Հարցազրոյցը վարեց ՎԵՀԱՆ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆ
Անցնող օրերուն Հալէպ կը գտնուէր Պասրայի եկեղեցւոյ Թաղական Խորհուրդի ատենապետ Խաժակ Վարդանեան: Այս առիթով «Գանձասար» իրաքահայութեան ներկայ իրավիճակին շուրջ հետեւեալ հարցազրոյցը ունեցաւ անոր հետ:
«Գանձասար»- Տարիներու պատերազմը յաղթահարելէ ետք իրաքահայութիւնը ինչպիսի՞ իրավիճակ կը պարզէ այսօր: Ազգային-միութենական կառոյցները որքանո՞վ կը գործեն:
Խաժակ Վարդանեան- Իրաքը եւ իրաքահայութիւնը 1980-էն մինչեւ այսօր պատերազմի մէջ են, ըլլայ օտարներու կողմէ թէ ներքին պատերազմ։
Միեւնոյն ատեն գրեթէ 13 տարի երկիրը մնաց տնտեսական պատիժներու եւ շրջափակման ենթակայ։
2003-ին Միացեալ Նահանգներու կողմէ երկրին վրայ յարձակումէն ու երկրի գրաւումէն ետք իշխանութեան փոփոխութիւն տեղի ունեցաւ։
Այս բոլորը ժամանակի ընթացքին ազդեցին հայութեան վրայ։ Իրանի հետ պատերազմի օրերուն յատկապէս Պասրայի հայութիւնը գաղթեց դէպի Պաղտատ եւ հիւսիսային շրջաններ, որովհետեւ Պասրան շատ մօտ էր սահմանին։ Եւ մեծ մասը չդարձաւ Պասրա։
Յետոյ վրայ հասաւ 1991-ի պատերազմը եւ երկրին մէջ ստեղծուած տնտեսական եւ կենցաղային դժուարութիւնները գաղթի մղեցին ժողովուրդը, որովհետեւ տնտեսական վիճակը ծանրացաւ, եւ ինչպէս հոս կը լսեմ որ պաշտօնէութեան ամսականները համեմատաբար օտար դրամանիշի քսան-երեսուն տոլարի կը հասնին միայն, մեր մօտ աւելի վատացաւ ու պաշտօնեայի ամսականը հասաւ մէկ կամ մէկուկէս ամ. տոլարի։ Շատ դժուար վիճակ ստեղծուեցաւ եւ յատկապէս երիտասարդներ եւ նորակազմ ընտանիքներ տնտեսական աւելի բարենպաստ պայմաններ որոնելու համար գաղթեցին։ Ասիկա երկրորդ մեծ գաղթին դուռ բացաւ։
Երրորդ գաղթը սկսաւ 2003-ին, երբ իշխանութիւնը փոխուեցաւ եւ երկրին մէջ անապահովութիւն տիրեց՝ սպանութիւններու, աւազակութեան, առեւանգումներու շարք մը ծայր առաւ, մարդիկ իրենց զաւակներուն ապահովութեան համար ղրկեցին երիտասարդները Հայաստան, որպէսզի հայրենիք հաստատուին։ Բայց ցաւօք սրտի, անոնք չկրցան հայրենիքին մէջ վերջնականապէս հաստատուիլ ու անցան արեւմտեան ափեր։ Մեր բոլորին փափաքն էր, որ մեր երիտասարդութիւնը մնար հայրենիք, որովհետեւ օտար ափերու մէջ ձուլումը անխուսափելի է։
Դժուարութիւնները շարունակուեցան ու կը շարունակուին մինչեւ այսօր։ Ներկայիս գործ կայ, սակայն դրամի անկման հարցեր կան։ Կացութիւնը ընդհանուր առմամբ կայուն չէ։ Չես գիտեր թէ երկիրը որեւէ պահու ինչպիսի՞ սպառնալիքի տակ կրնայ յայտնուիլ։ Գաղթը միայն քրիստոնէութեան յատուկ չէ, այլ բոլոր ժողովուրդին։ Սակայն քրիստոնէութեան թիւը քիչ ըլլալով անոր զաւակներուն գաղթը աւելի երեւելի կը դառնայ։ Գաղթի երեւոյթը կը շարունակուի ոչ միայն Իրաքի, այլեւ ողջ Միջին Արեւելքի մէջ։
Ահա թէ ինչո՛ւ համայնքի զաւակները եւս տեւաբար աւելի ապահով եւ հանդարտ վայրեր կ’որոնեն իրենց զաւակներուն ապագային համար։
Որեւէ շրջանի մէջ,նոյնն է պարագան Սուրիոյ անշուշտ, տրամաբանօրէն ազգային միութենական կեանքը մեծաւ մասամբ կապուած կ’ըլլայ համայնքի զաւակներու թիւին հետ։ Եթէ համեմատենք միութիւններու գործունէութիւնը կը տեսնենք, որ ուժերու նուազումին հետեւանքով միութիւններու թիւը եւ գործունէութիւնները կը նուազին։ Մենք Պասրայի մէջ, զորօրինակ, ունէինք Երիտասարդաց Միութիւն, ազգային վարժարան, Պաղտատի մէջ ունէինք Երիտասարդաց Միութիւն, ազգային վարժարան, ՀՄԸՄ եւ ՀԲԸՄ, Քերքուքի մէջ՝ ՀՄԸՄ եւ ազգային վարժարան, Մուսուլի մէջ՝ ՀՄԸՄ, Երիտասարդաց Միութիւն եւ ազգային վարժարան, Զախոյի մէջ՝ եկեղեցի եւ փոքր միութիւն մը, սակայն այս միութիւններէն շատեր դադրեցան գործելէ:
Իմ ժամանակ Պասրայի մէջ 350-400 աշակերտ կար, հիմա, սակայն,Պասրայի մէջ 196 հայ կ’ապրի միայն: Մանկապարտէզէն մինչեւ համալսարանական ունինք միայն 19 աշակերտ, ուրեմն այլեւս ո՛չ Ազգային վարժարան ունինք, ո՛չ միութիւն: Քերքուքի մէջ 80-էն 90-ի չափ հայ կայ, հոն մնաց միայն եկեղեցին: Ազգային վարժարան չենք կրնար ունենալ, որովհետեւ օրէնքով պէտք է 80 աշակերտ ունենանք, սակայն չունինք: Պասրայի մէջ վերջին երեք տարուան մէջ մէկ ամուսնութիւն եղաւ: Մահ կա՛յ, աճ չկայ: 2003-էն մինչեւ մէկ շաբաթ առաջ 221 մահ ունեցանք եւ 19 ծնունդ: Երբ վիճակագրութիւն կատարես, կը տեսնես որ կացութիւնը ցաւալի է:
Այդ պատճառով ալ ամէն ինչ սկսաւ տկարանալ: Այս մէկը ըսել չէ որ դուն հայութենէն հեռու ես, սակայն թիւ չունիս: Այսօր Պաղտատի մէջ կը գործեն ՀՄԸՄ-ը, Երիտասարդաց Միութիւնը, ՀԲԸՄ-ը: Եկեղեցին տօնական օրերուն 100 հաւատացեալ կը գտնես միայն, երբ ձեռնարկներ ըլլան 10 տարի առաջուան թիւին միայն քառորդը կը հաւաքուի, ոչ թէ այն պատճառով որ ժողովուրդը չի փափաքիր ներկայ գտնուիլ կամ անտարբեր է, այլ՝ թիւը նօսրացած է: Աշխատանք կը տարուի, բայց չ’երեւիր: Ժամանակին ՀՄԸՄ-ի տողանցքին ՀՄԸՄ-ականներու շարքերուն ծայրը չէին երեւեր, իսկ հիմա միայն մէկ խումբ մնացած է:
Ցաւօք սրտի ինչ որ եղաւ Իրաքի հայ գաղութին մէջ, կը կրկնուի Իրանի, Լիբանանի, Սուրիոյ եւ Եգիպտոսի մէջ, թէեւ ոչ նոյն համեմատութեամբ: Յուսամ այստեղ կացութիւնը կը բարելաւուի եւ դուք աւելի դիմացկուն կը մնաք:
«Գ.»- Ի՞նչ նմանութիւններ կան Իրաքի եւ Սուրիոյ հայ համայնքներուն միջեւ:
Խ. Վ.- Առաջինը՝ երկուքն ալ հայկական համայնքներ են։ Երկրորդ՝ երկու համայնքներն ալ մեծամասնութեամբ Ցեղասպանութենէն վերապրածներու սերունդներ են։ Ձեր պապիկները հոս հասան որբ, մեր պապիկները հոն հասան որբ: Միակ տարբերութիւնը որ հոս եկան Զէյթունէն, Մարաշէն, Այնթապէն եւ Տիգրանակերտէն, իսկ իրաքահայութեան մեծամասնութիւնը հասած է Վանէն: Սուրիահայութիւնը Տէր Զօրի ճամբով հասաւ Հալէպ, իսկ իրաքահայութիւնը ֆիտայական խումբերուն հետ նահանջելով հասաւ Իրանի սահման, հոնկէ ալ Իրաք:
Հալէպի ժողովուրդը իր սովորութիւնները ունի, Իրաքինը՝ իր: Բայց իմ կարծիքով այդ սովորութիւնները արդէն իսկ չեն պահուիր ամբողջութեամբ նոր սերունդներուն մօտ, թէեւ երկու համայնքներն ալ կը համարուին աւանդապաշտ: Երբ այցելեցի Դամասկոս ու եկայ Հալէպ ու տեսայ հայութիւնը, տարբերութիւն մը չգտայ իրաքահայութենէն, նոյնիսկ դիմագիծի եւ վարուելակերպի նմանութիւններ կան անոնց միջեւ:
Միակ տարբերութիւնը այն է, որ Իրաքի մէջ պահպանած ենք մեր տոհմիկ բարբառները, իսկ այստեղ բոլորը արեւմտահայերէն կը խօսին, բարբառները ընդգծելի չեն:
«Գ.»- Ին՞չ առիթով այցելեցիք Հալէպ եւ ի՞նչ են ձեր տպաւորութիւնները:
Խ.Վ.- Մենք հայ ենք, վստահ եմ որ մեզմէ շատեր ազգականական կապեր ալ ունին։ Իբր հայ, ոչ թէ միայն իբր դաշնակցական, դուն այսօր պէտք ունեցար իմ օգնութեան, ուստի պիտի հասնիմ քեզի ու կողքդ կանգնիմ։ Մենք ազգակիցներ ենք, ինչպէս վանեցիներս կ’ըսենք «քեռու լաճ» ենք։ Ես այսօր կը տեսնեմ որ ծանրութիւն մը կայ եւ դուն չես կրնար առանձին վերցնել ատիկա, ուստի պիտի օգնեմ որ դուն կարենաս այդ ծանրութիւնը գէթ շալակդ առնել ու առաջ շարժիլ, չեմ ըսեր ամբողջ բեռը պիտի վերցնեմ քու փոխարէն։
Մեծ աղէտ մը պատահեցաւ սուրիահայութեան։ Մեր պարտքն է գալ ու կանգնիլ ձեր կողքին։ Տեսնել, զգալ ինչ որ դուք կ’ապրիք։ Անկախ այն իրողութենէն, թէ ի՛նչ տարողութեամբ կրնանք օգնել ձեզի։ Նիւթականը կը ծախսուի, կը վատնուի, կարեւորը ձեր կողքին կանգնիլը եւ ուժ ու կորով ներշնչելն է, որովհետեւ դուք առանձին չէք այս աղէտին դէմ։ Դրամը որ կը ծախսես կրնա՞ս յիշել անոր պատկերը, թիւը, սակայն կը յիշես թէ այդ պահուն ո՞վ, ի՞նչ կեցուածք ցուցաբերեց քեզի հանդէպ։ Կարեւորը զգալն է, որ ծանր վիճակիդ մէջ ազգակիցդ կողքդ է ու կը գօտեպնդէ քեզ։
Եթէ պատմութիւնը լաւ ընթերցենք, անկասկած պիտի գտնենք պարագաներ, ուր սուրիացի հայը օգնած է Իրաքի հայուն։ Արաբական առածը կ’ըսէ. «Եթէ դուն արցունք կը թափես ինծի համար, ես այդ արցունքը պարտք կը համարեմ»։
Մեր ազգակիցները աշխարհի տարբեր մասերու մէջ, նման օգնութիւն ցուցաբերած են ու կը շարունակեն ցուցաբերել իրարու, պայման չէ որ այդ օգնութիւնը արձանագրուած ըլլայ անպայման, կարեւորը քու յիշողութեանդ մէջ պահուած ըլլալն է։