Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գաղութէ Գաղութ

August 20, 2026
| Գաղութէ Գաղութ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ

Միացեալ Նահանգներ

 ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Պատուիրակութիւնը Այցելեց ՀԵԴ Ճամբար

ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէն ներկայացնող պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կը կազմէին` Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Լեւոն Պարոնեան, փոխատենապետ Մայք Քէլէշեան եւ ՀՅԴ Մոնթեպելլոյի «Դրօ» կոմիտէի ներկայացուցիչ Ճեք Հաճինեան, 2 օգոստոսին այցելեց ՀԵԴ ճամբար, ուր հանդիպում ունեցաւ բանակավայրին վարչութեան հետ եւ շրջեցաւ հաստատութեան բաժանմունքները:

Այցելութեան ընթացքին պատուիրակութիւնը ծանօթացաւ վերջերս իրականացուած  նորոգութեան ծրագիրներուն: ՀԵԴ ճամբարը կարեւոր բարեփոխումներ կատարած է  բանակավայրին մէջ` կալուածը արդիականացնելու եւ բարեկարգելու ընդհանուր արշաւին ծիրէն ներս: Անոնք ընդգրկած են բանակավայրի կեդրոնական շէնքին եւ ենթակառոյցներու նորոգութիւնը, իսկ յաւելեալ բարեփոխումներ իրականացուած են Քալիֆորնիոյ նահանգէն ապահովուած 2 միլիոն տոլարի յատկացումով:

ՀԵԴ ճամբարը Արեւմտեան Ամերիկայի շրջանի հայ երիտասարդութեան կը ծառայէ 70-ականներէն ի վեր: Անոր ծրագիրը հաստատուած էր 1969-ին, իսկ Պիկ Փայնզի ներկայ կալուածը գնուած է 1977-ին: Ամէն ամառ բանակումը կը համախմբէ հայ երիտասարդներ` մշակութային, դաստիարակչական, մարզական եւ ընկերային ծրագիրներու շուրջ, որոնք նպատակ ունին ամրապնդելու հայկական ինքնութիւնը, համայնքային կապերը եւ բարեկամութիւնները:

Պատարագ Եւ Զանազան Ձեռնարկներ Ուաթըրթաունի Մէջ` Ներկայութեամբ Առաջնորդ Անուշաւան Արք. Դանիէլեանի

7 օգոստոսին Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան թեմի առաջնորդ Անուշաւան արք. Դանիէլեան այցելեց Ուաթըրթաունի (Մասաչուսեց) Սուրբ Ստեփանոս եկեղեցի, ուր դիմաւորուեցաւ եկեղեցւոյ հովիւ Հրանդ ծ. վրդ. Թահանեանի կողմէ: Անոնք նախ միացան խումբ մը երիտասարդներու, որոնք վերամուտի առթիւ յատուկ պահարաններ կը պատրաստէին համալսարանական ուսանողներու համար` ներփակելով աղօթքներու եւ օգտակար գիտելիքներու տրցակ մը: Այնուհետեւ անոնք այցելեցին խոհանոց, ուր հոգաբարձութիւնը եւ կամաւորներ կը պատրաստէին համադամ ճաշեր` կիրակի օրուան դաշտագնացութեան համար:

Սրբազան հայրը բարձրօրէն գնահատեց հայր սուրբին գլխաւորութեամբ ժրաջան կերպով աշխատող բոլոր կամաւորները եւ մաղթեց, որ ամենայն յաջողութեամբ պսակուի իրենց զոհողութիւնը:

8 օգոստոսին, գլխաւորութեամբ սրբազան հօր եւ կազմակերպութեամբ Հրանդ ծ. վրդ. Թահանեանի եւ յատուկ յանձնախումբի մը, տեղի ունեցաւ հեծանիւի արշաւ մը եկեղեցիէն մինչեւ Պոսթըն` 20 մղոն երկարութեամբ, մասնակցութեամբ 18 հեծանուորդներու: Խումբը, զոր կ՛առաջնորդէր Վիգէն Աշճեան, նաեւ օժտուած էր առաջին օգնութեան պիտոյքներով` Ժիրայր Իսկէնտէրեանի հսկողութեամբ:

Առաւօտեան հայր սուրբը ողջունեց բոլոր մասնակցողները, որոնք ընդառաջած էին իր եւ հոգաբարձութեան կողմէ եղած հրաւէրին, ապա Վիգէն Աշճեան ներկայացուց արշաւին քարտէսը, միշտ յիշեցնելով, որ մանաւանդ քաղաքամէջին խումբը միասին մնայ:

Մասնակցողները շուրջ երեք ժամ Չարլզ գետի երկայնքին զբօսնելէ ետք վերադարձան եկեղեցի, ուր յանձնախումբը պատրաստած էր ճաշ մը:

Սրբազան հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց հայր սուրբին, յանձնախումբին եւ բոլոր մասնակիցներուն: Իր խոր համոզումը յայտնելով այս ձեռնարկի մասին` ան ըսաւ, որ առողջ մարմինը նախապայման է առողջ մտքի եւ առողջ հոգիի համար, ուստի մնայուն կերպով հոգատար ըլլանք մեր մարմնին, որ բնակարանն է մտքին ու հոգիին:

9 օգոստոսին առաջնորդ սրբազանը ներկայ եղաւ սուրբ պատարագին, որուն աւարտին տեղի ունեցաւ անդաստանի արարողութիւն եւ աւանդական խաղողի ու մատաղի օրհնութիւն:

Սրբազան հայրը իր քարոզին մէջ յայտնեց, թէ հաւատացեալները, որքան միացած ըլլան Քրիստոս «որթատունկին», միշտ կը կենսաւորուին եւ կը պտղաբերեն:

Ի Յիշատակ Թաթուլ Սոնենց–Փափազեանի

Նախագահութեամբ Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան թեմի առաջնորդ Անուշաւան արք. Դանիէլեանի, 10 օգոստոսին Ուաթըրթաունի Սուրբ Ստեփանոս եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն` ի յիշատակ Թաթուլ Սոնենց-Փափազեանի:

Սրբազան հայրը իր քարոզին մէջ դրուատեց հանգուցեալին երախտարժան ծառայութիւնը հայ կեանքէն ներս տարբեր մակարդակներու վրայ, յատկապէս շեշտելով, որ հանգուցեալը բառին վաւերական իմաստով մեծ էր իր գիտութեան պաշարով, մասնագիտութեամբ, այժմէական կեանքի մասին իր մնայուն հետաքրքրութեամբ: Ան մեծ էր նաեւ անով, որ միշտ կը քաջալերէր իր գործակիցները` անոնց մէջ գնահատելով եւ քաջալերելով, որ զարգացնեն իրենց շնորհները: Մեծ էր իր խոնարհութեամբ, ազնուութեամբ եւ յարգալիր վերաբերմունքով` ծանօթ թէ անծանօթ իր շրջապատին հանդէպ:

Սրբազան հայրը, յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին, ինչպէս եւ Ազգային վարչութեան Կրօնական եւ Քաղաքական ժողովներուն, ցաւակցութիւն յայտնեց հանգուցեալի ընտանիքի անդամներուն, ինչպէս նաեւ անոր ծառայած կազմակերպութիւններուն` ՀՅ Դաշնակցութեան եւ ՀՕՄ-ին: Յայտնենք, որ Արամ Ա. կաթողիկոս 1997 թուականին պարգեւատրած էր Թաթուլ Սոնենց-Փափազեանը «Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանով:

Հրանդ ծ. վրդ. Թահանեան վեր առաւ Թաթուլ Սոնենցի վաստակը հայութեան հաւաքական կեանքին եւ մասնաւորաբար Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան եւ Հայ օգնութեան միութեան հասարակական, կազմակերպական եւ միութենական կեանքերուն մէջ` նշելով, թէ ան ծնած էր Գահիրէ եւ համալսարանական իր ուսումը աւարտելէ ետք աշխատակցած էր տարբեր օրաթերթերու, շաբաթաթերթերու եւ ամսաթերթերու, ձեւաւորելով անոնց կողքերը: Ան մեծ պատասխանատուութեամբ վարած էր ՀՅԴ եւ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան արխիւներու պատասխանատուի պաշտօնը` անձնուիրաբար եւ հաւատարմօրէն կատարելով իրեն տրուած բոլոր պարտականութիւնները: Զուգահեռաբար այս պաշտօնին` նաեւ վարած էր «Արմինիըն Ռիվիու»-ի խմբագիրի պաշտօնը: Շուրջ երեսուն տարի Հայ օգնութեան միութեան Հրատարակութեան բաժանմունքը տնօրինելէ ետք, հանգստեան կոչուած էր յունուար 2024-ին:

ՀՅԴ Արեւելեան Միացեալ Նահանգներու Կեդրոնական կոմիտէի անունով Ճորճ Աղճայեան շեշտեց, որ Թաթուլ Սոնենց- Փափազեան գործօն մասնակցութիւն ունեցաւ Հայաստանի անկախութեան ամերիկեան կոմիտէին աշխատանքներուն: Լէօ Սարգիսեանի հետ գործակցաբար ան առաջնահերթ դեր ունեցաւ այդ վերոյիշեալ կոմիտէի վերափոխման եւ վերանուանման գործընթացին` հիմք դնելով նոր կառոյցի մը` Հայ դատի յանձնախումբին: Ան նամակներ պատրաստեց Միացեալ Նահանգներու ծերակոյտին, հրապարակումներ` Հայ դատի պատմական եւ բարոյական հիմքերու մասին, եւ մամուլի ճամբով ուսումնասիրութիւններ` աշխարհի ուշադրութիւնը կրկին ուղղելու համար 50 տարի անտեսուած արդարութեան վրայ:

Խօսք առաւ նաեւ ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Արուսեակ Մելքոնեան, որ նշեց, թէ Հայ օգնութեան միութիւնը երախտապարտութեան եւ երախտագիտութեան զգացումներով պիտի յիշէ Թաթուլ Սոնենց- Փափազեանի վաստակը:

Գերեզմանատան մէջ կատարուած արարողութենէն ետք տեղի ունեցաւ հոգեճաշ, որուն ընթացքին արտասանուեցան սրտաբուխ խօսքեր:

ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Արուսեակ Մելքոնեան անգամ մը եւս խօսք առնելով` դիտել տուաւ, որ ազգային- հասարակական մեր կեանքին մէջ մերթ ընդ մերթ բարեբախտութիւնը կ՛ունենանք գործակցելու այնպիսի անձերու հետ, որոնք իրենց անյետաձգելի դրոշմը կը ձգեն` իրենց վարքագիծով, գործունէութեամբ, գիտութեամբ  ու մանաւանդ նուիրումով: Ան ըսաւ, որ Հայ օգնութեան միութեան պարագային նման նուիրեալներու փաղանգ մը գործած ու պատմութեան անցած է` մեծապէս օգտակար հանդիսանալով մեր կազմակերպութեան նպատակներուն եւ ծրագրերուն գործադրութեան իր անուրանալի ներդրումը ունենալով, շեշտելով, որ Թաթուլ Սոնենց- Փափազեան այս փաղանգին մէջ ունի իր կարեւոր տեղը: Նուիրեալ մը, որ իր գիտութիւնը, հմտութիւնը, փորձառութիւնը եւ հեռատեսութիւնը միախառնեց` Հայ օգնութեան միութեան պանծալի պատմութեան մէջ բանալով նոր փուլ մը, ուր արհեստավարժութիւնը միաձուլեց նուիրումին, վարչական բացառիկ կարողութիւնները ի սպաս դրաւ ՀՕՄ-ի կազմակերպական կեանքին առաւել հաստատման, գաղափարական ամրութեան վրայ կառուցեց մեր միութեան յառաջադիմութեան հոլովոյթը, իր անձնական օրինակով խրախուսեց եւ քաջալերեց, որպէսզի Հայ օգնութեան միութիւնը անշեղօրէն գործադրէ իր նպատակներն ու առաջադրանքները:

Ան ըսաւ, որ Թաթուլ Սոնենց-Փափազեան ոչ միայն եղաւ սրտակից ընկեր, պարտաճանաչ գործակից եւ նուիրեալ կամաւոր մը, այլ նաեւ` ուղղութիւն տուող առաջնորդ մը, որ իր խորհուրդներով եւ անխոնջ աշխատանքով վերանորոգեց ՀՕՄ-ի պաշտօնաթերթ «Հայ սիրտ»-ը, կատարեց իրեն վստահուած բոլոր պարտականութիւնները եւ Հայ օգնութեան միութեան գաղափարական յենարանին վերածուեցաւ: Իր ներկայութիւնը ՀՕՄ-ի վերջին շուրջ երեսունհինգ տարիներու պատմութիւնը վերածեց իսկական արդիականացման փուլի մը, ուր անոր խղճամիտ աշխատանքն ու գիտութիւնը իրենց առանցքային նշանակութիւնը ունեցան:

Ուսթըրի Սուրբ Փրկիչ Եկեղեցին Հայաստան Ուխտագնացութեամբ Նշեց Իր 135-Ամեակը

Վերջերս Ուսթըրի (Մասաչուսեց) Սուրբ Փրկիչ եկեղեցւոյ հաւատացեալները ձեռնարկեցին երկու բացառիկ ուխտագնացութիւններու դէպի Հայաստան` նշելու ծուխին 135-ամեակը: Այս նախաձեռնութեան շնորհիւ մօտ 70 ուխտաւորներ երկու խումբերով այցելեցին հայրենիք:

Ծուխի հովիւ Թադէոս քհնյ. Բարսեղեանի առաջնորդութեամբ, առաջին ուխտագնացութիւնը տեղի ունեցաւ 1-13 յուլիսին, իսկ երկրորդ խումբը Հայաստան մեկնեցաւ 17-30 յուլիսին: Իրենց ճամբորդութեան ընթացքին ուխտաւորները աղօթեցին Հայաստանի բազմաթիւ սրբավայրերու մէջ, որոնց շարքին էին` Խոր Վիրապը, Գեղարդավանքը, Նորավանքը եւ Տաթեւի վանքը:

Երկու խումբերն ալ ջերմօրէն ընդունուեցան Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսին կողմէ եւ արժանացան անոր հայրական օրհնութեան:

Ուղեւորութեան ծրագիրը կ՛ընդգրկէր նաեւ այցելութիւններ` Մատենադարան, Հայոց ցեղասպանութեան Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր, Հայ օգնութեան ֆոնտի «Օքթեթ» երաժշտական դպրոցը` Դիլիջանի մէջ եւ ACT արհեստագիտական քոլեճը` Փարաքարի մէջ, ինչպէս նաեւ` Հայաստանի տարբեր կրթական, մշակութային եւ պատմական վայրեր:

Անդրադառնալով այս բացառիկ փորձառութեան` Թադէոս քհնյ. Բարսեղեան յայտնեց, որ այս ուխտագնացութիւններուն նպատակը մեր ժողովուրդը իր նախնիներուն հայրենիքին վերամիացնելն է, անոնց հաւատքը զօրացնել եւ իրենց հայկական ինքնութեան հարստութիւնը վերագտնելուն օգնել, աւելցնելով, որ մենք միասին աղօթեցինք այնտեղ, ուր մեր նախահայրերը աղօթած են, տօնեցինք մեր հոգեւոր եւ մշակութային ժառանգութիւնը եւ մեր Եկեղեցիին կենդանի հաւատքը ապրեցանք իր ակունքներուն մէջ:

Վենեզուելա

Պետրոս Եպս. Մանուէլեան Հանդիպեցաւ Վենեզուելայի Արտաքին Գործոց Նախարարին Հետ

10 օգոստոսին Վենեզուելայի Հայ առաքելական եկեղեցւոյ հոգեւոր տեսուչ Պետրոս եպս. Մանուէլեան, ընկերակցութեամբ Վենեզուելայի հայ համայնքի ներկայացուցիչ Մարքոս Զարիքեանի, հանդիպում մը ունեցաւ Վենեզուելայի Ժողովրդային իշխանութեան արտաքին յարաբերութիւններու եւ միջազգային առեւտուրի նախարար Ֆելիքս Փլասենսիայի հետ:

Սրբազան հայրը նախարարին փոխանցեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսի եղբայրական ողջոյններն ու բարեմաղթութիւնները, ինչպէս նաեւ անոր զօրակցութիւնը` Վենեզուելայի ժողովուրդին:

Սրբազանը նաեւ յայտնեց Հայ եկեղեցւոյ եւ հայ համայնքի խոր վիշտն ու զօրակցութիւնը Վենեզուելայի վերջին երկրաշարժին պատճառով արձանագրուած մարդկային կորուստներուն եւ վնասներուն առիթով` վերահաստատելով իր աղօթքները զոհերուն, անոնց ընտանիքներուն եւ բոլոր տուժածներուն համար:

Հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ Վենեզուելայի մէջ հայ համայնքի աւելի քան վեց տասնամեակներու ներկայութեան, Հայ առաքելական եկեղեցւոյ եւ «Հայ տուն»-ի գործունէութեան, ինչպէս նաեւ` վենեզուելական հասարակութեան կեանքին հայ համայնքի շարունակական մասնակցութեան: Քննարկուեցան նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Վենեզուելայի Պոլիվարեան Հանրապետութեան միջեւ բարեկամական ու համագործակցական յարաբերութիւններու ամրապնդման, ինչպէս նաեւ երկու երկիրներուն միջեւ հաստատութենական կապերու զարգացման նոր կարելիութիւնները:

Հանդիպման աւարտին սրբազան հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց նախարարին ջերմ ընդունելութեան համար եւ յոյս յայտնեց, որ այս հանդիպումը պիտի նպաստէ Հայաստանի եւ Վենեզուելայի միջեւ երկխօսութեան, բարեկամութեան եւ համագործակցութեան նոր փուլի մը բացման:

 

Նախորդը

Հետաքրքրական. Մարդատառերը Հայկական Ձեռագիրներուն Մէջ

Յաջորդը

Սուրբ Աստուածածնայ Վերափոխման Տօնը Նշուեցաւ Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ

RelatedPosts

Հրայր Սողոմոնեանի Յիշատակին՝ Զօհրապ Եւ Յասմիկ Թէճիրեաններ Ու Յարութիւն Եւ Լենա Սողոմոնեաններ 500,000 Տոլար Նուիրեցին Համազգայինին
Գաղութէ Գաղութ

Հրայր Սողոմոնեանի Յիշատակին՝ Զօհրապ Եւ Յասմիկ Թէճիրեաններ Ու Յարութիւն Եւ Լենա Սողոմոնեաններ 500,000 Տոլար Նուիրեցին Համազգայինին

October 5, 2026
Գաղութէ Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

October 1, 2026
Պոլսոյ Մէջ Մահացաւ Ռիչըրտ Կիրակոսեանը
Գաղութէ Գաղութ

Պոլսոյ Մէջ Մահացաւ Ռիչըրտ Կիրակոսեանը

September 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.