Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հալէպի Մէջ Զօրակցական Միասնական Հաւաք` Յանուն Արցախի

Ապրիլ 19, 2023
| Գաղութէ Գաղութ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կիրակի, 16 ապրիլին, Հալէպի Ազգային Քարէն Եփփէ Ճեմարանի շրջափակին մէջ, հազարաւոր հալէպահայերու մասնակցութեամբ, տեղի ունեցաւ զօրակցական հաւաք` յաջակցութիւն աւելի քան 125 օր շրջափակուած Արցախին ու արցախցիներուն:

Հաւաքը կը վայելէր հովանաւորութիւնը եւ ներկայութիւնը Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Մակար եպս. Աշգարեանի, ներկայ էին նաեւ` ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, ՀՅԴ Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեանն ու Արցախի Ազգային ժողովի պատգամաւոր Դաւիթ Իշխանեանը, ՀՅԴ Հայաստանի, Իրանի եւ Միջին Արեւելքի մարմիններու եւ Հայ դատի յանձնախումբերու ներկայացուցիչներ, Հայաստանի` Հալէպի գլխաւոր հիւպատոսութեան խորհրդական Դաւիթ Թադոսեանը, Հայաստանի մարդասիրական խումբի հիւպատոսութեան ներկայացուցիչ, գնդապետ Արկադի Տօնոյեանը, հալէպահայ երեք կազմակերպութիւններու, հայ կաթողիկէ եւ աւետարանական համայնքներու ներկայացուցիչներ, Լիբանանի խորհրդարանի անդամ, Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, Սուրիոյ խորհրդարանի երեսփոխաններ Ժիրայր Ռէյիսեան եւ դոկտ. Լիւսի Իսկէնեան, հալէպահայ բարեսիրական, մարզական եւ մշակութային միութիւններու ներկայացուցիչներ ու հալէպահայերու հոծ բազմութիւն մը:

Հանդիսականները պաշտօնապէս դիմաւորուեցան ՀՄԸՄ-ի փողերախումբին հնչեցուցած ազգային-հայրենասիրական երգերով:

Հանդիսութիւնը բացուեցաւ Սուրիոյ, Հայաստանի եւ Արցախի քայլերգներով` կատարողութեամբ Սուրիոյ պատանեկան եւ երիտասարդական միութիւններու անդամներուն:

Օրուան բեմավար Քրիստին Համմասեան ներկաները հրաւիրեց մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգելու յիշատակը բոլոր նահատակներուն:

Հայերէն բացման խօսքով Ներսէս Պարսումեան յայտնեց, որ` «Արցախը մեր ինքնութեան, ինքնիշխանութեան եւ գոյատեւման դարպասն է: Արցախով կը սկսի ու կը վերջանայ Հայաստանի սահմանը: Արցախը նորանկախ Հայաստանին տուաւ ինքնավստահութիւն, ուժականութիւն եւ հպարտութիւն»:

Արաբերէն բացման խօսքով Կարօ Եղիայեան ըսաւ. «Մեր ձայնը կը բարձրացնենք յաջակցութիւն բոլոր այն ազգերուն համար, որոնք կ՛ապրին բռնաճնշումներու տակ»:

Հանդիսութիւնը շարունակուեցաւ ազգային, հայրենասիրական երգերով: Սիամանթոյի «Յաղթողը» քերթուածը ասմունքեցին Յակոբ Շաքարեանն ու Արփի Գրտանեանը: Տուտուկի վրայ Ժոզեֆ Արամեան ներկայացուց Արցախի ազատագրական պայքարին նուիրուած մեղեդիներու համադրում մը:

Օրուան բանախօսն էր Արցախի Ազգային ժողովի պատգամաւոր Դաւիթ Իշխանեան, որ Արցախի պայքարող մեր հայրենակիցներուն ջերմ ողջոյնները փոխանցեց սուրիահայութեան այս դժուար օրերուն եւ ցաւակցութիւն յայտնեց Սուրիան ցնցած երկրաշարժի զոհերու հարազատներուն` ուժ ու կորով մաղթելով Սուրիոյ պայքարող ժողովուրդին, դիտել տալով, որ Արցախը եւս իր օժանդակութիւնը բերաւ սուրիահայութեան` Սուրիան ցնցած երկրաշարժի օրերուն, այնպէս` ինչպէս սուրիահայութիւնը զօրավիգ կանգնեցաւ Արցախի ժողովուրդին:

Անդրադառնալով իրերայաջորդ աշխարհաքաղաքական ցնցումներուն եւ անոնց ազդեցութեան Հայաստանի ու Արցախի վրայ` Դաւիթեան անդրադարձաւ Արցախի յետպատերազմեան ժամանակաշրջանի հիմնական ուղղութիւններուն եւ ոլորտներուն` անվտանգութեան, կարգավիճակին, տնտեսութեան, հասարակական հիմնահարցերուն, ժողովրդագրութեան եւ շրջափակման հարցերուն:

Ապա պարզաբանելով Ազրպէյճանի յարձակողապաշտ քաղաքականութիւնը` ըսաւ, որ ան կը միտի շրջափակման միջոցով Արցախին պարտադրել հրաժարիլ իր քաղաքական պահանջներէն, իսկ յետոյ աստիճանաբար հայաթափել Արցախը: Ան լուսարձակի տակ առաւ նաեւ Հայաստանի իշխանութիւններուն վարած ապազգային քաղաքականութիւնը, որ լուրջ հարուած է ոչ միայն Արցախի հիմնահարցի հայանպաստ ու վերջնական հանգուցալուծման, այլ նաեւ` համազգային մեր միւս խնդիրներուն:

«Ինքնորոշման իրաւունքի իրացման ուղղութեամբ մեր քայլերը յստակ են ու նպատակային: Ժողովրդավարութիւն քարոզող աշխարհը չի կարող այն ստորադասել տարածքային ամբողջականութեան սկզբունքին եւ քողարկուած ու երկակի չափանիշներով փորձել թաղել ղարաբաղեան հիմնահարցը»: (Դաւիթ Իշխանեանի խօսքը ամբողջութեամբ կը հրատարակենք առանձին):

Գեղարուեստական յայտագիրը շարունակուեցաւ երգերով Մարիա Չիչեան-Պայրամեանին, որուն ընկերակցեցան հարիւրաւոր երիտասարդներ ու պատանիներ:

ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան այս առիթով իր սրտի խօսքին մէջ շեշտեց, որ հարազատ Հալէպի մէջ գտնուիլը տունդարձի համազօր է: «Եւ որքան յատկանշական է, որ երկրաշարժի ցնցումներէ անցած սուրիահայութիւնը Արցախի զօրակցական ձեռնարկ է կազմակերպած այսօր, իսկ տագնապահար ու շրջափակուած Արցախը դրամահաւաք էր կազմակերպած ու պատկառելի գումար է յատկացուցած սուրիահայութեան: Սա լաւագոյն ապացոյցներէն է մեր ժողովուրդի միասնականութեան»: Ան հաւատք ու համոզում յայտնեց, որ սուրիահայութիւնը պիտի շարունակէ իր երթը եւ միշտ մնայ կանգուն: (Յակոբ Տէր Խաչատուրեանի խօսքը կու տանք առանձին):

Օրուան եզրափակիչ խօսքը ուղղեց Մակար եպս. Աշգարեան, որ անդրադառնալով Արցախի շրջափակման եւ մեր ժողովուրդի դիմադրողական ոգիին` ըսաւ, որ Արցախի զօրակցական հաւաքը կու գայ մեծագոյն եւ կենդանի վկայութիւնը հանդիսանալու մեր հայկական պինդ հոգիին, աննկուն կամքին եւ անյաղթահարելի ոգիին: «Կը պարտուինք եւ կը կորսնցնենք, երբ մեր հաւատքը կը տկարանայ, երբ մեր սէրը կը նուազի, երբ մեր յոյսը կը չքանայ: Այնքան ատեն որ մեր սրտին մէջ սէրը կը բաբախէ, այնքան ատեն որ մեր էութեան մէջ հաւատքը զօրեղ կը մնայ եւ յաւիտենականութեան հանդէպ` յոյսը վառ,  որեւէ ուժ աշխարհի վրայ չի կրնար ընկճել մեզ, այնպէս` ինչպէս չէ կրցած ընկճել եւ պիտի չկարենայ ընկճել մեր միասնական ոգին», նշեց ան:

Իր խօսքը Հալէպէն մինչեւ Արցախ ուղղելով` սրբազանը ըսաւ. «Մենք ձեզի հետ ենք, այնպէս` ինչպէս դուք մեզի հետ եղաք: Մենք ձեզի հետ պիտի ըլլանք եւ պիտի շարունակենք ձեզի հետ տագնապիլ, պայքարիլ, մինչեւ որ արդարութեան եւ յաղթանակի դրօշակը ծածանի Հայաստանի եւ Արցախի երկնակամարին վրայ»:

Հանդիսութիւնը փակուեցաւ «Պահպանիչ»-ով:

https://www.facebook.com/kantsasar/posts/pfbid0fE6rrTQT6QHDtvJrU39sWMqGzfu3X4crR6d1js1QZcJAmotoHXNFhzieHU6itqS5l

Նախորդը

Յապաղած Զրոյց` Մովսէս Ծիրանիի Հետ. Իրաւ Արուեստը Կեղծիք Չի Հանդուրժեր

Յաջորդը

Ճիւնիի Ս. Յարութիւն Եկեղեցւոյ Անուանակոչութիւն

RelatedPosts

Գաղութէ Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Մայիս 8, 2025
Գաղութէ Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Մայիս 6, 2025
Անուշաւան Արքեպիսկոպոսի այցը՝ Ֆիլատելֆիոյ Հայ Քոյրերու վարժարան
Գաղութէ Գաղութ

Անուշաւան Արքեպիսկոպոսի այցը՝ Ֆիլատելֆիոյ Հայ Քոյրերու վարժարան

Մայիս 5, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?