Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Յորդանան Գետի Երկու Ափերու Հայ Երիտասարդութիւնը` Մէկ Ոգի

September 4, 2026
| Գաղութէ Գաղութ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՄԱՐԱԼ ՆԵՐՍԷՍԵԱՆ
Ազգային մարզական միութեան ատենապետ

Ազգային մարզական միութեան-Հայ երիտասարդաց միութեան Սկաուտական շարժման երկրորդ բանակումը տեղի ունեցաւ 3-7 օգոստոս 2026-ին, Յորդանանի քրիստոնէական եւ Սուրբ Գիրքի հետքերով հարուստ Մատապա քաղաքին մէջ` 60 մասնակիցներով, որոնցմէ 30-ը` Երուսաղէմէն ժամանած:

Երուսաղէմի Հայ երիտասարդաց միութիւնը (ՀԵՄ, 1937) եւ Ամմանի Ազգային մարզական միութիւնը (ԱՄՄ, 1955) ապացոյց են, թէ հայ ոգին վառ է սփիւռքի մէջ:

Երեք տարի առաջ ՀԵՄ-ի եւ ԱՄՄ-ի զոյգ ակումբներու սկաուտական ղեկավարութիւնները յղացան միացեալ շարժում մը սկսելու հանճարեղ միտք` փաստելով, որ, քաղաքական սահմաններով հանդերձ, Երուսաղէմի եւ Ամմանի հայ համայնքները, ինչպէս արդէն` Եկեղեցին, կը մնան հարազատութեան ամուր թելերով իրարու շաղկապուած: Այս երիտասարդութիւնն է, որ վերականգնեց եւ նոր շունչ տուաւ մեր քոյր ակումբներու միասնական գործունէութեան:

ԱՄՄ-ՀԵՄ Սկաուտական շարժման երկրորդ բանակումին ունեցանք նաեւ երկու մասնակիցներ Պէյրութէն եւ երկու մասնակիցներ` Միացեալ Նահանգներէն: Բանակումին տիրող խանդավառ մթնոլորտէն ոգեւորուած` Եգիպտոսի, Հալէպի եւ Իրաքի մեր քոյր ակումբներն ալ իրենց փափաքը յայտնած են մասնակցելու յաջորդ բանակումներուն:

Այստեղ մեր երիտասարդութեան նպատակը մէկ է` մնալ հայ, ապրիլ որպէս հայ եւ իրարու փոխանցել սէր, յարգանք ու միասնականութիւն,  անշուշտ նաեւ փորձառութիւն ու գիտելիքներ` յաջորդ սերունդները պատրաստելու, ապահովելու ազգի շարունակականութիւնը: Նման ուժ արժանի է բոլորիս աջակցութեան եւ բարձր գնահատանքին:

Մարզական եւ մտային խաղերով, վայրի բնութեան մարտահրաւէրներով, արկածային մարզաձեւերով, ձեռային աշխատանքներով եւ հայկական մշակոյթի բազմաթիւ դրսեւորումներով հարուստ բանակումը կազմակերպուած էր ԱՄՄ-ի սկաուտապետ Էտուարտ Քէչիճեանի, ՀԵՄ-ի սկաուտապետ Յակոբ Ճռնազեանի եւ զոյգ սկաուտական յանձնախումբերու անդամներուն նուիրեալ ջանքերով:

Բանակումը աւելցուց բոլորին ինքնավստահութիւնը,  բոցավառեց հայ ոգիի կայծը, զօրացուց բնութեան ու Արարիչին հետ կապը եւ միաժամանակ երիտասարդները պատրաստեց դիմագրաւելու կեանքի տարբեր փորձութիւններն ու մարտահրաւէրները:

Մեր զոյգ ակումբներու սկաուտները միասնաբար կը գործեն հայ ազգի գոյատեւման եւ ազգի նկարագիրի պահպանման համար: Բանակումները կը ստեղծեն ազգային գաղափարախօսութիւն. արդարեւ, առանց գաղափարաբանութեան` համայնքը կը վերածուի հաւաքածոյի եւ շուտով կը հայաթափի: Մեր արժէքներուն պիտի գիտակցինք, որպէսզի ունենանք զանոնք պահպանելու փափաքը:

Կոստան Զարեանը կ՛ըսէ. «Ցեղը գերազանցապէս ռիթմ է: Ռիթմն է, որ ոգին գոյացման կը բերէ, ուղղութիւն կու տայ անոր, կը շեշտաւորէ զայն, կը ներդաշնակէ եւ, մանաւանդ, կը պահէ անոր մէջ այն տեւականը, այն անմիջականը եւ այն ինքնուրոյնը, որոնք կը կազմեն մարդու կամ ցեղի հոգեկան դիմագիծը»:

Այս մտքին վրայ կառուցելով` Գագիկ Գինոսեան կ՛ըսէ. «Երբ հանգամանքներու բերումով ցեղը` ազգը, կը կորսնցնէ իր կշռութային ինքնուրոյնութիւնը, այսինքն` իրեն յատուկ, զինք բնորոշող ռիթմը, կը վերածուի խառնածին բազմութեան. բոլոր հոսանքներուն ենթարկուող եւ ոչ մէկ հոսանք ընդունող, բոլոր պարերը պարող, բայց մշտնջենապէս` անպար»:

Այսպիսի պատասխանատուութիւն կրող եւ անշահախնդիր երիտասարդութեան է, որ կրնանք վստահիլ մեր սփիւռքի գոյութեան ռիթմն ու ազգային նկարագիրը:

Ամրապնդելով մեր ներկայութիւնը,  կարեւոր նկատելով մեր դերը պատմութեան մէջ եւ արժեւորելով Երուսաղէմի ու Յորդանանի միաձուլուած հայկական ժառանգութիւնը` կրնանք աշխարհին ներկայացնել հայկական սփիւռքի հնագոյն եւ շարունակական պատմութիւնը: Այս գիտակցութեամբ միայն պիտի կարենանք, հայրենիքէն հեռու գտնուելով հանդերձ, պահպանել մեր ազգի մեծագոյն հարստութիւնը` մեր մշակոյթը, արժէքներն ու ազգային ժառանգութիւնը:

Յիշենք այստեղ բարձր գնահատանքի արժանի «Save the ArQ»-ի կատարած հայապահպանման եւ հայապաշտպանութեան հերոսական աշխատանքը, անոր նախանձախնդրութիւնը` մեր ժառանգութեան հանդէպ:

Կը մնանք շնորհակալ Յորդանանի Հաշիմական թագաւորութեան հովանաւորութեան եւ աջակցութեան, որոնք նպաստած են թէ՛ Յորդանանի եւ թէ՛ Երուսաղէմի հայ համայնքներու գոյատեւման ու շարունակականութեան:

Մեր հարստութիւնը պաշտպանելով եւ տարածելով` կ՛ամրապնդենք հայ ազգի պատմական դիրքն ու ներդրումը համաշխարհային արժէքներու, մշակոյթի եւ պատմութեան մէջ:

Բանակումի աւարտին տեղի ունեցաւ շքեղ խարուկահանդէս մը`  շեփորախումբի փշաքաղող եւ հզօր մուտքով: Ներկաները միասնաբար վկայեցին մեր հայ երիտասարդ-երիտասարդուհիներու կամքն ու պայքարը` պահպանելու եւ շարունակելու հայ ազգը:

Խարուկահանդէսին ներկայ էին Տիրան վրդ. Յակոբեան` Երուսաղէմի պատրիարքարանի միաբանութեան անդամ, եւ Ամմանի հայ համայնքի հոգեւոր առաջնորդի ներկայացուցիչ  Իւան տը Մերսէյ` «SOS Արեւելքի Քրիստոնեաներու» կազմակերպութեան Յորդանանի եւ Պաղեստինի առաքելութեան պետը, ինչպէս նաեւ` ՀԵՄ-ի, ԱՄՄ-ի եւ երկրին մէջ գործող տարբեր հայկական միութիւններու վարչական անդամներ ու ներկայացուցիչներ, անդամներ, համակիրներ Երուսաղէմէն ժամանած, ինչպէս նաեւ` Ամմանի սկաուտներու ընտանիքները:

Ներկաները լեցուեցան հայեցի զգացումներով` տեսնելով Յորդանան գետի երկու ափերու քոյր ակումբներուն միատարազ 60 սկաուտները:

Խարուկահանդէսը, որուն հաղորդավարութիւնը ստանձնած էին Սարին Կէճէքուշեանը եւ Վիվիան Պետեւեանը, հարուստ էր` ՀԵՄ-ի ատենապետ Սագօ Ճռնազեանի եւ ԱՄՄ-ի ատենապետ Մարալ Ներսէսեանի խօսքերով, Արին Շարաֆի ասմունքային կատարողութեամբ, սկաուտներուն ժողովրդական պարերով, գայլիկներուն ազգային երգերով, մետալներու եւ յուշանուէրներու բաշխումով, խարոյկի ջերմ բոցով  եւ «Պահպանիչ»-ով:

Այս զոյգ համայնքներու յաջորդ աւանդական դարձած հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ յունուար ամսուան վերջին կիրակի օրը` Յորդանան գետի երկու ափերու ուխտագնացութեամբ:

Ամման, Յորդանան
25.08.2026

 

Նախորդը

Անտեսանելի Խոչընդոտներ

Յաջորդը

Քաշմիրով Գայլեր. Միլիառատէրերը Այլեւս Չեն Ուզեր Մեծահարուստի Տեսք Ունենալ

RelatedPosts

Փարիզի Մէջ Ներկայացուեցաւ Արցախին Նուիրուած «Նամակներ Դրախտից» Գիրքը
Գաղութէ Գաղութ

Փարիզի Մէջ Ներկայացուեցաւ Արցախին Նուիրուած «Նամակներ Դրախտից» Գիրքը

October 19, 2026
Անուշաւան Արքեպիսկոպոսի Այցելութիւնը Լիբանանի նոր ընդհանուր հիւպատոսին
Գաղութէ Գաղութ

Անուշաւան Արքեպիսկոպոսի Այցելութիւնը Լիբանանի նոր ընդհանուր հիւպատոսին

October 16, 2026
Գաղութէ Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

October 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.