցական հաւաքը աւարտեցաւ մոմավառութեամբ:
Յունաստան
ՀՅԴ Յունաստանի Երիտասարդական Միութեան Քարոզչական Քայլը`
Արցախի Շրջափակման 100-րդ Օրուան Առնչութեամբ
ՀՅԴ Յունաստանի երիտասարդական միութիւնը, իր ձայնը միացնելով դաշնակցական երիտասարդական կազմակերպութիւններուն, Արցախի շրջափակման 100-րդ օրը հրապարակեց տեսանիւթ մը համացանցին վրայ, որուն մէջ մանրամասնօրէն կը ներկայացուին Ազրպէյճանի կողմէ Բերձորի շրջափակման հետեւանքները, եւ միջազգային ընտանիքէն կը պահանջուի դատապարտել ազրպէյճանական արարքները:


