Արամ Ա. Կաթողիկոսի Ֆրեզնոյի Այցելութիւնները
Երեքշաբթի, 4 նոյեմբերին Արամ Ա. կաթողիկոս իր պատուիրակութեան անդամներուն հետ հասաւ Ֆրեզնօ: Նոյն օրը երեկոյեան, ի պատիւ վեհափառ հայրապետին, սարքուեցաւ սիրոյ սեղան, որուն ընթացքին խօսք առին` Ֆրեզնոյի Սուրբ Երրորդութիւն եկեղեցւոյ հովիւ Աշոտ վրդ. Խաչատուրեանը, կաթողիկոսութեան Ազգային Կեդրոնական վարչութեան Քաղաքական ժողովի համաատենապետ Գրիգոր Մահսերեճեանը, Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմի առաջնորդ Անուշաւան արք. Դանիէլեանը, որոնք անդրադարձան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան անցնող 30 տարիներու...




















