Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հրայր Սողոմոնեանի Յիշատակին՝ Զօհրապ Եւ Յասմիկ Թէճիրեաններ Ու Յարութիւն Եւ Լենա Սողոմոնեաններ 500,000 Տոլար Նուիրեցին Համազգայինին

October 5, 2026
| Գաղութէ Գաղութ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի վերանկախացման տօնին համընկնելով՝ Արեւմտեան Ամերիկայի Համազգայինի այս տարուան ձեռնարկը յատկանշուեցաւ «Միասնաբար կերտենք մեր մշակոյթի տունը՝ յաջորդող սերունդներուն համար» նշանաբանով:

Շրջանային վարչութիւնը անսահման ուրախութեամբ կը յայտարարէ, թէ Կիրակի, Սեպտեմբեր 20ին նախատեսուած իր տարեկան յաջող ձեռնարկը՝ կալա-ընթրիքը, տեղի ունեցաւ «Տաղլեան» մշակութային համալիրի շքեղ սրահին մէջ, ուր ներկայ էին շուրջ 300 հիւրեր: Հիւրերուն շարքին էին Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Թամար Տէր Պետրոսեան, որ հիւրաբար շրջանս կը գտնուէր, թեմիս առաջնորդ Գերաշնորհ արք․ Խաչերեան, Ազգային վարչութեան անդամ Ծովիկ Զէյթլեան, ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Ռաֆֆի Սարգիսեան, ՀՕՄի Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչներ՝ Շաքէ Կակոսեան եւ Թալին Գայեայեան եւ ՀՄԸՄի Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչներ Ալիս Սիմոնեան եւ Սալբի Փօլատեան, «Ասպարէզ» օրաթերթի խմբագիր Արա Խաչատրեան, «Սթամպօլեան» մշակութային կեդրոնի գլխաւոր բարերար եւ պատուոյ անդամ ու Համազգայինի շքանշանակիր Արիս Սթամպօլեան եւ կինը՝ Անժէլա Սթամպօլեան, նուիրատուներ, հայկական վարժարաններու տնօրէններ եւ նուիրեալ ուսուցիչներ, Համազգայինի մասնաճիւղերու եւ միաւորներու ներկայացուցիչներ եւ անդամներ:

Ձեռնարկին հանդիսավարներն էին Աւօ Շանլեան եւ Գօգօ Արթինեան, որոնք ձեռնհասօրէն վարեցին երեկոյի յայտագիրը:

Գեղարուեստական յայտագրին մասնակցեցան հայրենի արուեստագէտներ Վահագն Հայրապետեան, Մհեր Մնացականեան, Վարդան Առաքելեան, Արման Ճալալեան եւ Աստղիկ Մարտիրոսեան, որոնք բարձրորակ եւ դասական երաժշտութեամբ ճոխացուցին երեկոն:

Կալան սկսաւ առաջնորդ Գեղամ արք․ Խաչերեանի Տէրունական աղօթքով ու սեղաններու օրհնութեամբ, ապա ցուցադրուեցաւ Համազգայինի աշխատանքներուն մասին տեսանիւթը, որմէ ետք բեմ հրաւիրուեցաւ Շրջանային վարչութեան ատենապետ Մանուկ Չուխաճեան՝ փոխանցելու վարչութեան խօսքը։

Չուխաճեան ըսաւ, որ Համազգայինի մեծ ընտանիքը երախտապարտ կը մնայ Արիս եւ Անժէլա Սթամպօլեան ամոլին, հաստատելով, որ Մշակութային կեդրոնը սովորական կեդրոն մը չդարձաւ, այլ վերածուեցաւ մշակոյթի գործիչներու ու մշակութասէր հանրութիւնը համախմբող միջավայրի մը, որուն երթը պիտի շարունակուի` շնորհիւ իրենց ու նաեւ Համազգայինի գործին հաւատացող ազնիւ անհատներու զօրակցութեան, պատկան մարմիններու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներուն եւ մեծաթիւ հայրենակիցներու:

Ապա պահը հասաւ մեծարելու երկար տարիներ շրջանիս մասնաճիւղերէն ներս գործօն մասնակցութիւն բերած եւ նուիրումով ծառայած համազգայնական 5 անդամներ, որոնք բեմ հրաւիրուեցան ստանալու յատուկ յուշանուէրներ:

– «Կեանք մը իրագործումներու» մրցանակը ստացաւ Արաքսի Գազանճեան:

– «Կրթական մշակ» մրցանակը ստացաւ Կասիա (Պոսնոյեան) Մահսէրէճեան,

– «Տարուան կամաւորը» մրցանակը ստացաւ Մարի Թիւթէլեան,

– «Տարուան երիտասարդ փայլող աստղ» մրցանակները ստացան Դրօ Աշճեան եւ Անդրանիկ Զուպեան:

Աւարտին, Գեղամ արք. Խաչերեան իր սրտի խօսքը փոխանցեց, կարեւորելով նպատակը «Համազգայինի Արիս Սթամպօլեան կեդրոնի բարենորոգման եւ ներքին զարդարման» ծախսերուն համար հանգանակային սոյն երեկոյթին: Ան ըսաւ․ «Բարերարութիւնը, իր շարունակական բնոյթով՝ կենսունակ եւ գործունեայ տանտէրի կը վերածէ Համազգայինի մեծ ընտանիքը այս շրջանէն ներս, յանուն Լոս Անճելըսի մէջ հայկական ինքնութեան ու ազգային մշակոյթի պահպանման ու տարածման», ապա շնորհաւորական ջերմ խօսքերով գնահատեց Համազգայինի Շրջանային վարչութիւնը, բարերար Արիս Սթամպօլեանը եւ բոլոր այն ազգայինները, որոնք իրենց նիւթաբարոյական օժանդակութեամբ աջակից դարձան Արեւմտեան Ամերիկայի մէջ Համազգայինի սեփական «տուն» մը ունենալու երազանքին իրականացման: Սրբազան հայրը իր խօսքին մէջ նաեւ գնահատեց սեփական կեդրոն ունենալու Համազգայինի իրարայաջորդ Շրջանային վարչութեանց եւ մշակութասէր ազգայիններու հետեւողական ճիգը, ներկայ Շրջանային վարչութեան եւ համազգայնականներու տարած աշխատանքն ու կազմակերպական բծախնդրութիւնը, ապա շրջանի Համազգայինի մեծ ընտանիքին մաղթեց մշակութային բազմաճիւղ գործունէութեան անխափան յարատեւում սերունդէ սերունդ, դասական ազգայնաշունչ ձեռնարկներու կողքին նաեւ ժամանակակից արուեստով յագեցած մշակութային նոր իրագործումներ եւ խօսքի աւարտին իր հայրական օրհնութիւնները բաշխեց բոլորին:

Խանդավառուած ջերմ մթնոլորտէն՝ տեղւոյն վրայ կատարուեցան նուիրատուութիւններ:

Ատենապետ Չուխաճեան անակնկալ յայտարարութեամբ յայտնեց, որ երեկոյին ներկայ չեն, սակայն իշխանական նուիրատուութեամբ տէր եւ տիկին Զօհրապ եւ Յասմիկ Թէճիրեաններ եւ Յարութիւն եւ Լենա Սողոմոնեաններ, ի յիշատակ իրենց եղբօր՝ ազգային բարերար Հրայր Սողոմոնեանի, կը նուիրեն 500,000 տոլար:

Սրահը ծափողջոյններով թնդաց եւ խորին երախտագիտութեան խօսքեր փոխանցուեցան:

Չուխաճեան, եզրափակելով իր խօսքը, շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնց աջակցութիւնն ու վստահութիւնը ուժ կու տան շարունակելու աշխատանքը եւ իրականութիւն դարձնելու նման գեղեցիկ ձեռնարկներ:

Չուխաճեան նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց Շրջանային վարչութեան  անդամներուն, ձեռնարկին նկատառելի յաջողութեան, հմտութեան ու աշխատասիրութեան համար եւ երախտագիտութիւն յայտնեց մեզի հետ եղողներուն եւ պատնէշի վրայ գտնուողներուն:

Ստորեւ ազգային բարերար Հրայր Սողոմոնեանի ամփոփ կենսագրականը.

Ծնած է Լիբանան, ուր ապրած է իր մանկութեան ու պատանեկութեան տարիները։ Բարձրագոյն կրթութիւնը շարունակած է Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանը` ճարտարագիտութեան մէջ հմտանալով: 1974ին փոխադրուած է Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ, նախ իբրեւ պաշտօնեայ, ապա տնօրէն եւ յետոյ` գործատէր: Հետզհետէ աշխատանքի բարօր ընթացքը ծաղկած է, սակայն իր ունեցած հարստութիւնը իրեն չէ պահած։ Ինչ որ Աստուած տուած էր, բաժնեկից դարձուց Աստուծոյ զաւակներուն` եկեղեցւոյ, ազգին, հայրենիքին, համայնքին, հայութեան, ծանօթին թէ անծանօթին: Եղած է տարբեր յանձնաժողովներու անդամ, գեղարուեստական, թատրոնի, Ազգային վարչութեան եւ Ազգային երեսփոխանական ժողովի ատենապետի պաշտօն վարած: Շինարարական մարզերուն մէջ մեծ ներդրում ունեցած է թէ՛ իր փորձառութեամբ, մասնագիտութեամբ եւ թէ իր օժանդակութեամբ, յատկապէս` Ապու Տապիի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութեան շինութեան եւ կառուցման աշխատանքներուն մէջ: Եղած է գործադիր անդամ եւ մօտէն հետեւած է զոյգ եկեղեցաշինութեան աշխատանքներուն: Ստացած է «Կիլիկեան Ասպետ»ի շքանշանը Արամ Ա. վեհափառ հայրապետէն: Վերոյիշեալ բարերարութիւններուն գլուխ գործոցը եղաւ, երբ սիրայօժար ստանձնեց բարերարութիւնը Պիքֆայայի մէջ կառուցուելիք միաբանական շէնքին, որուն որպէս գնահատանք Արամ Ա. վեհափառ հայրապետէն ստացաւ բարձրագոյն՝ «Կիլիկեան Իշխան»ի շքանշանը: Հրայր Հայաշէնի մէջ Լիբանանի նախապատերազմեան շրջանին, մասնաւորապէս` 1971-1973ին, զարկ տուած է թատերական կեանքին: Հայաշէնցիներէ բաղկացած թատերական խումբ մը կազմած եւ կազմակերպած է երկու թատերախաղեր: Ան անդամ էր շրջանի Համազգայինի «Նաւասարդ» մասնաճիւղին: Անոր ճիգերով շրջանը ապրեցաւ մշակութային վերելք մը: Անոր ընկերները կը վկայեն, որ ան միշտ ժողովներուն կը ներկայանար նոր գաղափարներով եւ ծրագիրներով, նաեւ ուշի-ուշով կը հետապնդէր ծրագիրի մը գործադրումը: Ներկայ ժամանակներուն քիչ են, շա՜տ քիչ նման անձեր: Հրայրը այդ քիչերէն մէկն էր: Հրայր Սողոմոնեան եղած է նաեւ ՀՄԸՄական սկաուտ։

Արամ Ա. կաթողիկոսը` հանգուցեալ Հրայր Սողոմոնեանին մասին․ «Կիլիկեան Իշխան», «Եզակի Անձնաւորութիւնը», «Հայրենիքին Ու Հայութեան Նուիրեալ Հերոսը», «Եզակի Մարդը»։

Վեհափառին վկայութիւնը․ «Հրայր Սողոմոնեանը թէեւ չկայ, բայց մե՛նք ալ իր նման կը հաւատանք, որ ամէն ինչ վերջացած չէ, նոյնիսկ ի՛նք, Հրա՛յրը մեզի համար վերջացած չէ, այնքան ատեն, որ իր յիշատակը վա՛ռ կը մնայ մեր սրտերուն մէջ, երբ իր անձնական օրինակը ուղեցոյց կը դառնայ մեզի` իր շրջապատին ու սերնդակիցներուն: Ազնուական մարդու տիպար էր Հրայր Սողոմոնեան` իր համեստ նկարագիրով, իր անկեղծ մօտեցումով, իր յարգալից վերաբերումով: «Բարի Սամարացի»ի տիպար էր Հրայրը` լուսարձակներէ հեռու՝ բոլորին, անխտիր բոլորի՛ն օգնելու իր ազնուական ոգիով: Իր կեանքի բառարանին մէջ «ոչ» բառը գոյութիւն չունէր: Հրայր Սողոմոնեանին յիշատակը պիտի չմթագնի, երբ տարբեր երկիրներու մէջ տարբեր կառոյցներու ու ազգային հաստատութիւններու պատերէն կախուած են արդէն իր անունը կրող բազմաթիւ ցուցանակներ, որոնք կենդանի վկայութիւններն են իր երկարամեայ գործունէութեանց, Հրայր Սողոմոնեանին յիշատակը պիտի չմթագնի, երբ իր անունով հիմնադրամներ գոյանան` ի յաւերժութիւն իր անունին եւ ի փառս իր հարազատներուն:Ափսո՜ս, կորսնցուցինք մարդկային ու ազգային արժէքներով շաղախուած ու արժանիքներով հարուստ մեր բոլորին շատ սիրելի Հրայրը»:

(Թղթակցութիւնը՝ Համազգայինի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութենէն)

 

Նախորդը

Լիլիթ Գալստեան Պատրաստակամութիւն Կը Յայտնէ Անձամբ Մեկնեու Պաքու` Մարդասիրական Առաքելութեամբ

RelatedPosts

Գաղութէ Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

October 1, 2026
Պոլսոյ Մէջ Մահացաւ Ռիչըրտ Կիրակոսեանը
Գաղութէ Գաղութ

Պոլսոյ Մէջ Մահացաւ Ռիչըրտ Կիրակոսեանը

September 28, 2026
Գաղութէ-Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ-Գաղութ

September 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.