Հինգշաբթի, 15 Հոկտեմբերին, Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Լիբանանի նոր ընդհանուր հիւպատոսին՝ տիար Թալալ Տահէր։
Խօսակցութեան ընթացքին, արծարծուեցաւ Լիբանանի ներկայ տնտեսական, քաղաքական եւ ընկերային կացութիւնը։ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը լիբանանցի դիւանագէտին ներկայացուց Արեւելեան ԱՄՆ-ի հայ համայնքի ընդհանուր պատկերը։


