Հինգշաբթի, 8 Հոկտեմբեր 2026-ին, Օթթաուայի «Fairmont Château Laurier» պանդոկին մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 35-ամեակին նուիրուած հանդիսաւոր ընդունելութիւն մը՝ հիւրընկալութեամբ Գանատայի մօտ ՀՀ դեսպան Անահիտ Յարութիւնեանի, որուն ներկայ գտնուեցան Գանատահայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Աբգար Եպս. Յովակիմեան, ուղեկցութեամբ հոգւոր հայրերու՝ Գանատահայոց Թեմի Փոխառաջնորդ եւ Թորոնթոյի Սուրբ Երրորդութիւն Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւ Արժ. Տ. Զարեհ Աւ. Քհնյ. Զարգարեան, Օթթաուայի Սուրբ Մեսրոպ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Դակիթ Քհնյ. Մարգարեան, Թեմական Խորհուրդի ատենապետ՝ տիար Մկրտիչ Գանոնճեան, պետական եւ համայնքային ներկայացուցիչներ ու հիւրեր՝ նշելով հայրենիքի անկախութեան պատմական նշանակութիւնը, ազգային ինքնութեան պահպանումը եւ Հայաստանի ու Գանատայի միջեւ ամուր կապերը։
Սիրով կը տեղեկացնենք, որ Մոնթրէալի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ նուիրուեցան Խորանի վարագոյր մը՝ Մեծ Պահքի շրջանին գործածուելու համար, եւ մեր առաջին Հայրապետ եւ հաւատքի Հայր՝ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչի Սրբապատկերը։
Այս առիթով մեր խորին երախտագիտութիւնը կը յայտնենք Տիար Գրիգոր Տիգրանեանին եւ Տիգրանեան ընտանիքին՝ այս գեղեցիկ եւ արժէքաւոր նուիրատուութեան համար։ Թող Ամենակալ Աստուած Իր Սուրբ Աջին հովանիին ներքեւ պահէ եւ պահպանէ Տիար Գրիգոր Տիգրանեանը եւ Տիգրանեան ընտանիքի բոլոր անդամները՝ պարգեւելով անոնց քաջառողջութիւն, խաղաղութիւն եւ օրհնեալ կեանք։
Մեր երախտագիտութիւնը կը յայտնենք նաեւ բոլոր այն անձերուն, որոնք իրենց աջակցութեամբ եւ աշխատանքով նպաստեցին այս գեղեցիկ գործի իրականացման։ Թող Աստուած զօրացնէ զանոնք, օրհնէ անոնց բարի աշխատանքը եւ Իր Սուրբ Օրհնութեան ներքեւ առողջ ու ապահով պահէ անոնց ընտանիքները։
«Աստուած անիրաւ չէ, որ մոռնայ ձեր գործը եւ այն սէրը, որ ցոյց տուիք Իր անունին հանդէպ» (Եբրայեցիս 6։10)։
Թող այս նուիրատուութիւնը միշտ մնայ իբրեւ սիրոյ, հաւատքի եւ եկեղեցասիրութեան գեղեցիկ վկայութիւն՝ ի փառս Աստուծոյ եւ ի պայծառութիւն մեր Սուրբ Եկեղեցւոյ։
ՀՈԳԵՒՈՐ ՀՈՎԻՒ ԵՒ ԾԽԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ




