Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գաղութէ-Գաղութ

September 3, 2026
| Գաղութէ Գաղութ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ

Սուրիա

«Կիլիկիա» Եւ «Կանթեղ» Երգչախումբերու Համերգ

Հովանաւորութեամբ Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Մակար արք. Աշգարեանի, կազմակերպութեամբ Համազգայինի Քեսապի «Հ. Օհանջանեան» մասնաճիւղի վարչութեան, 17 օգոստոսին, «Սարդարապատ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Կիլիկիա» երկսեռ եւ երկար տարիներու ընդհատումէ ետք վերակազմաւորուած «Կանթեղ» մանկապատանեկան երգչախումբերու համերգը` ղեկավարութեամբ Գայեանէ Սիմոնեան-Տէրեանի եւ ընկերակցութեամբ Հալէպէն ժամանած դաշնակահար Անի Պօղիկեանի:

Համազգայինի «Հ. Օհանջանեան» մասնաճիւղի ատենապետ Արա Քէշիշեան բացման խօսքով անդրադարձաւ հայ երգի բացառիկ դերին` հայ ժողովուրդի ազգային ինքնութեան պահպանման մէջ:

Ան շեշտեց աւանդական, դասական եւ հոգեւոր հայ երաժշտութեան պահպանման, տարածման ու նոր սերունդներու փոխանցման կարեւորութիւնը` ընդգծելով, որ այսօրուան համաշխարհայնացման եւ ձուլման վտանգներուն դիմաց այս աշխատանքը պարզապէս մշակութային գործունէութիւն չէ, այլ` ազգային ինքնութիւնը պահպանելու եւ նոր սերունդները հայկական արժէքներով դաստիարակելու սրբազան պատասխանատուութիւն:

Համերգի աւարտին յուշանուէրներ յանձնուեցան երգչախումբերու ղեկավար Գայեանէ Սիմոնեան-Տէրեանին եւ դաշնակահար Անի Պօղիկեանի:

Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Մակար արք. Աշգարեան գնահատեց կազմակերպուած ձեռնարկը եւ իր ուրախութիւնը յայտնեց յատկապէս այն գեղեցիկ երեւոյթին համար, որ երկու երգչախումբերուն մէջ մեծ հայրեր, ծնողներ, զաւակներ ու թոռներ միասնաբար կ՛երգեն` այդպիսով շարունակելով հայկական մշակութային աւանդութիւնը եւ ազգային արժէքները սերունդէ սերունդ փոխանցելու գեղեցիկ շղթան:

Սրբազանը ընդգծեց, որ հայ ժողովուրդը դարեր շարունակ իր ուժով, մշակոյթով եւ ազգային արժէքներուն կառչելով յաջողած է կանգուն մնալ եւ յաղթահարել բազմաթիւ դժուարութիւններ:

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքէն Նորօծ Աբեղաներ Այցելեցին Սրբազան Հօր

26 օգոստոսին, Բերիոյ Հայոց թեմի առաջնորդ Մակար արք. Աշգարեան, Ազգային առաջնորդարանի իր գրասենեակին մէջ հիւրընկալեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանքէն նորօծ աբեղաներ Նորայր աբղ. Պայտունեանն ու Հրայր աբղ. Պայտունեանը, որոնց կ՛ընկերակցէր Ճեզիրէի առաջնորդական փոխանորդ Լեւոն վրդ. Եղիայեան:

Սրբազան հօր տնօրինութեամբ, Ս. Աննայի ուխտի օրուան առիթով, անոնք Եագուպիէի Ս. Աննա ուխտատեղի-մատրան մէջ մատուցեցին սուրբ պատարագ:

Սրբազան հայրը շնորհաւորեց հայր սուրբերը` քահանայական եւ աբեղայական օծում ստանալուն առիթով, իր ուրախութիւնը յայտնեց միաբանական շարքերէն ներս անոնց մուտք գործելուն համար եւ իր հայրական խրատները փոխանցեց անոնց` մաղթելով, որ աստուածային շնորհով իրենց հաւատքին վրայ հաստատուն մնան եւ օրհնաբեր ու բեղուն ծառայութիւն մատուցեն:

Իրան

Արուեստագէտ Գառնիկ Տէր Յակոբեանի «Անկիւններ» Անհատական Ցուցահանդէսը

21 օգոստոսին, Թեհրանի «Սամ Սենթըր»-ի նկուղային առաջին յարկի «2+» պատկերասրահին մէջ բացումը կատարուեցաւ իրանահայ արուեստագէտ Գառնիկ Տէր Յակոբեանի «Անկիւններ» խորագիրով անհատական ցուցահանդէսին:

Ցուցահանդէսին ներկայացուած էին արուեստագէտին` 2010-2020 թուականներուն ստեղծած աշխատանքները, որոնց մէջ առանձնայատուկ տեղ կը գրաւէր նիւթի եւ ձեւի փոխյարաբերութիւնը: Գործերը կատարուած են կրափոշիի եւ փայտէ տախտակի համադրութեամբ` նիւթը վերածելով ոչ միայն ստեղծագործութեան միջոցի, այլ նաեւ անոր կառուցուածքային եւ արտայայտչական հիմնական բաղադրիչի:

Տէր Յակոբեանի աշխատանքներուն մէջ կրափոշիի ծանրութիւնն ու փայտի բնական կառուցուածքը միահիւսուելով, ստեղծած են մակերեսներու, գիծերու եւ երկրաչափական ձեւերու իւրայատուկ յարաբերութիւններ:

Գառնիկ Տէր Յակոբեան աւելի քան վեց տասնամեակ զբաղած է արուեստով եւ ճարտարապետութեամբ: Անոր ստեղծագործական լեզուի ձեւաւորման մէջ նշանակալի դեր ունեցած են նաեւ Իրանի տարբեր շրջաններ կատարած ուղեւորութիւններն ու ուսումնասիրութիւնները, որոնց ազդեցութիւնը դրսեւորուած է իր աշխատանքներուն կառուցուածքին, նիւթական արտայայտչականութեան եւ տարածութեան ընկալման մէջ:

Ցուցահանդէսի առանձին բաժինով ցուցափեղկերու մէջ ներկայացուած են նաեւ Տէր Յակոբեանի երիտասարդութեան տարիներու ստեղծագործութիւններ, ուսանողական շրջանէն պահուած յուշանկարներ, ինչպէս նաեւ իր մասին մամուլին մէջ հրապարակուած նիւթեր:

Արուեստագէտի աշխատանքները տարիներու ընթացքին ներկայացուած են Իրանի եւ արտասահմանի տարբեր ցուցասրահներու եւ թանգարաններու մէջ, նաեւ ընդգրկուած են շարք մը մնայուն հաւաքածոներու մէջ:

Հանդիպում` Իրանի Կեդրոնական Շրջանի Փաստաթուղթերու Եւ Ազգային Գրադարանի Հիմնարկի Տնօրէնին Հետ

Իրանի Կեդրոնական շրջանի Փաստաթուղթերու եւ ազգային գրադարանի հիմնարկի տնօրէն դոկտ. Մոհսէն Հեսամ Մազահերի հանդիպում ունեցաւ Սպահանի հայոց թեմի թեմական խորհուրդի ներկայացուցիչներուն հետ, ներկայութեամբ` Թեմական խորհուրդի ատենապետ Աշոտ Դաւթեանի, ատենադպիր Քարոլին Դիլանչեանի, Սուրբ Ամենափրկիչ վանքի արխիւատան տնօրէն Թովմա Գալստանեանի եւ Վանքի «Ս. Ներսէս Շնորհալի» գրադարանի տնօրէն Վերգինէ Միրզախանեանի:

Հանդիպման ընթացքին երկու կողմերը ներկայացուցին իրենց կառոյցներու գործունէութիւնը, առկայ հաւաքածոները, անոնց արձանագրութեան եւ պահպանման եղանակները, թուայնացման ընթացքը, ինչպէս նաեւ հետազօտողներու հետ իրականացուող աշխատանքները:

Կողմերը կարեւոր նկատեցին հետազօտողներու եւ պատմական ու մշակութային ժառանգութեամբ հետաքրքրուողներու համար փաստաթուղթերու հասանելիութեան ապահովման տարբեր միջոցները:

Շեշտը դրուեցաւ ժամանակակից իրադարձութիւններու փաստագրումը, բանաւոր պատմութեան արձանագրութիւնը եւ տարբեր ծրագիրներու, արարողութիւններու եւ ձեռնարկներու լուսանկարներու, տեսանիւթերու եւ ձայնագրութիւններու հաւաքագրման ու պահպանման կարեւորութեան վրայ:

Հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ Սուրբ Ամենափրկիչ վանքի փաստաթուղթերու վերականգնման բաժնին եւ առկայ սարքաւորումներուն:

Խորհուրդի ատենապետ Աշոտ Դաւթեան շեշտեց, որ փաստաթուղթերու պահպանումը միշտ եղած է Թեմական խորհուրդներու առաջնահերթութիւններէն: Ան ընդգծեց, որ այդ փաստաթուղթերը ոչ միայն հայ համայնքին, այլ նաեւ Իրանի ազգային պատմամշակութային ժառանգութեան կարեւոր մասն են եւ ունին համազգային նշանակութիւն:

Հանդիպման աւարտին տնօրէնը ծանօթացաւ «Ս. Ներսէս Շնորհալի» գրադարանի տարբեր բաժիններուն, ուր ներկայացուեցան ընթացիկ գործունէութիւնը, ինչպէս նաեւ իրականացուած աշխատանքները` հնատիպ եւ արժէքաւոր գիրքերու պահպանութեան, թուայնացման ու համակարգման ուղղութեամբ:

Իրաք

Այցելութիւն` ՀՀ Մէջ Իրաքի Հանրապետութեան Դեսպանատուն

21 օգոստոսին, Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Կարապետ Գալուստեան, ատենադպիր` Պերճ Թիւֆէնկճեան եւ Պասրայի թաղական խորհուրդի ատենապետ Խաժակ Վարդանեան այցելեցին Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Իրաքի Հանրապետութեան դեսպանատուն:

Պատուիրակութիւնը ընդունեց Հայաստանի մէջ Իրաքի դեսպանութեան հաւատարմատար` դոկտ. Սուհէյլան Ճպուրիին:

Հանդիպման ընթացքին ծաւալեցան ջերմ եւ բարեկամական զրոյցներ, որոնց ընթացքին քննարկուեցան նաեւ Կեդրոնական վարչական եւ Իրաքի Հանրապետութեան դեսպանութեան միջեւ համագործակցութեան կարելիութիւնները` յատկապէս Հայաստանէն Իրաք այցելել փափաքող հայերուն մուտքի արտօնագիրներու տրամադրման, ինչպէս նաեւ Իրաքէն Հայաստան այցելողներուն մուտքի արտօնագիրներու վերաբերեալ հարցերու վերաբերող:

Քուէյթ

ԱՄՆ Դեսպանատան Քաղաքական Բաժնի Ներկայացուցիչներ Այցելեցին Առաջնորդարան

Վերջերս, Քուէյթի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան քաղաքական բաժնի ներկայացուցիչներ` դեսպանատան քաղաքական հարցերու խորհրդական Լուրտէս Լամելա,  քաղաքական հարցերու փոխխորհրդական Թրեւիս Քուփըրլի, քաղաքական հարցերու մասնագէտ Ահմէտ Ֆաուզի այցելեցին Քուէյթի եւ Շրջակայից հայոց առաջնորդարան:

Այցելուները ընդունեց Քուէյթի եւ Շրջակայից հայոց թեմի առաջնորդական տեղապահ Օշին վրդ. Չուալերթանեան: Հանդիպման ներկայ էին նաեւ Արտակ Ա. քհնյ. Քեհեաեան եւ Ազգային վարչութեան անդամ  Յակոբ Այանեան:

Հանդիպման հիմնական նպատակն էր լսել քրիստոնեայ եկեղեցիներուն ու համայնքներուն դիմագրաւած ներկայ դժուարութիւններուն մասին, ինչպէս նաեւ քննարկել այն ուղիները, որոնց միջոցով կարելի է աջակցիլ եւ օգտակար ըլլալ քրիստոնեայ համայնքներուն:

Միացեալ Նահանգներ

Մայքըլ Կարապետ Նշանակուեցաւ Սան Տիէկօ Գաւառի Գերագոյն Ատեանի Դատաւոր

Վերջերս, փորձառու դատավարական իրաւաբան եւ դաշնակցային մակարդակի օգնական դատախազ Մայքըլ Կարապետ, կառավարիչ Կեւըին Նիւսըմի կողմէ նշանակուեցաւ Քալիֆորնիոյ Գերագոյն ատեանի դատաւոր` Սան Տիէկօ գաւառին համար:

Հայ իրաւաբանական միութիւնը եւ անոր Դատական գնահատման յանձնախումբը  աջակցեցան Կարապետի նշանակման` նշելով իրաւաբանական ոլորտէն ներս անոր աւելի քան 22 տարուան փորձառութիւնը, դատարանային փորձագիտութիւնը, հանրային ծառայութիւնը` ազնուութիւնը եւ լաւ դատելու նկարագիրը` զինք նկատելով «բացառիկ կերպով որակաւորուած», եւ վստահութիւն յայտնեցին, որ ան լաւապէս պիտի սպասարկէ նահանգին:

Կարապետ 2015-էն ի վեր դաշնակցային օգնական դատախազ մըն է նահանգին հարաւային շրջանին մէջ` Միացեալ Նահանգները ներկայացնելով բարդ քաղաքացիական դատերու ընթացքին, որոնք կը վերաբերին սահմանադրական պահանջներու, աշխատանքային վէճերու, վնասուց հատուցման դիմումներու եւ այլ կարեւոր հարցերու: Ան նաեւ դատեր ներկայացուցած է դաշնակցային Վերաքննիչ դատարանի 9-րդ շրջանի ատեանին: Նախքան հանրային ծառայութեան անցնիլը, Կարապետ գործընկեր էր Reed Smith LLP իրաւաբանական հաստատութեան մէջ, ուր զբաղած է ստեղծագործական սեփականութեան, աշխատանքային, առեւտրական եւ գործարարական բարդ վէճերով:

2023-էն ի վեր, Կարապետ նաեւ ծառայած է իբրեւ ժամանակաւոր դատաւոր Սան Տիեկոյի Գերագոյն ատեանին մէջ:

Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի բռնկումէն քիչ առաջ Միացեալ Նահանգներ հաստատուած հայ գաղթականի մը որդին ըլլալով, Կարապետ խոր հաւատք եւ յարգանք զարգացուցած է իրաւունքի գերակայութեան, հաւասար կարելիութիւններու եւ զօրաւոր ժողովրդավարական հաստատութիւններու կարեւորութեան հանդէպ: Ոգեշնչուած ըլլալով խտրականութեան ենթարկուելու իր հօր փորձառութիւններէն եւ ամերիկեան իրաւական համակարգին ընձեռած ազատութիւններուն ու պաշտպանութեան հանդէպ խոր յարգանքէն` ան իր ասպարէզը նուիրած է հանրային ծառայութեան:

Լոյս Տեսաւ Արամ Ա. Կաթողիկոսի Հայրապետական Զ. Այցելութեան Եւ Գահակալութեան Երեսնամեակին Նուիրուած Հատորը

19 օգոստոսին, Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան, ողջունեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսի Արեւմտեան թեմին շնորհած հայրապետական վեցերորդ այցելութեան եւ կաթողիկոսական երեսնամեայ գահակալութեան ձեռնարկներու տեղեկութիւնն ու գունագեղ լուսանկարները ամփոփող յատուկ հրատարակութիւնը, որ լոյս տեսաւ մեկենասութեամբ Ազգային առաջնորդարանի բարերար` Յարութ եւ Լենա Սողոմոնեան ամոլին, նուիրուած իրենց եղբօր` ազգային բարերար, «Կիլիկեան Իշխան» շքանշանակիր, Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան առաքելութեան հաւատարիմ եւ Հայց. առաք. եկեղեցւոյ նուիրեալ զաւակ եւ համազգային բարերար` հանգուցեալ Հրայր Սողոմոնեանի անմեռ յիշատակին:

Ազգային առաջնորդարանի ջանքերով հրատարակուած գունատիպ այս հատորը կը բովանդակէ անցեալ տարուան 22 հոկտեմբերէն մինչեւ 10 նոյեմբեր ի պատիւ եւ ի ներկայութեան վեհափառ հայրապետին, Արեւմտեան թեմին մէջ կատարուած հանդիսութեանց, այցելութեանց, հանդիպումներու եւ ձեռնարկներու տեղեկատուական ժամանակագրութիւնը` օրը օրին արձանագրութեամբ եւ լուսանկարներով:

Յայտնենք, որ հատորին մէջ նաեւ տեղ գտած են կաթողիկոսական, առաջնորդական, հոգեւոր հայրերու եւ ազգայիններու ուղերձներ, քարոզներ, պատգամներ, մեծարանքի խօսքեր, որոնք կ՛ամբողջացնեն հայրապետական վեցերորդ այցելութեան ընդհանուր պատկերը եւ կ՛ընդգծեն Արեւմտեան թեմի բարձր կազմակերպուածութեան, նիւթաբարոյական անսակարկ զօրակցութեան ու մասնակցութեան հանգամանքները, զորս ամէնէն փայլուն ձեւով դրսեւորուեցան Արամ Ա. կաթողիկոսին շրջան այցելութեան բոլոր օրերուն:

Նոյն օրը, սրբազան հայրը ընդունեց այցելութիւնը Յարութ եւ Լենա Սողոմոնեան ամոլին:

Սրբազան հայրը մտերիմ զրոյց ունեցաւ այցելուներուն հետ եւ դրուատեց բարերար զոյգին զօրակցութիւնը` ընդհանրապէս Հայ եկեղեցւոյ ու Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան եւ մասնաւորաբար Արեւմտեան թեմի ծրագիրներուն, ապա, այս առիթով, զոյգին նուիրեց առաջին օրինակը նոր լոյս տեսած գեղատիպ յատուկ հրատարակութեան:

Քանատա

«Բարեւ… Ես Գիրքն Եմ» Դասագիրքին Շնորհահանդէսը

 Հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ Քանատայի հայոց թեմի առաջնորդ Բաբգէն արք. Չարեանի, կազմակերպութեամբ Քանատայի առաջնորդարանի Հայեցի դաստիարակութեան բաժանմունքին, 20 օգոստոսին, Մոնրէալի Հայ կեդրոնի «Ահարոնեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Ազգային առաջնորդարանի հրատարակութիւններէն «Բարեւ… Ես գիրքն եմ» դասագիրքի շնորհահանդէսը, ներկայութեամբ Հայաստանէն յատկապէս այս առթիւ ժամանած գիրքին հեղինակ Նայիրի Մկրտիչեանի:

Հայեցի դաստիարակութեան բաժանմունքին անունով Լուսին Ժամկոչեան շնորհակալական խօսք ուղղեց գիրքին հեղինակին, սրբազան հօր եւ առաջնորդարանի ընտանիքին` աւելցնելով, որ անցնող տարիներուն սրբազան հօր հովանաւորութեամբ եւ Հայեցի դաստիարակութեան բաժանմունքին ջանքերով կարելի եղաւ լոյս աշխարհ բերել մանկապատանեկան գրքոյկներ, գիրքեր եւ տեսերիզներ, ինչպէս նաեւ կազմակերպել դաստիարակչական աշխատանոցներ եւ տաղանդներու յայտնաբերման մրցումներ:

Այնուհետեւ տեղի ունեցան գիրքէն երկու դրուագներու ներկայացում:

Հեղինակին ամփոփ կենսագրութեան անդրադարձաւ Գառնի Մարտիրոսեան, ապա գիրքին հեղինակը ներկայացուց դասագիրքը` սահիկներու ցուցադրութեամբ: Ան անդրադարձաւ գիրքին պատրաստութեան տուն տուող պատճառներուն, տպագիր գիրքի կարեւորութեան, գիրքին բովանդակութեան` նշելով, որ գիրքին մէջ տեղ գտած են այն հիմնական եւ տարրական տեղեկութիւնները, որոնք իւրաքանչիւր հայ պէտք է գիտնայ իր ինքնութեան մասին, անկախ տարիքային նկատառումներէ:

Ան ըսաւ, թէ Հայոց պատմութեան հիմնական դրուագներու ներկայացման ձեւը սովորական դասագիրքի չի նմանիր, այլ ընտրած է իւրայատուկ ոճ, առաւել հետաքրքրական եւ դիւրընկալ դարձնելու նիւթն ու տեղեկութիւնները` նշելով, որ գիրքը չի բաւարարուիր գիտելիքներ փոխանցելով, այլ` կը բովանդակէ զանազան խաղեր, որոնք կ՛ամրապնդեն փոխանցուած գիտելիքը:

Հեղինակը նաեւ յիշեց, որ գիրքէն օրինակներ ղրկուած են սփիւռքի զանազան գաղթօճախներ, ինչպէս` Աւստրալիա, Գերմանիա, Հոլանտա, Սուրիա, Լիբանան, Թուրքիա, Ամերիկա, Շուէտ եւ այլուր, ծախուած են Արեւելեան եւ Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու մէջ, եւ անոր նկատմամբ հետաքրքրութիւն ցուցաբերուած է Պոլիսէն եւ Հոլանտայէն:

Սրբազան հայրը իր սրտի խօսքին մէջ դրուատեց Մկրտիչեանի ժրաջան աշխատանքն ու արեւմտահայերէնի, ինչպէս նաեւ ազգային դաստիարակութեան հանդէպ ցուցաբերած նախանձախնդրութիւնը` յոյս յայտնելով, որ մեր դպրոցները` ամէնօրեայ, շաբաթօրեայ թէ կիրակնօրեայ, մեր ուսուցիչներն ու աշակերտները, ինչպէս նաեւ մեր ծնողները հետաքրքրութիւն կը ցուցաբերեն այս գիրքին հանդէպ եւ կ՛օգտուին անկէ` մեր մատղաշ սերունդին ազգային ու կրօնական դաստիարակութիւն ջամբելու:

Աւարտին տեղի ունեցաւ հեղինակին կողմէ մակագրուած գիրքերու վաճառք:

 

 

 

 

Նախորդը

Օգտակար Խորհուրդներ Մանուկը Ուսումնական Տարուան Պատրաստելու Համար

Յաջորդը

Երիտասարդները Իրենց Մտահոգութիւններն Ու Առաջարկները Ուղղեցին Վեհափառ Հայրապետին

RelatedPosts

Փարիզի Մէջ Ներկայացուեցաւ Արցախին Նուիրուած «Նամակներ Դրախտից» Գիրքը
Գաղութէ Գաղութ

Փարիզի Մէջ Ներկայացուեցաւ Արցախին Նուիրուած «Նամակներ Դրախտից» Գիրքը

October 19, 2026
Անուշաւան Արքեպիսկոպոսի Այցելութիւնը Լիբանանի նոր ընդհանուր հիւպատոսին
Գաղութէ Գաղութ

Անուշաւան Արքեպիսկոպոսի Այցելութիւնը Լիբանանի նոր ընդհանուր հիւպատոսին

October 16, 2026
Գաղութէ Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

October 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.