Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ
Սուրիա
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Հետեւեցաւ Գամիշլիի Նորակառոյց Եկեղեցւոյ Շինարարական Աշխատանքներուն
3 հոկտեմբերին Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Մակար արք. Աշգարեան ժամանեց Գամիշլի` ընկերակցութեամբ Յարաբերական մարմինի պատասխանատու Վրէժ Եագուպեանի, «Aid to the Church in Need» բարեսիրական հաստատութեան Սուրիոյ պատասխանատու Ժոզեֆ Ճորճ Ճպրանի եւ Նպաստից յանձնախումբի ներկայացուցիչ Յարութ Հայրապետեանի:
Սրբազան հայրը Գամիշլիի մէջ դիմաւորուեցաւ Ճեզիրէի առաջնորդական փոխանորդ Լեւոն վրդ. Եղիայեանի, Պսակ քհնյ. Պէրպէրեանի, Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ թաղականութեան եւ Յարաբերական մարմինի պատասխանատուներուն կողմէ:
Սրբազան հօր առաջին այցելութիւնը եղաւ նորակառոյց Ս. Յակոբ եկեղեցի, ուր ան շրջեցաւ շինարարական տարածքին մէջ եւ մօտէն հետեւեցաւ ընթացող աշխատանքներուն: Ան հանգամանօրէն ծանօթացաւ շինութեան տարբեր փուլերուն, անհրաժեշտ նկատառումները եւ ցուցմունքները տուաւ պատասխանատուներուն, ապա բարձրօրէն գնահատեց ցայսօր կատարուած աշխատանքը:
Սրբազանը իր գնահատանքը յայտնեց հայր սուրբին եւ Շինարարական յանձնախումբին` իրենց նուիրեալ ծառայութեան եւ հետեւողական աշխատանքին համար, մաղթելով, որ նորակառոյց Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ շինարարութիւնը յաջողութեամբ եւ բարւոք ընթացքով հասնի իր աւարտին:
Քանատա
Սիրանուշ Սահակեան Թորոնթոյի Հայ Համայնքին Ներկայացուց Պաքուի Մէջ Պահուող Հայ Գերիներու Իրավիճակը
Կազմակերպութեամբ Քանատայի Հայ դատի յանձնախումբին եւ Հայ իրաւական կեդրոնի (Armenian Legal Center for Justice and Human Rights)-ին, 6 հոկտեմբերին Թորոնթոյի Հայ կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ հանրային հանդիպում, որուն ընթացքին Միջազգային եւ համեմատական իրաւունքի կեդրոնի (International and Comparative Law Center) նախագահ եւ Հայ իրաւական կեդրոնի գործադիր տնօրէն, մարդու իրաւունքներու պաշտպան եւ իրաւաբան Սիրանուշ Սահակեան ներկայացուց` Ազրպէյճանի մէջ պահուող հայ գերիներու իրավիճակը, անոնց դէմ ընթացող քաղաքականացուած դատավարութիւնները եւ միջազգային իրաւական հարթակներու վրայ տարուող աշխատանքը:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Քանատայի Հայ դատի յանձնախումբի հաղորդակցութեան բաժնի տնօրէն Լորիկ Քորաճեան, որ ընդգծեց հայ գերիներու հարցը համայնքային եւ հանրային օրակարգին վրայ պահելու կարեւորութիւնը: Ան նաեւ ներկայացուց Սիրանուշ Սահակեանը եւ անոր երկարամեայ գործունէութիւնը մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ միջազգային իրաւունքի մարզերուն մէջ:
Սիրանուշ Սահակեան իր զեկոյցի ընթացքին անդրադարձաւ Պաքուի մէջ պահուող հայ գերիներու կալանքի պայմաններուն, անոնց դէմ ընթացող դատական ձեւական ու քաղաքական բնոյթի գործընթացներուն, ինչպէս նաեւ` Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանին առջեւ տարուող իրաւական աշխատանքներուն: Ան մանրամասնեց այն պայմանները, որոնց մէջ Ազրպէյճան կը վարէ հայ գերիներու դատավարութիւնները` ուշադրութիւն հրաւիրելով արդար դատաքննութեան հիմնական երաշխիքներու բացակայութեան, քաղաքական բնոյթի ընդհանրացուած մեղադրանքներուն եւ քաղաքացիական անձերու դէմ զինուորական դատարաններու գործածութեան վրայ:
Զեկոյցին ընթացքին ներկայացուեցան նաեւ գերիներու կալանքի պայմանները եւ արտաքին աշխարհի հետ անոնց կապի խիստ սահմանափակումները: Սահակեան նշեց, որ անոնք զրկուած են ընտանեկան տեսակցութիւններէ եւ հիւպատոսական հասանելիութենէ, մինչ միջազգային իրաւաբաններու հետ գաղտնի հանդիպումներու կարելիութիւնները եւս լրջօրէն սահմանափակուած են: Այս պայմանները կը խոչընդոտեն ոչ միայն գերիներու իրաւունքներու պաշտպանութիւնը, այլ նաեւ` անոնց կալանքի պայմաններու անկախ ստուգումը:
Սահակեան անդրադարձաւ Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանին առջեւ ընթացող գործերուն եւ հայ գերիներու ու անոնց ընտանիքներու անունով տարուող իրաւական աշխատանքին` ներկայացնելով միջազգային դատական միջոցներու կարեւորութիւնը իրաւախախտումները արձանագրելու, պատասխանատուութիւնը փաստագրելու եւ Ազրպէյճանի գործողութիւնները միջազգային ատեաններու առջեւ վիճարկելու առումով: Ան նաեւ ներկայացուց Հայ իրաւական կեդրոնի աշխատանքը` գերիներու գործերու փաստագրման, միջազգային դատական գործընթացներու, իրաւական պաշտպանութեան եւ միջազգային իրազեկման ուղղութիւններով:
Ներկայացումէն ետք Սիրանուշ Սահակեան պատասխանեց ներկաներու հարցումներուն:
Յայտնենք, որ Սահակեան Քանատա այցելութեան ընթացքին հանդիպումներ պիտի ունենայ հայ համայնքի ներկայացուցիչներու, պետական շրջանակներու եւ այլ շահագրգիռ կողմերու հետ` Պաքուի մէջ պահուող հայ գերիներու հարցը հանրային եւ քաղաքական օրակարգին վրայ պահելու նպատակով:
Միացեալ Նահանգներ
Պապ Պլումընֆիլտ Այցելեց «Սարգիս Եւ Սիւզան Կիցինեան» Երիտասարդական Կեդրոն
17 սեպտեմբերին Լոս Անճելըսի Քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Պապ Պլումընֆիլտ այցելեց Հայ մշակութային հիմնարկութեան Էնսինոյի «Սարգիս եւ Սիւզան Կիցինեան» երիտասարդական կեդրոն, ուր հանդիպում մը ունեցաւ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան, Հայ մշակութային հիմնարկութեան, Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի եւ համայնքի այլ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ:
Պլումընֆիլտը դիմաւորեցին ՀՅԴ «Ռոստոմ» կոմիտէի անդամները` գլխաւորութեամբ ատենապետ Շանթ Բարսեղեանի: Ներկայ էին նաեւ` ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Լեւոն Պարոնեան, Հայ դատի Արեւմտեան Սան Ֆեռնանտօ Հովիտի ատենապետ Կրեկ Մազմանեան եւ Հայ դատի Արեւելեան Սան Ֆեռնանտօ Հովիտի ատենապետ Աւօ Պապեան:
Պապեան ներկայացուց Պլումընֆիլտը, որմէ ետք «Ռոստոմ» կոմիտէի անդամները Քաղաքապետական խորհուրդի անդամին ծանօթացուցին կեդրոնը` համապարփակ տեղեկութիւններ տալով հաստատութեան, անոր գործունէութեանց եւ հոն գործող կազմակերպութիւններուն մասին:
Պլումընֆիլտ տարիներէ ի վեր ծանօթ էր այս կեդրոնի ծրագրին եւ Լոս Անճելըսի Քաղաքապետական խորհուրդի իր պաշտօնավարութեան ընթացքին քաջալերած էր կեդրոնը հիմնելու ջանքերը:
Պլումընֆիլտ 2013-էն ի վեր կը ներկայացնէ Լոս Անճելըսի Քաղաքապետական խորհուրդի 3-րդ ընտրաշրջանը, որ կ՛ընդգրկէ Սան Ֆեռնանտօ Հովիտի արեւմտեան շրջանի համայնքները եւ ունի յատկանշական թիւով հայ բնակչութիւն:
Այցելութիւնը վերահաստատեց հայ համայնքին երկարամեայ կապերը Լոս Անճելըսի քաղաքապետութեան պաշտօնատարներուն հետ եւ ընդգծեց կեդրոնին կարեւոր դերը` իբրեւ Սան Ֆեռնանտօ Հովիտի հայ համայնքային կեանքի առանցքային կեդրոն:
Գէորգ Սրկ. Գէորգեանի Հեղինակած Գիրքերու Շնորհահանդէս
Կազմակերպութեամբ Ազգային առաջնորդարանին, 5 հոկտեմբերին առաջնորդարանի «Արմէն Համբար» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Անապատի Սուրբ Կարապետ եկեղեցւոյ մատակարար հովիւ Գէորգ սրկ. Գէորգեանի հեղինակած գիրքերու շնորհահանդէսը, որ նուիրուած էր անոր երկար տարիներու հովուական ծառայութեան կողքին ծաւալած գրական եւ աստուածաբանական վաստակի ներկայացման ու արժեւորման:
Ձեռնարկի բացման խօսքը արտասանեց Նորայր Պօղոսեան, որ լուսարձակի տակ առաւ Գէորգ սրկ. Գէորգեանի գրական վաստակն ու հրատարակութիւններուն կրթադաստիարակչական արժէքը:
Ապա խօսք առաւ Տաճատ ծ. վրդ. Եարտըմեան, որ անդրադարձաւ ներկայացուած գիրքերուն աստուածաբանական խորքին:
Շնորհահանդէսի ընթացքին ներկայացուեցան Գէորգ սրկ. Գէորգեանի հրատարակութիւնները, որոնք կ՛ընդգրկեն սուրբ խորհուրդներու, եկեղեցական ծէսերու, աղօթական կեանքի, քրիստոնէական բարոյագիտութեան, սուրբգրային մեկնութեան եւ հաւատքի պաշտպանութեան վերաբերող բազմազան նիւթեր:
Գէորգ սրկ. Գէորգեան իր սրտի խօսքին մէջ յայտնեց, որ իր գիրքերուն նիւթերը մեծ մասամբ ծնունդ առած են հովուական ծառայութեան ընթացքին հաւատացեալներուն բարձրացուցած հարցումներէն եւ Հայ եկեղեցւոյ ուսուցումները պարզ ու հիմնաւոր կերպով ներկայացնելու անհրաժեշտութենէն: Ան շեշտեց, որ իր գրական աշխատանքին նպատակը ընթերցողը միայն կրօնական գիտելիքով հարստացնելը չէ, այլ` անոր մէջ աղօթական կեանքի, հոգեւոր նորոգութեան եւ Եկեղեցւոյ հանդէպ գիտակից պատկանելիութեան զգացումը զօրացնելը:
Աւարտին թեմի առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեան բարձր գնահատեց Գէորգ սրկ. Գէորգեանի հովուական եւ գրական վաստակը` շեշտելով, որ ծառայութեան այս երկու բնագաւառները կը բխին նոյն հոգեւոր կոչումէն: Սրբազան հայրը վեր առաւ հեղինակին աշխատասիրութիւնը, հետեւողական պրպտումները եւ առաքելաւանդ հաւատքը պաշտպանելու նախանձախնդրութիւնը:
Կիպրոս
Կեանքէն Հեռացաւ Պենոն Սեւանը
4 հոկտեմբերին Նիկոսիոյ մէջ իր մահկանացուն կնքեց ՀԲԸՄ-ի Կիպրոսի ներկայացուցիչ, ՌԱԿ-ի երկարամեայ, վաստակաշատ անդամ Պենոն Սեւանը:
Ան ծնած էր 18 դեկտեմբեր 1937-ին, Նիկոսիոյ մէջ եւ շրջանաւարտ եղած էր 1958-ին ՀԲԸ միութեան Մելգոնեան կրթական հաստատութենէն:
Բարձրագոյն ուսումը ստացած էր յաճախելով Նիւ Եորքի Քոլոմպիա համալսարանը` արժանանալով պսակաւոր արուեստից տիտղոսին ընդհանուր ազգերու պատմութեան մէջ: Այնուհետեւ նոյն համալսարանէն արժանացած էր նաեւ միջազգային յարաբերութեանց ճիւղի յետաւարտական վկայականի:
1965-ին մնայուն պաշտօնավարութեան ընդունուած էր Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան մէջ: Իբրեւ ՄԱԿ-ի կողմէ առաքուած պաշտօնական դիտորդ եւ վերահսկիչ` բարեյաջող լրումի հասցուցած էր միջազգային շարք մը գործուղումներ:
Իբրեւ ՄԱԿ-ի Տնտեսական եւ ընկերային խորհուրդի, ինչպէս նաեւ բազմաթիւ միջկառավարական եւ մասնագիտական մարմիններու քարտուղար ու ՄԱԿ-ի Ընդհանուր քարտուղարի յատուկ ներկայացուցիչ, տարիներ շարունակ յաջողութեամբ գլխաւորած էր հեղինակաւոր շատ մը առաքելութիւններ` դէպի քաղաքականօրէն լարուած եւ գերզգայուն իրավիճակներ:
ՄԱԿ-ի մէջ շուրջ 40 տարիներու իր վաստակաշատ պաշտօնավարութենէն հանգստեան կոչուելէն ետք, բնակութիւն հաստատած էր իր ծննդավայր Կիպրոսի մէջ:
Հայաստանի Հանրապետութեան Անկախութեան 35-Ամեակին Նուիրուած Ընդունելութիւն
30 սեպտեմբերին Կիպրոսի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութիւնը կազմակերպեց ընդունելութիւն, նուիրուած Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 35-ամեակին: Ընդունելութեան ներկայ գտնուեցան թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Կոմիտաս արք. Օհանեան, Ազգային վարչութեան ատենապետ Յակոբ Գազանճեան, ինչպէս նաեւ` Լիմասոլի, Լառնաքայի եւ Նիկոսիոյ հովիւները: Իր խօսքին մէջ դեսպան Իննա Թորգոմեան անդրադարձաւ անկախութեան կարեւորութեան եւ Հայաստանի ու Կիպրոսի միջեւ առկայ պատմական եւ ժամանակակից ամուր կապերուն, ինչպէս նաեւ` երկու երկիրներու միջեւ ձեւաւորուած լայն եւ բարեկամական գործընկերութեան:
Քուէյթ
Մասնակցութիւն` Հայաստանի Հանրապետութեան Անկախութեան 35-Ամեակին Նուիրուած Ընդունելութեան
29 սեպտեմբերին Քուէյթի եւ շրջակայից թեմի առաջնորդական տեղապահ Օշին վրդ. Չուալերթանեան ներկայ գտնուեցաւ Քուէյթի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութեան կազմակերպած ընդունելութեան` նուիրուած Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 35-րդ տարեդարձին:
Ընդունելութիւնը տեղի ունեցաւ Crown Plaza Hotel-ի «Ալ-Պարաքա» սրահին մէջ` հիւրընկալութեամբ Քուէյթի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Արսէն եւ Բելլա Առաքելեան ամոլին:
Ընդունելութեան ներկայ էին նաեւ Արտակ Ա. քհնյ. Քէհեաեան, ինչպէս նաեւ Քուէյթի հայ համայնքին մէջ գործող ազգային եւ համայնքային մարմիններու ատենապետներն ու ներկայացուցիչները:
Առաջնորդական տեղապահ հայր սուրբը եւ ներկայ հայ համայնքի ներկայացուցիչները առիթ ունեցան շնորհաւորելու Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանը եւ փոխանակելու բարեմաղթութիւններ ու բարեկամական խօսքեր` Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 35-րդ տարեդարձին առիթով:
Յունաստան
Ընդունելութիւն` Հայաստանի Հանրապետութեան Վերանկախացման 35-Ամեակին Առիթով
Կազմակերպութեամբ Յունաստանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատան, անկախութեան 35-ամեակի տօնակատարութիւնն ու ընդունելութիւնը տեղի ունեցաւ 29 սեպտեմբերին Աթէնքի Բիւզանդական թանգարանի բացօթեայ հանդիսավայրին մէջ` ներկայութեամբ մեծ թիւով քաղաքական, դիւանագիտական եւ զինուորական ներկայացուցիչներու, ինչպէս նաեւ` յունահայ գաղութի ազգային, կրօնական եւ կազմակերպական կառոյցներու:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Անայիս Աքսարէլեան, որ հրաւիրեց «Արարատ» մարզական եւ մշակութային միութեան երգչախումբը, ղեկավարութեամբ Կարինէ Մարգարեանի, երգելու հայկական եւ յունական քայլերգները:
Այնուհետեւ յատուկ ուղերձով մը ելոյթ ունեցաւ դեսպան Տիգրան Մկրտչեան, որ անդրադարձաւ Հայաստանի Հանրապետութեան 35-ամեայ անկախ երթին` նշելով բոլոր նուաճումները, այլեւ` ծանր օրերը, որոնք դիմագրաւեց հայրենի պետութիւնը: Ան յատուկ անդրադարձ կատարեց հայ-յունական բարեկամութեան ու գործակցութեան` թուելով հնամեայ դարերէն եկող պատմական կապը, որ բացի քաղաքակրթութիւններու հանդիպման առիթէն` այսօր դարձած է բազմակողմանի գործակցութեան միջավայր մը: Դեսպանը առանձին նշումներով վերլուծեց քաղաքական, տնտեսական, պաշտպանական, մշակութային, կրթական եւ գիտական ոլորտներուն մէջ ստեղծուած համագործակցութիւնը` շեշտելով, որ գոյութիւն ունին նախադրեալները եւ քաղաքական կամքը` զանոնք աւելի ամրապնդելու, սերտացնելով երկու ժողովուրդներու աւանդական կապերը: Ան նաեւ յայտնեց, թէ Յունաստանի վարչապետը պաշտօնապէս հրաւիրուած է Հայաստան: Տիգրան Մկրտչեան յատուկ նշում կատարեց նաեւ յունահայ գաղութի բազմամեայ ներկայութեան եւ անոր կարեւոր ներդրումին հայ-յունական կապերու ամրապնդման մէջ` որպէս դերակատարութիւն ունեցող կազմակերպուած հաւաքականութիւն:
Օրուան պատուոյ հիւրը` կրթութեան եւ կրօնից նախարար Սոֆիա Զախարաքի, իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ հայ-յունական կապերուն` հնադարէն մինչեւ մեր օրերը: Նախարարը կարեւորութեամբ ընդգծեց Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման որոշումը Յունաստանի խորհրդարանին կողմէ 1996-ին, ինչպէս նաեւ փոխադարձ ճանաչումը յոյներու եւ ասորիներու ցեղասպանութեանց` Հայաստանի Ազգային ժողովին կողմէ:
Զախարաքի շրջագիծի մէջ առաւ Հայաստանի եւ Յունաստանի միջեւ կրթական ու գիտական զարգացման ընթացքը եւ համաձայնուած ծրագիրները` անդրադառնալով Հ. Կ. Խաչի ազգային վարժարաններու հայ ուսուցչական կազմի ապահովման ծրագիրին: Գեղարուեստական յայտագրով ելոյթ ունեցաւ Հայաստանէն յատկապէս հրաւիրուած Վահագն Հայրապետեանի ճազ երաժշտութեան քառեակը, որ հրամցուց Կոմիտասի, Խաչատուրեանի ու հայկական աւանդական երաժշտութիւն` ճազի իւրայատուկ ձայներով:


