Պոլսոյ մէջ 61 տարեկանին մահացաւ քաղաքական եւ ռազմական վերլուծաբան, փորձագէտ, Երեւանի անկախ վերլուծական կեդրոնի տնօրէն Ռիչըրտ Կիրակոսեանը:
Ծնած է 1965-ին, Ռոտ Այլընտ նահանգի Փրովիտենս քաղաքին մէջ: Ան խորհրդատուութիւն տրամադրած է` Ասիական զարգացման դրամատան, Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան պատուիրակութեան, Ֆրանսայի պաշտպանութեան նախարարութեան, ԵԱՀԿ-ին եւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան: Անոր վերլուծական նիւթերը տպագրուած են հայկական եւ միջազգային մամուլին մէջ:
2006 թուականին Կիրակոսեան տեղափոխուած է Հայաստան: Վերջին տարիներուն կը ղեկավարէր Երեւանի անկախ վերլուծական կեդրոնը, որ մասնագիտացած է Հարաւային Կովկասի քաղաքական եւ ռազմավարական հարցերու ուսումնասիրութեան մէջ:
Ռ. Կիրակոսեանը նախորդ շաբաթ հանդիպման նպատակով մեկնած է Պոլիս, ուր անհանգստացած ու մահացած է սեպտեմբեր 19-ի երեկոյեան:


