Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ
Միացեալ Նահանգներ
Համազգայինի Հիմնադրութեան
95-Ամեակի Նշում
Հովանաւորութեամբ Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան եւ կազմակերպութեամբ Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութեան, 6-8 ապրիլին Լոս Անճելըսի մէջ տօնախմբուեցաւ Համազգայինի հիմնադրութեան 95-ամեակը:
Գլխաւոր հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ 6 ապրիլին Կլենտէյլի Երիցական եկեղեցւոյ սրահին մէջ: Յայտագիրը ընթացք առաւ տեսերիզի ցուցադրութեամբ, որուն ընդմէջէն ներկայացուեցաւ Համազգայինի պատմականը` հիմնադրութեան օրերէն ցայսօր:
Օրուան հանդիսավար Մարալ Ղարիպեան Գալեմքերեանի բացման եւ բարի գալստեան խօսքէն ետք Շրջանային վարչութեան ատենապետ Քնար Գորթոշեան ամփոփ կէտերու մէջ անդրադարձաւ Համազգայինի ուռճացող երթին աշխարհի տարածքին 19 երկիրներու մէջ` շեշտելով, որ Համազգայինը այսօր համայն աշխարհին կը ներկայանայ իբրեւ ազգային հարստութիւն, մշակութային թեւ ու կարեւոր մաս մեր արժէքային համակարգին, արժանի` ամէն տեսակի գնահատանքի եւ զօրակցութեան:
Համազգայինի համաշխարհային կառոյցին եւ անոր աշխարհածաւալ գործունէութեան անդրադարձաւ յոբելենական տօնակատարութեան առիթով յատուկ հրաւէրով Լոս Անճելըս գտնուող Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Զաքար Քէշիշեան: Ան հաստատեց, որ սփիւռքի զանազան գաղութներու տակաւ առ տակաւ շիջումին հետ, Համազգայինի դերը աւելի եւս կ՛արժեւորուի` նոր մարտահրաւէրներ դիմակալելով` աւելցնելով, թէ Համազգայինը յանձնառու կը մնայ իր ազգապահպանման եւ մայրենիին պաշտպանութեան առաքելութեան, յատկապէս` արեւմտահայերէնի պահպանման: Ան շեշտեց, որ Համազգայինը յանձնառութիւն ու նուիրաբերում է, եւ մեր այսօրուան կիզակէտը կը մնայ արցախահայութեան ճակատագիրը: Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ շքանշաններու յանձնում վաստակաւոր համազգայնականներու եւ մշակոյթի գործիչներու: Ձեռնարկի ընթացքին գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր:
8 ապրիլին, ընկերակցութեամբ Քնար Գորթոշեանի, Զաքար Քէշիշեան եւ Տիգրան Պապիկեան այցելեցին Ֆերահեան Ազգային երկրորդական վարժարանը եւ դիմաւորուեցան տնօրէնուհի Սօսի Շանլեանի եւ անձնակազմին կողմէ: Պապիկեան` վարժարանի նոր բաժինի սրահին մէջ համախմբուած 11-րդ եւ 12-րդ կարգերու աշակերտներուն ներկայացուց Զաքար Քէշիշեանի հակիրճ կենսագրականը, ապա Քէշիշեան իր հայրենասիրական եւ դաստիարակչական, հայ մշակոյթի պահպանման կարեւորութիւնը շեշտող խրախուսական պատգամներով ներշնչեց աշակերտները:
8 ապրիլին Քէշիշեան այցելեց Արեւմտեան Ամերիկայի հայոց թեմի Ազգային առաջնորդարան, ծանօթացաւ առաջնորդարանի Ս. Տրդատ եւ Ս. Աշխէն մատրան զանազան բաժիններուն: Դիւանապետ Քնար Գորթոշեան առաջնորդին կողմէ զօրակցական նուէր մը փոխանցեց Համազգայինին եւ յուշանուէրներ` հիւրերուն:
Նոյն օրը երեկոյեան, Համազգայինի «Բագին» գրական պարբերաթերթի 60-ամեակին առիթով, Փասատինայի «Ճիվելեկեան» հայ կեդրոնի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ մտերմիկ հանդիպում-հիւրասիրութիւն մը` կազմակերպութեամբ Շրջանային վարչութեան: Օրուան հանդիսավար Արփի Համբարեան-Ճիյէրեան իր բացման խօսքին մէջ ներկայացուց «Բագին»-ի պատմականը, որմէ ետք ցուցադրուեցաւ «Բագին»-ի 60-ամեայ հոլովոյթին նուիրուած հակիրճ տեսերիզ մը: Առցանց` Zoom հարթակով Քանատայէն միացաւ «Բագին»-ի այժմու խմբագիր Սոնա Քիլէճեան, որ բացատրողական մը տուաւ «Բագին»-ի ներկայ առաքելութեան եւ երթին մասին, յատկապէս շեշտը դնելով նոր գրիչ շարժող երիտասարդ եւ խոստումնալից այն մտաւորականներուն վրայ, որոնք, թէեւ ցրուած են հայաշխարհի տարբեր վայրերու մէջ, սակայն ապագայի նկատմամբ յոյս կը ներշնչեն: Քիլէճեան յայտարարեց նաեւ, որ «Բագին»-ի թուայնացման աշխատանքները բաւական տեղ հասած են եւ շատեր պիտի կարենան առցանց ընթերցել 60-ամեայ «Բագին»-ի հին եւ անժամանցելի էջերը:
Այնուհետեւ ներկաները առիթը ունեցան լուսաբանուելու զիրենք յուզող հարցերու մասին: Երեկոն ընդգրկեց նաեւ յուշապատումներ, որուն ընթացքին խօսք առին դոկտ. Յակոբ Կիւլիւճեան եւ Սեդա Գրիգորեան:
Աւարտին Զաքար Քէշիշեան բարձր գնահատեց «Բագին»-ը եւ` իբրեւ արեւմտահայերէն միակ գրական պարբերաթերթ, անոր գոյերթը:
Կիթառահար
Մկրտիչ Միքայէլեանի Ելոյթը
Կազմակերպութեամբ եւ համագործակցութեամբ Օրենճ Քաունթիի Համազգայինի «Սիամանթօ» եւ ՀՄԸՄ-ի «Սարդարապատ» մասնաճիւղերուն, 7 ապրիլին, Օրենճ Քաունթիի Հայ կեդրոնի «Ղազարեան» սրահին մէջ ելոյթ ունեցաւ լիբանանահայ կիթառահար Մկրտիչ Միքայէլեան, որ ներկայացուց կիթառի համար մշակած հայկական եւ դասական երաժշտութեան կտորներ: Համախմբուած արուեստասէրները ունկնդրեցին հայկական եւ լատինական մեղեդիներ, ինչպէս` «Օրօր», «Նոր Ծաղիկ», «Քամանչա», «Մալակէնիա», «Էլ Վիթօ» եւ այլն:
Յայտնենք, որ Մկրտիչ Միքայէլեան հայ մշակոյթը համաշխարհային գետնի վրայ ճանաչելի դարձուց:
Քանատա
Սեւան Տէիրմենճեանի «Կապոյտ Երազ Երազ –
Ծովաբոյր Ընտրանի Ստանպուլահայ Պատմուածքի»
Գիրքին Շնորհահանդէս
Կազմակերպութեամբ Համազգայինի Քեպեքի «Սանահին» մասնաճիւղի Գրական եւ Պոլսահայ միութեան ՄԷԿ մշակութային յանձնախումբերուն, 11 ապրիլին, Պոլսահայ կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ պոլսահայ բանասէր, ուսուցիչ, խմբագիր, թարգմանիչ, քաղաքական ու հասարակական գործիչ Սեւան Տէիրմենճեանի հրատարակած «Կապոյտ երազ – ծովաբոյր ընտրանի ստանպուլահայ պատմուածքի» հատորին շնորհահանդէսը:
Բարի գալուստի խօսքով հանդէս եկան Պոլսահայ միութեան ՄԷԿ մշակութային յանձնախումբի ատենապետ Թալին Գալուսեան եւ Համազգայինի Քեպեքի «Սանահին» մասնաճիւղի Գրական յանձնախումբի ատենապետ Նանոր Սնապեան, որմէ ետք Համազգայինի Քանատայի Շրջանի «Լեւոն Շանթ» հայերէնագիտական դասընթացքի ղեկավար դոկտ. Վիգէն Թիւֆէնքճեան ներկայացուց պոլսահայ մտաւորական Սեւան Տէիրմենճեանի հակիրճ կենսագրականը:
ՄԷԿ մշակութային յանձնախումբի անդամ Շանթալ Մանուկեան զրոյցի հրաւիրեց գիրքին խմբագիրը, եւ սահիկներու ցուցադրութեամբ ներկայացուեցաւ գիրքը, անդրադարձ կատարուեցաւ եւ լուսաբանութիւն տրուեցաւ գիրքին հրապարակման եւ երկրորդ տպագրութեան արժանանալուն առիթին, ծովու թեմայի ընտրութեան շարժառիթին, գիրքին «Կապոյտ երազ» վերնագրումին, չորս բաժիններուն («Ծովը», «Նաւամատոյց», «Նաւ» եւ «Կղզին»), որոնց մասին բանասէրը յայտնեց, թէ Պոլսոյ առօրեային անբաժան մէկ մասնիկն է ծովը, նաեւ կղզիները, որոնք օսմանեան շրջանի մեր գրագէտներուն եւ նոյնիսկ արդի գրողներուն համար առատ ատաղձ դարձած են, եւ որոնք շատ յաճախ առկայ են անոնց գրութիւններուն մէջ: Խմբագիրը յայտնեց նաեւ, թէ պոլսահայ մամուլէն եւ հրատարակուած գիրքերէ քաղուած, ինչպէս նաեւ այլ պրպտումներու արդիւնքը եղած էր այս ծաղկաքաղը, որոնց մէջ եղած են նաեւ արեւելահայերէնով գրողներ, կին գրողներ եւ նոյնիսկ այնպիսի գրողներ, որոնց մասին ոչ մէկ տեղեկութիւն կրցած էր ձեռք բերել ան, բացի անոնց հրատարակած գիրքերէն:
Կիպրոս
«Հայկական Ազգագրական Պատկերներ – Տեսիլք,
Կամք, Յոյս» Գիրքի Շնորհահանդէս
Համազգայինի Նիկոսիայի «Օշական» մասնաճիւղի մշակութային երեկոն 19 ապրիլին նուիրուեցաւ դոկտ. Հրայր Ճէպէճեանի «Հայկական ազգագրական պատկերներ – տեսիլք, կամք, յոյս» գիրքին:
Վարչութեան ատենապետ Արթօ Դաւիթեանի բացման խօսքէն ետք, ներկաները հետեւեցան վեր. դոկտ. Վարդգէս Քասունիի առցանց ողջոյնին, որմէ ետք գիրքին բովանդակութիւնը եւ խորքային իմաստները ներկայացուցին Նայիրի Մուրատեան եւ Իրիս Ետալեան-Գարամանուկեան:
Նայիրի Մուրատեան նշեց, որ այս հատորը Հրայր Ճէպէճեանի երրորդ գիրքն է` աւելցնելով, որ այս հատորները իրենց արժանի տեղը պիտի գտնեն Արեւմտահայ գրականութեան հարուստ շտեմարանին մէջ, իրենց պարունակած ճոխ պաշարով: «Այս երեք հրատարակութիւնները, զիրար փոխլրացնող եւ իրարու հետ փոխկապակցութիւն ունեցող գիրքեր են: Կարելի չէ մէկը միւսէն անջատել, որովհետեւ հասարակ յայտարարը, ուղերձը, պատգամը կամ յորդորը նոյնն է վերջաւորութեան. հայ ժողովուրդի մղած պայքարը` գոյատեւման ճամբուն վրայ», ըսաւ ան:
Իրիս Ետալեան-Գարամանուկեան իր խօսքին մէջ ընդգծեց, որ Հրայր Ճէպէճեանի պատումները մեծաւ մասամբ կը վերաբերին սփիւռքին եւ սփիւռքահայերու կեանքին: Հարազատ արտայայտութիւններով, ճոխ բառամթերքով եւ հրապուրիչ ոճով ան ընթերցողին կը ներկայացնէ հայուն ապրած տագնապը, ցաւը եւ մարտահրաւէրները, անոր ստեղծագործութիւնն ու աշխուժութիւնը: «Գիրքը ունի ընկերային աշխարհատեսութիւն, ընդգրկուն շեշտուածութիւն, անպայմանօրէն համահայկական խորաշերտ տարողութեամբ», ըսաւ ան:
Գիրքին եւ ներազգային կեանքին վրայ գիրքին ունեցած ազդեցութեան ու պատգամներուն քննարկումը կատարեց Սիմոն Այնէճեան, որ նշելէ ետք, թէ Հրայր Ճէպէճեանի հատորները սփիւռքի մեր անկոչ դեսպանին վկայութիւններն են, մեր ժամանակներուն վկայութիւնները, որոնց մէջէն երեւան կու գայ մեր տարբեր ըլլալը` թերութիւններով եւ առաւելութիւններով: Ան կոչ ուղղեց հեղինակին` յաջորդ հատորով ըլլալու աւելի խիստ ու պահանջատէր, որովհետեւ` «Մեր տաճարին սիւները սկսած են խարխլիլ, բախումի մէջ կը գտնուին մտածումներ եւ քաղաքական ուղղութիւններ, ուր կարելի չէ քով-քովի գալ ու հասարակ յայտարարներ գտնել: Բախում պիտի ըլլա՛յ, ու մէկը յաղթէ. մեր ներկայ կացութեան մէջ այլ ելք չկա՛յ», ըսաւ ան մաղթելով, որ «Յիսուս տաճար մտնէ եւ սկսի դուրս հանել առեւտուր ընողները»:
Ապա ելոյթ ունեցաւ հեղինակին կինը` դոկտ. Արտա Ճէպէճեան, որ իր անձնական զգացումներն ու մտածումները փոխանցեց ներկաներուն` իբրեւ խմբագիրը Հրայր Ճէպէճեանի երեք հատորներուն:
Գիրքին հեղինակը` դոկտ. Հրայր Ճէպէճեան, շնորհակալութիւն յայտնեց Համազգայինի վարչութեան որ նախաձեռնած է կազմակերպել շնորհահանդէսը, ինչպէս նաեւ յայտագիրին մէջ բաժին վերցուցած իւրաքանչիւր խօսողը: Դոկտ. Ճէպէճեան ապա անդրադարձաւ հայ ժողովուրդի ներկայ իրավիճակին Հայաստան, սփիւռք ու Արցախ եւ մեր պատմութեան այս դժուար ժամանակահատուածը, զոր կը դիմագրաւենք այսօր: Ան նոյնպէս անդրադարձաւ Ցեղասպանութեան մեր նահատակներուն եւ հարց տուաւ. «Արդեօ՞ք անոնց օրերը եւ պայմանները աւելի նուազ դժուար էին քան մեր ժամանակները»: Ան իր խօսքը եզրափակեց քաջալերական եւ յուսատու տրամադրութեամբ մը` որ հայը այս դժուար օրերէն ալ պիտի կարենայ դուրս գալ` յիշեցնելով, թէ մեր նահատակ նախահայրերը ունին պատգամ մը մեզմէ իւրաքանչիւրին` «Մենք մեռանք, որպէսզի դուք ապրիք», ուստի հայը պիտի շարունակէ ապրիլ եւ դուրս գալ այս դժուար ժամանակահատուածին մէջէն:
Յայտագիրը փակուեցաւ կաթողիկոսական փոխանորդ Խորէն արքեպիսկոպոսի սրտի խօսքով ու աղօթքով, որմէ ետք տեղի ունեցաւ գիրքերու մակագրում եւ ընկերային պահ-հաղորդակցութիւն:
Հայոց Ցեղասպանութեան
Ոգեկոչման Ձեռնարկներ
Սուրիա
Հովանաւորութեամբ Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Մակար արք. Աշգարեանի, նախագահութեամբ Ճեզիրէի Առաջնորդական փոխանորդ Լեւոն վրդ. Եղիայեանի, կազմակերպութեամբ Կեդրոնական յանձնախումբին, 24 ապրիլին «Կիւլպէնկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ոգեկոչման ձեռնարկ մասնակցութեամբ Ճեզիրէի երեք շրջաններուն` Գամիշլիի, Հասիչէի եւ Տէրիքի:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ թաղականութեան ատենապետ Վարդան Մուրատեան, որ պատմական ակնարկով անդրադարձաւ Հայոց ցեղասպանութեան պատճառներուն: Արաբերէն բացման խօսք արտասանեց Տէրիքի թաղականութեան ատենապետ Սերոբ Սուսան:
Օրուան խորհուրդը փոխանցեց ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Խաժակ Մկրտիչեան: Ան ըսաւ, որ իւրաքանչիւր հայ ազգային գաղափարախօսութեան կրողը դառնալու պարտաւորութիւնը ունի, եւ իւրաքանչիւր հայ երիտասարդ Հայոց ցեղասպանութեան արդար հատուցման համար մղուած պայքարին մարտիկ դառնալու առաքելութիւնը կը կրէ` աւելցնելով, որ այսօրուան դժուար մարտահրաւէրները դիմագրաւելու միակ լուծումը ազգային արեւելումի բարձր գիտակցութեամբ զինուած համախումբ միասնութիւնն է: Ան շեշտեց, որ հարկ է ազգային գաղափարախօսութեամբ սնանիլ, ականջ տալ Հայոց ցեղասպանութեան ու ազգային ազատագրական պայքարին ճամբուն ինկած նահատակներու կտակին եւ տէր կանգնիլ հայ ժողովուրդի անժամանցելի իրաւունքներուն:
Այնուհետեւ գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր:
Աւարտին Լեւոն վրդ. Եղիայեան շեշտեց, որ մեր պայքարը պէտք է շարունակուի, պէտք է պայքարինք մեր գիրով եւ մշակոյթով, մեր հայ ապրելով, այլապէս գործակից կը դառնանք ցեղասպան թուրքին` աւելցնելով, որ հայօրէն ապրելով պիտի յիշենք, յիշեցնենք ու շարունակենք մեր պայքարը:
Իրաք
Խորհրդակցական Գիտաժողով
Հայոց Ցեղասպանութեան 109-րդ Ամեակի Առիթով
Հովանաւորութեամբ Իրաքի թեմի առաջնորդ Օշական եպս. Կիւլկիւլեանի, Հայոց ցեղասպանութեան 109-րդ ամեակի ոգեկոչման ձեռնարկներու ծիրին մէջ Ազգային առաջնորդարանին առընթեր գործող Հայ դատի յանձնախումբին կազմակերպութեամբ, 3 մայիսին Պաղտատի Հայ երկսեռ երիտասարդաց միութիւնը սրահին մէջ տեղի ունեցաւ խորհրդակցական գիտաժողով մը` մասնակցութեամբ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Բիւրոյի Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեանի, Քրտական գիտական ակադեմիայի անդամ դոկտ. Ճաուատ Քազիմ Պիտանիի եւ «Մասարաթ» հաստատութեան նախագահ դոկտ. Սաատ Սալլումի: Ներկայ էին Իրաքի մէջ Հայաստանի դեսպանութեան գործերու ժամանակաւոր հաւատարմատարն ու հիւպատոսը, հոգեւորականներ, քրիստոնէական եւ եզիտիական կառոյցներու ներկայացուցիչներ, Կեդրոնական վարչութեան անդամներ, Իրաքի հայկական միութիւններու ներկայացուցիչներ, ակադեմականներ, գիտական ու մշակութային գործիչներ եւ հիւրեր:
Կիրօ Մանոյեան ներկայացուց «Ցեղասպանութեան միեւնոյն ոճը` Հայոց ցեղասպանութենէն Արցախ եւ մինչեւ Կազա» նիւթը, Ճաուատ Քազիմ Պիտանի խօսեցաւ Հայաստանի պատմութեան եւ Արցախեան տագնապին մասին, իսկ Սաատ Սալլում անդրադարձաւ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման միջազգային, շրջանային եւ ազգային ծալքերուն:
Աւարտին խօսք առաւ Օշական եպս. Կիւլկիւլեան, որ լուսարձակի տակ առաւ ցեղասպանութեան ճանաչման կարեւորութիւնը, որպէսզի կարելի ըլլայ կանխարգիլել անոր կրկնութիւնը աշխարհի տարբեր վայրերու մէջ, տարբեր ժամանակներու: Ան հաստատեց, որ այսօր Կազայի մէջ տեղի ունեցածը հաւաքական ցեղասպանութիւն է պաղեստինցի ժողովուրդին դէմ: Առաջնորդը ողջունեց նման նախաձեռնութեան կազմակերպութիւնն ու շնորհակալութիւն յայտնեց անոր մասնակցող բանախօսներուն:
Ձեռնարկին ընթացքին գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր:
*
* *
Հանդիսապետութեամբ Իրաքահայ թեմի առաջնորդ Օշական եպս. Կիւլկիւլեանի, Հայոց ցեղասպանութեան 109-րդ ամեակի ոգեկոչման առիթով, 26 ապրիլին Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Ս. պատարագ: Անկէ ետք «Զուարթնոց» դպրաց դասը ելոյթ ունեցաւ ազգագրական երգերով, ապա` գլխաւորութեամբ սրբազան հօր, կազմուեցաւ թափօրը, որ ուղղուեցաւ դէպի Խաչքար-յուշարձան, ուր տեղի ունեցաւ ծաղիկներու եւ ծաղկեպսակներու զետեղում: Ապա եկեղեցւոյ կից գտնուող վարժարանի բակին մէջ դպրոցի աշակերտ-աշակերտուհիները ծառ տնկեցին` ի նշան հայ ազգի յարութեան եւ գոյատեւման:
Միացեալ Նահանգներ
Կազմակերպութեամբ Հայաստանեայց Առաքելական Ս. Մարիամ եկեղեցւոյ եւ ՀՅԴ «Վռամեան» կոմիտէութեան Հայ դատի յանձնախումբին, 21 ապրիլին Համիլթընի մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 109-ամեակի ոգեկոչման ձեռնարկ:
Առաւօտեան, Ս. Մարիամ եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Ս. պատարագ, որուն աւարտին ներկաները ուղղուեցան դէպի Հայ կեդրոն, ուր տեղի ունեցաւ ոգեկոչման ձեռնարկ: Քանատայի եւ Հայաստանի քայլերգներու երգեցողութենէն ետք, օրուան հանդիսավարներ Արլին Պէքմէզեան` անգլերէնով եւ Անուշ Պէքմէզեան, բացատրեցին օրուան խորհուրդը:
Այնուհետեւ օրուան խորհուրդը փոխանցեցին Սարգիս Գըլըպոզեան, Համիլթընի քաղաքապետ Անտրիա Հարվաթ, որ թելադրեց ներկաները չմոռնալու իրենց պատմութիւնը, մշակոյթը, մնալու պատնէշի վրայ` միշտ ողջ աշխարհին յիշեցնելով տեղի ունեցած անարդարութիւնը: Խօսք առաւ նաեւ քաղաքապետական խորհուրդի հայ անդամ Թոմ Ճէքսըն: