Գաղութէ Գաղութ

Մխիթարեան Միաբանութիւնը Կ՛ոգեկոչէ Մխիթար Սեբաստացիի  Մահուան 277-Ամեակը Սուրբ Ղազարի Մէջ

Մխիթարեան Միաբանութիւնը Կ՛ոգեկոչէ Մխիթար Սեբաստացիի Մահուան 277-Ամեակը Սուրբ Ղազարի Մէջ

Կիրակի, 26 ապրիլին Մխիթարեան միաբանութիւնը նշեց հիմնադիրին` Մխիթար Աբբահօր մահուան 277-ամեակը, ձեռնարկով մը, որ տեղի ունեցաւ Սուրբ Ղազարի պատմական գրադարանի դահլիճէն ներս, յաւարտ ս. պատարագի: Ոգեկոչումը կը կատարուի Աբբահօր ծննդեան 350-ամեակի յոբելենական տարուան ծիրին մէջ: Իր բացման խօսքին մէջ Լեւոն արք. Զէքիեան մէջբերեց Հայաստանի յայտնի լեզուաբան Գէորգ Ջահուկեանի (1920-2005) գնահատականը միաբանութեան հիմնադիրին մասին. «Ինչքան հեռանում ենք Մխիթար Սեբաստացու ժամանակներից եւ...

Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Հայոց Ցեղասպանութեան 111-Ամեակին Նուիրուած Ձեռնարկներ Քանատա Կազմակերպութեամբ Քանատայի Հայ դատի յանձնախումբին, 28 ապրիլ 2026-ին Քանատայի խորհրդարանին մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 111-րդ տարելիցին նուիրուած հանդիսաւոր ոգեկոչում: Ձեռնարկը համախմբեց քաղաքական, դիւանագիտական, հոգեւոր եւ համայնքային շրջանակներու ներկայացուցիչներ: Ձեռնարկը սկսաւ Քանատայի, Հայաստանի եւ Արցախի քայլերգներով, ապա հանդիսավար Արեւիկ Աֆարեան իր բացման խօսքին մէջ ընդգծեց յիշողութեան եւ հաւաքական պատասխանատուութեան կարեւորութիւնը: Հայաստանի Հանրապետութեան...

Վարդգէս Մահտեսեան Կիպրոսի Խորհրդարանական Ընտրութիւններուն` Կիպրահայ Համայնքի Պետական Ներկայացուցիչ Հռչակուեցաւ

Վարդգէս Մահտեսեան Կիպրոսի Խորհրդարանական Ընտրութիւններուն` Կիպրահայ Համայնքի Պետական Ներկայացուցիչ Հռչակուեցաւ

Մայիսի աւարտին Կիպրոսի մէջ տեղի պիտի ունենան խորհրդարանական ընտրութիւններ, որոնց հայութեան կողմէ առաջադրուած էր Կիպրոսի խորհրդարանի անդամ Վարդգէս Մահտեսեանը, որ կը վայելէ ՀՅԴ-ին զօրակցութիւնը: 7 մայիսին Խորհրդարանական ընտրութիւններու յանձնակատարը Վարդգէս Մահտեսեանը հռչակեց կիպրահայ համայնքի պետական ներկայացուցիչ Ներկայացուցչական տան 2026-2031 նստաշրջանին համար` իբրեւ անմրցակից միակ թեկնածու: Աւելի կանուխ գաղութի զաւակներուն ուղղած իր խօսքին մէջ Մահտեսեան նշած էր. «Վերջին քսան տարիներուն պատիւը...

Աթէնքի Մէջ 28 Մասնակիցներով Տեղի Ունեցաւ Համազգայինի Եւրոպայի Ուսանողական Հաւաքը (Եութլինքս)

Աթէնքի Մէջ 28 Մասնակիցներով Տեղի Ունեցաւ Համազգայինի Եւրոպայի Ուսանողական Հաւաքը (Եութլինքս)

Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան կազմակերպած Եւրոպայի ուսանողական 6-րդ հաւաքը (Եութլինքս) ընթացք առաւ հինգշաբթի, 30 ապրիլին` իր շուրջ համախմբելով 28 երիտասարդներ աշխարհի զանազան երկիրներէ (Քանատա, Վրաստան, Լիբանան, Հայաստան, Արցախ, Ռուսիա, Սպանիա, Իտալիա, Աւստրիա, Կիպրոս եւ Յունաստան): Մասնակիցները քառօրեայ աշխատանոցներու եւ պտոյտներու ընդմէջէն ծանօթացան իրարու, լսեցին հայ մշակոյթի զանազան բնագաւառներու մասին դասախօսութիւններ եւ մասնակցեցան աշխատանոցներու, ինչպէս նաեւ այցելեցին Աթէնքի հայ գաղութի զանազան կեդրոններ...

Գաղութէ-Գաղութ

Գաղութէ-Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Հայոց Ցեղասպանութեան 111-Ամեակին Նուիրուած Ձեռնարկներ Սուրիա * 24 ապրիլին Դամասկոսի «Ահարոնեան» կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 111-րդ տարելիցի ոգեկոչման հանդիսութիւն: Նոյն օրը, առաւօտուն, մասնակցութեամբ ՍԵՄ-ի «Դրօշակ», Սուրիոյ պատանեկան միութեան «Ռոստոմ» մասնաճիւղերուն եւ ՀՄԸՄ-ի սկաուտներուն, Ազգային գերեզմանատան Հայոց ցեղասպանութեան յուշակոթողին դիմաց տեղի ունեցաւ ծաղկեպսակներու զետեղում, մոմավառութիւն եւ հաւաքական աղօթք: «Ահարոնեան» կեդրոնի վարչութեան խօսքը արտասանեց Սարգիս Քիւրտեան: Այնուհետեւ ժողովուրդը...

«Արմենոփուլիա» (Հայորդիները) Գիրքին Շնորհանդէսը Թեսաղոնիկէի Քաղաքապետարանի Սրահէն Ներս

«Արմենոփուլիա» (Հայորդիները) Գիրքին Շնորհանդէսը Թեսաղոնիկէի Քաղաքապետարանի Սրահէն Ներս

Հինգ­շաբ­թի, 23 Ապ­րիլ 2026-ին, տե­ղի ու­նե­ցաւ «Ար­մե­նո­փու­լիա» վկա­յագ­րա­կան հա­տո­րի երկ­րորդ ներ­կա­յա­ցու­մը ­­Թե­սա­ղո­նի­կէի մէջ։ ­­Յի­շեց­նենք, որ սոյն գիր­քին ա­ռա­ջին շնոր­հան­դէ­սը կա­տա­րո­ւած էր 2022-ի ­­Մա­յի­սին, ­­Թե­սա­ղո­նի­կէի «­­Տէր ­­Զա­քա­րեան» սրա­հէն ներս։ ­­Գիր­քը պոն­տա­ցի յոյն Եֆս­թա­թիոս Խ­րիս­տո­ֆո­րի­տիս-­­Սար­փող­լի­սի վկա­յու­թիւնն է, երբ ին­քը ա­կա­նա­տես ե­ղաւ 600 հայ պա­տա­նի­նե­րու զան­գո­ւա­ծա­յին սպա­նու­թեան։ ­­Սոյն վկա­յու­թիւ­նը գրո­ւած է պոն­տա­կան բառ­բա­րով, բայց թարգ­մա­նո­ւած է ժա­մա­նա­կա­կից յու­նա­րէ­նի Ս­թա­թիս ­­Թաք­սի­տի­սի կող­մէ, ո­րու ջան­քե­րով...

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Նախագահեց Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ Յոբելենական Ոսկեփայլ Համերգին

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Նախագահեց Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ Յոբելենական Ոսկեփայլ Համերգին

Կիրակի, 19 Ապրիլ 2026-ի երեկոյեան, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեան, նախագահեց Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ յիսնամեայ տարեդարձին նուիրուած հրաշալի համերգին, որ հովանաւորուած էր Արեւմտեան Թեմի բարերար՝ Տիար Մհեր Տէր Յովհաննէսեանի եւ իր զաւակաց կողմէ, ի յիշատակ իրենց սիրեցեալ կնոջ եւ մօր՝ հանգուցեալ Սաթիկ Տէր Յովհաննէսեանի, կազմակերպուած՝ յոբելեար եկեղեցւոյ ղեկավարութեան կողմէ, գլխաւորութեամբ Հոգեւոր տեսուչ՝ Գերպ. Տ. Զարեհ...

Աւետիք Իսահակեանի Յոբելեանին Առիթով  Վենետիկի Մէջ Յուշաքար Զետեղուեցաւ

Աւետիք Իսահակեանի Յոբելեանին Առիթով Վենետիկի Մէջ Յուշաքար Զետեղուեցաւ

Աւետիք Իսահակեանի ծննդեան 150-ամեակի յոբելեանին առիթով 17 ապրիլին Վենետիկի մէջ կատարուեցաւ յուշաքարի մը քողազերծման արարողութիւնը մուտքի կողքին այն տան, ուր վաստակաւոր հայ գրողը բնակած է 1921-1926 այսպիսով քաղաքին լաբիւրինթոսային քարտէսին աւելցնելով յուշաքար մը եւս, որ կը խորհրդանշէ վենետահայ հարուստ եւ հազարամեայ պատմութիւնը: Ձեռնարկին ներկայ կը գտնուէին եւ խօսք առին` Հայաստանի Հանրապետութեան  կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան փոխնախարար Ալֆրեդ Քոչարեան, Հայաստանի...

Հայոց Ցեղասպանութեան 111-Ամեակը Ոգեկոչուեցաւ Թեսաղոնիկէի Մէջ

Հայոց Ցեղասպանութեան 111-Ամեակը Ոգեկոչուեցաւ Թեսաղոնիկէի Մէջ

Կի­րա­կի, 19 Ապ­րի­լին, ՀՅԴ ­Թե­սա­ղո­նի­կէի ­Հայ դա­տի յանձ­նա­խում­բը, շրջա­նի մարզ­պե­տա­րա­նի հա­մա­կազ­մա­կեր­պու­թեամբ, ի­րա­գոր­ծեց յի­շա­տա­կի ձեռ­նար­կը՝ նո­ւի­րո­ւած ­Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան 111-րդ ­տա­րե­լի­ցին։ Ե­լոյ­թը տե­ղի ու­նե­ցաւ ա­ռա­ւօ­տեան ժա­մը 11-ին, ­Թե­սա­ղո­նի­կէի Ս­պա­յից ա­կում­բի հան­դի­սաս­րա­հին մէջ, ար­ժա­նա­նա­լով հա­մայն­քա­յին եւ քա­ղա­քա­կան շրջա­նակ­նե­րու լայն մաս­նակ­ցու­թեան։ ­Ներ­կայ ե­ղաւ եւ խօսք ուղ­ղեց փոխ­նա­րար ­Տի­միթ­րիս ­Կիու­լե­քան։ ­Ներ­կայ էին նաեւ մեծ թի­ւով ե­րես­փո­խան­ներ, քա­ղա­քա­պե­տա­կան եւ մարզ­պե­տա­կան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ, բարձ­րաս­տի­ճան զի­նո­ւո­րա­կան­ներ, ինչ­պէս նաեւ շրջա­նի...

Յունաստանի Հանրապետութեան նախագահ Քոնթանթինոս Թասուլասի յայտարարութիւնը Հայոց ցեղասպանութեան 111-րդ տարելիցին առիթով

Յունաստանի Հանրապետութեան նախագահ Քոնթանթինոս Թասուլասի յայտարարութիւնը Հայոց ցեղասպանութեան 111-րդ տարելիցին առիթով

Այսօր, Հայոց ցեղասպանութեան 111-րդ տարելիցին առիթով, որ գործադրուեցաւ Օսմանեան կայսրութեան կողմէ եւ կը հանդիսանայ մարդկութեան դէմ գործուած ամենէն զազրելի ոճիրներէն մէկը, կը յարգենք մէկուկէս միլիոն զոհերու յիշատակը։ Այս յիշատակը անսակարկելի պարտք մըն է՝ թէ՛ զոհերուն հանդէպ եւ թէ՛ պատմական ճշմարտութեան, որպէսզի մոռացութիւնը չվերածուի վերաքննութեան, բռնութեան եւ անհանդուրժողականութեան պատճառի։ Յունաստանն ու Հայաստանը կը միանան ժամանակի ընթացքին կերտուած կապերով, որոնք դարբնուած են...

ՀՅԴ Շուէտի Երիտասարդի Երիտասարդական Միութեան Ջահերթին Առիթով՝  Երիտասարդութեան Ուխտը, Որ Անխախտ Կը Մնայ

ՀՅԴ Շուէտի Երիտասարդի Երիտասարդական Միութեան Ջահերթին Առիթով՝ Երիտասարդութեան Ուխտը, Որ Անխախտ Կը Մնայ

24 ապրիլին ՀՅԴ Շուէտի երիտասարդական միութիւնը կազմակերպեց ջահերթ, որ խորհրդանիշն է հայ երիտասարդի անկոտրում կամքին` պատմական այս ծանրագոյն օրերուն: Միութիւնը իր կազմակերպած երթի ընթացքին հաստատեց. «Մինչ Հայաստանի ներկայ ապազգային իշխանութիւնը իր զիջողական ու կործանարար քաղաքականութեամբ ազգը դէպի անկում կը տանի, սփիւռքի երիտասարդութիւնը կը մնայ հայութեան արթուն պահակը: Ցաւալի է տեսնել, թէ ինչպէ՛ս հայրենի պաշտօնեաներ կը շտապեն դատապարտել ցեղասպանութիւն գործած երկրի...

Փարիզի Մէջ.  « Միասին՝ Լիբանանի Համար» Բարեսիրական Ձեռնարկ՝ Համախմբման Եւ Յանձնառութեան Ոգիով

Փարիզի Մէջ. « Միասին՝ Լիբանանի Համար» Բարեսիրական Ձեռնարկ՝ Համախմբման Եւ Յանձնառութեան Ոգիով

Ուրբաթ, 17 ապրիլ 2026-ի երեկոյեան ժամը 6.30-ին, Փարիզի մէջ տեղի ունեցաւ «Միասին՝ Լիբանանի Համար» (Together for Lebanon) խորագիրով բարեսիրական ձեռնարկը: Ան համախմբեց լիբանանցի համալսարանականներ, ուսանողներ եւ տարբեր հաստատութիւններու ներկայացուցիչներ՝ մէկ միասնական նպատակով՝ աջակցիլ Լիբանանին եւ անոր կարիքաւոր զաւակներուն։ Լիբանանցի համալսարանականներու եւ ուսանողներու միութեան ներկայացուցիչ եւ ձեռնարկի կազմակերպիչ Ալեքսանտր Պուտագեան իր բացման խօսքին մէջ շեշտեց նման նախաձեռնութիւններու կարեւորութիւնը, յատկապէս այն պահուն,...

Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Միացեալ Նահանգներ Արեւմտեան Թեմի Բարերար Տոքթ. Էրիք Իսրայէլեան Այցելեց Ազգային Առաջնորդարան 7 ապրիլին Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան Ազգային առաջնորդարանին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Արեւմտեան թեմի բարերար, շքանշանակիր տոքթ. Էրիք Իսրայէլեանի եւ այս առիթով հիւրին յանձնեց հայրապետական կոնդակի օրինակը, որ շնորհուած էր «Կիլիկեան իշխան» շքանշանի ստացման առիթով: Սրբազան հայրը նաեւ մտերմիկ զրոյց ունեցաւ Արեւմտեան թեմի Քրիստոնէական դաստիարակութեան ծրագիրի այս տարեշրջանի...

Գաղութէ-Գաղութ

Գաղութէ-Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Կիպրոս  Վարդգէս Մահտեսեան Ոգեկոչեց Ցեղասպանութիւնը Հինգշաբթի, 2 ապրիլ 2026-ի առաւօտուն,  Կիպրահայ համայնքի պետական ներկայացուցիչ Վարդգէս Մահտեսեան, Հայոց ցեղասպանութեան 111-րդ տարելիցին առիթով, իր յատուկ պատգամը յղեց Կիպրոսի խորհրդարանի լիագումար նիստին` Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը յարգող ներկաներու մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ: Սուրիա Սրբազան Հայրը Լանջախաչով Շնորհաւորեց Ասորի Ուղղափառ Համայնքի Շուքրի Թումա Քահանան` Իր Քահանայական Օծման 50-Ամեակին Առիթով 13 ապրիլին Մակար...

Ի Յիշատաակ Նորոգ Հանգուցեալ Օհան Պոտրումեանի

Ի Յիշատաակ Նորոգ Հանգուցեալ Օհան Պոտրումեանի

Մեծ ցաւով տեղեկացայ որ Լիբանանի մէջ իր մահկանացուն կնքած է Ուրուկուայի մեր համայնքի նախկին անդամ, ՀԲԸ Միութեան  կրթական բազմավաստակ մշակ, իմ լաւ ու հաւատարիմ բարեկամ` պրն. Օհան Պոտրումեանը: Շատ դրական բան կայ ըսելու եւ գրելու Օհանի մասին, բայց հինականը կ’ուզեմ այս հակիրճ տողերուն մէջ արտայայտել, աւելի մանրամասն կը փորձեմ ապագային գրել: Ան մարդկային իր տեսակին մէջ բարի, հայրենասէր եւ բարեսիրտ...

ՀՅԴ Երիտասարդականը Պոլսոյ Մէջ Մասնակցեցաւ Ընկերվարական Երիտասարդներու Միջազգային Միութեան Համագումարին

ՀՅԴ Երիտասարդականը Պոլսոյ Մէջ Մասնակցեցաւ Ընկերվարական Երիտասարդներու Միջազգային Միութեան Համագումարին

26-29 մարտին Պոլսոյ մէջ տեղի ունեցաւ Ընկերվարական երիտասարդներու միջազգային միութեան (IUSY) համագումարը: Համագումարը կազմակերպութեան բարձրագոյն ժողովն է, որ կու տայ կարեւորագոյն որոշումներ, կ՛ընտրէ նոր ղեկավարութիւն եւ կ՛որոշէ կազմակերպութեան յառաջիկայ քաղաքականութիւնը` բանաձեւերու եւ քաղաքական փաստաթուղթերու ընդունման միջոցով: Համագումարը հիւրընկալուած էր Թուրքիոյ Ժողովուրդի հանրապետական կուսակցութեան երիտասարդական կազմակերպութեան կողմէ: ՀՅԴ Երիտասարդականը մասնակցեցաւ համագումարին հետեւեալ պատուիրակութեամբ` Սիւնէ Գէորգեան (Հայաստան), Տաթեւ Տէր Մարտիրոսեան (Հայաստան) եւ...

Գաղութէ-Գաղութ

Գաղութէ-Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Ֆրանսա Մեծարանքի Երեկոյ` Ի Պատիւ Ֆրանսահայութեան Խորհրդանշական Դէմքերէն Նորվան Արք. Զաքարեանի Նախաձեռնութեամբ Ֆրանսայի հայ կաթողիկէ Սուրբ Խաչ ընկերակցութեան, 21 մարտին Փարիզի Սուրբ Խաչ հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ ծխական սրահին մէջ տեղի ունեցաւ մեծարանքի երեկոյ` նուիրուած Նորվան արք. Զաքարեանի, ներկայութեամբ Ֆրանսայի հայ կաթողիկէ թեմի առաջնորդ Եղիա եպս. Եղիայեանի, միութենական բազմաթիւ պատասխանատուներու եւ հանրութեան մը, որոնք եկած էին մեծարելու հաւատքի, համոզումի,...

ՀՕՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան Կողմէ Յատկացումներ`   Հայաստանեան Եւ Սփիւռքեան Հաստատութիւններու Եւ Ծրագիրներու

ՀՕՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան Կողմէ Յատկացումներ` Հայաստանեան Եւ Սփիւռքեան Հաստատութիւններու Եւ Ծրագիրներու

Հայ օգնութեան միութեան Կեդրոնական վարչութիւնը Ուաթըրթաունի իր նստավայրին մէջ գումարեց իր լիագումար նիստը, 19-22 մարտ 2026: Լիագումարին օրակարգը գերյագեցած էր միութեան բազմաբնոյթ գործունէութեան առնչուած տարբեր նիւթերով, որոնք հանգամանօրէն քննարկուեցան, եւ տրուեցան համապատասխան որոշումներ: ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութիւնը ուրախութեամբ կը յայտարարէ, որ միաձայնութեամբ կայացուց որոշում, որուն հիմամբ տարբեր հաստատութիւններու եւ ծրագիրներու կատարուեցան նիւթական յատկացումներ` այն խոր համոզումով, որ սփիւռքի տարածքին  գործող մեր...

ՀՅԴ Պատուիրակութիւն Մը Հանդիպում Ունեցաւ  Ֆրանսայի Մէջ Լիբանանի Դեսպանին Հետ

ՀՅԴ Պատուիրակութիւն Մը Հանդիպում Ունեցաւ Ֆրանսայի Մէջ Լիբանանի Դեսպանին Հետ

Չորեքշաբթի, 1 ապրիլին, ՀՅԴ Արեւմտեան Եւրոպայի Կեդրոնական կոմիտէի պատուիրակութիւն մը հանդիպում ունեցաւ Ֆրանսայի մէջ Լիբանանի դեսպան Ռապիհ Շաէրի հետ: Փարիզի դեսպանատան մէջ կայացած այս հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանի կացութեան կապուած հարցեր: Դեսպանը ներկայացուց ընդհանուր իրավիճակը, զայն նկատելով մտահոգիչ, յատկապէս իսրայէլեան յարձակումներուն հետեւանքով յառաջացած մարդկային եւ ֆինանսական հսկայական վնասներուն եւ անտուն դարձած մեծաթիւ գաղթականներու ի տես: Դաշնակցութեան պատուիրակութիւնը իր անվերապահ զօրակցութիւնը...

Հայաստանի Ազգային Գրադարանին Հետ Գործակցութեան Ծիրին Մէջ.  «Ազդակ»-ի Ամբողջական Մատենագիտութեան Կազմութեան Աշխատանքը Կը Շարունակուի

Հայաստանի Ազգային Գրադարանին Հետ Գործակցութեան Ծիրին Մէջ. «Ազդակ»-ի Ամբողջական Մատենագիտութեան Կազմութեան Աշխատանքը Կը Շարունակուի

Հայաստանի Ազգային գրադարանին եւ Լիբանանի «Ազդակ» օրաթերթի խմբագրական կազմին միջեւ համագործակցութիւնը աշխուժ կերպով կը շարունակուի: Ներկայիս կը կատարուի օրաթերթի ամբողջական մատենագիտութեան կազմութեան աշխատանքը: Գրադարանի մատենագէտներուն կողմէ արդէն իսկ կը կազմուի «Ազդակ»-ի մատենագիտութիւնը`  նպատակ ունենալով համակարգել եւ գիտական շրջանառութեան մէջ դնել թերթի հարուստ բովանդակութիւնը: Կը նախատեսուի, որ այս ծաւալուն աշխատութիւնը պիտի հրատարակուի 2027 թուականին` «Ազդակ»-ի 100-ամեակին առիթով, դառնալով արժէքաւոր ուղեցոյց յատկապէս...

Page 3 of 47 1 2 3 4 … 47

Արխիւներ