Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գաղութէ-Գաղութ

September 10, 2026
| Գաղութէ Գաղութ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ

Սուրիա

Մեծաթիւ Ուխտաւորներու Մասնակցութեամբ Ս. Աննայի Ուխտի Օրը Յիշատակուեցաւ Եագուպիէի Ս. Աննա Ուխտատեղի-Մատրան Մէջ

Հանդիսապետութեամբ Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Մակար արք. Աշգարեանի, կիրակի, 30 օգոստոսին, Եագուպիէի Ս. Աննա ուխտատեղի-մատրան մէջ յիշատակուեցաւ Ս. Աննայի ուխտի օրը` մասնակցութեամբ մեծաթիւ ուխտաւորներու:

Սրբազան հայրը մատուցեց եպիսկոպոսական հանդիսաւոր ս. պատարագ, որուն ընթացքին ան Ս. միւռոնով օծեց մատրան նուիրուած երկու սրբապատկերներ` Աստուածամօր սրբապատկերը` նուիրուած Լատին եկեղեցւոյ Լաթաքիոյ հովիւ հայր Ֆատիի կողմէ, իսկ Քրիստոսի Յարութեան սրբապատկերը` նուիրուած  Սիլվա Եղիայեան-Խեչոյի կողմէ, ի յիշատակ իր հօր` Գէորգ Եղիայեանի եւ իր մօր` Զահրա Քասիսի հոգիներուն:

Ճեզիրէի առաջնորդական փոխանորդ Լեւոն վրդ. Եղիայեան եագուպիահայութեան անունով բարի գալուստ մաղթեց սրբազան հօր` աղօթելով, որ Աստուած քաջառողջութիւն եւ արեւշատ տարիներ պարգեւէ անոր:

Սրբազան հայրը իր պատգամին մէջ ըսաւ, որ Քրիստոս մեզ կը հրաւիրէ Աստուծոյ խօսքին զօրութեամբ վախը մէկ կողմ դնելու եւ աղօթքով մեր հաւատքը հաստատուն դարձնելու` աւելցնելով, որ մեր կեանքին ընթացքին Քրիստոսի կառչած կրնանք մնալ յիշելով Աստուծոյ` մեզի տուած խոստումները, չվախնալով, հաւատքով Աստուծոյ վստահելով, օրինակ քաղելով մեր եկեղեցւոյ սուրբերէն, որոնք վստահելով Աստուծոյ, նահատակութեան գնով իրենց հաւատքին վրայ հաստատուն մնացին:

Պատարագի աւարտին, մատրան շրջափակին մէջ կատարուեցաւ մատաղօրհնէք: Տօնական մթնոլորտի մէջ, ՀՄԸՄ-ի Գամիշլիի մասնաճիւղի փողերախումբը ազգային եւ հայրենասիրական երգեր հնչեցուց, ինչպէս նաեւ Անթոնիոս սկաուտական փողերախումբը նուագով իր մասնակցութիւնը բերաւ:

Միացեալ Նահանգներ

Լա Քրեսենթայի Ս. Հրեշտակապետաց Եկեղեցին Նոր Վերելք Արձանագրեց

Կիրակի, 30 օգոստոսին, Գեղամ արք. Խաչերեան, հանդիսապետեց Լա Քրեսենթայի Ս. Հրեշտակապետաց եկեղեցւոյ նոր որակ ու շունչ հաղորդելու կոչուած «Վերելք» կալա-ճաշկերոյթին, որ տեղի ունեցաւ «Palladio Banquet Hall»-ի մէջ, Կլենտէյլ, եկեղեցւոյ գլխաւոր բարերար` Վարանդ եւ Հուրի Մելքոնեան ամոլին հիւրընկալութեամբ եւ իրենց գլխաւորութիւնը վայելող յատուկ յանձնախումբի կազմակերպութեամբ:

Օրուան հանդիսավար Թամար Թովմասեանի ողջոյնի խօսքէն ետք ցուցադրուեցաւ Ս. Հրեշտակապետաց եկեղեցւոյ հիմնադրութեան անցեալ, ներկայ եւ ապագայ փուլերը ներկայացնող տեսերիզ:

Բարերար ամոլին զաւակը` Արման Մելքոնեան, իր ընտանիքին անունով արտասանած խօսքին մէջ նշեց, որ իր հօր նիւթական կարողութիւնը չէ, որ այսօր իրականութիւն կը դարձնէ Ս. Հրեշտակապետաց եկեղեցին, այլ` Մելքոնեան ընտանիքի եւ համայնքի բազմաթիւ զաւակներու հաւատքն ու սէրը առ Աստուած եւ առ հայ եկեղեցի, յանուն հայ քրիստոնէական հաւատքի ծաղկման, հայութեան հոգեւոր եւ ազգային ինքնութեան ու մշակութային արժէքներու պահպանման:

Այնուհետեւ Վարանդ Մելքոնեան մանրամասնութիւններ փոխանցեց եկեղեցւոյ կանգման ի նպաստ իր հովանաւորութեամբ կատարուած հանգանակութեան եւ դրամահաւաքին մասին: Ան բոլոր նուիրատուներուն շնորհակալութիւն յայտնելէ ետք յայտարարեց, որ Ս. Հրեշտակապետաց եկեղեցւոյ հայօրէն կանգնումի ծախսը ամբողջացնելու նպատակով, Մելքոնեան ամոլը մէկուկէս միլիոն տոլարի նոր նուիրատուութիւն մը եւս կը կատարէ:

Կազմակերպիչ յանձնախումբի փոխատենապետ Տիգրան Տէր Սարգիսեան անդրադարձաւ Ս. Հրեշտակապետաց եկեղեցւոյ հիմնադրութեան եւ օծման, նաեւ եկեղեցւոյ հաստատման ու աճման փուլերուն լուսարձակի տակ առաւ շրջանի հայութեան հոգեւոր, կրթական, ընկերային եւ մարդասիրական կեանքին մէջ արձանագրուած յաջողութիւնները:

Առաջնորդ սրբազանը իր  խանդավառութիւնն ու շնորհաւորանքը խտացուց հիմնական երեք կէտերու մէջ` շեշտելով, որ եկեղեցի եւ դպրոց շինելը հայ ժողովուրդի դարաւոր առաքինութեանց մաս կը կազմէ, եւ թէ` հայ մարդը մի՛շտ իր ապրած տունէն աւելի ճոխ ուզած է տեսնել Աստուծոյ տունը, այս պատճառով ալ մեր բոլոր եկեղեցիները գրաւիչ են իրենց ճոխութեամբ ու գեղեցկութեամբ: Ան նշեց, որ որքան ուժեղ, կանգուն ու շքեղ ըլլայ հայ եկեղեցին, այնքան ամուր, հզօր եւ ազգային ինքնութեամբ ու հայ քրիստոնէական արժէքներով հասակ առած ու սնած կ՛ըլլան ներկայ եւ հետագայ հայ սերունդները, որոնք, յաջորդաբար, ազգային արժէքներու փոխանցում կը կատարեն եւ սփիւռքի մէջ կ՛ապահովեն հայկական ինքնութեան պահպանումն ու հայ համայնքի հզօրացումը:

Յայտնենք, որ Մելքոնեան ամոլին այս նպատակին նուիրատուութեան ընդհանուր գումարը հասաւ 3.5 միլիոն տոլարի:

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Ընդունեց Ազգ. Կեդր. Վարչութեան Համաատենապետ Ստեփան Տէր Պետրոսեանի Այցելութիւնը

31 օգոստոսին Գեղամ արք. Խաչերեան Ազգային առաջնորդարանի մէջ ընդունեց այցելութիւնը Ազգային Կեդրոնական վարչութեան համաատենապետ Ստեփան Տէր Պետրոսեանի: Հանդիպման ներկայ եղան Ազգային վարչութեան ատենապետ Վահէ Յովակիմեան, շրջանէն Ազգային Կեդրոնական վարչութեան անդամ Կայծակ Զէյթլեան եւ Ազգային վարչութեան անդամներ:

Հանդիպման ընթացքին ծաւալեցաւ մտերմիկ զրոյց, ապա ներկաներուն մասնակցութեամբ արծարծուեցան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան առաքելութեան եւ թեմերուն առնչուած հարցեր:

Աւարտին, սրբազան հայրը յաջողութիւն եւ առաւել արդիւնաւէտ գործունէութիւն մաղթեց Ազգային Կեդրոնական վարչութեան եւ անոր ենթակայ մարմիններուն ու յանձնախումբերու աշխատանքներուն, ապա ամենայն բարիք մաղթեց յատկապէս միջինարեւելեան հայկական գաղութներու տառապեալ ժողովուրդի զաւակներուն:

Գեղամ Արք. Խաչերեան Երկօրեայ Այցելութիւն Տուաւ Լաս Վեկասի Ծուխ

Շաբաթ`, 22 եւ կիրակի`, 23 օգոստոսին, Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան երկօրեայ այցելութիւն տուաւ Լաս Վեկասի ծխական համայնքին, ընկերակցութեամբ Ազգային վարչութեան ատենապետ Վահէ Յովակիմեանի եւ անդամներ Յովիկ Պետեւեանի ու Ճեք Հաճինեանի:

Լաս Վեկասի Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ մուտքին, առաջնորդ սրբազան հայրը դիմաւորուեցաւ եկեղեցւոյ հովիւ Պարգեւ քհնյ. Պալգէորգեանի եւ պատասխանատուներու կողմէ: Նոյն օրը ան նախագահեց տեղւոյն Հոգաբարձութեան անդամներու եւ շրջանի Ազգային երեսփոխաններու հետ նախօրօք կազմակերպուած յատուկ հանդիպման մը, որուն ընթացքին առաջնորդն ու Ազգային վարչութեան ներկայացուցիչները լսեցին ժողովականներուն մտահոգութիւնները` ծխական համայնքը յուզող զանազան հարցերու մասին, ապա սրբազան հայրը կատարեց քննարկում եւ տուաւ ցուցմունքներ:

Կիրակի առաւօտեան սրբազան հայրը հանդիսապետեց Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ պատարագին եւ փոխանցեց իր պատգամը: Վեր առնելով Աստուածածինի նկարագրային գիծերը` ծնունդէն մինչեւ վախճանում, ապա երկինք փոխադրութիւն, ան շեշտը դրաւ Աստուծոյ նկատմամբ անոր ցուցաբերած հնազանդութեան վրայ: Սրբազանը ըսաւ, որ հնազանդութիւնը Աստուծոյ հիմնական պայմանն է, որպէսզի Աստուած-մարդ յարաբերութիւնը ըլլայ կայուն ու ներդաշնակ:

Պատարագի աւարտին մատուցուեցաւ սիրոյ սեղան, որուն ընթացքին արծարծուեցան շրջանը յուզող զանազան հարցեր, որոնց համար տրուեցան հարկ եղած լուսաբանութիւնները եւ ցուցմունքներ:

Աւարտին սրբազան հայրը գնահատեց ներկաներուն համերաշխ ոգին եւ օրհնեց զանոնք:

Քանատա

«Բարեւ… Ես Գիրքն Եմ» Դասագիրքի Շնորհահանդէսը

Հովանաւորութեամբ Քանատայի հայոց թեմի առաջնորդ Բաբգէն արք. Չարեանի, կազմակերպութեամբ Քանատայի հայոց թեմի Հայեցի դաստիարակութեան բաժանմունքին, 27 օգոստոսին, Թորոնթոյի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ «Յովնանեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Ազգային առաջնորդարանի հրատարակութիւններէն «Բարեւ… Ես գիրքն եմ» դասագիրքի շնորհահանդէսը:

Հայեցի Դաստիարակութեան բաժանմունքի անդամ Շանթ սրկ. Տէօքմէճեան իր արտասանած բացման խօսքին մէջ շեշտեց գիրքի կարեւոր դերակատարութիւնը` զայն նմանցնելով նաւու մը, որուն միջոցով գիտելիքներու շարան մը կը փոխանցուի սերունդէ սերունդ: Ան իր խօսքին ընդմէջէն ներկայացուց Ազգային առաջնորդարանի Հայեցի դաստիարակութեան բաժանմունքի առաքելութիւնը:

Ան ըսաւ, որ բաժանմունքը փորձած է քաջալերել հայ տաղանդաւոր մանուկներն ու պատանիները, որպէսզի անոնք հաստատ քայլերով բարձրանան յաջողութեան աստիճանները եւ շարունակական ներդրում կատարած է հայոց լեզուի եւ յատկապէս արեւմտահայերէնի զարգացման կարեւոր գործին:

Օրուան հանդիսավար` Հայեցի դաստիրակութեան բաժանմունքի անդամներէն Հուրինա Պէրպէրեան Վերտանեանը հրաւիրեց փոքրիկներ` Մկրտիչ եւ Արեգ Զերէնցեաններն ու Քնար Թորոսեան ընթերցելու հատուածներ հայոց պատմութենէն, որ ներառուած էր դասագիրքին մէջ:

Այնուհետեւ Կաթիլ Մկրտիչեան ընթերցեց գիրքին հեղինակ Նայիրի Մկրտիչեանի կեսագրականը:

Ապա Նայիրի Մկրտիչեան ներկայացուց դասագիրքի բովանդակութիւնը: Ան պաստառի վրայ բացատրեց դասագիրքի էջերու բովանդակութիւնը, մերթ ընդ մերթ բացատրութիւն տալով տեղադրուած նկարներուն մասին:

Աւարտին սրբազան հայրը փոխանցեց իր սրտի խօսքը եւ շեշտեց, թէ գիրքը պէտք է ըլլայ բարեկամը, ընկերը եւ բալասանը իւրաքանչիւր հայու` բարձր գնահատելով Նայիրի Մկրտիչեանի կատարած այս աշխատանքը, որ ամենայն բծախնդրութեամբ, նախանձախնդրութեամբ եւ մանկավարժական սկզբունքներով պատրաստած եւ հրապարակած է:

Սրբազան հայրը անդրադարձաւ ծնունդին գիրքին, որուն հիմնական եւ մղիչ ուժը եղած էր ինքնութեան անառատ պահպանումը` ներառելով լեզուն եւ մշակոյթը, որ պիտի փոխանցուի սերունդէ սերունդ` համակելով հայեցի կրթութիւն եւ քրիստոնէական դաստիարակութիւն, որոնք զուգահեռ եւ անբաժանելի կրթութիւններ են:

Փարիզ

Հանրահաւաք` Պաքուի Մէջ Պահուող Գերիներուն Ազատ Արձակման Պահանջով

Կազմակերպութեամբ Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւնները համակարգող խորհուրդի երկու ներկայացուցիչներ` Արա Թորանեանի եւ Մուրատ Փափազեանի, 2 սեպտեմբերին հայկական համայնքի ներկայացուցիչներն ու ֆրանսական քաղաքական եւ արուեստի աշխարհի մէջ յայտնի գործիչները հաւաքուեցան Փարիզի քաղաքապետարանի աստիճաններուն վրայ` իբրեւ աջակցութիւն Ազրպէյճանի մէջ պահուող Արցախի տասնմէկ յայտնի պատանդներուն:

Պատանդներուն ազատ արձակման պահանջին իրենց աջակցութիւնը բերած են Եւրախորհրդարանը, Ֆրանսայի Ազգային ժողովն ու Ծերակոյտը, ինչպէս նաեւ Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու պալատի Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովը:

Նոյն օրը, թէեւ Փարիզի քաղաքապետարանը նախատեսած էր մասնակցիլ սոյն նախաձեռնութեան, սակայն քաղաքապետարանի ներկայացուցիչները ստիպուած հրաժարած են մասնակցելէ` սպառնալիքներու պատճառով:

Փարիզի քաղաքապետ Էմանուէլ Կրեկուար «Էքս»-ի վրայ քննադատութեան ենթարկուած է Ֆրանսայի մէջ Ազրպէյճանի դեսպան Լէյլա Ապտուլլաեւայի կողմէ, որ յայտարարած է, թէ` «Պաքուի ռազմական դատարանի կողմէ դատապարտուած անձեր, որոնց շարքին` Ազրպէյճանի կողմէ Ղարաբաղի տարածաշրջանին մէջ ստեղծուած խամաճիկ վարչակարգի նախկին ղեկավարները, մեղաւոր ճանաչուած են ռազմական յանցագործութիւններու եւ մարդկութեան դէմ յանցագործութիւններու մէջ»:

Քաղաքապետին ուղղուած այս հարցադրումը յաջորդած  է անոր դեսպանին ուղղուած յայտարարութեան, որուն մէջ կը նշէ, թէ իր արձագանգը Փարիզի քաղաքապետարանի դիմացի հրապարակին վրայ բացուած ցուցահանդէսին, կը պահանջէ մի քանի փաստական ճշգրտում: Հայերու եւ ազրպէյճանցիներու միջեւ խաղաղութիւնը չի կառուցուիր պատմութիւնը վերաշարադրելով կամ ջնջելով այն մարդիկը, որոնք ապրած են այդ պատմութեան մէջ:

Հայերու ներկայութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի մէջ չէ սկսած 1988-ին կամ Խորհրդային Միութեան փլուզումով, այլ` բազմադարեայ պատմութեան մաս է, որ մասնաւորապէս վկայուած է հայկական հնագոյն կրօնական եւ մշակութային ժառանգութեամբ: Ան նշած է, թէ դեսպանին ներկայացուցած պատմութիւնը կը շրջանցէ կարեւոր իրադարձութիւն մը` 2023-ի սեպտեմբերին Արցախի հայ բնակչութեան գրեթէ ամբողջական անհետացումը:

Տասնամեակներու պատերազմէն ետք հաշտեցումը չի կառուցուիր վիճայարոյց դատավարութիւններու եւ նախկին հակառակորդի ներկայացուցիչներու շարունակական կալանաւորման միջոցով, այլ` հաշտեցման քայլերով, որոնցմէ առաջինը անոնց ազատ արձակումն է:

Իրաք

Թեմի Նոր Առաջնորդի Ընտրութիւն

4 սեպտեմբերին, Իրաքի հայոց թեմի առաջնորդարանին մէջ տեղի ունեցաւ առաջնորդի ընտրութիւնը` ներկայութեամբ Կեդրոնական վարչութեան անդամներուն եւ Իրաքի տարբեր մարզերէն Պաղտատ ժամանած հայ համայնքներու թաղական խորհուրդներու ներկայացուցիչներու:

Ամենայն հայոց կաթողիկոս Գարեգին Բ. վեհափառ հայրապետի տնօրինութեամբ առաջադրուած էին երեք թեկնածուներ: Կատարուած քուէարկութեան արդիւնքին համաձայն, Իրաքի հայոց թեմի առաջնորդ ընտրուեցաւ Անդրանիկ վրդ. Գէորգեան:

Ընտրութեան աւարտին, բոլոր ներկաները իրենց խորին շնորհակալութիւնն ու բարձր գնահատանքը յայտնեցին թեմի ներկայ առաջնորդ Օշական եպս. Կիւլկիւլեանի, իր չորսամեայ առաջնորդութեան ընթացքին ցուցաբերած նուիրեալ ծառայութեան, մեծ ջանքերուն եւ կատարած աշխատանքներուն համար: Ներկաները նաեւ իրենց ջերմ բարեմաղթութիւնները յղեցին նորընտիր առաջնորդին` մաղթելով անոր յաջողութիւն եւ նորանոր ձեռքբերումներ:

Քուէյթ

Այցելութիւն Լիբանանի Դեսպանատուն

31 օգոստոսին, Քուէյթի եւ Շրջակայից հայոց թեմի առաջնորդական տեղապահ Օշին վրդ. Չուալերթանեան, ընկերակցութեամբ Արտակ ա. քհնյ. Քէհեաչեանի, Ազգային վարչութեան ատենապետ Նազարէթ Քէօշկէրեանի եւ Ազգային վարչութեան անդամ Սարգիս Սարգիսեանի, այցելեց Քուէյթի մէջ Լիբանանի դեսպան Ղատի Խուրիին:

Այցելութեան ընթացքին տեղի ունեցաւ ծանօթացման հանդիպում Լիբանանի դեսպանին հետ:

Զրոյցին ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ հայ համայնքին, անոր գործունէութեան ու դիմագրաւած դժուարութիւններուն, ինչպէս նաեւ ապագային փոխադարձ կապերու եւ գործակցութեան ամրապնդման կարելիութիւններուն:

Հանդիպման աւարտին հայր սուրբը շնորհակալութիւն յայտնեց դեսպանին` ջերմ ընդունելութեան համար եւ մաղթեց, որ այս հանդիպումը նոր առիթներ ստեղծէ երկու կողմերու միջեւ բարեկամական կապերու եւ համագործակցութեան ամրապնդման համար:

 

 

 

Նախորդը

Գրկախառնութիւնները Օգտակար Են Առողջութեան

Յաջորդը

ԼՕԽ-ի Կազդուրման Կայանի Մանուկներու Միօրեայ Պտոյտ

RelatedPosts

Գաղութէ Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

October 22, 2026
Փարիզի Մէջ Ներկայացուեցաւ Արցախին Նուիրուած «Նամակներ Դրախտից» Գիրքը
Գաղութէ Գաղութ

Փարիզի Մէջ Ներկայացուեցաւ Արցախին Նուիրուած «Նամակներ Դրախտից» Գիրքը

October 19, 2026
Անուշաւան Արքեպիսկոպոսի Այցելութիւնը Լիբանանի նոր ընդհանուր հիւպատոսին
Գաղութէ Գաղութ

Անուշաւան Արքեպիսկոպոսի Այցելութիւնը Լիբանանի նոր ընդհանուր հիւպատոսին

October 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.