Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գաղութէ Գաղութ

August 6, 2026
| Գաղութէ Գաղութ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ

Սուրիա

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Այցելութիւն Տուաւ Սուրիոյ Զբօսաշրջութեան Նախարարին

27 յուլիսին, Դամասկոսի մէջ, Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Մակար արք. Աշգարեան, ազգային պատուիրակութեամբ շնորհաւորական այցելութիւն տուաւ Սուրիոյ զբօսաշրջութեան նախարար Մազէն Սալհանիին: Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Ազգային վարչութեան ատենապետ Տարօն Մակարեան, Ազգային վարչութեան անդամ մեթր Նորա Գրաճեան եւ Յարաբերական մարմինի անդամ Վրէժ Եագուպեան:

Սրբազան հայրը թեմի ժողովուրդին եւ ժողովականութեան անունով շնորհաւորեց նախարարը` պատասխանատու պաշտօն ստանձնելուն առիթով:

Հանդիպումին արծարծուեցաւ յառաջիկային Սուրիոյ տնտեսութեան բարելաւումին նպաստող զբօսաշրջութեան ծրագիրներ ի գործ դնելու կարեւորութիւնը` հիմնական նախաքայլ նկատի ունենալով երկրի ապահովութեան ամրագրումը:

Նախարարը, այս ուղղութեամբ համայնքներուն բերած ներդրումին անդրադառնալով, պատրաստակամութիւն յայտնեց հովանաւորել օգոստոս ամսուն Ս. Աստուածածինի վերափոխման տօնին առիթով Քեսապի մէջ կազմակերպուելիք փառատօնը, տողանցքի եւ ցուցահանդէսի մեծածաւալ նախաձեռնութիւնները: Ան գնահատեց համայնքին կողմէ տարածաշրջանին մէջ տօնական մթնոլորտ ստեղծելու ջանքերը, որոնք մեծ խանդավառութիւն կը յառաջացնեն եւ իրենց դրական ներդրումը կ՛ունենան Քեսապը աշխուժացնելու եւ անոր կարեւորութիւնը շեշտելու:

Սրբազան Հայրը Պատուիրակութեամբ Այցելութիւն Տուաւ Լաթաքիոյ Նահանգապետին

Կիրակի, 2 օգոստոս 2026-ին, Բերիոյ Հայոց թեմի առաջնորդ Մակար արք. Աշգարեան, ազգային պատուիրակութեամբ այցելութիւն տուաւ Լաթաքիոյ նահանգապետ Ահմատ Ալի Մուսթաֆային, Լաթաքիոյ նահանգապետարանէն ներս:

Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Քեսապի հոգեւոր տեսուչ Վահրիճ վրդ. Ղարախանեան, Արմէն վրդ. Գալաճեան, Յարաբերական մարմինի անդամ Վրէժ Եագուպեան, Քեսապի քաղաքապետ Միշէլ Չաղլաս, Քեսապի Թաղական խորհուրդի ատենապետ Վիգէն Լնդեան եւ Լաթաքիոյ Թաղական խորհուրդի անդամ Մկրտիչ Էքմէքճեան:

Սրբազան հայրը թեմի ժողովուրդին եւ ժողովականութեան անունով շնորհաւորեց Լաթաքիոյ նահանգապետը` պատասխանատու պաշտօն ստանձնելուն առիթով:

Անդրադարձ կատարուեցաւ զանազան հարցերու` ընդգծելով Սուրիոյ ժողովուրդի բոլոր բաղադրիչներուն մասնակցութիւնը` ի խնդիր Սուրիոյ զարգացումին եւ անոր կայունութեան ամրապնդումին:

Կարեւորութեամբ շեշտուեցաւ նաեւ բոլորին ճիգերուն միաւորումը` Սուրիոյ քաղաքակիրթ եւ նշանակալից պատկերը ներկայացնելու միջազգային հանրութեան:

Սրբազան հայրը հրաւիրեց Լաթաքիոյ նահանգապետը Ս. Աստուածածինի վերափոխման տօնին առիթով, Սուրիոյ զբօսաշրջութեան նախարարին հովանաւորութեամբ, Քեսապի մէջ կազմակերպուելիք փառատօնին, 15-16 օգոստոս 2026-ին:

Լաթաքիոյ նահանգապետը ողջունելով տօնական խանդավառութիւն ստեղծող փառատօնի կազմակերպումը, յաջողութիւն մաղթեց տարուող աշխատանքներուն:

Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Անդամ Հրաչ Յակոբեան Այցելեց Սրբազան Հօր

31 յուլիսին, Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Մակար արք. Աշգարեան Ազգային առաջնորդարանին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Ազգային Կեդրոնական վարչութեան անդամ Հրաչ Յակոբեանի:

Հանդիպումի ընթացքին արծարծուեցան ներկայ իրավիճակին առնչուող հարցեր եւ թեմի դիմագրաւած մարտահրաւէրները:

Սրբազան հայրը իր հայրական օրհնութիւնը փոխանցելով` յաջողութիւն եւ ամենայն բարիք մաղթեց բոլորին:

Միացեալ Նահանգներ

 Լիզպոնի Հինգ Հերոսներուն Հոգեհանգիստ` Հոլիվուտի Ս. Կարապետ Մայր Եկեղեցիին Մէջ

Կիրակի, յուլիս 26-ի առաւօտեան, Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան հանդիսապետեց Հոլիվուտի Ս. Կարապետ Մայր եկեղեցւոյ Ս. պատարագին եւ յաւուր պատշաճի քարոզեց` վկայակոչելով Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի որդիներուն եւ թոռներուն նուիրուած տօնը, որ Հայ եկեղեցին տօնեց օր մը առաջ` շաբաթ, յուլիս 25-ին: Օրուան պատարագիչն էր եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Վիգէն Ա. քհնյ. Վասիլեան, իսկ Ս. խորանին սպասարկեցին սարկաւագներ, դպիրներ եւ եկեղեցւոյ երգչախումբը:

Քրիստոնեայ Հայաստանի եւ հայութեան կեանքին մէջ տօնին շնորհած կարեւորութեան մասին խորհրդածելէ ետք, Գեղամ սրբազան ընդգծեց, որ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ կաթողիկոսը, որդիներն ու թոռները կը հանդիսանան հայ քրիստոնէական մշակոյթի հիմնադիրները: Եկեղեցին լեցուցած հաւատացեալներուն ուղղելով իր խօսքը` ան շեշտեց, որ քրիստոնէական հոգեւոր ժառանգութիւնն ու մշակոյթը ազգովին անաղարտ պահելու հրամայականին դիմաց կը գտնուինք նաեւ այսօր, նշելով. «Այս ոգեղէն ժառանգութիւնը ամենայն հաւատարմութեամբ, սիրով ու նուիրումով պէտք է պահպանենք մեր հոգեւոր ու ազգային կեանքի բոլոր մակարդակներուն վրայ, որպէսզի մեր ինքնութեան մաս կազմող քրիստոնէական աւանդը անխաթար փոխանցուի նաեւ հայ յաջորդ սերունդներուն»:

Յետ արարողութեան, Գեղամ արքեպիսկոպոս նաեւ հանդիսապետեց եկեղեցւոյ հոգեհանգստեան պաշտօնին, որուն ընթացքին, Լիզպոնի հինգ նահատակ հերոսներու հոգիներու խաղաղութեան համար Ս. խորանէն յատուկ աղօթք բարձրացաւ առ Աստուած եւ հնչեց պատգամ` հետագայ սերունդներու կեանքին մէջ եւս վառ պահելու հայ ժողովուրդի ազգային-հայրենասիրական ոգին` Լիզպոնի հինգին անսակարկ ու անմոռանալի անձնազոհութեան օրինակով:

Իրան

Հայ Նահատակներու Յուշակոթողի Կառուցում Թեհրանի Հայոց Թեմի Նոր Բուրաստան Գերեզմանատան Մէջ

26 յուլիսին, «Նահատակներու հիմնադրամ» կեդրոնին մէջ, Թեհրանի հայոց թեմի Թեմական խորհուրդի մէջ Իրան-Իրաք պարտադրեալ պատերազմի հայ նահատակներու եւ անձնուրացներու արժէքներու պահպանման յանձնախումբի հետ կապ` Արթին Շահպազեան եւ յանձնախումբի ատենապետ Արտուշ Իսկանդարեան, հանդիպում ունեցան հիմնարկի գերատեսուչ` Աբասալի Ռեզայիի եւ նոյն հիմնարկի մշակութային ու կրթական հարցերով տեղակալի պաշտօնակատար` Ալիրեզա Աքբարիի հետ:

Հանդիպման ընթացքին Ռեզայի, նահատակներու յիշատակը մեծարելով, ընդգծեց, որ կրօնական փոքրամասնութիւններու, մասնաւորապէս հայ նահատակներու անձնազոհութիւնն ու հայրենասիրութիւնը Իրանի ժողովուրդի պատմութեան փառաւոր յիշողութիւնն է, եւ հայ նահատակներու անունները միշտ կը մնան իբրեւ հաւատարմութեան, ազգային արժանապատուութեան եւ մարդկային ու աստուածային բարձր արժէքներու պաշտպանութեան խորհրդանիշ:

Ռեզայի` անդրադառնալով նահատակներու յիշատակի պահպանման կարեւորութեան, յայտնեց, որ Թեհրանի Հայոց Նոր բուրաստան գերեզմանատան մէջ կը կառուցուի անհետ կորսուած հայ նահատակներու յուշակոթողը: Ան նշեց, որ այս նախաձեռնութիւնը յարգանքի տուրքն է այն նահատակներուն, որոնք իրենց կեանքը նուիրեցին երկրի անվտանգութեան եւ խաղաղութեան:

Հանդիպումի աւարտին Արթին Շահպազեան իր կարգին` Թեմական խորհուրդի եւ Իրան-Իրաք պարտադրեալ պատերազմի հայ նահատակներու եւ անձնուրացներու արժէքներու պահպանման յանձնախումբի անունով, շնորհակալութիւն յայտնեց հայ նահատակներու յիշատակի նկատմամբ ցուցաբերուող ուշադրութեան համար եւ կարեւոր նկատեց այս ուղղութեամբ համագործակցութեան շարունակական զարգացումն ու հայ նահատակներու յիշատակի պահպանման ուղղուած նախաձեռնութիւններու իրականացումը:

Սպահանի Հայոց Թեմի Պատգամաւորական Ժողով

Սպահանի հայոց թեմի 18-րդ նստաշրջանի Պատգամաւորական ժողովի 3-րդ հաշուետու նիստը տեղի ունեցաւ 23 եւ 24 յուլիսին, Նոր Ջուղայի Հայ մշակութային «Արարատ» միութեան սրահին մէջ, մասնակցութեամբ` Սպահանի հայոց թեմի առաջնորդական տեղապահ Արտաւազդ վրդ. Շառոյեանի, Իրանի Իսլամական խորհրդարանի մէջ Սպահանի եւ հարաւային իրանահայութեան պատգամաւոր դոկտ. Գեղարդ Մանսուրեանի, Նոր Ջուղայի, Շահինշահրի, Շիրազի եւ Բերիոյ շրջանի պատգամաւորներու, հոգեւոր դասի ներկայացուցիչներու, ինչպէս նաեւ Հաշուեքննիչ մարմնի, Թեմական ու Կրօնական խորհուրդներու, ենթամարմիններու ներկայացուցիչներու եւ հրաւիրեալ ազգայիններու:

Արտաւազդ վրդ. Շառոյեան բացուած յայտարարեց նիստը, ապա խօսք առաւ Պատգամաւորական ժողովի ատենապետ Նոէլ Մինասեան, որ հրաւիրեց ներկաները մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգելու անցնող մէկ տարուան ընթացքին տեղի ունեցած պատերազմական գործողութիւններուն պատճառով զոհուած բոլոր նահատակներուն, յատկապէս նորջուղայեցի հայ նահատակին յիշատակը:

Այնուհետեւ խորհրդարանի պատգամաւոր դոկտ. Գեղարդ Մանսուրեան իր ելոյթին մէջ անդրադարձաւ երկրի մէջ տիրող պատերազմական վիճակին, ընդգծեց կարգ մը կարեւոր խնդիրներ` ազգային մարմիններու օրակարգին մէջ ներառուելու համար:

Ապա ներկայացուեցան Պատգամաւորական ժողովի դիւանի, թեմական ու կրօնական խորհուրդներու եւ հաշուեքննիչ մարմինի զեկոյցները, որոնք բարձր գնահատուեցան յատկապէս Թեմական խորհուրդի ծաւալուն աշխատանքները կալուածներու գործառոյթներու բարեկարգման ու փոփոխութեան, իսկ Կրօնական խորհուրդի նախաձեռնութիւնը` հոգեւոր կեանքի սահուն ընթացքը պահպանելու ուղղութեամբ: Ժողովականները նաեւ ներկայացուցին իրենց տեսակէտներն ու առաջարկները ազգային մարմիններու աշխատանքներու վերելքի կապակցութեամբ:

Այնուհետեւ տեղի ունեցան Թեմական եւ կրօնական խորհուրդներու ընտրութիւնները: Թեմական խորհուրդի անդամ ընտրուեցան Աշոտ Դաւթեան, Տարօն Տէր Մարտիրոսեան, Քարոլին Դիլանչեան, Սաթօ Աւետումեան, Նապիկ Մելիքեան, Սերժիկ Պարսամեան եւ Վրթանէս Մկրտչեան: Կրօնական խորհուրդի անդամ ընտրուեցան Մեսրոպ աւ. քհնյ. Գալստանեան, Խաչատուր քհնյ. Զարգարեան, Վարուժ Մովսիսեան, Գուրգէն Թահմազեան, Մարիէթ Աբէլեան:

Քուէյթ

Քուէյթի Հոգեւոր Հովիւը Ընդունեց Հայ Օգնութեան Միութեան Անդամները

29 յուլիսին, Ազգային առաջնորդարանին մէջ Քուէյթի եւ Շրջակայից թեմի առաջնորդական տեղապահ Օշին վրդ. Չուալերթանեան ընդունեց Քուէյթի Հայ օգնութեան միութեան վարչութեան անդամները:

Այցելութեան ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ համայնքային, եկեղեցական եւ բարեսիրական գործունէութեան վերաբերող հարցերու` վերահաստատելով փոխադարձ գործակցութեան եւ ծառայութեան ոգին: Հայր սուրբը իր գնահատանքը յայտնեց ՀՕՄ-ի տարիներու անձնուէր ծառայութեան համար` մաղթելով, որ Տէրը շարունակէ օրհնել անոնց առաքելութիւնը` ի նպաստ քուէյթահայութեան եւ ժողովուրդին:

 

 

 

 

Նախորդը

Հետաքրքրական Ոսկիի Եւ Սխտորի Միջնադարեան Գաղտնիքը

Յաջորդը

«Թելերու Եւ Մեղեդիներու Հիւսուածքով Ալ Կը Շարունակուի՞ Ժառանգութիւնը»

RelatedPosts

Գաղութէ-Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ-Գաղութ

September 17, 2026
Գաղութէ-Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ-Գաղութ

September 10, 2026
Հաղորդագրութիւն.  «Կրօնները Պէտք Է Գործեն Որպէս Ջատագով Արդարութեան Վրայ Հիմնուած Խաղաղութեան».  Արամ Ա. Կաթողիկոս
Գաղութէ Գաղութ

Հաղորդագրութիւն. «Կրօնները Պէտք Է Գործեն Որպէս Ջատագով Արդարութեան Վրայ Հիմնուած Խաղաղութեան». Արամ Ա. Կաթողիկոս

September 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.