Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գաղութէ Գաղութ

August 27, 2026
| Գաղութէ Գաղութ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ

Սուրիա

 Աստուածածնայ Վերափոխման Տօնի Նշում

Ճէզիրէ

Հովանաւորութեամբ Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Մակար արք. Աշգարեանի, եւ տնօրինութեամբ Ճէզիրէի առաջնորդական փոխանորդ Լեւոն վրդ. Եղիաեանի, Ճէզիրէի երեք շրջաններուն մէջ` Հասիչէ, Տէրիք, եւ Գամիշլի, յիշատակուեցաւ Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման տօնը:

13 օգոստոսին Հասիչէի Ս. Յովնաննու Կարապետ եկեղեցւոյ մէջ, 15 օգոստոսին Տէրիքի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, իսկ 16 օգոստոսին Գամիշլիի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ, Ճէզիրէի հովիւ Պսակ քհնյ. Պէրպէրեան մատուցեց Ս. պատարագ եւ քարոզեց: Պատարագի աւարտին կատարուեցաւ խաղողօրհնէք:

Էսկիւրան

16 օգոստոսի երեկոյեան, թեմի առաջնորդ Մակար արք. Աշգարեան այցելեց Էսկիւրանի Ս. Աստուածածին մատուռ եւ տեղւոյն շրջափակին մէջ վառեց մատաղի կաթսաներուն առաջին կրակը:

Այնուհետեւ, Համազգայինի «Նիկոլ Աղբալեան» մասնաճիւղի նուագախումբի երգողներ եւ քեսապահայ արուեստագէտներ, երգեհոնի ընկերակցութեամբ տոքթ. Րաֆֆի Ապէճեանի, ստեղծեցին տօնական մթնոլորտ:

17 օգոստոսին, հանդիսապետութեամբ սրբազանին, Էսկիւրանի Ս. Աստուածածին մատրան մէջ, քեսապահայութեան աւանդութեան համաձայն, մատուցուեցաւ Սուրբ պատարագ: Օրուան պատարագիչն էր  Արմէն վրդ. Գալաճեան: Սրբազան հայրը իր հայրական օրհնութիւնը փոխանցելով` գնահատեց եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքը եւ Աստուածամօր բարեխօսութիւնը հայցելով աղօթք բարձրացուց առ Աստուած, քեսապահայութեան մաղթելով քաջառողջութիւն եւ բարօրութիւն:

Հուսկ, Ս. Աստուածածին մատրան շրջափակին մէջ, սրբազան հօր ձեռամբ կատարուեցաւ մատաղի օրհնութիւն, որուն յաջորդեց հոգեհանգստեան պաշտօն:

Քեսապ

Հովանաւորութեամբ Սուրիոյ զբօսաշրջութեան նախարար Մազէն Սալհանիի եւ Մակար արք. Աշգարեանի, 15 օգոստոսին մեկնարկը կատարուեցաւ Քեսապի տարեկան փառատօնին:

Հրաւիրեալները դիմաւորուեցան ՀՄԸՄ-ի Քեսապի եւ Հալէպի մասնաճիւղերու տարազաւոր սկաուտներուն ու Քեսապի փողերախումբին կողմէ: Ապա, ներկաները այցելեցին Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարանի Շրջանաւարտից միութեան կազմակերպած քերմէս, որ աշխուժ եռուզեռ ստեղծած էր Քեսապի համալիրի շրջափակին մէջ, իր ներկայացուցած խաղերով եւ ցուցահանդէս վաճառքով: Ներկայ պաշտօնական հիւրերը շրջեցան քերմէսի տաղաւարները եւ գնահատեցին տարուած աշխատանքը:

Ապա, ընթացք առաւ փառատօնի գեղարուեստական յայտագիրը:

Օրուան հանդիսավար Սագօ Խալոյեան բարի գալուստ մաղթեց հրաւիրեալներուն եւ փառատօնը բաց յայտարարեց:

Բացման արաբերէն խօսքով հանդէս եկաւ Թալին Գազազեան-Փանոսեան, իսկ հայերէն` Դալար Լնդեան: Անոնք շեշտեցին անկախացած Սուրիոյ վերականգնումի աշխատանքներուն մէջ միասնական ճիգով գործելու կարեւորութիւնը, ապա յայտնեցին, որ Քեսապը եղած է մշակոյթի ու խաղաղ համակեցութեան գեղեցիկ բնօրրան:

Այնուհետեւ գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր:

Աւարտին, սրբազան հայրը ուղղեց օրուան պատգամը: Ան ըսաւ, որ հայութիւնը կը հաւատայ երկխօսութեան, բոլորին համահաւասար իրաւունքներու պաշտպանութեան`շեշտելով, որ այսպիսով Սուրիան ազատութեան ու փոխադարձ յարգանքի երկիր կը դառնայ եւ աշխարհին կը ներկայանայ քաղաքակրթութիւններու եւ մշակոյթներու հարուստ խճանկարով` հպարտութիւն առթելով բոլորին:

Հովանաւորութեամբ սրբազան հօր, կազմակերպութեամբ ՀՄԸՄ-ի Սուրիոյ Շրջանային վարչութեան, 16 օգոստոսին, Քեսապի մէջ տեղի ունեցաւ սկաուտական աւանդական տողանցք, մասնակցութեամբ` Գամիշլիի, Հալէպի, Դամասկոսի, Լաթաքիոյ եւ Քեսապի մասնաճիւղերուն, ինչպէս նաեւ Տէրիքի եւ Հասիչէի միաւորներու փողերախումբերուն եւ սկաուտական կազմերուն: Տողանցքը սկիզբ առաւ Քեսապի Ս. Աստուածածին եկեղեցիէն:

Համալիրէն ներս տեղի ունեցաւ պաշտօնական հաւաք: Օրուան հանդիսավարն էր Սուրիոյ Շրջանային խմբապետ Նաթալի Թաթոսեան:

Արաբերէնով բացման խօսք արտասանեց Շրջանային սկաուտական խորհուրդի անդամ Նայիրի Զաքոյեան-Այնթապի: Ան ընդգծեց, որ ՀՄԸՄ-ը իր հիմնադրութեան օրէն ի վեր եղած է ոչ միայն մարզական եւ սկաուտական կազմակերպութիւն, այլ նաեւ դարբնոց մը, ուր յաջորդական սերունդներ ստացած են ազգային դաստիարակութիւն:

Հայերէնով խօսք արտասանեց ՀՄԸՄ-ի Սուրիոյ Շրջանային սկաուտական խորհուրդի անդամ Վանենի Մինասեան: Ան մատնանշեց, թէ ՀՄԸՄ-ը հայկական իրականութեան մէջ դարձաւ աշխարհատարած մեծ կազմակերպութիւն, որ տասնամեակներ շարունակ ծառայեց եւ իր օրհնեալ հովանիին ներքեւ նորահաս սերունդներ դաստիարակեց ազգային եւ մարզական ոգիով:

Խօսք առաւ Լաթաքիոյ նահանգի զբօսաշրջութեան տնօրէնութեան ղեկավար Ֆատի Նիզամ, որ շնորհակալութիւն յայտնեց զբօսաշրջութեան նախարարութեան, թեմի առաջնորդին, տողանցքի կազմակերպիչ մարմինին ու մասնակից սկաուտներուն:

Այնուհետեւ, իր սրտի խօսքը ուղղեց սրբազան հայրը եւ աւանդական տողանցքին առիթով գնահատեց ՀՄԸՄ-ի հզօր բանակը, որ Քեսապի մէջ տարիներու աւանդութիւնը պահելով տէր կը կանգնի մեր ազգային արժէքներուն: Ան յայտնեց, որ, հակառակ սուրիահայութեան դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն, մենք երկիրը յառաջ պիտի տանինք` քրիստոնէական հաւատքը գործնականապէս ապրելով` եղբայրասիրութեամբ, խաղաղութեամբ եւ փոխադարձ յարգանքով:

Աւարտին Մակար սրբազան շնորհակալութիւն յայտնեց Սուրիոյ զբօսաշրջութեան նախարարին, որ մեծ սիրով հովանաւորեց Քեսապի փառատօնը եւ ճիգ չխնայեց անոր յաջողութեան ի խնդիր: Ան շեշտեց, որ այս փառատօնը լաւագոյն ապացոյցն է, որ Սուրիոյ ժողովուրդը` քրիստոնեայ թէ իսլամ, եղբայրական ոգիով կ՛ապրի եւ ձեռք ձեռքի տուած կ՛աշխատի վերականգնելու սուրիական հայրենիքը:

Հանդիսապետութեամբ Մակար արք. Աշգարեանի, 16 օգոստոսին, Քեսապի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, մատուցուեցաւ Ս. պատարագ` սրբազան հօր կողմէ:

Ան իր պատգամին մէջ դիտել տուաւ, որ Ս. Կոյս Մարիամ` «Աստուծոյ մայր» կոչումը ստանալով, բարձրագոյն պատիւի արժանացաւ Աստուծոյ կողմէ, երբ իր մէջ կրեց մարմնացեալ Աստուածը` խոստացուած Փրկիչը, որ ամբողջ մարդկութիւնը պիտի փրկէր եւ մեղքերու քաւութիւն եւ թողութիւն պիտի տար: Ան նշեց, թէ հայ եկեղեցին եւս իր ծէսին, շարականներուն եւ աղօթքներուն մէջ կը մեծարէ Աստուածամայրը:

Սրբազան հայրը յայտնեց, թէ այս տօնին ընդմէջէն հրաւիրուած ենք տեսնելու զԱստուած, որովհետեւ Քրիստոս` Աստուածամօր ընդմէջէն իբրեւ լոյս յայտնուելով, խաւարը լուսաւորեց: Ան աւելցուց, թէ Աստուածամօր տիպարին գեղեցկագոյն պատկերը այն էր, որ ան գեղեցկագոյն լեցուած էր Աստուծմով եւ Ս. հոգիով:

Սրբազանը յորդորեց ներկաները, հակառակ մեր դիմագրաւած դժուարութիւններուն, Աստուածամայրը օրինակ ունենալով, հեզութեամբ եւ խոնարհութեամբ մէկ կողմ դնել ամէն փառք ու պատիւ եւ ծառայական ոգիով բարիք եւ օրհնութիւն դառնալ մեր շրջապատին:

Աւարտին կատարուեցաւ խաղողօրհնէք :

Գարատուրան

18 օգոստոսին, հանդիսապետութեամբ սրբազան հօր, Գարատուրանի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Սուրբ պատարագ, նաեւ կատարուեցաւ խաղողի ու բկեղի օրհնութիւն:

Իր քարոզին մէջ սրբազանը յայտնեց, թէ Աստուածամայրը հանդիսացաւ դուռը, որուն ճամբով անբովանդակելի Աստուածը մարդկութեան ճանաչելի դարձաւ: Ան նշեց, թէ Ս. Կոյս Մարիամ ննջեց, բայց գերեզմանի մէջ չմնաց, այլ Իր Որդիին նման երկինք վերափոխուեցաւ: Հետեւաբար, սրբազան հայրը հրաւիրեց ներկաները Աստուածամօր օրինակով ընթանալու, որպէսզի, Տիրոջ խոստումին համաձայն, արժանի դառնան յաւիտենական կեանքի:

Արամոյ

Հանդիսապետութեամբ սրբազան հօր, 15 օգոստոսին, Արամոյի Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Սուրբ պատարագ, ապա կատարուեցաւ խաղողօրհնէք եւ մատաղօրհնէք:

Սրբազան հայրը արաբերէն լեզուով իր հայրական պատգամը ուղղեց ժողովուրդին` մատնանշելով Աստուածամօր երկինք վերափոխութեան մասին քանի մը հիմնական կէտեր:

Ան նշեց, թէ եկեղեցին այս տօնին առիթով մեզի կը սորվեցնէ, որ մահը կեանքին աւարտը չէ, այլ անցում մըն է` աւելցնելով, որ այս տօնին ընդմէջէն հրաւիրուած ենք մաքուր սիրտ եւ մաքուր մարմին ունենալու, որպէսզի Աստուածամօր նման արժանանանք նոյն ողորմութեան:

Ապա, եկեղեցւոյ սրահին մէջ մատուցուեցաւ սիրոյ սեղան: Այս առիթով, սրտի խօսք արտասանեցին Վազգէն աւ. քհնյ. Քէօշկէրեան եւ եկեղեցւոյ թաղական խորհուրդի ատենապետ Տիգրան Գազանճեան:

Սրբազանը, իր խօսքին մէջ, գնահատեց եկեղեցւոյ թաղական խորհուրդը, քահանայ հայրը, տեղւոյն բնակչութիւնը եւ իր զօրակցութիւնը յայտնեց անոնց:

«Սուրիահայ Պարբերական Մամուլի Մատենագիտութիւն (1912-2026)» Հատորին Հեղինակը Մէկական Օրինակ Կը Նուիրէ Հայ Երեք Համայնքապետերուն

Գաղութէ Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

19 օգոստոսին, «Սուրիահայ պարբերական մամուլի մատենագիտութիւն (1912-2026)» հատորի հեղինակ Աւօ Գաթըրճեան այցելեց Սուրիոյ թեմի հայ երեք համայնքապետեր` Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Մակար արք. Աշգարեանին, Բերիոյ թեմի կաթողիկէ հայոց առաջնորդ Պետրոս արք. Միրիաթեանին ու Սուրիոյ Հայ աւետարանական համայնքի պետ վեր. դոկտ. Յարութիւն Սելիմեանին եւ իր նորատիպ հատորէն մէկական օրինակ նուիրեց անոնց:

Հանդիպումներուն ընթացքին հեղինակը ընդհանուր գիծերու մէջ անդրադարձաւ գիրքի հրատարակութեան աշխատանքին եւ բովանդակութեան: Ան բացատրեց սուրիահայ մամուլի հարուստ ժառանգութեան պահպանման ու արժեւորման կարեւորութիւնը եւ գիտական նորութիւնը` նշելով, որ մատենագիտական այս գիրքը խորքին մէջ կ՛ընդգրկէ աւելի քան մէկուկէս դարու ժամանակաշրջան մը, այսինքն` ուսումնասիրութեան ժամանակագրական սահմանները ընդգրկուած են 1868-2026 թուականը:

Գիրքը հրատարակուած է Հայաստան Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի Արեւելագիտութեան հիմնարկի գիտական խորհուրդի որոշումով եւ Հայագիտական ուսումնասիրութիւնները ֆինանսաւորող համահայկական հիմնադրամի դրամաշնորհով:

Մենագրութեան խմբագիրն է` Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի թղթակից անդամ փրոֆ. Ալպերթ Խառատեանը, պատասխանատու խմբագիրը` դոցենտ Արաքս Փաշայեանը:

Համայնքապետերը իրենց ուրախութիւնը յայտնելով շնորհաւորեցին հեղինակը եւ բարձրօրէն գնահատեցին սոյն գիտական աշխատութիւնը եւ մտաւորական գործունէութիւնը` շնորհաւորելով նորահրատակ գիրքին ծնունդը, որ վաւերական աղբիւր ու հարստութիւն է սուրիահայութեան, թեմին եւ ողջ հայութեան համար: Անոնք նաեւ գնահատեցին տարիներու հետեւողական հաւաքագրումով, ուսումնասիրութեամբ ու փաստագրական աշխատանքով պատրաստուած այս հատորին նշանակութիւնը, զայն նկատելով ոչ միայն մատենագիտական աշխատանք, այլ նաեւ սուրիահայութեան հաւաքական յիշողութեան պահպանման կարեւոր ներդրում:

Միացեալ Նահանգներ

Փրաւիտենսի ՀՄԸՄ–ի Սկաուտներու Նուիրատուութիւնը` Հայաստանի «Մեծն Ներսէս» Բարեսիրական Կազմակերպութեան

24 յուլիսէն 2 օգոստոս, Բիւրականի «Գառնիկ Մկրտիչեան» սկաուտական բանակավայրին մէջ տեղի ունեցաւ համա-ՀՄԸՄ-ական 13-րդ ընդհանուր սկաուտական բանակումը` մասնակցութեամբ ՀՄԸՄ-ի 26 շրջաններէն ընդհանուր 900 սկաուտներու:

Փրաւիտենսի ՀՄԸՄ-ի մասնաճիւղի 11 սկաուտները, որոնք մաս կը կազմէին Արեւելեան Միացեալ Նահանգներու շրջանի պատուիրակութեան, մասնակցած էին այս բանակումին եւ իրենց ծնողներուն հետ 5 օգոստոսին այցելեցին, Արեւելեան Միացեալ Նահանգներու թեմի Ազգային առաջնորդարանի հովանաւորած եւ Երեւանի մէջ գործող «Մեծն Ներսէս» կազմակերպութեան գրասենեակը:  Մասնաճիւղի սկաուտական խորհուրդի անդամ` Յասմիկ Փարսատանեան, սկաուտներուն հետ ուսապարկ մը եւ 300-ական տոլար բաժնեց, 20 երկկողմանի զոհուած ազատամարտիկներու ծնողազուրկ մանուկներուն:  Իւրաքանչիւր երեխայ խօսեցաւ դպրոցական իրենց աշխատանքին եւ ապագայի ծրագիրներուն մասին: «Մեծն Ներսէս» կազմակերպութեան գործադիր տնօրէն` Տիգրան Գալստեան, տեղեկութիւններ տուաւ որբերու ծրագրի եւ կազմակերպութեան մշակութային ընդհանուր ծրագիրներուն մասին:

Արեւելեան Թեմի Ազգային վարչութեան եւ Փրաւիտենսի ՀՄԸՄ-ի մասնաճիւղի վարչութեան անդամ Յակոբ Խաչատուրեան խօսեցաւ ՀՄԸՄ-ի կազմակերպութեան ու Փրաւիտենսի մասնաճիւղին մասին, ինչպէս նաեւ անցեալ տարուան` ի նպաստ որբերուն դրամահաւաքին մասին` գոհաբանութեան տօնին առիթով:  Խաչատուրեան իր գնահատական մաղթանքները փոխանցեց Ազգային առաջնորդարանի դիւանապետ դոկտ. Վարդան Մաթէոսեանին եւ «Մեծն Ներսէս» կազմակերպութեան գործադիր տնօրէն Տիգրան Գալստեանին, որոնք նախօրօք բանակումէն առաջ առցանց առիթը ընծայեցին հանդիպիլ Փրաւիտենսի վարչութեան եւ սկաուտական խորհուրդի անդամներու հետ, համադրելու եւ դասաւորելու այս եզակի այցելութիւնը, ի մասնաւորի կազմակերպելու 20 որբերու եւ իրենց խնամողներու ներկայութիւնը «Մեծն Ներսէս»-ի գրասենեակը, Երեւանի մէջ:

Հովուական Այցելութիւն Ֆրեզնոյի Հայ Համայնքին

9 օգոստոսին, Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան Ֆրեզնոյի հայ համայնքին տուած այցելութեան ծիրին մէջ մատուցեց Ս. պատարագ, քարոզեց եւ խաղողօրհնէք կատարեց շրջանի Հայկական ծերանոցի շրջափակին մէջ, ուր Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ հովիւն ու հոգաբարձութիւնը կազմակերպած էին աւանդական երկօրեայ խաղողօրհնէքի դաշտագնացութիւն` նուիրուած Ս. Աստուածածնայ տօնին: Արարողութեան աւարտին, սրբազան հայրը կատարեց Խաղողօրհնէք եւ քարոզեց: Ան նշեց, որ դարաւոր հայ ժողովուրդը կեանքի հիւթ նկատած է խաղողը, որ կենսաբեր է ու կենդանութիւն կը խորհրդանշէ, եւ այս առումով բացատրեց, որ Ս. Կոյս Մարիամ իր կարգին դարձաւ անօթ Աստուծոյ փրկագործական ծրագիրին մէջ, երբ ծնունդ տուաւ Քրիստոսի եւ իբրեւ Աստուածամայր ստանձնեց բարեխօսական առաքելութիւն` համայն մարդկութեան եւ Յիսուսի միջեւ:

Յայտնենք, որ 8 օգոստոսին սրբազան հայրը նաեւ յատուկ հանդիպում-զրոյց ունեցաւ Ծերանոցի տնօրէն Լիւսի Գազանճեան-Կրէյսընի հետ, իսկ 11 օգոստոսին, հովուական այցելութիւն տուաւ Ազգային բարերար Անոյշ Շամլեանին, իր բնակարանին մէջ, ուր հաւաքուած էին նաեւ հարազատներ: Աշոտ վրդ. Խաչատուրեան կատարեց աղօթք, ապա սրբազան հայրը իր գնահատական խօսքերով եւ հայրական օրհնութիւններով ամենայն բարիք եւ ապահով կեցութիւն մաղթեց Անոյշ Շամլեանին եւ ընտանեկան պարագաներուն: Այնուհետեւ առաջնորդը աշխատանքային հանդիպում ունեցաւ Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ հոգաբարձական կազմին հետ, ծանօթացաւ համայնքի կեանքին մէջ կատարուած աշխատանքներուն, տուաւ ցուցմունքներ եւ վերադարձաւ Լոս Անճելըս:

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Խաղողօրհնէք Կատարեց Միշըն Հիլզի Հայ Տարեցներու Միութեան «Արարատ» Տան Մէջ

13 օգոստոսին, Գեղամ արք. Խաչերեան, ընկերակցութեամբ Կոմիտաս աւ. քհնյ. Թորոսեանի, Արսէն քհնյ. Գասապեանի եւ Պօղոս քհնյ. Պալթայեանի, Ս. Աստուածածնայ վերափոխման տօնին առիթով այցելեց Միշըն Հիլզի Հայ տարեցներու «Արարատ» տուն, ուր դիմաւորուեցաւ հաստատութեան պատասխանատու տնօրէն Ժոզէֆ Կանիմեանի եւ պաշտօնէութեան կողմէ:

Սրբազան հայրն ու ընկերակից հոգեւոր հայրերը կատարեցին հոգեւոր արարողութիւն, եւ խաղողօրհնէք: Ապա սրբազանը փոխանցեց իր պատգամը «Արարատ» տան բնակիչներուն` գնահատելով անոնց ծնողական վաստակն ու հայ-քրիստոնէական հաւատքն ու նկարագիրը:

Իր պատգամի աւարտին, առաջնորդ սրբազանը նաեւ դրուատեց հայկական  հաստատութիւնը, որուն նպատակն է հայ տարեց պապիկ-մամիկներու արժանապատիւ վերջալոյս շնորհել` քրիստոնէաշունչ միջավայրի մէջ: Ան իր խօսքին մէջ նաեւ գնահատանքով անդրադարձաւ ներկայ տնօրէնին ու անձնակազմին ի գործ դրած ճիգերուն, ապա իր հայրական օրհնութիւնները բաշխեց բոլորին:

 

 

 

Նախորդը

Փորձառուներու Կարծիքով… Ինչպէ՞ս Ընտրել Առողջ Պտուղներ Եւ Բանջարեղէն

Յաջորդը

Լոյս Տեսաւ. Վրէժ-Արմէնի 21-րդ Հատորը

RelatedPosts

Հաղորդագրութիւն.  Տիկին Մակի Սողոմոնեան Մէկ Միլիոն Տիրհամ Կը Նուիրէ Ազգային Առաջնորդարանին
Գաղութէ Գաղութ

Հաղորդագրութիւն. Տիկին Մակի Սողոմոնեան Մէկ Միլիոն Տիրհամ Կը Նուիրէ Ազգային Առաջնորդարանին

November 28, 2026
Գաղութէ Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

November 26, 2026
Եափուճեան Ընտանիքի Նուիրատուութեամբ՝ Մոնթրէալի Մէջ Տեղի Ունեցաւ ՀՅԴ ԳԵՄ-ի «Լեւոն Շանթ» Եւ «Բեկոր Աշոտ» Մասնաճիւղերու Վարչութեան Բարենորոգուած Ժողովասենեակի Բացումը
Գաղութէ Գաղութ

Եափուճեան Ընտանիքի Նուիրատուութեամբ՝ Մոնթրէալի Մէջ Տեղի Ունեցաւ ՀՅԴ ԳԵՄ-ի «Լեւոն Շանթ» Եւ «Բեկոր Աշոտ» Մասնաճիւղերու Վարչութեան Բարենորոգուած Ժողովասենեակի Բացումը

November 21, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։